Showing posts with label Խորհրդային Հայաստան. Show all posts
Showing posts with label Խորհրդային Հայաստան. Show all posts

Thursday, August 1, 2019

Ալեքսանդր Բէկզադեան (մահ՝ Օգոստոս 1, 1938)

Համայնավարութեան պատրանքին լծուած իր շատ մը հայրենակիցներուն նման, Ալեքսանդր Բէկզադեան հաւատացած էր, որ անկէ կ՚անցնէր հայութեան փրկութեան ուղին, եւ հայ ազգային ազատագրական պայքարը չէր նկատեր որպէս այդպիսին։ Համաշխարհային յեղափոխութեան հովերը կը մղէին համայնավարները, որ կոչ ուղղէին կայսերապաշտութեան դէմ պայքարելու՝ միանալով օտարազգի գաղափարակիցներու։

Բէկզադեան ծնած է Շուշիի (Արցախ) մէջ, 1879ին, դատական պաշտօնեայի մը ընտանիքին մէջ։ Ընտանեկան բարօրութիւնը իրեն թոյլ տուած է փայլուն կրթութիւն ստանալ։ 1897ին շրջանաւարտ եղած է Շուշիի ռէալական ուսումնարանէն՝ ժամանակի Անդրկովկասի լաւագոյն կրթական հաստատութիւններէն մէկը, ու մտած՝ Քիեւի փոլիթեքնիք հիմնարկի գիւղատնտեսութեան դպրոցը։ 1901ին անդամակցած է Քիեւի համալսարանի սոցիալ-դեմոկորատ կազմակերպութեան, իսկ երկու տարի տք՝ ռուսական Սոցիալ-Դեմոկրատ կուսակցութեան բոլշեւիկեան հատուածին։

Քաղաքական գործունէութեան պատճառով, հեռացուած է համալսարանէն ու քաղաքէն։ Պաքու երթալով, ուր իր ընտանիքը տեղափոխուած էր, շարունակած է իր գործունէութիւնը։ Բէկզադեանները քաղաքական բարձր յանձնառութեամբ ընտանիք էին. քոյրերը՝ Մարիամ եւ Էլենա, աւելի ետք ռուսական յեղափոխութեան գաղափարները պիտի որդեգրէին, երկու եղբայրները՝ Տիգրան եւ Յովսէփ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան անդամ պիտի դառնային, իսկ Ռուբէն՝ Սոցիալ-Յեղափոխական կուսակցութեան անդամ։ 

Ալ. Բէկզադեան 1905ին ձերբակալուած ու բանտարկուած է, սակայն, յաջորդ տարի փախուստ տուած է բանտէն ու հաստատուած՝ Զուիցերիա, ուր 1906-1914ին աշխոյժ քաղաքական կեանք վարած է՝ Վլադիմիր Լենինի եւ կովկասեան բոլշեւիկներու միջեւ կապ հանդիսանալով։ Ցիւրիխի համալսարանի իրաւաբանական բաժինը մտնելով, իր դոկտորական աւարտաճառը պաշտպանած է 1912ին։

1915ին, Բէկզադեան արտօնութիւն ստացած է  Ռուսաստան վերադառնալ, սակայն կառավարական ծուղակի մը մէջ իյնալով, ձերբակալուած ի Պաքու հաստատուելէ ետք ու բանտարկուած մինչեւ Փետրուար 1917ի ռուսական յեղափոխութիւնը։ Ազատ արձակուելով, երադավերադարձած է  Պաքու, նահանգային պարենաւորման յանձնախումբի նախագահը դառնալով։ 1918ին անցած է հիւսիսային Կովկաս, եւ յաջորդ տարի բոլշեւիկեան կուսակցութեան կովկասեան կոմիտէի անդամ եղած։ Գործօն մասնակցութիւնը բերած է «բուրժուական» Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ եւ Մայիս 1920ի համայնավար ձախող ապստամբութեան պարագլուխներէն մէկը եղած։

Դեկտեմբեր 1920ին, Բէկզադեան Խորհրդային Հայաստանի առաջին կառավարութիւն հանդիսացած՝ Ռեւկոմի անդամ էր, ստանձնելով Արտաքին Գործոց եւ Պարենաւորման կոմիսարի պաշտօնները։ Դեկտեմբեր, 1920ին եւ Յունուար, 1921ին քեմալական կառավարութենէն պահանջած է, որ դադրեցնէ հայ բնակչութեան դէմ հալածանքներն ու ջարդը եւ բանակցութիւններու սկսի՝ Կարսն ու Ալեքսանդրապոլը Հայաստանին վերադարձնելու։ Սակայն, Բէկզադեանի գլխաւորած Հայաստանի պատուիրակութիւնը դուրս մնացած է Մոսկուայի բանակցութիւններէն՝ թրքական պահանջով, պատրուակելով Փետրուարեան ապստամբութիւնը։ Ապստամբութեան աւարտէն ետք, Ապրիլին Բէկզադեան վերահաստատուած է իր պաշտօնին մէջ։ Սակայն, որեւէ նպաստաւոր արդիւնք ձեռք բերած չէ Կարսի դաշնագրին ժամանակ, որ նուիրագործած է Կարսի, Արտահանի, Արարատ լերան եւ Անիի կորուստը Հոկտեմբեր, 1921ին։

1922ին մեկնելով Հայաստանէն, Բէկզադեան երկրորդական պաշտօն մր ստանձնած է Պերլինի խորհրդային առեւտրական ներկայացուցչութեան մէջ։ 1926-1930 Անդրկովկասեան Դաշնակցութեան ժողովրդական կոմիսարներու խորհուրդի փոխ-նախագահ եւ Առեւտուրի կոմիսար եղած է։ Այնուհետեւ, վերադարձած է արտաքին յարաբերութիւններու ոլորտին, 1930-1937ին խորհրդային դեսպան ըլլալով՝ Նորվեկիոյ (մինչեւ 1934) եւ Հունգարիոյ մէջ։ Դիւանագիտական ասպարէզը ձգած է 1937ին ու վերադարձած՝ Մոսկուա։

Բազմաթիւ հին բոլշեւիկներու պէս, Ալեքսանդր Բէկզադեան եւս ստալինեան հալածանքներու զոհ դարձած է՝ Ստալինի հակառակորդ Տրոցկիի կողմնակից  ըլլալու եւ հակակառավարական գործունէութեամբ զբաղած ըլլալու շինծու մեղադրանքներու հետեւանքով։ Ամիսներ տեւած դատավարութենէ ետք, Օգոստոս 1, 1938ին, սպաննուած է ՆԿՎԴի (ԿԳԲը նախորդող կազմակերպութիւնը) Կոմունարկա գնդակահարման վայրին մէջ, Մոսկուայի մօտակայքը, որ գործած է 1937-1941 թուականներուն եւ դարձած՝ աւելի քան 10.000 գնդակահարուած մարդոց գերեզմանը։ Ստալինի միլիոնաւոր զոհերուն նման, յետմահու արդարացուած է։

Saturday, April 13, 2019

Լենինի արձանին տապալումը (13 Ապրիլ, 1991)

Խորհրդային ժամանակներուն, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը Լենինի հրապարակ կը կոչուէր, ու Խորհրդային Միութեան հիմնադիր՝ Վլատիմիր Լենինի հսկայական արձան մը հրապարակի տիրական առանձնայատկութիւնն էր աւելի քան կէս դար։

Արդի Երեւանի իր նախագիծերուն մէջ, ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեան ապագայի արձանին տեղը որոշած էր հրապարակին ու քաղաքի ծառուղիին (ներկայ Վ. Սարգսեանի փողոց) խաչմերուկին վրայ։ 1920ական թուականներու վերջերուն, երկու մեթր բարձրութեան կոթող մը զետեղուած էր հոն՝ արձանի ապագայ տեղադրութիւնը նշող արձանագրութեամբ։
 
Լենինի արձանին բաց մրցոյթ մը տեղի ունեցած էր 1938ին։ Յաղթականներ հանդիսացած էին Խ. Միութեան ժողովրդական նկարիչ՝ Սերգէյ Մերկուրով (1881-1952) եւ երկու երիտասարդ ճարտարապետներ, որոնք Թիֆլիս կ՚ապրէին՝ Լեւոն Վարդանով (Վարդանեան) ու Նաթալիա Փարեմուզովա ամոլը։

Ըստ նախագծի, կոթողը 18 մեթր բարձրութիւն պիտի ունենար, ներառեալ՝ պատուանդանը։ Մերկուրով մերժած է արձանը ձուլածոյ պրոնզով պատրաստել, անոր բարձրութեան (7 մերթ) պատճառով, եւ առաջարկած՝ կռածոյ պղինձ գործածել։ Վարդանով-Փարեմուզովա զոյգը նախագծած է կրանիթեայ պատուանդանը՝ հայկական աւանդական զարդարուեստի հիմամբ, ներշնչուելով Գօշ գտնուած խաչքարէ մը։

Արձանին տեղադրումը տեղի ունեցած է 24 Նոյեմբեր, 1940ին, Հայաստանի խորհրդայնացման 20ամեակին առիթով։ Այս մէկը նկատուած էր իբր Լենինի լաւագոյն արձաններէն մէկը՝ ամբողջ Խորհրդային Միութեան մէջ։ Հրապարակի նախագիծը 1970ին շահած է Խորհրդային Հայաստանի պետական մրցանակը, իսկ Լ. Վարդանեան (յետմահու) եւ Ն. Փարեմուզովա նոյնպէս ստացած էին այդ մրցանակը՝ պատուանդանին համար։
Տարին երկու անգամ, Մայիս 1ին (աշխատաւորներու օր) եւ Նոյեմբեր 7ին (Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան տարեդարձ), խորհրդահայ ղեկավարութիւնը կը կանգնէր երեք ամպիոններուն վրայ, որոնք շինուած էին պատուանդանին վրայ՝ աշխատաւորներու շքերթը ողջունելու համար։ Տասը տարին անգամ մը, անոնց կը միանային միւս տասնըչորս խորհրդային հանրապետութիւններուն առաջին քարտուղարները, որոնք Երեւան կը հասնէին մասնակցելու Խորհրդային Հայաստանի 40ամեակին (1961), 50ամեակին (1970) եւ 60ամեակին (1980)։ Զանոնք նախորդած էին երկրի գերագոյն ղեկավարները՝ 1961ին Նիկիտա Խրուշչեւ եւ 1970ին Լէոնիտ Պրեժնեւ։ Նմանօրինակ վերջին շքերթը տեղի ունեցած է 1988ի Նոյեմբերին։

Անկախութեան հռչակագրէն ետք (23 Օգոստոս, 1990), ուր Հայկական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւնը կու գար փոխարինուելու Հայաստանի Հանրապետութեամբ, ընդամէնը ժամանակի հարց էր, որպէսզի Լենինի արձանը պատմութեան յանձնուէր։ Երեւանի քաղաքային խորհուրդը, 28 Մարտ, 1991ի նիստին, որոշած է արձանը կազմաքանդել՝ երկու դէմ եւ չորս ձեռնպահ քուէներով։ Գործողութիւնը տեղի ունեցած է՝ 13 Ապրիլին։

Անհրաժեշտ գործիքներով, արձանին գլուխը անջատուած է մարմինէն, մինչ բազմութիւն մը խանդավառօրէն կը հետեւէր համայնավար վարչակարգի խորհրդանիշերէն մէկուն տապալումին։ Արձանին երկու մասերը տարիներով մնացած են Հայաստանի ազգային պատկերասրահի բակին մէջ, իսկ աւելի ուշ՝ գլուխը պահուած է պատկերասրահի պահեստին մէջ։ 

Դատարկ պատուանդանը իր տեղը մնացած է մինչեւ Յուլիս 1996, երբ հանրապետութեան կառավարութիւնը Երեւանի իշխանութիւններուն թոյլատրած է անոր կազմաքանդումը։ Պատուանդանին մնացորդները կը պահուին քաղաքապետարանի պահեստին մէջ՝ Չարբախի շրջանը։

Thursday, March 28, 2019

Ալեքսանդր Յարութիւնեան (մահ՝ 28 Մարտ, 2012)

Երգահան Ալեքսանդր Յարութիւնեան ծնած է Երեւան, Սեպտեմբեր 23, 1920ին։ Հայրը՝ Գրիգոր Յարութիւնեան, զինուորական մըն էր։ Մտած է Երեւանի պետական երաժշտանոցի մանկական խումբը 1927ին, իսկ 1934ին ընդունուած՝ երաժշտանոցը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է Բ. Աշխարհամարտի նախօրեակին։ 1941ին գրած է առաջին գործը՝ “Impromptu”, թաւջութակի եւ դաշնակի համար։ Պատերազմէն ետք փոխադրուած է Մոսկուա, մասնակցելով Հայ Մշակոյթի Տան աշխատանոցներուն մէջ (1946-1948), Մոսկուայի երաժշտանոցին մէջ ուսանած շրջանին, զոր աւարտած է 1948ին։

1949 ին Յարութիւնեան շահած է «Ստալին» մրցանակը «Հայրենիք» քանթաթին համար, զոր գրած էր երբ կ՚ուսանէր Մոսկուայի երաժշտանոցը։ Միեւնոյն տարին, ան յօրինած է «Տօնական» նախաբանը, իսկ յաջորդ տարին՝ «Հայկական ռապսոդիա»ն (Առնօ Բաբաջանեանի հետ)։ 1950ին ամուսնացած է Իրինա (Թամարա) Օտենովայի հետ եւ երկու զաւակ ունեցած։

Վերադառնալով Երեւան, 1954-1991ին Յարութիւնեան Հայֆիլհարմոնիայի գեղարուեստակնան ղեկավարն էր։ Անոր գործերուն գնահատանքը շարունակուած է։ Անոնցմէ շատեր ներշնչուած են հայ երաժշտութեան ժողովրդական աւանդութիւններէն, ինչպէս «Ասք հայ ժողովրդի մասին» (1961) երգային համանուագային պոէմը։ 1960ական թուականներուն Յարութիւնեան հակած է դասական ձեւերու եւ աւելի յստակ հնչերանգներու։

Երգահանը գրած է 13 համերգներ տարբեր գործիքներու համար։ 1950ի շեփորի համերգը զինք ծանօթ անուն դարձուցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ։ 1988ին յօրինած է «Հայաստան-88» համերգը ջութակի եւ լարային նուագախումբի համար, որ ներշնչուած էր Սպիտակի երկրաշարժէն։

Գրած է նաեւ «Սայաթ-Նովա» օփերան, օգտագործելով մեծ աշուղի երգերէն մէկ քանին (1968), «Հայրենիքիս հետ» երգ-քանթաթը՝ ըստ Յովհաննէս Թումանեանի բանաստեղծութիւններուն (1969) եւ «Յուշարձան մայրիկիս» շարքը՝ ըստ Յովհաննէս Շիրազի բանաստեղծութիւններուն (1969)։

Անոր բեղուն արտադրութիւնը կ՚ընդգրկէ թատրոնի եւ շարժապատկերի երաժշտութիւն, ներառեալ «Սիրտը երգում է» (համահեղինակ՝ Կոստանդին Օրբելեան, 1956) եւ «Նահապետ» (1977) ֆիլմերը։

Ալեքսանդր Յարութիւնեան 1962ին Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտի, իսկ 1970ին՝ Խորհրդային Միութեան ժողովրդական արուեստագէտի տիտղոսները ստացած է։ 1970ին եւս սկսած է դասաւանդել «Կոմիտաս» երաժշտանոցին մէջ (Երեւանի պետական երաժշտանոց)։ Փրոֆեսորի տիտղոսը ստացած է 1977ին եւ շարունակած աշխատիլ՝ մինչեւ 2008։ Անկախութենէն ետք ալ, ան պարգեւուած է մետալներով եւ շքանշաններով։ 1987ին Երեւանի պատուաւոր քաղաքացիի տիտղոսը ստացած էր։

Շարունակած է արտադրել մինչեւ իր վերջին տարիներր։ Վերջին գործը «Երեխաների ալպոմ»ն էր՝ դաշնակի համար (2004)։

Ալ. Յարութիւնեան իր մահկանացուն կնքած է 28 Մարտ, 2012ին, Երեւանի մէջ։ Թաղուած է Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ։

Tuesday, January 22, 2019

Առնօ Բաբաջանեան (ծնունդ՝ 22 Յունուար 1921)

Առնօ Բաբաջանեան Խորհրդային Հայաստանի ամենէն կարեւոր երաժիշտներէն մէկն էր, բայց նաեւ լաւ ծանօթ էր Խորհրդային Միութեան մէջ, յատկապէս որպէս փայլուն դաշնակահար։
 
Ծնած է Երեւան, 22 Յունուար, 1921ին։ Մանկութեան ընկերը՝ երգահան Ալեքսանդր Յարութիւնեանը, յիշած է, թէ հինգ կամ վեց տարեկանին, ապագայ երաժիշտը փորձած է լրջօրէն նուագել մանկապարտէզի հին դաշնակին վրայ։

Բաբաջանեան պատմած է Արամ Խաչատուրեանի հետ իր առաջին հանդիպումին մասին։ Մանկապարտէզի տարիներուն, «Սուրերու պար»ի յօրինողը՝ Ա Խաչատուրեան, այցելութիւն մը տուած է ու խնդրած, որ երեխաները երգէին՝ անոնց երաժշտական լսողութիւնը գնահատելու համար։ Փոքրիկ Առնոն կ՚երգէր ու գետինը կը զարնէր միաժամանակ։ Խաչատուրեանը ապշած էր, յայտնելով, թէ այդ երեխան պէտք է անպայման երաժշութեամբ զբաղէր։

1929ին Բաբաջանեան մտած է Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին կից գործող երաժշտական դպրոցը, իսկ յաջորդ տարի գրած է իր առաջին յօրինումը՝ «Պիոներական մարշ», զոր Եղիշէ Չարենց օգնած է հրատարակել։ Այնուհետեւ, ան մեկնած է Մոսկուա, ուր մէկ անգամէն ընդունուած է Գնեսինեան ուսումնարանի վերջին դասարանը։ Ուսումնարանը աւարտելէ ետք, ուսանած է Մոսկուայի Չայկովսկիի անուան երաժշտանոցը (յատուկ դաշնակի բաժինը)։ 1942ին վերադառնալով Երեւան, մտած է պետական երաժշտանոց, զոր աւարտած է 1947ին, իսկ յաջորդ տարի նոյնպէս աւարտած է Մոսկուայի Չայկովսկիի անուան երաժշտնոցը։ Մինչ այդ, 1946-1948ին իր ուսումը կատարելագործած է Մոսկուայի Հայաստանի Մշակոյթի Տան կից արուեստանոցին մէջ։ Ան դարձած է նշանաւոր դաշնակահար մը, որ նշանաւոր էր իր սեփական գործերու կատարումներով։ Հայաստան վերադառնալով, 1950-1956ին Բաբաջանեան դասաւանդած է Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին մէջ, որմէ ետք հաստատուած է Մոսկուա, ուր պիտի ապրէր ու աշխատէր մինչեւ կեանքին վերջը։

Անոր բնատուր տաղանդն ու վառ երաժշտական պատկերը զինք դարձուցած են խորհրդային երաժշտութեան հանրածանօթ դէմք մը։ Իր կազմաւորման տարիներուն, Բաբաջանեանի ոճը կրած է Խաչատուրեանի եւ Սերգէյ Ռախմանինովի ազդեցութիւնը, ինչպէս կը յայտնուի վաղ շրջանի յօրինումներուն մէջ, ինչպէս դաշնակի (1944) եւ ջութակի՝ նուախումբի համար (1949) համերգներուն մէջ։ Անոր կոթողական «Հերոսական բալլադ»ը (1950) տարի մը ետք Խորհրդային Միութեան պետական մրցանակին արժանացաւ։ Նոյն տարին, ան Ալ. Յարութիւնեանի հեղինակակցութեամբ յօրինեց լայն ժողովրդականութիւն վայելող «Հայկական ռապսոդիա»ն։ Դաշնակի ու ջութակի սոնաթը (1959) եւ թաւջութակի համերգը (1962) ուժական երաժշտական լեզուով եւ ուժեղ հակադրութիւններով բնորոշուած են։ Բաբաջանեանի դաշնակի յօրինումներէն շատեր, ինչպէս՝ «Էլեգիա» եւ «Վաղարշապատի պար», ամբողջ աշխարհի հայ դաշնակահարներու նախասիրած կտորներէն են։ 1960ին երգահանը Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտի, իսկ 1971ին՝ Խորհրդային Միութեան ժողովրդական արուեստագէտի տիտղոսները ստացած է։ Ան շահած է Հայաստանի պետական մրցանակը 1966ին՝ նորարարական «Վեց պատկեր» գործին համար (1965)։

Բաբաջանեան աշխատած է երաժշտական տարբեր սեռերով՝ դասական, էսդրատային եւ ճազ։ Գործակցած է ռուս լաւագոյն բանաստեղծներու հետ, ինչպէս Եւգենի Եւտուշենկօ, Անդրէյ Վոզնեսենսկի եւ Ռոբերտ Ռոժդեսվենսկի, յօրինելով ռուսերէն երգեր, բայց նաեւ յօրինած է էսդրատային ու ճազի երգեր՝ հայերէնով, որոնք լայն ժողովրդականութիւն վայելած են ատենին։ Ան գրած է Ուիլիըմ Սարոյեանի «Իմ սիրտը լեռներուն վրայ է» թատերախաղին երաժշտութիւնը, ինչպէս եւ բազմաթիւ համբաւաւոր շարժանկարներու երաժշտութիւնները՝ «Որոտման արահետներով» (1956), «Անձամբ ճանաչում եմ» (1957), «Առաջին սիրոյ երգը» (1958, համահեղինակ՝ Ղազարոս Սարեան), «Հարսնացուն հիւսիսից» (1975), «Երջանկութեան մեխանիկան» (1982, Հայաստանի պետական մրցանակ 1983ին) եւ այլն։

Առնօ Բաբաջանեան մահացած է Մոսկուայի մէջ, 11 Նոյեմբեր, 1983ին։ Մայրաքաղաքի փողոցներէն մէկը անոր անունը կը կրէ, ինչպէս եւ Կարապներու լիճին մօտ զետեղուած է իր արձանը։ 

Sunday, January 6, 2019

Արբուն Տայեան (ծնունդ՝ 6 Յունուար, 1912)

Տանթէ Ալիկիերիի «Աստուածային կատակերգութիւնը» համաշխարհային գրականութեան գոհարներէն է, եւ որպէս այդպիսին` զարմանալի չէ, որ հայ արդի գրագէտներու եւ թարգմանիչներու մնայուն ուշադրութեան արժանացած ըլլայ։ Անոր առաջին ամբողջական թարգմանութիւնը կը պարտինք լեզուի տաղանդաւոր վարպետի մը՝ Արբուն Տայեանին։

Արբուն Տայեան ծնած է 6 Յունուար, 1912ին, Պարտիզակի մէջ։ Նախնական ուսումը ստացած է Մաքրգիւղի տարրական դպրոցին մէջ (Կ. Պոլիս), եւ ապա՝ Գատըգիւղի Մխիթարեան որբանոցին նէջ, որուն տնօրէնը հօրեղբայրն էր՝ Մխիթարեան միաբան ու բանասէր՝ Հայր Եսայի Տայեցին։
 
Տայեան ընտանիքը 1922ին փոխադրուած է Իտալիա, ուր ուրիշ ազգական մը՝ Հ. Ղեւոնդ Տայեան (1884-1968), յայտնի շարականագէտ, Ս. Ղազարի վանքը կ՚ապրէր։ Արբուն 1923-1927ին ուսումը շարունակած է Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին մէջ, իսկ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, Միլան փոխադրուած։

Կեանքի նոր շրջան մը պիտի սկսէր 1929ին, երբ 17ամեայ պատանին ներգաղթած է Խորհրդային Հայաստան։ 1931ին Երեւանի միամեայ մանկավարժական դասընթացին հետեւելէ ետք, 1932-1933ին ուսանած է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ։ Այնուհետեւ, տասնըչորս տարի աշխատած է իբրեւ սրբագրիչ «Սովետական Հայաստան», «Գրական թերթ», «Բանուորական Երեւան» թերթերուն եւ «Սովետական գրականութիւն» ամսագրին մէջ, մինչեւ 1948։

Յաջորդ երկու տասնամեակներուն, Տայեան արհեստավարժ թարգմանիչ եղած է։ 1947ին, 35 տարեկանին, ան հրատարակած է «Աստուածային կատակերգութիւն» գործի առաջին մասը՝ «Դժոխք», որուն հետեւած են միւս երկու մասերուն թարգմանութիւնները՝ 1952ին եւ 1959ին։ Այս 12ամեայ աշխատանքին հրատարակութիւնը մէկ հատորով տեղի պիտի ունենար 1969ին։ Տայեան, որ նաեւ հմուտ էր ֆրանսերէնի, թարգմանած է Կի տը Մոփասանէ (1951, 1961), Օնորէ տը Պալզաքէ (1956, 1964), Անատոլ Ֆրանսէ (1959), Փրոսփէր Մերիմէէ (1964) եւ Ֆրանսուա Մօրիաքէ (1964) գործեր։

Թարգմանիչը խմբագրական աշխատանքի վերադարձած է իբրեւ Գիտութիւններու Ակադեմիայի հրատարակչական-խմբագրական մարմնի անդամ 1967-1970ին։ Այնուհետեւ գիտական աշխարհ մտած է, նախ՝ Ակադեմիայի Արուեստի հիմնարկին մէջ (1973-1977) եւ ապա իբրեւ Մանուկ Աբեղեանի անուան Գրականութեան հիմնարկի գիտաշխատող։ 1974ին թարգմանած է քանդակագործ Պենվենութօ Չելլինիի յուշերը, իսկ 1975ին «Աստուածային կատակերգութեան» թարգմանութեան վերանայուած հրատարակութիւնը կատարած է։ 1982ին Տայեան հրատարակած է «Դանտէի “Աստուածային կատակերգութեան” բանաստեղծական արուեստը եւ թարգմանական պրոբլեմները» ուսումնասիրութիւնը։ Տանթէի գլուխ-գործոցին երրորդ բարեփոխուած հրատարակութիւնը լոյս տեսած է 1983ի սկիզբներուն։ Երեք ամիս ետք, 6 Ապրիլին, բեղուն թարգմանիչը իր մահկանացուն կնքած է Երեւանի մէջ։

Thursday, October 25, 2018

Անտոն Քոչինեան (ծնունդ՝ 25 Հոկտեմբեր, 1913)

Անտոն Քոչինեան կարեւոր, սակայն անտեսուած դէմք մըն է յետ-ստալինեան Հայաստանի պատմութեան մէջ, հակառակ մօտ երկու տասնամեակի իր գործունէութեան՝ պետական-կուսակցական ամենաբարձր ոլորտին մէջ։

Ծնած էր Շահալի (այժմ՝ Վահագնի) գիւղը, Լոռիի մէջ, 25 Հոկտեմբեր 1913ին, երկրագործի մը ընտանիքին մէջ։ Գիւղական դպրոցը ուսանելէ ետք, 1928ին մուտք գործած է Համայնավար Կուսակցութեան երիտարդական միութեան (Կոմերիտմիութիւն) մէջ եւ անոր դպրոցը յաճախած՝ մինչեւ 1931։ Այնուհետեւ, մէկ տարի Թիֆլիսի հայկական մանկավարժական ուսումնարանը անցնելէ ետք (1932-1933), ղրկուած է Երեւանի Կոմերիտմիութեան երկրագործական դպրոցը (1933-1935)։

Քոչինեան երկու տարի աշխատած է Տաւուշի եւ Վայոց ձորի շրջանային թերթերու խմբագրութիւններուն մէջ (1935-1937), որմէ ետք արագօրէն բարձրացած է կուսակցական շարքերուն մէջ։ Նախ՝ Ազիզբեկովի (Սիւնիք) շրջանային կոմիտէի քարոտւղար եղած է (1937-1939), իսկ ապա՝ անձնակազմի քարտուղար եւ համայնավար երիտասարդական միութեան Կեդր. Կոմիտէի առաջին քարտուղար։ 1940ին Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդր. Կոմիտէի անդամ ընտրուած է, իսկ 1941-1943ին Երեւանի եւ Կոտայքի շրջանային կոմիտէներ գլխաւորեց։

1944-1946ին Մոսկուայի կուսակցական կազմակերպիչներու դպրոցը իբրեւ ունկնդիր յաճախելէ ետք, 1946ին Քոչինեան Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան երրորդ քարտուղար ընտրուած է, իսկ տարի մը ետք՝ անձնակազմի քարտուղար։

Քոչինեանի կեանքի ամենէն կարեւոր շրջանը սկսած է Նոյեմբեր 1952ին՝ Նախարարաց Խորհուրդի նախագահի պաշտօնը ստանձնելէ ետք։ Վարչապետի այս պաշտօնը ան վարած է գրեթէ տասնչորս տարի՝ Գրիգոր Յարութիւնեանի (1937-1953), Սուրէն Թովմասեանի (1953-1960) եւ Եակով Զարոբեանի (1960-1966) շրջաններուն իբրեւ կուսակցութեան առաջին քարտուղար։ Փետրուար 1966ին, Մոսկուայի ղեկավարութիւնը Քոչինեանը ընտրեց Զարոբեանը փոխարինելու համար՝ Մեծ Եղեռնի 50ամեակի զանգուածային ու աննախընթաց ցոյցերէն ետք։

Իր աւելի քան երկու տասնամեակներուն իբրեւ վարչապետ եւ առաջին քարտուղար, Քոչինեան արձանագրած է իրագործումներու կարեւոր շարք մը։ Առաջին քարտուղարի իր պաշտօնավարութեան ընթացքին, Խորհրդային Հայաստանը ստացած է համախորհրդային իր հինգ շքանշաններէն երեքը՝ տնտեսական գործունէութեան բարձր ցուցանիշեր արձանագրելու համար (1968, 1970 եւ 1972)։ Նոյնինքն Քոչինեանը երկու անգամ Լենինի շքանշանով պարգեւատրուած է։ 

Հայաստանի տնտեսական բարգաւաճումը հիմնուած էր ճարտարարուեստական զարգացման ծրագրի մը վրայ։ Ասիկա ներառած է քիմիական գործարաններու շինութիւնը Ալավերդիի եւ Կիրովականի (ներկայիս՝ Վանաձոր) մէջ, Հրազդանի եւ Չարենցաւանի ճարտարուեստական համալիրներուն ստեղծումը, Սեւանի եւ Դիլիջանի գործարաններու շինութիւնը, ինչպէս եւ հում նիւթերու եւ արտադրութեան փոխադրութիւնը ապահովող երկաթուղին։ Երեւանի «Երազ» բեռնակառքերու գործարանը (1964) եւ Աբովեանի ելեկտրոնային գործարանները այս շրջանի յաւելումներ եղած են։ Ելեկտրականութիւնը արտադրութիւնը բազմացած է Երեւանի, Կիրովականի, Հրազդանի ու Տաթեւի կայաններու շինութեամբ։ Արփա-Սեւան կենսական փապուղիի շինարարութիւնը սկսած է 1963ին։ Քոչինեանի գործօն մասնակցութիւն ունեցած է Մեծամօրի հիւլէական կայանի շինարարութեան որոշման մէջ (1969), որ Հայաստանը պիտի տանէր դէպի ուժանիւթի ինքնաբաւութիւն։ Այգիներու հազարաւոր հեկտարներ ցանուած են, որոնց եկած են աւելնալու Ապարանի ջրանցքը եւ Գառնիի ջրամբարը։ Այս ժամականակաշրջանին հետ կապուած է Երեւան-Սեւան մայրուղիին եւ Կապան-Գորիս ճանապարհին շինութիւնը։

Առողջարաններու, պիոներական ճամբաներու եւ հանգստեան գօտիներու ցանցի մը կողքին, 1960ականներուն շինուած է Ծաղկաձորի մարզական համալիրը, ուր խորհրդային ձմեռնային մարզաձեւերու հաւաքականները պիտի մարզուէին։ 1970ականներուն Երեւանի կարգ մը հանրային գործեր սկսած են, ինչպէս «Զուարթնոց» օդակայանի ընդարձակումը (1973), «Հրազդան» մարզադաշտի (1971) եւ «Ռոսիա» շարժապատկերի սրահի շինութիւնը (1970)։ 1972ին սկսած է գետնուղիի (մեթրոյի) շինութիւնը։

Քոչինեան նոյնպէս կարեւոր դեր խաղացած է Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանի (1967), Սարդարապատի հերոսամարտի յուշակոթողի (1968), եւ Էրեբունիի թանգարանի (1968) շինութեան գործին մէջ։ Վերջինը զուգադիպած է Երեւանի հիմնադրութեան 2750ամեակին։ Խորհրդահայ գործիչը 1966ին բարձրացուցած է Արցախի հարցը Մոսկուայի իշխանութիւններուն առջեւ։

Նոյեմբեր 1974ին, Անտոն Քոչինեան փոխարինուած է Կարէն Դեմիրճեանի կողմէ՝ «ղեկավարման լուրջ թերութիւնների» պատրուակով, եւ փաստօրէն մնացած է անգործ մինչեւ իր կեանքին վերջը։ Մահացած է Դեկտեմբեր 1, 1990ին։ Ծննդեան հարիւրամեակին, երկու կիսանդրիներ բացուած են Երեւանի եւ Քոչինեանի ծննդավայր Վահագնիի մէջ։

Wednesday, October 17, 2018

Աւետիք Իսահակեան (մահ՝ 17 Հոկտեմբեր 1957)

Աւետիք Իսահակեանի անունը մինչեւ օրս կը շարունակէ իր ժողովրդականութիւնը պահել, յատկապէս իր բանաստեղծութիւններով, որոնցմէ շատեր երգի վերածուած են։

Իսահակեան ծնած էր Ալեքսանդրապոլ (այսօր Գիւմրի) 30 Հոկտեմբեր 1875ին։ Մանկութիւնն ու պատանեկութիւնն անցան շրջակայ Ղազարապատ (այժմ՝ Իսահակեան) գիւղին մէջ։ Ս. Էջմիածնի «Գէորգեան» ճեմարանը ուսանելէ ետք, 1893-1895-ին ան իբրեւ ազատ ունկնդիր հետեւած է Լայփցիկի համալսարանի (Գերմանիա) դասընթացքներուն։

Իր գրական առաջին փորձերուն առընթեր, ապագայ բանաստեղծը քաղաքական գործունէութեան մէջ մխրճուեցաւ։ Ալեքսանդրապոլ վերադառնալով 1895ին, ան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան տեղական կոմիտէին անդամակցեցաւ։ 1896ին ձերբակալուեցաւ ռուսական ոստիկանութեան կողմէ եւ մէկ տարի բանտարկութեան դատապարտուեցաւ Երեւանի բերդին մէջ։

Ազատ արձակուելէ ետք, 1897ին Իսահակեան դարձեալ արտասահման մեկնեցաւ, այս անգամ Զուիցերիա, ուր գրականութեան ու փիլիսոփայութեան պատմութեան դասերու հետեւեցաւ իբրեւ ունկնդիր Ցիւրիխի համալսարանին մէջ։ Տարի մը ետք, ան հրատարակեց իր առաջին գիրքը՝ «Երգեր եւ վէրքեր»։ 1902ին հայրենիք վերադառնալով, այնուհետեւ Թիֆլիս հաստատուեցաւ։ «Պոէմներ» խորագրով երկրորդ գիրք մը հրատարակեց 1903ին, որուն յաջորդեց «Երգեր ու վէրքեր»ու ընդլայնուած հրատարակութիւնը 1908ին։

Մինչ այդ, 1905ի յեղափոխութեան հետեւած քաղաքական գործունէութիւնը խափանելու նպատակով, ռուս կառավարութիւնը 1908ին արշաւի մը ձեռնարկեց երկրի յեղափոխական շարժումներուն դէմ։ Իսահակեան Հ.Յ.Դ.ի գործով ձերբակալուած 158 մտաւորականներէն ու գործիչներէն մէկն էր։ Ան մեծ գրաւի դիմաց ազատ արձակուեցաւ՝ Թիֆլիսի Մետեխի բանտը կէս տարի անցնելէ ետք։ 1910ին բանաստեղծը ամուսնացաւ Սոֆիա Քոչարեանի հետ։ Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Անիի աւերակներուն մէջ։ Քաղաքական մթնոլորտը անշնչելի էր, ու այդ յոռետեսութեան արդիւնքներէն կարելի է նկարել հռչակաւոր «Աբու-Լալա Մահարի» վիպերգը, որ գրուած է 1909-1910ին։ Այդ տարի, նորապսակները նախ Պոլիս անցան, ուր լոյս տեսաւ վիպերգը, եւ ապա Եւրոպա, իրենց նորածին որդիին՝ Վիգէնի հետ։

Իսահակեան հաստատուեցաւ Պերլին, ուր 1914ին Գերմանա-Հայկական Ընկերութեան հիմնադիրներէն մէկը դարձաւ խումբ մը հայ եւ գերմանացի մտաւորականներու հետ։ 1916ին փոխադրուեցաւ Ժընեւ, ուրկէ շարունակեց հետեւիլ Հայկական Հարցին, ինչ որ ցոլացում գտաւ իր բանաստեղծութիւններուն, օրագրային նշումներուն եւ յօդուածներուն մէջ։ Ան սկսաւ գրել վէպ մը՝ «Ուստա Կարօ», որ կը միտէր ներկայացնել քսաներորդ դարակիզբի հայ քաղաքական կեանքը, եւ որ սակայն անաւարտ մնաց՝ հակառակ երկար տարիներու աշխատանքին։ 1920ին ու 1922ին երկու բանաստեղծական ժողովածու հրատարակեց, ինչպէս եւ «Սասմայ Մհեր» վիպերգի իր առաջին տարբերակը։

Իսահակեան Վենետիկ փոխադրուած էր 1921ին, ուր եւ ապրեցաւ մինչեւ 1926։ Այդ տարի Խորհրդային Հայաստան մեկնեցաւ, իր ընտանիքը Փարիզ ձգելով։ Չորս տարի Հայաստան մնալէ ետք, 1930ին բանաստեղծը Փարիզ վերադարձաւ, ուր զբաղեցաւ խորհրդահայ վարչակարգի տարբեր նախաձեռնութիւններու քարոզչութեամբ։ 1936ին վերջնականապէս Հայաստան հաստատուեցաւ՝ հանդերձ ընտանեօք։

Ստալինեան ժամանակներուն, Իսահակեան մնաց հայ գրականութեան «վարպետը», այս տիտղոսին բաժնեկից ըլլալով նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի հետ, ու շարունակեց գրել ու հրատարակել։ 1943ին ընտրուեցաւ նորաստեղծ Գիտութիւններու Ակադեմիայի անդամ, իսկ երեք տարի ետք ստացաւ Խորհրդային Միութեան պետական մրցանակը։ 1946ին ալ նշանակուեցաւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ, այս պաշտօնը վարելով մինչեւ իր մահը՝ 17 Հոկտեմբեր 1957-ին։

Աւետիք Իսահակեան թաղուեցաւ Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ, Երեւան, ուր իր տուն-թանգարանը բացուեցաւ 1963ին։ Աւելի ուշ, ուրիշ տուն-թանգարան մը բացուեցաւ Գիւմրիի մէջ։ Բանաստեղծին արձանները կանգնած են երկու քաղաքներուն մէջ, իսկ Հայաստանի տարբեր քաղաքներու դպրոցներ, փողոցներ ու գրադարաններ անոր անունը կը կրեն։