Showing posts with label Օսմանեան կայսրութիւն. Show all posts
Showing posts with label Օսմանեան կայսրութիւն. Show all posts

Monday, June 3, 2019

Մ. Սմբատ Գաբրիէլեան (մահ՝ 3 Յունիս, 1919)

Մ. Սմբատ Գաբրիէլեան քաջածանօթ մտաւորական մըն էր ամերիկահայ համայնքին մէջ՝ քսաներորդ դարասկիզբին, ու նաեւ ամերիկահայ մամուլի ռահվիրաներէն մէկը։

Գաբրիէլեան ծնած է Ակն (Սեբաստիա)՝ Սիամանթոյի եւ Միսաք Մեծարենցի ապագայ ծննդավայրը, 15 Դեկտեմբեր, 1856ին։ Իր ուսումը ստացած է Ակնի ու Խարբերդի մէջ։ Այնուհետեւ, երկու տարի հայերէն դասաւանդած է Այնթապ գոլէճին մէջ, ուր բժշկութիւն ուսանած է 1878-1881ին։ Միջոցին, հրատարակած է իր առաջին գիրքը՝ «Հայկական վերականգնում» (1879)։ Ակնի մէջ շրջան մը իբրեւ բժիշկ աշխատելէ ետք, մեկնած է Փարիզ, ուր 1884-1885ին Սորպոնի մէջ բժշկութիւն ուսանած է։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, Այնթապ հաստատուած է, միաժամանակ դասաւանդելով Այնթապ գոլէճի մէջ եւ աշխատելով՝ հիւանդանոցի մը մէջ։

Սակայն, Գաբրիէլեանի 1879ի հատորիկը արգիլուած է թրքական իշխանութիւններուն կողմէ, եւ հետապնդումներէ խուսափելու համար, 1886ին բժիշկը պարտադրուած է լքելու Օսմանեան կայսրութիւնը եւ մեկնելու՝ Միացեալ Նահանգներ, ուր անցուցած է իր կեանքին յետագայ տարիները։ 1888ին, այսուհանդերձ, Պոլսոյ մէջ հրատարակած է «Հայ բողոքականութեան անցեալն ու ապագան» գիրքը։

Գաբրիէլեան հաստատուած է Նիւ Եորք, ուր զբաղած է բժշկութեամբ, ինչպէս նաեւ հանրային կեանքով։ Ամերիկահայ անդրանիկ թերթին՝ Հայկակ Էկինեանի «Արեգակ»ի հրատարակութենէն երկու տարի ետք, ան լոյս ընծայած է «Հայք» երկշաբաթաթերթը (1891-1896), որ դարձած է ամսագիր 1896ին։ Այս տեղեկատուական եւ ազգային-քաղաքական թերթը հրատարակած է Հայկական Հարցի մասին նիւթեր, ամերիկեան եւ եւրոպական մամուլին արձագանգները Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու իրավիճակին մասին, եւ ամերիկահայ համայնքի մասին լուրեր։ 1895ին, Գաբրիէլեան ընտրուած է Հայ Հայրենասիրական Դաշնակցութեան նախագահ՝ ոչ-կուսակցական կազմակերպութիւն մը, որուն նպատակն էր օժանդակել արեւմտահայութեան ազատագրութեան։ Ան նաեւ հրատարակած է հայերէն գիրքեր ու գրքոյկներ, ինչպէս «Արուեստ ատենախօսութեան» (1891), «Խրիմեան Հայրիկ» (1892), «Հայ ազգային քաղաքականութիւն» (1893), «Քրիստոնեայ Հայաստան եւ քրիստոնեայ տէրութիւնք» (1896), եւ անգլերէն հատորներ (“Facts about Armenia, 1895, եւ “Bleeding Armenia”, 1897, Ա. Ուիլիըմզի գործակցութեամբ)։ 1894-1897ին պատմութեան, ընկերաբանութեան եւ քաղաքական գիտութիւններու դասընթացքներու հետեւած է Գոլումպիա համալսարանին մէջ։

Գաբրիէլեան շարունակած է իր գործունէութիւնը 1900ական թուականներէն ետք, աշխատակցելով «Կոչնակ»ին եւ «Հանդէս ամսօրեայ»ին։ Հրատարակած է շարք մը հատորներ, հաւաքելով իր դասախօսութիւններն ու ճառերը («Հայկական ճգնաժամը եւ վերածնունդ», 1905, Բ. հրատ., 1909, «Հայ ցեղը», 1911), լեզուաբանական հատոր մը («Ակնի գաւառաբարբառը եւ արդի հայ լեզուն», 1912) եւ բժշկական գիրք մը («Սեռային առողջաբանութիւն», 1915)։ Ձգած է շարք մը անտիպ գործեր, որոնցմէ մէկը՝ «Մանուկներ մեծցնելու արուեստը», յետմահու լոյս տեսած է 1920ին։

Այս բեղուն գործիչը մահացած է 3 Յունիս, 1919ին, Ուիհոքընի մէջ (Նիւ Ճըրզի), 63 տարեկանին։

Sunday, March 3, 2019

Պրեստ-Լիթովսկի դաշնագիրը  (3 Մարտ 1918)

Խորհրդային Ռուսաստանի եւ Կեդրոնական Պետութիւններուն միջեւ ստորագրուած Պրեստ-Լիթովսկի դաշնագիրը կնքած է ռուսական պարտութիւնը եւ մասնակցութեան աւարտը Ա. Աշխարհամարտին մէջ։

Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան յաջորդած էր խորհրդային վարչակարգի հաստատումը Ռուսաստանի մէջ, որ սակայն յուսահատ կացութեան մէջ էր քանի մը ամիս ետք։ Յեղափոխական կառավարութիւնը, իբրեւ առաջին քայլ արտաքին յարաբերութիւններու մէջ, խաղաղութեան մասին հրովարտակ մը հրապարակած է 26 Հոկտեմբեր, 1917ին, Խորհուրդներու երկրորդ համառուսաստանեան համագումարին ընթացքին։ Հրովարտակը, որ հեղինակուած էր նոյնինքն Վլատիմիր Լենինի կողմէ, բոլոր մարտնչող կողմերուն կ՚առաջարկէր բանակցութիւններու սկսիլ՝ «արդար ժողովրդավար աշխարհ» մը ստեղծելու համար։

Հրովարտակին մերժումը Դաշնակիցներուն (Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ եւ Իտալիա) կողմէ, Խորհրդային Ռուսաստանը մղած է անջատ խաղաղութիւն կնքելու գործընթացին մէջ մտնելու։ Ռուսաստանի եւ Կեդրոնական Պետութիւններուն (Գերմանիա, Աւստրիա-Հունգարիա, Օսմանեան կայսրութիւն եւ Պուլկարիա) միջեւ բանակցութիւնները սկսած են Պրեստ-Լիթովսկի մէջ, 9 Դեկտեմբերին։ Խորհրդային պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Ատոլֆ Եոֆֆէի, իբրեւ պայմաններ դրած է գրաւուած տարածքներէ զօրքերու հանումը, պատերազմի ընթացքին ստրկացած ազգերու ազատագրումը, ամէն տեսակի ռազմատուգանքներէ հրաժարումը, եւ այլն։

Գերմանական պատուիրակութիւնը հակադարձած է իր սեփական ծրագրով, որ կը ներառնէր Մերձպալթիական շրջանի կցումը Գերմանիոյ եւ Լեհաստանի նոր բաժանում մը։ Գերմանիա, միաժամանակ, կը ցանկար պահել ռուսական գրաւուած տարածքները՝ անոնց տնտեսական միջոցները շահագործելու համար։

Ռուսաստանն ու Գերմանիան անջատ բանակցութիւններ սկսած են 27 Դեկտեմբերին։ Ամիս մը ետք, Կեդրոնական Պետութիւնները համաձայնութիւն մը կնքած են Կեդրոնական Ռատային հետ (Ուքրանիոյ յեղափոխական խորհրդարանը)՝ Ուքրանիայէն ուտելիք ստանալ փոխան զինուորական օգնութեան։ Միեւնոյն գիշերը Գերմանիա վերջնագիր մը յղած է Ռուսաստանին՝ գերմանական պայմանները գործադրելու։ Յաջորդ օրը, Լեւ Թրոցկի, որ խորհրդային պատուիրակութեան ղեկավարութիւնը ստանձնած էր, պատասխանած է, թէ Ռուսաստանը պիտի չստորագրէր համաձայնագիրը, բայց կը դադրեցնէր մարտերը եւ կը պարպէր զօրքերը։ 18 Փետրուարին, Կեդրոնական Պետութիւնները վերսկսած են յարձակողականը ամբողջ արեւելեան ռազմաճակատին վրայ։ Ռուսական զօրքերը, չկարողանալով դիմադրել, եւ ռուսերը համաձայնագրի իրենց հաւանութիւնը տուած են Փետրուար 19ին։ Սակայն, գերմանացիները շարունակած են յարձակումը մինչեւ Փետրուար 22՝ ա՛լ աւելի դաժան պայմաններ ներկայացնելով։

Ի վերջոյ, համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէն համաձայնութիւնը տուած է խաղաղութեան դաշնագրի մը կնքումին, եւ Պրեստ-Լիթովսկի դաշնագիրը ստորագրուած է 3 Մարտին։ Այս խայտառակ դաշնագրով, Ռուսաստանը կը կորսնցնէր մերձպալթեան տարածքները եւ Պելառուսիոյ մէկ մասը, Ուքրանիան ու Ֆինլանտիան ինքնավար հանրապետութիւններ կը հռչակուէին՝ Կարմիր Բանակի նահանջին առընթեր։ Աւելի կարեւոր էր, սակայն, Կովկասի մէջ Կարսի ու Արտահանի հայկական շրջաններու եւ Պաթումի վրացական շրջանի զիջումը Օսմանեան կայսրութեան։ Պէտք է վերյիշել, որ Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան պայթումէն եւ ռուսական զօրքերու՝ կովկասեան ռազմաճակատէն մեկնումին յաջորդած էր թրքական յարձակողականը, որուն հետեւանքով վերագրաւուած էին Արեւմտեան Հայաստանի այն տարածքները, զորս Ռուսաստանը գրաւած էր 1916ին։ Թուրքիան արդէն Կովկասի վրայ իր յարձակումին ձեռնարկած էր։

Շահեկան է նշել, որ Ռուսաստանը այլեւս որեւէ փաստական ներկայութիւն չունէր Կովկասի մէջ, որ անուանապէս միայն կապուած էր անոր։

Մարտերու վերջաւորութիւնը թոյլ տուած է Գերմանիոյ, որ իր ուժերը կեդրոնացնէ հարաւային ճակատի վրայ եւ յարձակումի ձեռնարկէ՝ 21 Մարտէն մինչեւ 17 Յունիս 1918, բայց այս յարձակումը անյաջող եղած է, քանի որ Դաշնակիցները հակադարձած են տեւական յարձակումներով, որ ի վերջոյ յանգած են Գերմանիոյ պարտութեան։

Կարեւոր է նշել, որ 1918ին պոլշեւիկները Ռուսաստանի օրինաւոր եւ ճանչցուած իշխանութիւնը չէին Ռուսաստանի մէջ, եւ հետեւաբար երկրի անունով դաշնագիր մը կնքելու իրաւունք չունէին։ Սակայն, դաշնագրին ստորագրութիւնը պոլշեւիկ կառավարութեան թոյլ տուած է իշխանութիւնը պահել եւ ազատիլ իր հակառակորդներէն, յատկապէս ընկերվար-յեղափոխականները։ Ի վերջոյ, ասիկա պատճառ պիտի դառնար քաղաքացիական պատերազմի սկզբնաւորութեան, որ չորս տարի պիտի տեւէր։

Օգոստոս 27ին Պերլինի մէջ ստորագրուած լրացուցիչ համաձայնագիր մը հաստատած է Ռուսաստանի կողմէ 6 միլիառ գերմանական մարգի վճարումը Գերմանիոյ իբրեւ ռազմատուգանք։ Սակայն, Պրեստ Լիթովսկի դաշնագիրը չեղեալ համարուած է Ռուսաստանի կողմէ Սեպտեմբեր 20ին, իսկ պատերազմի աւարտէն ետք՝ Թուրքիոյ (30 Հոկտեմբեր) եւ Գերմանիոյ կողմէ (13 Նոյեմբեր)։

Saturday, December 8, 2018

Ամիրտովլաթ Ամասիացի (մահ՝ 8 Դեկտեմբեր, 1496)

Հայ բժշկութեան նախահայր` Մխիթար Հերացիի արժանաւոր յաջորդը եղած է Ամիրտովլաթ Ամասիացին, ուշ միջնադարուն։ Այս երկու յայտնի հեղինակներուն գործը յատկանշուած է միջին հայերէնով (ռամկօրէն) գրուած ըլլալը։ Այսպիսով, անոնք որդեգրած էին օրուան խօսակցական լեզուն, փոխանակ դիմելու գրաբարի գործածութեան, որ անմատչելի էր պարզ ժողովուրդին։

Ամիրտովլաթ ծնած է Ամասիա (Սեւ ծովու շրջան) 1420ի շուրջ։ Դպրոց յաճախած է Ամասիոյ եւ Սեբաստիոյ մէջ, իսկ այնուհետեւ տարիներով թափառած է իբրեւ ճամբորդ-բժիշկ Միջին Արեւելքի եւ Իրանի մէջ, բոյսերու նմոյշներ հաւաքելով։ Կը կարծուի, որ իր բժշկական գիտելիքները ձեռք բերած է Միջագետքի մէջ։ Ծանօթ էր հայերէնի, յունարէնի, լատիներէնի, պարսկերէնի, թրքերէնի եւ շրջանի բժշկական գրականութեան լեզուին՝ արաբերէնի։ 1450ական թուականներու վերջերուն տեղափոխուած է Կոստանդնուպոլիս, ուր շարունակած է ուսումնասիրել բժշկութիւն, բնական գիտութիւններ եւ փիլիսոփայութիւն։ 1459ին գրած է իր առաջին գործը՝ «Ուսմունք բժշկութեան», որ նուիրուած է մարդակազմութեան, առողջապահութեան, ախտաբանութեան եւ դեղաբանութեան։ Նոյն տարին գրած է իր առաջին «Ախրապատին» վերնագրով գործը, որ դեղաբանութեան նուիրուած ընդարձակ երկ մըն է (աքրապատին կը նշանակէ «դեղաբանութիւն» արաբերէնով)։

Կ. Պոլիսը 1453ին գրաւուած էր օսմանեան թուրքերուն կողմէ, որոնք վերջ տուած էին Բիւզանդական կայսրութեան։ 1460ական թուականներուն Ամիրտովլաթ ընտրուեցաւ սուլթան Մեհմէտ Բ.ի (1451-1481) բժշկապետ եւ բժշկապետ-ակնաբոյժի պատուոյ տիտղոսը ստացաւ։ Այնուհետեւ, անծանօթ պատճառներով, տասնամեակ մը պանդխտութեան մէջ անցուց՝ թափառելով Պալքաններու մէջ։ Այդ տարիներուն, 1466-1469ին գրած է բժշկական իր մեծագոյն գործը՝ «Օգուտ բժշկութեան», Պուլկարիոյ Ֆիլիփոպոլիս (այժմ՝ Փլովտիւ) քաղաքին մէջ։

1470ական թուականներուն, Ամիրտովլաթ վերադարձած է Պոլիս եւ վերստին ձեռք բերած է իր պաշտօնը արքունիքին մէջ, մինչեւ Մեհմէտ Բ.ի մահը՝ 1481ին։ Այս շրջանին, ան արտադրած է ժողովրդական բժշկութեան գործ մը (1474), ուր նաեւ աստղաբաշխութեան եւ կախարդական բժշկութեան նիւթեր ընդգրկուած են, եւ իր երկրորդ «Ախրապատին»ը (1481)։

1478-1492 ժամանակաշրջանին, Ամիրտովլաթ արտադրած է «Անգիտաց անպէտ» մեծ գործը, ուր աւելի քան 3.000 բոյսեր եւ բուսանուններ ընդգրկուած են՝ իրենց բժշկական գործածութեամբ։

Մեհմետ Բ.ի որդին՝ Ահմետ, Ամասիոյ տիրակալ դառնալով, հրաւիրած է Ամիրտովլաթը իր ծննդավայրը վերադառնալու։ 1490ական թուականներուն հայ բժշկապետը ճամբորդած է Պրուսա՝ հանքային ջուրերով բժշկուելու համար, եւ մահացած է Ամասիոյ (կամ ըստ այլ կարգ մը աղբիւրներու՝ Պրուսա) մէջ, 8 Դեկտեմբեր, 1496ին։