Showing posts with label Հայաստանի Հանրապետութիւն. Show all posts
Showing posts with label Հայաստանի Հանրապետութիւն. Show all posts

Wednesday, July 31, 2019

Համօ Օհանջանեան (մահ՝ 31 Յուլիս 1947)

Համօ Օհանջանեան հայ յեղափոխական շարժման պատմութեան կարեւոր անուն մը եղած է, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութեան երրորդ վարչապետը։

Բուն անունով՝ Համազասպ Օհանջանեան, ծնած է Ախալքալաք, 1 Փետրուար 1873ին։ Տեղական դպրոցը եւ ապա՝ Թիֆլիսի ռուսական վարժարանը աւարտելէ ետք, մտած է Մոսկուայի համալսարանը՝ բժշկութիւն ուսանելու։ Սակայն, յեղափոխական հետաքրքրութիւններու եւ ուսանողական խլրտումներու մէջ մասնակցելու պատճառով, հեռացուած է համալսարանէն ու Մոսկուայէն։ Ստիպուելով վերադառնալ Թիֆլիս, հոն անոր միացած է ուսանողական տարիներու ընկերուհին՝ ռուս յեղափոխական՝ Օլկա Վաւիլեւնան։ Ամուսնացած են 1897ին եւ ունեցած՝ երեք զաւակ. Մոնիկ, Արիկ եւ Գալիա։ Այս շրջանին մտած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը։

1899ին Զուիցերիա ճամբորդելով, Օհանջանեան բժշկութեան մէջ մասնագիտացած է Լօզանի համալսարան, մինչեւ 1902։ Միաժամանակ շարունակած է յեղափոխական գործունէութիւնը, զոր չէ դադրեցուցած Թիֆլիս վերադառնալէ ետք։ Հանդիսացած է հայ եկեղեցական կալուածներու բռնագրաւման դէմ ուղղուած ժողովրդային շարժման պարագլուխներէն մէկը (1903-1905) եւ Հ.Յ.Դ. «Կովկասեան նախագիծ»ի ճարտարապետներէն մէկը, որ կուսակցութեան գործունէութիւնը Կովկասի մէջ տարածելու շրջադարձին մաս կազմած է։

Մասնակցած է Հ.Յ.Դ.ի երրորդ եւ չորրորդ ընդհանուր ժողովներուն (Սոֆիա՝ 1904, եւ Վիեննա՝ 1907), ու ընտրուած Արեւելեան Բիւրոյի անդամ ։ Ան կազմակերպութան ներքին կարգապահութեան եւ կառոյցին պահպանման երաշխաւորներէն մէկը եղած է, աշխուժօրէն մասնակցելով ռուսական առաջին յեղափոխութեան հետեւած ժողովրդավարական ալիքին եւ հայ-թաթարական հակամարտութեան։

Օհանջանեան ձերբակալուած է 1908ին՝ կուսակցութեան շուրջ երկու հարիւր անդամներու եւ համակիրներու հետ, ռուսական կառավարութեան կողմէ Դաշնակցութիւնը տկարացնելու փորձի շրջագիծին մէջ։ Բանտարկուելով Թիֆլիսի Մետեխի բանտը, ենթարկուած է չարչարանքներու, բայց իր կորովը չէ կորսնցուցած նոյնիսկ երբ «Դաշնակցութեան դատ»ին (1912) դատապարտուած է չորս տարուան բռնի աշխատանքներու՝ հակառակ իր ուժեղ պաշտպանողականին։

Ղրկուած է նախ՝ Խարքով (Ուքրանիա) եւ ապա՝ Սիպերիա, ուր իրեն հետեւած է Ռուբինա Արէշեան՝ Քրիստափոր Միքայէլեանի երբեմնի գործակիցներէն մէկը։ Անոնք պիտի ամուսնանային սիպիրեան աքսորի տարիներուն։

Ա. Աշխարհամարտի սկիզբէն ետք, ռուս կառավարութիւնը փոխած է իր դիրքորոշումը եւ մերձեցումի քաղաքականութիւն մը որդեգրած՝ Հ.Յ.Դ.ի հանդէպ։ Ուրիշներու շարքին, Օհանջանեան ազատած է աքսորէն ու վերադարձած՝ Թիֆլիս։ Իր բժշկական ձիրքերը ի գործ դրած է ռազմաճակատին մէջ, եւ այնուհետեւ՝ Վանի կարճատեւ ազատագրումին (1915) Արամ Մանուկեանի աջ բազուկը եղած է՝ վերջինիս կառավարութեան շրջանին։

Օհանջանեան մասնակցած է Ղարաքիլիսէի հերոսամարտին, ուր իր աւագ որդին՝ Մոնիկը, զոհ գացած է։ Անկախութենէն ետք, գործօն մասնակցութիւն ունեցած է միջազգային յարաբերութիւններու մշակման մէջ, Հանրապետութեան Պատուիրակութեան մաս կազմելով Եւրոպայի մէջ։ 1919ին, Հ.Յ.Դ. իններորդ ընդհանուր ժողովին կողմէ Բիւրոյի անդամ ընտրուած է։ Վերադառնալով Երեւան, 1920ի սկիզբներուն Արտաքին Գործոց նախարար նշանակուած է։

Մայիսեան ապստամբութենէն ու Ալեքսանդր Խատիսեանի կառավարութեան հրաժարականէն ետք, Օհանջանեան գլխաւորած է Բիւրօ-կառավարութիւնը, որ հանրապետութիւնը վարած է Մայիս-Նոյեմբեր 1920ին, իբրեւ վարչապետ եւ Արտաքին Գործոց նախարար։ Իր որդին՝ Վիգէնը (1920-2009), ծնած է այս ժամանակաշրջանին։

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, Օհանջանեան ձերբակալուած ու Երեւանի բանտը մնացած է, ուրկէ ազատագրուած է 1921ի Փետրուարեան ապստամբութեան շնորհիւ։ Ապստամբութեան աւարտէն ետք, Զանգեզուրի ճամբով անցած է Թաւրիզ (Պարսկաստան), իսկ 1923ին՝ Գահիրէ (Եգիպտոս), ուր ապրած է մինչեւ կեանքին վերջը։

1928ին «Համազգային» Հայ Մշակութային Միութեան հիմնադիրներէն մէկը եղած է եւ անոր նախագահը՝ մինչեւ մահը։ Կարեւոր դեր խաղացած է Պէյրութի ճեմարանի հիմնադրութեան եւ ամրապնդման գործին մէջ։ Նաեւ վերընտրուած է Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ։

Համօ Օհանջանեան իր մահկանացուն կնքած է 31 Յուլիս 1947ին։ Թաղուած է Գահիրէի մէջ։ Անոր գերեզմանաքարին վրայ գրուած է՝ «Ապրեցաւ ինչպէս քարոզեց»։

Saturday, May 25, 2019

Սարդարապատի յուշահամալիրի բացումը (25 Մայիս, 1968)

Ամէն տարի, տասնեակ հազարաւոր մարդիկ, թէ՛ Հայաստան բնակող եւ թէ՛ զբօսաշրջիկներ, կ՚այցելեն Սարդարապատի ճակատամարտի յուշահամալիրը։

Եթէ բոլորին յայտնի է, որ այս ճակատամարտը մայիսեան երեք հերոսամարտերուն ամենէն վճռականն էր՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդի հիմնաքարը հանդիսանալով, պէտք է յիշել, որ խորհրդային ժամանակաշրջանին ճակատամարտին պատմութիւնը, ինչպէս եւ յուշահամալիրը, հանրապետութեան պատմութենէն անջատուած էր։ Յուշահամալիրին շինութիւնը, այն բարձունքին վրայ, ուր թաղուած էին ճակատամարտին հերոսները, ինքնին իրադարձութիւն մըն էր՝ իր քաղաքական ենթախորքին պատճառով։

Յուշահամալիրը կը գտնուի Երեւանէն 55 քիլոմեթր եւ Հոկտեմբերեան քաղաքէն 10 քիլոմեթր անդին։ Վերջինս, որ Սարդարապատ կը կոչուէր մինչեւ 1932, հինաւուրց Արմաւիր քաղաքն է՝ Հայաստանի պատմական մայրաքաղաքներէն մէկը, որ հիմնուած էր Ուրարտուի Արգիշտի Ա. թագաւորին կողմէ Արգիշտիխինիլի անունով։
1960ական թուականներուն, ազգային զարթօնքի հոլովոյթը խրախուսած էր Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդր. Կոմիտէի Ա. քարտուղար Եակով Զարոբեան (1908-1980), որ 1962ին նախաձեռնած էր փաստաթուղթերն ու հիմնաւորումները կազմելու՝ Մեծ Եղեռնի 50ամեակը նշելու եւ համապատասխան յուշարձան մը կառուցելու մտքով։
Այս նիւթերը հիմք դարձած են Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրի շինութեան, որուն նախաձեռնարկ եղած է Վլադիմիր Դարբինեան (1931-2015)՝ կուսակցութեան շրջանային կոմիտէի քարտուղար, Հոկտեմբերեանի մէջ։ Նախագիծը սկսած է գործադրուիլ 1965ին, եւ հակառակ Զարոբեանի պաշտօնանկ ըլլալուն (1966), անոր յաջորդը՝ Անտոն Քոչինեան, շարունակած է հովանաւորել Դարբինեանի գործունէութիւնը։
Քանդակագործներ՝ Սամուէլ Մանասեան եւ Արշամ Շահինեան, որոնց կոթողական բնոյթի ստեղծագործութիւններ ծանօթ էին մինչ այդ, կանչուած են մաս կազմելու այս ծրագրին, իսկ հռչակաւոր ճարտարապետ՝ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանը, որ ծրագրի վարիչն էր, հրաւիրած էր ուրիշ քանդակագործ մը՝ Արա Յարութիւնեանը։ Յուշահամալիրին վայրը ընտրուած է Իսրայէլեանի կողմէ։ Ճարտարապետն ու քանդակագործները խոր հետազօտութեան ենթարկած են նախաքրիստոնէական եւ քրիստոնէական Հայաստանի ճարտարապետութիւնն ու արուեստը, առաջարկելով գեղարուեստական այնպիսի լուծումներ, որոնք ներշնչող անդրադարձ մը հանդիսացած են ժողովուրդի պատմական ճակատագրին։

Յաղթանակին եւ անոր ետին գտնուող պատմական դրուագներուն խորհուրդը ցոլացած են յուշահամալիրին տարբեր բաղադրիչներուն մէջ՝
  • Դէպի մուտք առաջնորդող աստիճանները, որոնց կողմերուն կանգնած են հզօր, 8 մեթր բարձրութեամբ թեւաւոր ցուլերը,
  • 35 մեթր բարձրութեամբ զանգակատունը՝ 12 զանգակներով, եւ Սարդարապատի ու արցախեան մերօրեայ պատերազմի հերոսներուն գերեզմանները,
  • հերոսներու ծառուղին՝ 6 մեթր բարձրութեամբ արծիւներու հսկողութեան տակ,
  • Յաղթանակի յուշապատը՝ համալիրին կեդրոնը՝ յաղթանակն ու Հայաստանի վերածնունդը խորհրդանշող քանդակներու շարքով,
  • Թանգարանը։

Այս համալիրը, որ շինուած է Արմաւիրի կարմիր տուֆ քարով, ամբողջացած է լճակներով, պարտէզներով եւ վարչական շէնքերով։
Պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած է 25 Մայիս, 1968ին՝ ճակատամարտի յիսնամեակին, եւ համալիրը ներկայացուած է Խորհրդային Միութեան պետական մրցանակին՝ 1969ին։

Հայաստանի ազգագրական թանգարանը հիմնուած է Խորհրդային Հայաստանի Նախարարարներու Խորհուրդի որոշումով՝ Փետրուար 1978ին, եւ բացուած՝ նոյն տարուան 13 Սեպտեմբերին։ Ռ. Իսրայէլեանի կողմէ նախագծուած ու շինուած, այս համալիրի ճարտարապետական ամբողջութիւնը լրացուած է՝ հայ աւանդական ճարտարապետութեան գլխաւոր տարրերու օգտագործումով։ Թանգարանը աւելի քան 70.000 իրերէ բաղկացած հաւաքածոյ մը ունի։ Խորհրդային ժամանակաշրջանին, հասկնալի պատճառներով, միայն ցուցադրած է հնագիտական ու ազգագրական նիւթեր, հին լուսանկարներ եւ զարդարուեստ։ Հայաստանի երկրորդ անկախութենէն ետք՝ Մայիս 1918ին ու Հայաստանի առաջին անկախութեան նուիրուած մնայուն ցուցադրութիւն մը աւելցած է։


Saturday, February 9, 2019

Արմէն Գարօ (ծնունդ՝ 9 Փետրուար, 1872)

Արմէն Գարօ հայ ազատագրական շարժման ամենէն գործօն մասնակիցներէն էր ու կարգ մը ճակատագրական պահերու դերակատարը։ Պանք Օթոմանի գրաւումի ղեկավար, Օսմանեան Խորհրդարանի երեսփոխան, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին դեսպան Ամերիկայի մէջ, «Նեմեսիս» գործողութեան կազմակերպիչ։

Ահա կարգ մը կարեւոր իրադարձութիւններ անոր հանրային կեանքէն, որ կանխահաս կերպով աւարտած է։

Գարեգին Փաստրմաճեան ծնած է Կարին (Էրզրում), 9 Փետրուար, 1872ին։ Քաղաքի «Սանասարեան» վարժարանի առաջին շրջանաւարտներէն մէկը եղած է 1891ին։ 1894ին մեկնած է Ֆրանսա, մտնելով Նանսիի համալսարանի երկրագործական վարժարանը։ Այս շրջանին նորակազմ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը մտած է։

Զէյթունի ջարդերու սկզբնաւորութեան ան լքած է իր ուսումը՝ իր հայրենակիցներուն օգնութեան երթալու համար։ Անցած է Ժընեւ ու անկէ՝ Եգիպտոս, Զէյթունի դիմադրութեան օժանդակելու։ Այնուհետեւ վերադարձած է Թուրքիա։ Այս ժամանակին է, որ Արմէն Գարօ կեղծանունը որդեգրած է։

Ան կազմակերպիչներէն էր Պանք Օթոմանի գրաւումին՝ 26 Օգոստոս, 1896ին։ Բաբգէն Սիւնիի՝ դաշնակցական յեղափոխականներուն ղեկավարի սպանութենէն ետք, Արմէն Գարօ ստանձնած է ղեկը։ Դրամատան գրաւումի աւարտէն ետք, խումբը ղրկուած է Մարսէյլ, բայց անոնց Ֆրանսա մուտքը արգիլուած ըլլալով, Արմէն Գարօ մեկնած է Զուիցերիա եւ բնական գիտութիւններ ուսանած է Ժընեւի համալսարանը։

1898ին Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բ. Ընդհանուր Ժողովին մասնակցելէ ետք, 1900ին շրջանաւարտ եղած է՝ քիմիագիտութեան տոքթորի տիտղոս ստանալով։ 1901ին Թիֆլիսի մէջ քիմիական հետազօտութեան տարրալուծարան մը բացած է։

Արմէն Գարօ շարունակած է իր յեղափոխական գործունէութիւնը եւ 1905-1907ի հայ-թաթարական բախումներու շրջանին կազմակերպած Թիֆլիսի հայերու ինքնապաշտպանութիւնը 500 կամաւորներու խումբով։

Երբ կեանքը բնականոն հունի մէջ մտած է Կովկասի մէջ, Արմէն Գարօ յաջողած է բարգաւաճ դիրք մը նուաճել։ Սակայն, այս իրավիճակը կարճ տեւած է։ 1908ի օսմանեան յեղափոխութենէն ետք, ան ընտրուած է Օսմանեան Խորհրդարանի երեսփոխան Էրզրումէն՝ Հ. Յ. Դ.ն ներկայացնելով։ Իր չորս տարուան պաշտօնավարութեան ընթացքին աշխատած է երկաթուղիի օրինագիծի մը ի խնդիր, որուն գլխաւոր նպատակը Արեւմտեան Հայաստանի նահանգներուն մէջ երկաթուղագիծերու կառուցումն էր։

Այնուհետեւ, 1913-1914ին աշխոյժ աշխատանք տարած է՝ հայկական վեց նահանգներու մէջ բարենորոգումներու կազմակերպութեան եւ գործադրութեան համար։ 1914ի աշնան, Դաշնակցութեան Ը. Ընդհանուր Ժողովէն ետք, յատուկ առաքելութեամբ Կովկաս անցած է՝ կամաւորական շարժումի կազմակերպութեան համար։

Նոյեմբեր 1914ին, երբ ռուս-թրքական պատերազմը սկսած էր, Արմէն Գարօ ռազմաճակատ մեկնած է, ընկերանալով Դրոյի հրամանատարութեան տակ յառաջացող կամաւորական երկրորդ գունդին՝ իբրեւ Թիֆլիսի Ազգային Բիւրոյի ներկայացուցիչ։ Երբ Դրօ ծանրօրէն վիրաւորուած է, Գարօ ժամանակաւորապէս ստանձնած է գունդի ղեկավարութիւնը Նոյեմբեր 1914 - Մարտ 1915 շրջանին։ Ան առաջիններէն էր, որ Վան մտած էր 1915ի ամրան՝ քաղաքի ազատագրումէն ետք։

Փետրուար 1917ի ռուսական յեղափոխութենէն ետք, Արմէն Գարօ եւ տոքթ. Յակոբ Զաւրիեւ գարնան առաքուած են Փեթրոկրատ՝ ռուսական ժամանակաւոր կառավարութեան հետ բանակցելու։ Յունիսին Ա. Գարօ մեկնած է Միացեալ Նահանգներ իբրեւ Թիֆլիսի Հայ Ազգային Խորհուրդի ներկայացուցիչ։ Հայաստանի անկախութենէն ետք, 1919ին Արմէն Գարօ դեսպան նշանակուած է ԱՄՆի մէջ։

Ուաշինկթըն հաստատուելով, քաղաքական ու դիւանագիտական աշխոյժ գործունէութեան ձեռնարկած է։ 1918-1919ին հրատարակած է երեք անգլերէն գրքոյկներ՝ Հայաստանի անկախութեան իրաւունքը հիմնաւորելով։ Միաժամանակ, Շահան Նաթալիի ու Ահարոն Սաչաքլեանի հետ գաղտնաբար ղեկավարած է «Նեմեսիս» գործողութիւնը։

Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք, Արմէն Գարօ Եւրոպա վերադարձած է Նոյեմբեր 1922ին՝ հոգեպէս ընկճուած ու հիւանդ։ Մահացած է Ժընեւի մէջ, 23 Մարտ 1923ին, 51 տարեկանին։ «Ապրուած օրեր» յուշագրութիւնը լոյս տեսած է «Հայրենիք» ամսագրին մէջ (1923-1924) եւ ապա՝ առանձին գիրքով, 1948ին։

Այս անձնազոհ մարտիկին ու քաղաքական գործիչին անունը կը կրեն Հ.Ե.Դ.ի «Արմէն Գարօ» մասնաճիւղը (Ռէյսին, Ուիսքանսըն), Հ.Յ.Դ. «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութիւնը՝ Գանատայի մէջ, եւ Հ.Յ.Դ. «Արմէն Գարօ» կոմիտէն (Նիւ Եորք)։

Friday, February 1, 2019

Յովհաննէս Քաջազնունի (ծնունդ՝ 1 Փետրուար, 1868)

Յովհաննէս Քաջազնունի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր հայրերէն, քաղաքական կարեւոր դէմք մը եղած է, ինչպէս եւ յայտնի ճարտարապետ մը Պաքուի ու Երեւանի մէջ։

Ծնած է 1 Փետրուար 1868ին, Ախալցխայի մէջ (Ջաւախք)։ Ծագումով էրզրումցի ընտանիքին բուն մականունը Իգիթխանեան էր, իսկ Քաջազնունիի մեծ հօր հայրը՝ Տէր Յովհաննէս քահանան, արտօնութիւն ստացած էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն՝ մականունը Տէր-Յովհաննիսեանի վերածելու։ Իր կարգին, Քաջազնունի իր մականունը հայերէնի թարգմանած է ընտանեկան հին մականունէն (թրքերէն իգիթ «քաջ»)։

Ան իր նախնական ուսումը ստացած է Թիֆլիսի մէջ (1877-1886), նախ՝ մասնաւոր դպրոցի մը եւ ապա՝ ռէալական վարժարանին մէջ։ 1887ին մտած է Ս. Փեթերսպուրկի քաղաքացիական ճարտարագիտութեան հիմնարկը։ Երկու տարի ետք, ամուսնացած է Սաթենիկ Միրիմանեանի հետ՝ հակառակ անոր հօր ընդդիմութեան։ Վեց զաւակ ունեցած են՝չորս որդի եւ երկու դուստր, որոնցմէ երեքը պիտի զոհուէին հայրենիքի ծառայութեան մէջ։ Աշոտ պիտի մեռնէր Ղարաքիլիսէի ճակատամարտին, Արամ պիտի զոհուէր 1920ի ամառը՝ թաթար ապստամբներու դէմ պայքարելով Զանգիբասարի (Մասիս) շրջանին մէջ, իսկ Ռուբէն՝ Աշոտի երկուորեակ եղբայրը, Կարսի անկումէն ետք (1920) գերի առնուելով պիտի սպաննուէր թուրքերուն կողմէ։

Ուսման վերջին տարիներուն, Քաջազնունի մտած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերը։ 1893ին շրջանաւարտ եղած է՝ ճարտարապետի տիտղոսով։ Այնուհետեւ աշխատած է Պաքուի մէջ (1893-1895)՝ շրջանային ճարտարապետութեան բաժանմունքին մէջ, Պաթում (1895-1897), Թիֆլիս (1897-1899)՝ քաղաքային վարչութեան իբրեւ շրջանային ճարտարապետ։ 1899ին վերադառնալով Պաքու, յաջորդ եօթը տարիներուն աշխատած է իբրեւ գլխաւոր ճարտարապետ՝ նաւթարդիւնաբերողներու խորհուրդին համար։ Նախագծած է հիւանդանոց մը, բնակելի շէնքեր եւ հիւրանոցներ Բալախանիի շրջանին մէջ։ Ան նաեւ նախագծած ու շինած է Ս. Թադէոս-Բարթողիմէոսի մայր տաճարը 1907-1911ին, որ խորհրդային վարչակարգին կողմէ պիտի քանդուէր 1930ական թուականներու սկզբնաւորութեան։

Մինչ այդ, Քաջազնունի քաղաքական կեանք մտած էր, 1906ին հայ-թաթարական հակամարտութեան հաշտարար յանձնախումբի անդամ ըլլալով։ 1909ին ձերբակալուած է ռուսական ոստիկանութեան կողմէ՝ Դաշնակցութեան գործին առնչութեամբ, իսկ 1911ին ստիպուած է երկիրը ձգել՝ Դաշնակցութեան դատավարութեան վկայ չկանչուելու համար։ Ապրած է Ֆրանսայի, Պելճիքայի եւ Վանի մէջ, ուր գրած է ռուսերէն յօդուածներ Շէյքսփիրի մասին։

Կովկաս վերադառնալով 1914ին, Քաջազնունի Հայ Ազգային Խորհուրդի անդամ ընտրուած է 1917ին, իսկ Փետրուար 1918ին՝ Անդրկովկասեան Սէյմի (խորհրդարան) անդամ։

Մայիս 1918ի ճակատագրական օրերուն, Քաջազնունի Տրապիզոնի եւ Պաթումի խաղաղութեան ժողովներուն մասնակցող հայկական պատուիրակութեան անդամ էր ։ Պաթումի դաշնագիրը ստորագրողներէն եղած է՝ 4 Յունիս, 1918ին։

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութենէն ետք, Քաջազնունի վարչապետ նշանակուեցաւ։ Դահլիճը Թիֆլիսէն Երեւան փոխադրուած է 19 Յուլիսին։ Հոկտեմբերին, Հայաստանի Խորհուրդի (խորհրդարան) ճնշումին տակ, Քաջազնունի հրաժարականը ներկայացուցած է։ Ընդունելով կառավարութեան հրաժարականը, Խորհուրդը Քաջազնունիին յանձնած է նոր, համախոհական (coalition) կառավարութիւն կազմելու պաշտօնը։ Նոր կառավարութիւնը կազմուած է Դաշնակցութեան եւ Հայ Ժողովրդական Կուսակցութեան համաձայնութեամբ եւ տեւած է մինչեւ Յունիս 1919։ Միջոցին, Քաջազնունի Ապրիլ 1919ին Միացեալ Նահանգներ մեկնած է՝ տնտեսական ու քաղաքական օժանդակութեան շուրջ բանակցութիւններ վարելու, վարչապետի պաշտօնը ձգելով Ալեքսանդր Խատիսեանին։

Երեւան վերադառնալով Սեպտեմբեր 1920ին, խորհրդարանի որպէա փոխնախագահ գործած է, ապա ստանձնելով անոր նախագահի պաշտօնը 25 Նոյեմբերին՝ անկախութեան վերջին օրերուն։ Խորհրդայնացումէն ետք, Քաջազնունի ձերբակալուած եւ մէկուկէս ամիս բանտարկուած է, մինչեւ որ ազատ արձակուած է Փետրուարեան ապստամբութեան շնորհիւ։ Ապստամբութեան աւարտէն ետք, մեկնած է Հայաստանէն, ապրելով Իրան, Հնդկաստան, Եգիպտոս եւ Ռումանիա։ Կուսակցութեան վիճակին մասին զեկուցում մը գրած է՝ «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն անելիք չունի այլեւս», որ հրատարակուած է 1923ին եւ մեծ բանավէճերու տեղի տուած։ 1924ին, Քաջազնունի հաստատուած է Խորհրդային Հայաստան։

Ան դասաւանդած է ճարտարապետական նախագծին մէջ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ եւ Պետնախագիծի թեքնիք խորհուրդի անդամ եղած։ Նախագծած ու ղեկավարած է բամպակի գործարաններու շինութիւնը Երեւանի եւ Սարտարապատի մէջ, ձէթի եւ օճառի գործարաններ Երեւանի մէջ, եւ բնակելի շէնքեր աշխատաւորներու համար։ Ան նաեւ կարգ մը շէնքեր շինած է Լենինականի (Գիւմրի) մէջ, 1926ի երկրաշարժէն ետք։

Քաջազնունի ստալինեան մաքրագործումներու զոհ դարձած է։ Ձերբակալուած է 1937ին եւ բանտին մէջ մահացած 15 Յունուար, 1938ին՝ թոքատապէ։ Այլապէս, արդէն մահուան դատապարտուած էր 5 Դեկտեմբեր 1937ի որոշումով, զոր բանտի բժիշկը կրցած է առժամաբար յետաձգել տալ։ Անոր արխիւները բռնագրաւուած ու անհետ կորսուած են։ Քաջազնունի արդարացուած է 1955ին, բայց իր անունը շուքի մէջ մնացած է մինչեւ խորհրդային վարչակարգի աւարտը։

Ըստ որոշ տուեալներու, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին վարչապետը թաղուած է Կոզեռնի գերեզմանատան մէջ, բայց գերեզմանատունը աւելի ուշ քանդուած է եւ գերեզմանը՝ կորսուած։ Անոր աղջիկներէն Մարգարիտի ջանքերուն շնորհիւ, խորհրդանշական գերեզմանաքար մը կանգնած է Թոխմախ լիճի քաղաքային գերեզմանատան մէջ։