Արմէն
Գարօ հայ ազատագրական շարժման ամենէն գործօն մասնակիցներէն էր ու կարգ մը
ճակատագրական պահերու դերակատարը։ Պանք Օթոմանի գրաւումի ղեկավար, Օսմանեան
Խորհրդարանի երեսփոխան, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին դեսպան Ամերիկայի
մէջ, «Նեմեսիս» գործողութեան կազմակերպիչ։
Ահա կարգ մը կարեւոր իրադարձութիւններ անոր հանրային կեանքէն, որ կանխահաս կերպով աւարտած է։
Գարեգին
Փաստրմաճեան ծնած է Կարին (Էրզրում), 9 Փետրուար, 1872ին։ Քաղաքի
«Սանասարեան» վարժարանի առաջին շրջանաւարտներէն մէկը եղած է 1891ին։ 1894ին
մեկնած է Ֆրանսա, մտնելով Նանսիի համալսարանի երկրագործական վարժարանը։
Այս շրջանին նորակազմ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը մտած է։
Զէյթունի
ջարդերու սկզբնաւորութեան ան լքած է իր ուսումը՝ իր հայրենակիցներուն
օգնութեան երթալու համար։ Անցած է Ժընեւ ու անկէ՝ Եգիպտոս, Զէյթունի
դիմադրութեան օժանդակելու։ Այնուհետեւ վերադարձած է Թուրքիա։ Այս ժամանակին
է, որ Արմէն Գարօ կեղծանունը որդեգրած է։
Ան
կազմակերպիչներէն էր Պանք Օթոմանի գրաւումին՝ 26 Օգոստոս, 1896ին։ Բաբգէն
Սիւնիի՝ դաշնակցական յեղափոխականներուն ղեկավարի սպանութենէն ետք, Արմէն
Գարօ ստանձնած է ղեկը։ Դրամատան գրաւումի աւարտէն ետք, խումբը ղրկուած է
Մարսէյլ, բայց անոնց Ֆրանսա մուտքը արգիլուած ըլլալով, Արմէն Գարօ մեկնած է
Զուիցերիա եւ բնական գիտութիւններ ուսանած է Ժընեւի համալսարանը։
1898ին
Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բ. Ընդհանուր Ժողովին մասնակցելէ ետք, 1900ին
շրջանաւարտ եղած է՝ քիմիագիտութեան տոքթորի տիտղոս ստանալով։ 1901ին
Թիֆլիսի մէջ քիմիական հետազօտութեան տարրալուծարան մը բացած է։
Արմէն
Գարօ շարունակած է իր յեղափոխական գործունէութիւնը եւ 1905-1907ի
հայ-թաթարական բախումներու շրջանին կազմակերպած Թիֆլիսի հայերու
ինքնապաշտպանութիւնը 500 կամաւորներու խումբով։
Երբ
կեանքը բնականոն հունի մէջ մտած է Կովկասի մէջ, Արմէն Գարօ յաջողած է
բարգաւաճ դիրք մը նուաճել։ Սակայն, այս իրավիճակը կարճ տեւած է։ 1908ի
օսմանեան յեղափոխութենէն ետք, ան ընտրուած է Օսմանեան Խորհրդարանի
երեսփոխան Էրզրումէն՝ Հ. Յ. Դ.ն ներկայացնելով։ Իր չորս տարուան
պաշտօնավարութեան ընթացքին աշխատած է երկաթուղիի օրինագիծի մը ի խնդիր,
որուն գլխաւոր նպատակը Արեւմտեան Հայաստանի նահանգներուն մէջ
երկաթուղագիծերու կառուցումն էր։
Այնուհետեւ,
1913-1914ին աշխոյժ աշխատանք տարած է՝ հայկական վեց նահանգներու մէջ
բարենորոգումներու կազմակերպութեան եւ գործադրութեան համար։ 1914ի աշնան,
Դաշնակցութեան Ը. Ընդհանուր Ժողովէն ետք, յատուկ առաքելութեամբ Կովկաս
անցած է՝ կամաւորական շարժումի կազմակերպութեան համար։
Նոյեմբեր
1914ին, երբ ռուս-թրքական պատերազմը սկսած էր, Արմէն Գարօ ռազմաճակատ
մեկնած է, ընկերանալով Դրոյի հրամանատարութեան տակ յառաջացող կամաւորական
երկրորդ գունդին՝ իբրեւ Թիֆլիսի Ազգային Բիւրոյի ներկայացուցիչ։ Երբ Դրօ
ծանրօրէն վիրաւորուած է, Գարօ ժամանակաւորապէս ստանձնած է գունդի
ղեկավարութիւնը Նոյեմբեր 1914 - Մարտ 1915 շրջանին։ Ան առաջիններէն էր, որ
Վան մտած էր 1915ի ամրան՝ քաղաքի ազատագրումէն ետք։
Փետրուար
1917ի ռուսական յեղափոխութենէն ետք, Արմէն Գարօ եւ տոքթ. Յակոբ Զաւրիեւ
գարնան առաքուած են Փեթրոկրատ՝ ռուսական ժամանակաւոր կառավարութեան հետ
բանակցելու։ Յունիսին Ա. Գարօ մեկնած է Միացեալ Նահանգներ իբրեւ Թիֆլիսի
Հայ Ազգային Խորհուրդի ներկայացուցիչ։ Հայաստանի անկախութենէն ետք, 1919ին
Արմէն Գարօ դեսպան նշանակուած է ԱՄՆի մէջ։
Ուաշինկթըն
հաստատուելով, քաղաքական ու դիւանագիտական աշխոյժ գործունէութեան
ձեռնարկած է։ 1918-1919ին հրատարակած է երեք անգլերէն գրքոյկներ՝ Հայաստանի
անկախութեան իրաւունքը հիմնաւորելով։ Միաժամանակ, Շահան Նաթալիի ու Ահարոն
Սաչաքլեանի հետ գաղտնաբար ղեկավարած է «Նեմեսիս» գործողութիւնը։
Հայաստանի
Հանրապետութեան անկումէն ետք, Արմէն Գարօ Եւրոպա վերադարձած է Նոյեմբեր
1922ին՝ հոգեպէս ընկճուած ու հիւանդ։ Մահացած է Ժընեւի մէջ, 23 Մարտ
1923ին, 51 տարեկանին։ «Ապրուած օրեր» յուշագրութիւնը լոյս տեսած է
«Հայրենիք» ամսագրին մէջ (1923-1924) եւ ապա՝ առանձին գիրքով, 1948ին։
Այս
անձնազոհ մարտիկին ու քաղաքական գործիչին անունը կը կրեն Հ.Ե.Դ.ի «Արմէն
Գարօ» մասնաճիւղը (Ռէյսին, Ուիսքանսըն), Հ.Յ.Դ. «Արմէն Գարօ» Ուսանողական
Միութիւնը՝ Գանատայի մէջ, եւ Հ.Յ.Դ. «Արմէն Գարօ» կոմիտէն (Նիւ Եորք)։