Համօ Օհանջանեան հայ յեղափոխական շարժման պատմութեան կարեւոր անուն մը եղած է, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութեան երրորդ վարչապետը։
Բուն անունով՝ Համազասպ Օհանջանեան, ծնած է Ախալքալաք, 1 Փետրուար 1873ին։ Տեղական դպրոցը եւ ապա՝ Թիֆլիսի ռուսական վարժարանը աւարտելէ ետք, մտած է Մոսկուայի համալսարանը՝ բժշկութիւն ուսանելու։ Սակայն, յեղափոխական հետաքրքրութիւններու եւ ուսանողական խլրտումներու մէջ մասնակցելու պատճառով, հեռացուած է համալսարանէն ու Մոսկուայէն։ Ստիպուելով վերադառնալ Թիֆլիս, հոն անոր միացած է ուսանողական տարիներու ընկերուհին՝ ռուս յեղափոխական՝ Օլկա Վաւիլեւնան։ Ամուսնացած են 1897ին եւ ունեցած՝ երեք զաւակ. Մոնիկ, Արիկ եւ Գալիա։ Այս շրջանին մտած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը։
1899ին Զուիցերիա ճամբորդելով, Օհանջանեան բժշկութեան մէջ մասնագիտացած է Լօզանի համալսարան, մինչեւ 1902։ Միաժամանակ շարունակած է յեղափոխական գործունէութիւնը, զոր չէ դադրեցուցած Թիֆլիս վերադառնալէ ետք։ Հանդիսացած է հայ եկեղեցական կալուածներու բռնագրաւման դէմ ուղղուած ժողովրդային շարժման պարագլուխներէն մէկը (1903-1905) եւ Հ.Յ.Դ. «Կովկասեան նախագիծ»ի ճարտարապետներէն մէկը, որ կուսակցութեան գործունէութիւնը Կովկասի մէջ տարածելու շրջադարձին մաս կազմած է։
Մասնակցած է Հ.Յ.Դ.ի երրորդ եւ չորրորդ ընդհանուր ժողովներուն (Սոֆիա՝ 1904, եւ Վիեննա՝ 1907), ու ընտրուած Արեւելեան Բիւրոյի անդամ ։ Ան կազմակերպութան ներքին կարգապահութեան եւ կառոյցին պահպանման երաշխաւորներէն մէկը եղած է, աշխուժօրէն մասնակցելով ռուսական առաջին յեղափոխութեան հետեւած ժողովրդավարական ալիքին եւ հայ-թաթարական հակամարտութեան։
Օհանջանեան ձերբակալուած է 1908ին՝ կուսակցութեան շուրջ երկու հարիւր անդամներու եւ համակիրներու հետ, ռուսական կառավարութեան կողմէ Դաշնակցութիւնը տկարացնելու փորձի շրջագիծին մէջ։ Բանտարկուելով Թիֆլիսի Մետեխի բանտը, ենթարկուած է չարչարանքներու, բայց իր կորովը չէ կորսնցուցած նոյնիսկ երբ «Դաշնակցութեան դատ»ին (1912) դատապարտուած է չորս տարուան բռնի աշխատանքներու՝ հակառակ իր ուժեղ պաշտպանողականին։
Ղրկուած է նախ՝ Խարքով (Ուքրանիա) եւ ապա՝ Սիպերիա, ուր իրեն հետեւած է Ռուբինա Արէշեան՝ Քրիստափոր Միքայէլեանի երբեմնի գործակիցներէն մէկը։ Անոնք պիտի ամուսնանային սիպիրեան աքսորի տարիներուն։
Ա. Աշխարհամարտի սկիզբէն ետք, ռուս կառավարութիւնը փոխած է իր դիրքորոշումը եւ մերձեցումի քաղաքականութիւն մը որդեգրած՝ Հ.Յ.Դ.ի հանդէպ։ Ուրիշներու շարքին, Օհանջանեան ազատած է աքսորէն ու վերադարձած՝ Թիֆլիս։ Իր բժշկական ձիրքերը ի գործ դրած է ռազմաճակատին մէջ, եւ այնուհետեւ՝ Վանի կարճատեւ ազատագրումին (1915) Արամ Մանուկեանի աջ բազուկը եղած է՝ վերջինիս կառավարութեան շրջանին։
Օհանջանեան մասնակցած է Ղարաքիլիսէի հերոսամարտին, ուր իր աւագ որդին՝ Մոնիկը, զոհ գացած է։ Անկախութենէն ետք, գործօն մասնակցութիւն ունեցած է միջազգային յարաբերութիւններու մշակման մէջ, Հանրապետութեան Պատուիրակութեան մաս կազմելով Եւրոպայի մէջ։ 1919ին, Հ.Յ.Դ. իններորդ ընդհանուր ժողովին կողմէ Բիւրոյի անդամ ընտրուած է։ Վերադառնալով Երեւան, 1920ի սկիզբներուն Արտաքին Գործոց նախարար նշանակուած է։
Մայիսեան ապստամբութենէն ու Ալեքսանդր Խատիսեանի կառավարութեան հրաժարականէն ետք, Օհանջանեան գլխաւորած է Բիւրօ-կառավարութիւնը, որ հանրապետութիւնը վարած է Մայիս-Նոյեմբեր 1920ին, իբրեւ վարչապետ եւ Արտաքին Գործոց նախարար։ Իր որդին՝ Վիգէնը (1920-2009), ծնած է այս ժամանակաշրջանին։
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, Օհանջանեան ձերբակալուած ու Երեւանի բանտը մնացած է, ուրկէ ազատագրուած է 1921ի Փետրուարեան ապստամբութեան շնորհիւ։ Ապստամբութեան աւարտէն ետք, Զանգեզուրի ճամբով անցած է Թաւրիզ (Պարսկաստան), իսկ 1923ին՝ Գահիրէ (Եգիպտոս), ուր ապրած է մինչեւ կեանքին վերջը։
1928ին «Համազգային» Հայ Մշակութային Միութեան հիմնադիրներէն մէկը եղած է եւ անոր նախագահը՝ մինչեւ մահը։ Կարեւոր դեր խաղացած է Պէյրութի ճեմարանի հիմնադրութեան եւ ամրապնդման գործին մէջ։ Նաեւ վերընտրուած է Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ։
Համօ Օհանջանեան իր մահկանացուն կնքած է 31 Յուլիս 1947ին։ Թաղուած է Գահիրէի մէջ։ Անոր գերեզմանաքարին վրայ գրուած է՝ «Ապրեցաւ ինչպէս քարոզեց»։