Showing posts with label Գրիգոր Օտեան. Show all posts
Showing posts with label Գրիգոր Օտեան. Show all posts

Thursday, September 19, 2019

Երուանդ Օտեան (ծնունդ՝ 19 Սեպտեմբեր, 1869)

Մէկուկէս դար առաջ, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ կը ծնէր վիպասան Շիրվանզադէի խօսքերով՝ «ծիծաղի համար ծնուած մեծագոյն հայ երգիծաբանը» Յակոբ Պարոնեանէն ետք։ Երուանդ Օտեան պիտի գերազանցէր հայոց երգիծաբանութեան հայր Պարոնեանը իր արտադրութեան թիւով ու տեսականիով։ Ան ունէր որեւէ պահու արտադրելու իւրայատկութիւնը։ Օտեանի գործերը յաճախ հրատարակուած են օրաթերթերուն մէջ որպէս թերթօն, ֆրանսական feuilleton -ի օրինակով. շատերը լոյս տեսած են առանձին գիրքով, իսկ ուրիշներ՝ երկար տասնամեակներ անտիպ մնացած։

Օտեան ծնած էր 19 Սեպտեմբեր 1869ին ու հասակ առած՝ քաղաքական գործիչ ու պետական պաշտօնատար հօրեղբօր՝ Գրիգոր Օտեանի յարկին տակ, ուր ականատես եղած է գրական յայտնի անուններու զրոյցներուն, բանավէճերուն։ Մէկ տարի (1882-1883) Պէրպէրեան վարժարան յաճախելէ ետք, իր ֆիզիքական տկարութեան պատճառով կը ձգէ ու կ՚անցնի տնային անձնական դասերու եւ անյագուրդ ընթերցանութեան՝ հայերէն ու ֆրանսերէն լեզուներով։

Գրական ասպարէզ նետուած է 1887ին թարգմանութեամբ եւ գրական ուսումնասիրութիւններով։ Հինգ տարի ետք, Պոլսոյ յայտնի «Հայրենիք» օրաթերթին օգնական խմբագիրը դարձած է՝ Արփիար Արփիարեանի օրով։ Ան յարատեւօրէն քրոնիկ արտադրած է, պատմուածքներ եւ վիպակներ ու վէպեր, իր նիւթերը վերցնելով ընկերային եւ քաղաքական կեանքէն։ 1896ին Օտեան դարձած է «Հայրենիք»ի խմբագիր, սակայն նոյն տարին, երբ հալածանքն ու ջարդը սկսած էին Պոլսոյ մէջ, ստիպուած է լքել Օսմանեան կայսրութիւնը։ Յաջորդ տասներկու տարիները տարագրութեան մէջ ապրած է՝ Յունաստան, Փարիզ, Անգլիա, Աւստրիա, Հնդկաստան ու Եգիպտոս, ինչ որ յետագային նկարագրած է «Տասներկու տարի Պոլսէն դուրս» (1912-1913) յուշագրութեան մէջ։ Հրատարակած է քանի մը թերթեր Յունաստանի, Փարիզի եւ Եգիպտոսի մէջ, եւ գրած քանի մը գործեր, ինչպէս նաեւ՝ պատմուածքներու շարք մը «Յեղափոխութեան մակաբոյծները» անունին տակ (1899)։

Օսմանեան յեղափոխութենէն ետք, Օտեան 1909ին Պոլիս վերադարձած է։ Շարունակած է գրական գործը, հրատարակելով բազմաթիւ երգիծական թերթեր։ 1909-1915 շրջանին արտադրած է իր քաղաքական եւ ընկերային-երգիծական գլուխ գործոցներէն մէկ քանին. «Ընկեր Փանջունի»ի առաջին երկու բաժինները (1910 եւ 1914), «Ընտանիք, պատիւ, բարոյական» (1910), «Վաճառականի մը նամակները» (1914), «Թաղականին կնիկը» (1915), երկու արկածախնդրական վէպեր Ապտուլ Համիտի բռնապետական կառավարութեան մասին՝ «Ապտուլ Համիտ եւ Շերլոք Հոլմս (1911) եւ «Սալիհա Հանըմ կամ բանակը բռնաւորին դէմ» (1912), եւ քաղաքական ներկայացուցիչներու երգիծական դիմաստուերները՝ ««Մեր երեսփոխանները» (1913) խորագրով։ Օտեան նաեւ ֆրանսերէնէ հայերէնի թարգմանած է Լէոն Թոլսթոյի «Յարութիւն»ը (1910) եւ «Աննա Քարանինա»ն (1911), ինչպէս նաեւ Էմիլ Զոլայէն, Ֆէոտոր Տոսթոյեւսքիէն, Մաքսիմ Կորքիէն, Մարք Թուէյնէն եւ ուրիշներէ գործեր։

Օտեան յաջողած է խուսափիլ Ապրիլ 24, 1915ի ձերբակալութիւններէն, բայց Օգոստոսին թուրք ոստիկանութեան ձեռքը ինկած ու աքսորուած է։ Սակայն, երեք ու կէս տարի վերապրած է աքսորականի կեանքին, զոր նկարագրած է իր յուշագրութեան մէջ՝ «Անիծեալ տարիներ» (1918-1919)։ Պոլիս վերադարձած է Հոկտեմբեր 1918ի զինադադարէն ետք եւ վերսկսած՝ գրական գործունէութեան, վերստին աշխատակցելով թերթերու —միաժամանակ քանի մը թերթերու մէջ ամէնօրեայ սիւնակներ լեցնելով— մինչ կարգ մը թերթեր կը խմբագրէր եւ վէպեր կը գրէր, ինչպէս՝ «Թիւ 17 խաֆիէն» (1919-1921) եւ այլն։

Այլ մտաւորականներու օրինակով, Օտեան լքած է Կոստանդնուպոլիսը 1922ին քեմալական շարժումի յաղթանակէն ետք եւ փոխադրուած՝ Պուքրէշ (Ռումանիա)։ Երկու տարի ետք, անցած է Թրիփոլի (Լիբանան), ապա՝ Գահիրէ (Եգիպտոս)։ Իր մահկանացուն կնքած է 3 Հոկտեմբեր 1926ին ու թաղուած՝ Մար Մինայի գերեզմանատան մէջ։ Օտեանի գործերը թարգմանուած են քանի մը լեզուներու՝ թրքերէն, ֆրանսերէն, պուլկարերէն, յունարէն, սպաներէն եւ այլն։ «Ընկեր Փանջունի»ն եւ «Անիծեալ տարիներ»ը թարգմանուած են նաեւ անգլերէնի։

1964ին Օտեանի «Կեղծ լրտեսը» պատմուածքը Հենրիկ Մալեանի բեմադրութեամբ դարձած է «Մսիօ Ժագ եւ միւսները» ֆիլմաշարի մէկ բաժինը՝ Հայֆիլմի արտադրութեամբ։ Մօտաւորապէս երեք տասնամեակ ետք, 1992ին, Արման Մանարեան բեմադրած է «Ընկեր Փանջունի» ժապաւէնը, որ կրկին Հայֆիլմի արտադրութիւնն էր, Հայաստանի մէջ։ Երեւանի փողոց մը եւ դպրոց մը կը կրեն Երուանդ Օտեանի անունը։ 

Monday, September 16, 2019

Ծերենց (ծնունդ՝ 16 Սեպտեմբեր, 1822)

Ինչպէս Րաֆֆին՝ արեւելահայերու մէջ, Ծերենց ժողովրդական վիպագիր մը եղած է արեւմտահայերու մէջ, որուն պատմավէպերը, հեռու անցեալին մէջ ընթանալով հանդերձ, շատերը ներշնչած են հայրենասիրական գաղափարներով։

Բուն անունով՝ Յովսէփ Շիշմանեան, ծնած է 16 Սեպտեմբեր, 1822ին, Պոլիս, կաթողիկէ ընտանիքի մը ծոցին մէջ։ Տասը տարեկանին, ծնողները զինք ղրկած են Ս. Ղազար, բայց Մխիթարեան վանքին մէջ հինգ տարուան ուսումէ ետք, մերժած է կուսակրօն քահանայ դառնալ, ու 1837ին վերադարձած՝ իր ծննդավայրը։ Հայերէնի, հայոց պատմութեան ու գրականութեան ուսուցչութեամբ զբաղած է քանի մը տարի, եւ 1843ին Թիֆլիս ճամբորդած, սկսելով երկար շրջագայութիւն մը Արեւելեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ՝ հայրենի հողին ու ժողովուրդին ծանօթանալու նպատակով։ Աւելի ուշ, իր տպաւորութիւնները պիտի հրատարակէր պոլսահայ մամուլին մէջ, որդեգրելով Ծերենզ գրչանունը։

1848ին, ապագայ վիպասանը որոշած է բժշկական ուսման հետեւիլ, մեկնելով Փարիզ։ Հոն, միաժամանակ ուսանած է Սորպոնի մէջ եւ դասաւանդած՝ Մխիթարեաններու Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանին մէջ։ 1848ի ֆրանսական յեղափոխութիւնը, որուն ալիքները սփռուած են Եւրոպայի տարածքին, եւ իտալական ազատագրական շարժումը մեծապէս ներգործած են գրագէտի աշխարհահայեացքին վրայ։ Ան բարեկամական կապեր հաստատած է Փարիզ ուսանող այլ պոլսահայ մտաւորականներու հետ, ինչպէս Գրիգոր Օտեան, Նահապետ Ռուսինեան եւ Ստեփան Ոսկան, որոնք կարեւոր դեր պիտի ունենային Զարթօնքի շարժումին մէջ։

Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, 1853ին Ծերենց վերադարձած է Պոլիս ու իր ասպարէզով զբաղած, միաժամանակ գործօն մասնակցութիւն բերելով հայ հանրային կեանքին։ Յօդուածներ գրած է կրթական հարցերու շուրջ, Ազգային Սահմանադրութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն մասնակցած է, եւ պայքարած է հայ կաթողիկէ համայնքի դաւանական վիճաբանութիւններուն դէմ։

Զէյթունի ապստամբութեան (1862) նախօրեակին, Ծերենց մեկնած է Կիլիկիա՝ կրթական կալուածին մէջ աշխատելու համար, նպատակ ունենալով՝ բանալ երկրագործական դպրոց մը։ Սակայն, քաղաքական հետապնդումները զինք ստիպած են Պոլիս վերադառնալ։

Գրիգոր Օտեանի միջամտութեամբ, Ծերենց Պոլսոյ հիւանդանոցներէն մէկուն կողմէ գործի ընդունուած է 1872ին։ Երկու տարի ետք, անոր կինը մահացած է, զինք առանձին ձգելով 14ամեայ աղջկան՝ Թագուհիին հետ, իսկ 1875ինն քանի մը ֆրանսացի կաթողիկէ մայրապետներու բանսարկութիւնները ստիպած են հիւանդանոցի տնօրէնը՝ Ծերենցը գործէ հեռացնելու։ 1876ին, օսմանեան կառավարութիւնը զինք ղրկած է Կիպրոս, որ այն ատեն աքսորավայր մըն էր, իբրեւ բժիշկ աշխատելու։

1878ին, Ծերենց հաստատուած է Թիֆլիս իր աղջկան հետ, որ հոն ամուսնացած էր։ Իր կեանքի վերջին տասնամեակին, ան շատ ժողովրդական վիպասան մը պիտի դառնար՝ պատմավէպի ծագման ու զարգացման կարեւոր նպաստ բերելով։ 1877ին, լոյս տեսած էր անոր առաջին ու ամենէն յաջող վէպը՝ «Թորոս Լեւոնի», ուր կը նկարագրէ Կիլիկիոյ Թորոս Բ. իշխանապետի (1145-1169) կեանքն ու քաջագործութիւնները։ Թիֆլիսի մէջ, Ծերենց դասաւանդած է Ներսիսեան վարժարանին մէջ, իսկ 1877-1878ին ճամբորդած է Վան, Ալաշկերտ ու Բասէն՝ ռուս-թրքական պատերազմէն տուժած բնակչութեան բժշկական օժանդակութիւն մատուցելու համար։

Ծերենց ետեւ-ետեւի հրատարակած է իր յաջորդ վէպերը՝ «Երկունք Թ. դարու» (1879) եւ «Թէոդորոս Ռշտունի» (1881)։ Առաջինը՝ Յովնան Խութեցիի արաբական տիրապետութեան դէմ ապստամբութիւնը կը նկարագրէ (852-853), իսկ երկրորդը՝ 7րդ դարու բիւզանդա-պարսկական պատերազմներու շրջանին Հայաստանի վիճակը։ Վիպասանին ժողովրդականութիւնը երկարաձգուած է մինչեւ մեր օրերը։

1884ին, գրագէտը կորսնցուցած է իր մէկ հատիկ աղջիկը։ Այս ահաւոր հարուածը պատճառ դարձած է անոր առողջութեան կտրուկ վատթարացումին, որուն հետեւանքով ան կաթուածահար մահացած է Թիֆլիսի մէջ, 17 Փետրուար 1888ին, 66 տարեկանին։ Անոր ժողովրդականութիւնը, սակայն, հասած է մինչեւ մեզի։