Showing posts with label արեւմտահայ գրականութիւն. Show all posts
Showing posts with label արեւմտահայ գրականութիւն. Show all posts

Monday, September 16, 2019

Ծերենց (ծնունդ՝ 16 Սեպտեմբեր, 1822)

Ինչպէս Րաֆֆին՝ արեւելահայերու մէջ, Ծերենց ժողովրդական վիպագիր մը եղած է արեւմտահայերու մէջ, որուն պատմավէպերը, հեռու անցեալին մէջ ընթանալով հանդերձ, շատերը ներշնչած են հայրենասիրական գաղափարներով։

Բուն անունով՝ Յովսէփ Շիշմանեան, ծնած է 16 Սեպտեմբեր, 1822ին, Պոլիս, կաթողիկէ ընտանիքի մը ծոցին մէջ։ Տասը տարեկանին, ծնողները զինք ղրկած են Ս. Ղազար, բայց Մխիթարեան վանքին մէջ հինգ տարուան ուսումէ ետք, մերժած է կուսակրօն քահանայ դառնալ, ու 1837ին վերադարձած՝ իր ծննդավայրը։ Հայերէնի, հայոց պատմութեան ու գրականութեան ուսուցչութեամբ զբաղած է քանի մը տարի, եւ 1843ին Թիֆլիս ճամբորդած, սկսելով երկար շրջագայութիւն մը Արեւելեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ՝ հայրենի հողին ու ժողովուրդին ծանօթանալու նպատակով։ Աւելի ուշ, իր տպաւորութիւնները պիտի հրատարակէր պոլսահայ մամուլին մէջ, որդեգրելով Ծերենզ գրչանունը։

1848ին, ապագայ վիպասանը որոշած է բժշկական ուսման հետեւիլ, մեկնելով Փարիզ։ Հոն, միաժամանակ ուսանած է Սորպոնի մէջ եւ դասաւանդած՝ Մխիթարեաններու Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանին մէջ։ 1848ի ֆրանսական յեղափոխութիւնը, որուն ալիքները սփռուած են Եւրոպայի տարածքին, եւ իտալական ազատագրական շարժումը մեծապէս ներգործած են գրագէտի աշխարհահայեացքին վրայ։ Ան բարեկամական կապեր հաստատած է Փարիզ ուսանող այլ պոլսահայ մտաւորականներու հետ, ինչպէս Գրիգոր Օտեան, Նահապետ Ռուսինեան եւ Ստեփան Ոսկան, որոնք կարեւոր դեր պիտի ունենային Զարթօնքի շարժումին մէջ։

Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, 1853ին Ծերենց վերադարձած է Պոլիս ու իր ասպարէզով զբաղած, միաժամանակ գործօն մասնակցութիւն բերելով հայ հանրային կեանքին։ Յօդուածներ գրած է կրթական հարցերու շուրջ, Ազգային Սահմանադրութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն մասնակցած է, եւ պայքարած է հայ կաթողիկէ համայնքի դաւանական վիճաբանութիւններուն դէմ։

Զէյթունի ապստամբութեան (1862) նախօրեակին, Ծերենց մեկնած է Կիլիկիա՝ կրթական կալուածին մէջ աշխատելու համար, նպատակ ունենալով՝ բանալ երկրագործական դպրոց մը։ Սակայն, քաղաքական հետապնդումները զինք ստիպած են Պոլիս վերադառնալ։

Գրիգոր Օտեանի միջամտութեամբ, Ծերենց Պոլսոյ հիւանդանոցներէն մէկուն կողմէ գործի ընդունուած է 1872ին։ Երկու տարի ետք, անոր կինը մահացած է, զինք առանձին ձգելով 14ամեայ աղջկան՝ Թագուհիին հետ, իսկ 1875ինն քանի մը ֆրանսացի կաթողիկէ մայրապետներու բանսարկութիւնները ստիպած են հիւանդանոցի տնօրէնը՝ Ծերենցը գործէ հեռացնելու։ 1876ին, օսմանեան կառավարութիւնը զինք ղրկած է Կիպրոս, որ այն ատեն աքսորավայր մըն էր, իբրեւ բժիշկ աշխատելու։

1878ին, Ծերենց հաստատուած է Թիֆլիս իր աղջկան հետ, որ հոն ամուսնացած էր։ Իր կեանքի վերջին տասնամեակին, ան շատ ժողովրդական վիպասան մը պիտի դառնար՝ պատմավէպի ծագման ու զարգացման կարեւոր նպաստ բերելով։ 1877ին, լոյս տեսած էր անոր առաջին ու ամենէն յաջող վէպը՝ «Թորոս Լեւոնի», ուր կը նկարագրէ Կիլիկիոյ Թորոս Բ. իշխանապետի (1145-1169) կեանքն ու քաջագործութիւնները։ Թիֆլիսի մէջ, Ծերենց դասաւանդած է Ներսիսեան վարժարանին մէջ, իսկ 1877-1878ին ճամբորդած է Վան, Ալաշկերտ ու Բասէն՝ ռուս-թրքական պատերազմէն տուժած բնակչութեան բժշկական օժանդակութիւն մատուցելու համար։

Ծերենց ետեւ-ետեւի հրատարակած է իր յաջորդ վէպերը՝ «Երկունք Թ. դարու» (1879) եւ «Թէոդորոս Ռշտունի» (1881)։ Առաջինը՝ Յովնան Խութեցիի արաբական տիրապետութեան դէմ ապստամբութիւնը կը նկարագրէ (852-853), իսկ երկրորդը՝ 7րդ դարու բիւզանդա-պարսկական պատերազմներու շրջանին Հայաստանի վիճակը։ Վիպասանին ժողովրդականութիւնը երկարաձգուած է մինչեւ մեր օրերը։

1884ին, գրագէտը կորսնցուցած է իր մէկ հատիկ աղջիկը։ Այս ահաւոր հարուածը պատճառ դարձած է անոր առողջութեան կտրուկ վատթարացումին, որուն հետեւանքով ան կաթուածահար մահացած է Թիֆլիսի մէջ, 17 Փետրուար 1888ին, 66 տարեկանին։ Անոր ժողովրդականութիւնը, սակայն, հասած է մինչեւ մեզի։

Monday, July 1, 2019

Գառնիկ Ստեփանեան (մահ՝ 1 Յուլիս, 1989)

Գառնիկ (Տէր) Ստեփանեան՝ արեւմտահայ մշակոյթի լաւագոյն մասնագէտներէն մէկը Խորհրդային Հայաստանի մէջ, ծնած է 14 Փետրուար 1909ին Դերջան գաւառի (Երզնկա) Մամախաթուն գիւղին մէջ։ Մայիս 1915ին Դերջանի հայերը մեծաւ մասամբ սպաննուած են Մեծ Եղեռնի ընթացքին, շատերը՝ իսլամացած, եւ մնացորդացը աքսորուած՝ Տէր-Զոր։ Մանուկ Գառնիկը յաջողած է վերապրիլ եւ, պատերազմէն ետք, հասնիլ Սեբաստիա, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը։ 1923ին տեղափոխուած է Յունաստան բազմաթիւ հայ որբերու հետ, ապաստան գտնելով Էտիփսոսի, Խալքիսի եւ Օրոփոսի որբանոցներուն մէջ։ Երկու տարի ետք, անցած է Եգիպտոս, ուր աշխատած է իբրեւ գրաշար «Արեւ» օրաթերթին եւ «Ոսկետառ» տպարանին մէջ։

1930ին Ստեփանեանի կեանքը շրջադարձ մը ապրած է՝ Խորհրդային Հայաստան ներգաղթով, ուր իր կորսուած ծնողները գտած է։ Շարունակած է աշխատիլ իբրեւ գրաշար, այս անգամ՝ Պետհրատի առաջին տպարանին մէջ։ 1938ին շրջանաւարտ եղած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական ճիւղէն։ Միջոցին, հայոց լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է «Ալեքսանդր Թամանեան» թեքնիք ուսումնարանին մէջ (1937-1939) եւ գրաբար՝ բանասիրական ճիւղին մէջ (1939-1940)։ Եղած է Հրաչեայ Աճառեանի աշակերտը, որուն մասին գրած է շահեկան յուշագրութիւն մը (1976)։

Հրատարակչական մարզին մէջ, աշխատած է «Սովետական Հայաստան» օրաթերթին, «Սովետական Հայաստան» ամսագրին եւ Գիտութիւններու Ակադեմիայի «Տեղեկագիր հասարակական գիտութիւնների» ամսագրին մէջ։ 1943ին անդամակցած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան եւ երկու տարի ետք, հրատարակած է Մեծ Եղեռնի նուիրուած առաջին վէպը խորհրդահայ գրականութեան մէջ՝ «Մղձաւանջային օրեր», ինքնակենսագրական բնոյթով, որ վերահրատարակուած է երեք անգամ 1989էն սկսեալ։

Գառնիկ Ստեփանեան աշխատած է Ակադեմիայի գրականութեան հիմնարկին մէջ, Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանի տնօրէնը եղած է (1954-1963), եւ ապա՝ Ակադեմիայի արուեստի հիմնարկի գիտաշխատող 1963էն մինչեւ իր մահը։ Ան մասնագիտացած է արեւմտահայ գրականութեան եւ թատրոնի բնագաւառին մէջ։ Մենագրութիւններ գրած է արեւմտահայ թատրոնի զանազան նշանաւոր դերասաններու մասին (Պետրոս Ադամեան, Արուսեակ Փափազեան, Մկրտիչ Ջանան եւ Սիրանոյշ), հրատարակած է Ադամեանի նամակներու հատոր մը եւ հեղինակած է յուշագրութիւն մը ուրիշ մեծ դերասանի մը մասին՝ Վահրամ Փափազեան։ Անոր ամենէն կարեւոր նպաստը այս բնագաւառին եղած է եռահատոր «Ուրուագիծ արեւմտահայ թատրոնի պատմութեան» աշխատութիւնը (1962, 1969, 1975)։ Ան նաեւ գրած է սփիւռքահայ թատրոնին մասին։ «Ակնարկներ սփիւռքահայ թատրոնի պատմութեան» շարքէն երկու հատոր լոյս տեսած են՝ ֆրանսահայ (1982) եւ ամերիկահայ (2008, յետմահու) թատրոնի մասին։

Ստեփանեան ո՛չ միայն հրատարակած է աշխատութիւններ Արփիար Արփիարեանի (1955) եւ Յակոբ Պարոնեանի (1956, 1964) մասին, այլեւ թրքերէնէ հայերէն թարգմանած է Յովսէփ Վարդանեանի «Ագապի» վէպը (1953), որ առաջին թրքական վէպն է (սկզբնապէս լոյս տեսած 1851ին՝ հայատառ թրքերէնով), ինչպէս եւ Պարոնեանէն կարգ մը հայատառ թրքերէն գործեր։

Բանասէրին ուրիշ մէկ կարեւոր նպաստը հայագիտութեան եղած է երեք հատորնոց «Կենսագրական բառարան»ը (1973, 1981, 1990), որ դժբախտաբար անաւարտ մնացած է։

1967 ին Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր աշխատողի տիտղոսը ստացած է, իսկ չորս տարի ետք՝ դոկտորական աւարտաճառը պաշտպանած է։ 1980ին ստացած է Հայաստանի պետական մրցանակը՝ «Հայ նոր գրականութեան պատմութիւն» հինգ հատորնոց հաւաքական աշխատութեան համար։

Ստեփանեան իր մահկանացուն կնքած է 1 Յուլիս 1989ին, Երեւանի մէջ։ Անոր յետմահու աշխատանքներուն շարքին կը պատկանի 600 էջնոց մենագրութիւն մը իր ծննդավայրին պատմութեան մասին՝ «Երզնկա» (2005)։