Saturday, May 25, 2019

Սարդարապատի յուշահամալիրի բացումը (25 Մայիս, 1968)

Ամէն տարի, տասնեակ հազարաւոր մարդիկ, թէ՛ Հայաստան բնակող եւ թէ՛ զբօսաշրջիկներ, կ՚այցելեն Սարդարապատի ճակատամարտի յուշահամալիրը։

Եթէ բոլորին յայտնի է, որ այս ճակատամարտը մայիսեան երեք հերոսամարտերուն ամենէն վճռականն էր՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդի հիմնաքարը հանդիսանալով, պէտք է յիշել, որ խորհրդային ժամանակաշրջանին ճակատամարտին պատմութիւնը, ինչպէս եւ յուշահամալիրը, հանրապետութեան պատմութենէն անջատուած էր։ Յուշահամալիրին շինութիւնը, այն բարձունքին վրայ, ուր թաղուած էին ճակատամարտին հերոսները, ինքնին իրադարձութիւն մըն էր՝ իր քաղաքական ենթախորքին պատճառով։

Յուշահամալիրը կը գտնուի Երեւանէն 55 քիլոմեթր եւ Հոկտեմբերեան քաղաքէն 10 քիլոմեթր անդին։ Վերջինս, որ Սարդարապատ կը կոչուէր մինչեւ 1932, հինաւուրց Արմաւիր քաղաքն է՝ Հայաստանի պատմական մայրաքաղաքներէն մէկը, որ հիմնուած էր Ուրարտուի Արգիշտի Ա. թագաւորին կողմէ Արգիշտիխինիլի անունով։
1960ական թուականներուն, ազգային զարթօնքի հոլովոյթը խրախուսած էր Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդր. Կոմիտէի Ա. քարտուղար Եակով Զարոբեան (1908-1980), որ 1962ին նախաձեռնած էր փաստաթուղթերն ու հիմնաւորումները կազմելու՝ Մեծ Եղեռնի 50ամեակը նշելու եւ համապատասխան յուշարձան մը կառուցելու մտքով։
Այս նիւթերը հիմք դարձած են Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրի շինութեան, որուն նախաձեռնարկ եղած է Վլադիմիր Դարբինեան (1931-2015)՝ կուսակցութեան շրջանային կոմիտէի քարտուղար, Հոկտեմբերեանի մէջ։ Նախագիծը սկսած է գործադրուիլ 1965ին, եւ հակառակ Զարոբեանի պաշտօնանկ ըլլալուն (1966), անոր յաջորդը՝ Անտոն Քոչինեան, շարունակած է հովանաւորել Դարբինեանի գործունէութիւնը։
Քանդակագործներ՝ Սամուէլ Մանասեան եւ Արշամ Շահինեան, որոնց կոթողական բնոյթի ստեղծագործութիւններ ծանօթ էին մինչ այդ, կանչուած են մաս կազմելու այս ծրագրին, իսկ հռչակաւոր ճարտարապետ՝ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանը, որ ծրագրի վարիչն էր, հրաւիրած էր ուրիշ քանդակագործ մը՝ Արա Յարութիւնեանը։ Յուշահամալիրին վայրը ընտրուած է Իսրայէլեանի կողմէ։ Ճարտարապետն ու քանդակագործները խոր հետազօտութեան ենթարկած են նախաքրիստոնէական եւ քրիստոնէական Հայաստանի ճարտարապետութիւնն ու արուեստը, առաջարկելով գեղարուեստական այնպիսի լուծումներ, որոնք ներշնչող անդրադարձ մը հանդիսացած են ժողովուրդի պատմական ճակատագրին։

Յաղթանակին եւ անոր ետին գտնուող պատմական դրուագներուն խորհուրդը ցոլացած են յուշահամալիրին տարբեր բաղադրիչներուն մէջ՝
  • Դէպի մուտք առաջնորդող աստիճանները, որոնց կողմերուն կանգնած են հզօր, 8 մեթր բարձրութեամբ թեւաւոր ցուլերը,
  • 35 մեթր բարձրութեամբ զանգակատունը՝ 12 զանգակներով, եւ Սարդարապատի ու արցախեան մերօրեայ պատերազմի հերոսներուն գերեզմանները,
  • հերոսներու ծառուղին՝ 6 մեթր բարձրութեամբ արծիւներու հսկողութեան տակ,
  • Յաղթանակի յուշապատը՝ համալիրին կեդրոնը՝ յաղթանակն ու Հայաստանի վերածնունդը խորհրդանշող քանդակներու շարքով,
  • Թանգարանը։

Այս համալիրը, որ շինուած է Արմաւիրի կարմիր տուֆ քարով, ամբողջացած է լճակներով, պարտէզներով եւ վարչական շէնքերով։
Պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած է 25 Մայիս, 1968ին՝ ճակատամարտի յիսնամեակին, եւ համալիրը ներկայացուած է Խորհրդային Միութեան պետական մրցանակին՝ 1969ին։

Հայաստանի ազգագրական թանգարանը հիմնուած է Խորհրդային Հայաստանի Նախարարարներու Խորհուրդի որոշումով՝ Փետրուար 1978ին, եւ բացուած՝ նոյն տարուան 13 Սեպտեմբերին։ Ռ. Իսրայէլեանի կողմէ նախագծուած ու շինուած, այս համալիրի ճարտարապետական ամբողջութիւնը լրացուած է՝ հայ աւանդական ճարտարապետութեան գլխաւոր տարրերու օգտագործումով։ Թանգարանը աւելի քան 70.000 իրերէ բաղկացած հաւաքածոյ մը ունի։ Խորհրդային ժամանակաշրջանին, հասկնալի պատճառներով, միայն ցուցադրած է հնագիտական ու ազգագրական նիւթեր, հին լուսանկարներ եւ զարդարուեստ։ Հայաստանի երկրորդ անկախութենէն ետք՝ Մայիս 1918ին ու Հայաստանի առաջին անկախութեան նուիրուած մնայուն ցուցադրութիւն մը աւելցած է։


Inauguration of the Memorial of Sardarabad (May 25, 1968)

Every year, tens of thousands of people, whether locals or tourists to Armenia, visit the memorial to the battle of Sardarabad, the most important of the three battles that defined the creation and the independence of the Republic of Armenia in 1918.

However, it is important to remember that the history of the battle, including the memorial, was detached from the history of the republic itself during Soviet times. The construction of the memorial, located on the elevation where the heroes of the battle were buried, was a feat in itself, because of its political overtones.

The memorial is located 55 kilometers from Yerevan and 10 kilometers from the city of Hoktemberian. The latter, called Sardarabad until 1932, is the ancient city of Armavir, one of the historical capitals of Armenia, founded by the king Argishti I of Urartu (the founder of Erebuni/Yerevan) with the name of Argishtihinili.

In the 1960s, the process of national awakening was spurred by Yakov Zarobian (1908-1980), first secretary of the Central Committee of the Armenian Communist Party, who in 1962 took the initiative to prepare the documentation and the grounds for the commemoration of the fiftieth anniversary of the Armenian genocide and the construction of a memorial.

Those materials were the basis for the construction of the memorial to the battle of Sardarabad, which was undertaken by Vladimir Darbinian (1931-2015), secretary of the Regional Committee of the party in Hoktemberian. The project started in 1965, and despite the removal of Zarobian from his position in 1966, his successor, Anton Kochinian, sponsored Darbinian’s activities.

Sculptors Samvel Manasian and Arsham Shahinian, who were well-known for their monumental creations, were hired for the project, and the famous architect Rafael Israelian, who became the architect of the project, invited sculptor Ara Harutiunian to join the team. Israelian selected the site for the memorial complex. Both the architect and the sculptors made a thorough research of the elements of pre-Christian and Christian Armenian architecture and art, coming out with artistic solutions that offered an inspirational reflection on the historical destiny of the people.

The symbolism of the victory and the historical episodes behind it were reflected in a series of elements: the stairs leading to the entrance with the powerful, eight-meter tall winged bulls on both sides; the 35-meter belfry with twelve bells, and the tombs of the heroes of Sardarabad and the modern war of Karabagh; the avenue of the heroes flanked by six-meter tall eagles; the Victory Wall at the center of the complex, with a collection of sculpture representing the battle and the rebirth of Armenia; and the museum. The complex, built with red tufa stone from Armavir, was completed with small lakes, gardens, and administrative buildings.

The complex was inaugurated on May 25, 1968, on the fiftieth anniversary of the battle, and was a candidate for the USSR State Prize in 1969. 

The Ethnographic Museum of Armenia was created by resolution of the Soviet Armenian Council of Ministers in February 1978 and inaugurated on September 13 of the same year. Also projected and built by Israelian, it completed the architectonical ensemble of the complex, reproducing the main elements of Armenian traditional architecture. The museum houses a collection of more than 70,000 objects. It originally was a showcase of Armenian archaeological and ethnographical material, as well as ancient photographs and decorative art. After the second independence of Armenia, a permanent exhibition dedicated to the battles of May 1918 and the first independence of Armenia was added.

Wednesday, May 22, 2019

Գուրգէն Ալէմշահ (ծնունդ՝ 22 Մայիս, 1907)

Վաղամեռիկ երգահան Գուրգէն Ալէմշահ անցեալ դարու առաջին կէսին Սփիւռքի արդէն ծանօթ անուն մըն էր, ու անոր երգերը մինչեւ այսօր երաժշտական յայտագիրներու մէջ կարելի է գտնել։

Ալէմշահ ծնած է Պարտիզակ հայաբնակ գիւղին մէջ (Արեւմտեան Թուրքիա), 22 Մայիս 1907ին։ Տարրական ուսումը ստացած է Պոլսոյ Բերայի Մխիթարեան վարժարանին մէջ, աւարտելով 1918ին։ Այնուհետեւ, միաբանութեան Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանը մտած է ուշրջանաւարտ եղած՝ 1923ին։ Դպրոցին մէջ արդէն ցոյց տուած է իր խոստմնալից ապագան՝ իբրեւ դաշնակահար, եւ այնուհետեւ իր ուսումը շարունակած է Միլանի երաժշտանոցին մէջ։ Անոր ուսուցիչները տեսած են իր մէջի բացառիկ տաղանդը, եզակի ներշնչումը, եւ արեւելեան երաժշտութիւնն ու ժողովրդական տարրերը եւրոպական թեքնիքի հետ միախառնելու կարողութիւնը։

1930ին աւարտելով երաժշտանոցը, Ալէմշահ հաստատուած է Փարիզ, ուր դասաւանդած է Մխիթարեաններու Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանը, ինչպէս եւ իտալական երկրորդականներու մէջ։ Երգահանի իր բեղուն գործունէութեան կողքին, կազմակերպած է «Կիլիկիա» երգչախումբը, որ քաջածանօթ դարձած է ֆրանսահայ համայնքին մէջ։ Հազիւ 26 տարեկան, 1933ին ընտրուած է Ֆրանսայի Երաժշտական Հեղինակներու, Երգահաններու եւ Հրատարակիչներու Ընկերակցութեան անդամ։ 1930ական թուականներուն, Ժան Վալտոն կեղծանունով եւրոպական ներշնչումով բազմաթիւ գործեր յօրինած է։

Յատկապէս տպաւորիչ եղած է 1934ին «Կիլիկիա» երգչախումբի համերգը՝ Ալէմշահի ղեկավարութեամբ, Փարիզի «Կաւօ» սրահին մէջ, աւելի քան 1.000 հայ եւ ֆրանսացի ունկնդիրներով, ուր Կոմիտաս վարդապետի գործերուն կողքին, առաջին անգամ ներկայացուած է երիտասարդ երգահանին «Արեւելեան գիշերներ» (1931) գործը եւ երգի ու նուագախումբի համար «Աւարայրի պատերազմը» (1934) կոթողական երկը։ 1936ին, Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի հարիւրամեակին առիթով, Ալէմշահ իր երգչախումբը Վենետիկ տարած է, ուր համերգներ տուած է թէ՛ դպրոցի սրահին մէջ եւ թէ՛ Ս. Մարկոս հրապարակին վրայ, ներկայացնելով կոմիտասեան երգերն ու իր սեփական երգերը՝ ժողովրդական նիւթերով։ 1937ին իր «Հայկական հարսանիք» գործը, ուր միախառնուած են ժողովրդական երգերն ուԱլէմշահի երաժշտութիւնը, քսան ազգերու մասնակցութեամբ Ժողովուրդներու Երաժշտութեան միջազգային մրցահանդէսին երկրորդ մրցանակը շահած է։

1938-1939ին «Ալագեազ» երգչախումբը ղեկավարելէ ետք, 1939ին նշանակուած է «Սիփան Կոմիտաս» երգչախումբի խմբավար, ու այս պաշտօնը պիտի վարէր մինչեւ մահը։ Ալէմշահ ներկայացուցած է Արմէն Տիգրանեանի «Անոյշ» օփերան, ինչպէս եւ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը՝ կարգ մը ֆրանսական եկեղեցիներու մէջ։

Ալէմշահի երգերուն մէկ մասը հրատարակուած է Փարիզ՝ 1947ին։ Նոյն տարուան աշնան, այցելած է Միացեալ Նահանգները կարգ մը ելոյթներ ունենալու համար։ Հոկտեմբերին հայկական նուագախմբային եւ երգչախմբային երաժշտութեան նուիրուած համերգ մը ղեկավարած է Նիւ Եորքի «Թաուն հոլ»ին մէջ։ Տիթրոյիթի մէջ, ելոյթ ունենալէ մէկ օր առաջ, սակայն, 14 Դեկտեմբեր, 1947ին, հազիւ քառասնամեայ երգահանը անհանգիստ զգացած ու մինչեւ օգնութիւն հասած՝ մահացած է սրտի կաթուածէ։ Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է Նիւ Եորքի մէջ՝ Հայ կաթողիկէ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ, եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ երգչախումբի մասնակցութեամբ։ Հանգուցեալ երաժիշտին մարմինը թաղուած է Փարիզի մէջ։

Birth of Kourken Alemshah (May 22, 1907)

Kourken Alemshah was a well-established, even if prematurely disappeared Armenian composer of the Diaspora in the first half of the past century.

He was born in Bardizag (now Bahcecik), an Armenian village near Izmit, in Western Turkey, on May 22, 1907. He studied at the Mekhitarist School in the neighborhood of Pera (now Beyoglu), in Constantinople, and graduated in 1918. Afterwards, he entered the Moorat-Raphael (Mourad-Raphaelian) School of the Mekhitarist Congregation in Venice, graduating in 1923. He had already shown his talent as a pianist at school, and he pursued musical studies at the Milan Conservatory. His professors saw in him an exceptional talent, unique inspiration, and the ability to mix Oriental music and popular motifs to European technique.

Alemshah graduated in 1930 and settled in Paris, where he taught at the Samuel-Moorat (Samuel Mouradian) school of the Mekhitarists in the suburb of Sevres, as well as in Italian high schools. Along his prolific labor as composer, he also organized the “Cilicia” choir, which became a well-known choir in the big Armenian community of France. In 1933, at the age of twenty-six, he was elected member of the Association of Musical Authors, Composers, and Editors of France. In the 1930s, he composed many works of European inspiration under the pseudonym of Jean Valdonne.

It was particularly impressive a concert of the “Cilicia” choir he directed in 1934 at Salle Gaveau, in Paris, with more than 1,000 people in the audience. Along works by Komitas, he premiered his “Oriental Nights,” composed in 1931 and the vocal-orchestral work “The Battle of Avarayr” (1934). In 1936, on the centennial of his alma mater, the Moorat-Raphael School, he took his choir to Venice and gave concerts both in the famed hall of the school and the St. Mark Square, presenting Komitas songs and his own songs on popular motifs. In 1937 his work “Armenian Wedding,” a combination of Alemshah’s music with popular songs, won the second prize at the international competition of People’s Music, with the participation of twenty nations.

He later conducted the choir “Alakiaz” from 1938-1939, and was appointed conductor of the Sipan Komitas choir from 1939 until his death. He conducted Armen Tigranian’s “Anoush” opera and the performances of the Divine Liturgy in a number of French cathedrals.

In the fall of 1947, Alemshah visited the United States for a series of presentations. In October he conducted a concert at Town Hall in New York City, devoted to Armenian orchestral and choral music. He passed away unexpectedly on December 14, 1947, in Detroit, from a heart attack, a day before his scheduled performance. His funeral was held in New York by the Armenian Catholic clergy, with the participation of the choir of St. Illuminator’s Cathedral. His body was sent to France and buried in Paris.
Some of his vocal scores were published in Paris in 1947. His songs, which are still part of musical programs, are characterized by rare emotional intensity.

Sunday, May 12, 2019

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Խորէն Ա. օծումը (12 Մայիս, 1963)

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Զարեհ Ա.ի վաղահաս ու անակնկալ վախճանումէն ետք, Փետրուար 1963ին, 48 տարեկան հասակին, դպրեվանքի անոր դասընկերը՝ Խորէն արք. Բարոյեանը, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նաւը վարելու դժուարին առաքելութիւնը ստանձնած է։ Նոյն տարուան Հոկտեմբերին, Երուսաղէմի ողջագուրումը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.ի հետ պիտի դարմանէր այն ճեղքը, որ յառաջացած էր Հայ Եկեղեցւոյ մէջ՝ 1956ին Զարեհ Ա.ի ընտրութենէն ետք։

Ապագայ Կաթողիկոսը աւազանի անունով՝ Մեսրոպ, ծնած էր 24 Նոյեմբեր, 1914ին, Նիկոսիա (Կիպրոս)՝ խարբերդցի ծնողներէ։ Իր մանկութիւնը Ատալիա գիւղը անցնելէ ետք, ծննդավայրը վերադարձած էր 1927ին ու յաճախած «Մելիքեան» ազգ. վարժարանը։ Աւարտելէ ետք, 1931ին մտած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը։ Շրջանաւարտ ըլլալով, 1935ին սարկաւագ ձեռնադրուած է, իսկ 1937ին՝ կուսակրօն աբեղայ՝ Խորէն անունով։ 1938ին ստացած է վարդապետական կարգը։
 Խորէն վարդապետ Կաթողիկոսարանին մէջ տարբեր պաշտօններ վարած է- 1938-1942՝ դիւանապետ, գաւազանակիր, դպրեվանցի փոխտեսուչ եւ Տնօրէն Ժողովի անդամ 1942-1947 վարած է Ճեզիրէի (Սուրիա) շրջանի առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնը։ Հոս արդէն ցոյց տուած է իր վարչական ձիրքերը, կազմակերպելով շրջանի եկեղեցական, ընկերա-մշակութային եւ կրթական կեանքը այնպիսի շրջանի մը, երբ Սուրիա անկախութեան պայքարի մէջ կը գտնուէր։ Միջոցին, 1946ին ծայրագոյն վարդապետի կարգը բարձրացած է։

1947ին Անթիլիաս վերադառնալով, Գարեգին Ա. կաթողիկոս զինք եպիսկոպոս ձեռնադրած է։ 1947-1951ին վարած է Կաթողիկոսարանի երկու ամենէն կարեւոր պաշտօնները՝ լուսարարապետ եւ դրան եպիսկոպոս։ Դեկտեմբեր 1951ին ընտրուած է Լիբանանի թեմի առաջնորդ։ Խորէն եպիսկոպոս անգամ այս անգամ ցոյց տուած է իր վարչական ու շինարարական կարողութիւնը, վերանորոգելով ու շինելով նոր եկեղեցիներ ու դպրոցներ։

1952ին վախճանած Գարեգին Ա. կաթողիկոսի յաջորդին ընտրութիւնը երկարօրէն ձգձգուած էր։ Հոկտեմբեր 1955ին Խորէն եպս. Բարոյեան ընտրուած է կաթողիկոսական տեղապահ միաբանութեան ժողովին կողմէ, ու արագօրէն կազմակերպած է ընտրութիւնը՝ Փետրուար 1956։ Ան նորընտիր Զարեհ Ա. կաթողիկոսի աջ բազուկը պիտի դառնար։

Արքեպիսկոպոսական կարգի արժանանալով 1956ին, Խորէն արք. Բարոյեան կաթողիկոսական նուիրակի պաշտօնով այցելած է Միացեալ Նահանգներ ու Քանատա, Հոկտեմբեր 1957էն մինչեւ Յունիս 1958։ Ութամսեայ կեցութեան ընթացքին, բարձրաստիճան հոգեւորականը երկրի բոլոր հայաշատ կեդրոնները այցելած է՝ պատարագելով, քարոզելով, դասախօսելով եւ Կաթողիկոսարանի դերն ու առաքելութիւնը բացատրելով։ Կազմակերպական այս անխոնջ աշխատանքին շնորհիւ, 1958ին ծնունդ առած է Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի թեմը։ Հիւսիսային Ամերիկա այցելելէ ետք, Խորէն արքեպիսկոպոս նաեւ այցելած է Յունաստանի, Թեհրանի, Սպահանի եւ Ատրպատականի՝ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ մտած նոր թեմերը։

16 Ապրիլ 1969ին, ամերիկեան իր երկար այցելութեան ընթացքին, Խորէն Ա. Վեհափառ Հայրապետ կ՚այցելէ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Ու Թանին։ 

Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի վախճանումէն ետք, Խորէն արքեպիսկոպոս վերստին կաթողիկոսական տեղապահ ընտրուած է ու կազմակերպած՝ երեք ամիս ետք տեղի ունեցած ընտրութիւնը, որուն առաջին անգամ մասնակցած են Միացեալ Նահանգներու, Յունաստանի եւ Իրանի նոր թեմերու պատուիրակները։ Ընտրուելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, Խորէն Ա. օծուած է 12 Մայիս, 1963ին։ Վեհափառ Հայրապետի քսանամեայ պաշտօնավարութիւնը յատկանշուած է Անթիլիասի մայրավանքն ու Պիքֆայայի դպրեվանքը բարելաւելու եւ վերանորոգելու ճիգով։ Ան նաեւ շինած է ժողովրդային բնարականներ Ֆանարի շրջանին մէջ, եւ հիմնարկէքը կատարած՝ Ազգային Ծերանոցին։ Կատարած է տարբեր թեմերու այցելութիւններ, ներառեալ՝ չորս ամսուան այցելութիւն մը Միացեալ Նահանգներ ու Քանատա (1969)։ Ան նաեւ հանդիպած է Պօղոս Զ. Պապին Վատիկանի մէջ՝ 1967ին, միաժանանակ աշխատելով Կաթողիկոսարանի տեսանելիութիւնը բարձրացնել թէ՛ Հայ Կաթողիկէ ու Աւետարանական եկեղեցիներու հետ յարաբերութիւններուն եւ թէ՛ միջ-եկեղեցական ծիրէն ներս։

Խորէն Ա. Կաթողիկոսի առողջութիւնը իր խանգարման առաջին նշանները ցոյց տուած է սրտի հարցերով՝ 1969ի ամերիկեան շրջապատոյտի ընթացքին։ 1977ին, Վեհափառի քահանայական ձեռնադրութեան քառասնամեակի տօնակատարութենէն ետք, Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի թեմի առաջնորդ՝ Գարեգին արք. Սարգիսեան ընտրուած է աթոռակից կաթողիկոս։ Ան պիտի դառնար Խորէն Ա.ի յաջորդը վերջինիս մահէն ետք՝ 9 Փետրուար 1983ին, նոր էջ մը բանալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դարաւոր պատմութեան մէջ։

Consecration of Khoren I, Catholicos of the Holy See of Cilicia (May 12, 1963)

After the premature and unexpected passing of Zareh I, Catholicos of the Holy See of Cilicia, in February 1963, at the age of forty-eight, it fell to his schoolmate at the Seminary, Archbishop Khoren Paroyan, and the difficult task to steer the ship of the Catholicosate in hard times. The “greeting of Jerusalem” with Catholicos of All Armenians Vazken I, in October would mend the rift that had appeared in the Armenian Church after the election of Zareh I in 1956.

The future Catholicos was born Mesrob Paroyan on November 24, 1914, in Nicosia (Cyprus), from parents from Kharpert. He spent his childhood in the village of Adalia. Returning to Nicosia in 1927, he entered the local Melikian primary school. Upon graduation in 1931, he was admitted to the newly founded Seminary of the Catholicosate of the Holy See of Cilicia in Antelias. He graduated and was ordained deacon in 1935. Two years later, he took the vows of celibacy and was consecrated monk (apegha) with the name Khoren, receiving the rank of archimandrite (vartabed) in 1938.

He occupied different positions in the Catholicosate from 1938-1942: chancellor, staff-bearer, vice dean of the Seminary, and member of the Brotherhood’s Administrative Council. In 1942 the Representative Assembly of the Prelacy of Beria (Aleppo) elected the young vartabed as Vicar in the region of Jazeera (on the borders with Turkey and Iraq), where 35,000 Armenians lived at the time. He organized the ecclesiastic, socio-cultural, and educational life for the next five years, during a turbulent period when Syria was engaged in the struggle for independence from the French mandate. Meanwhile, in 1946 he was elevated to the rank of dzayrakooyn vartabed.

In 1947 he returned to Antelias and Catholicos Karekin I consecrated him bishop. From 1947-1951 he held the two most important positions of the Catholicosate, sacristan and “door’s bishop” (turan yebisgobos), the latter providing all internal administrative matters. The Representative Assembly of the Prelacy of Lebanon elected him Prelate in late 1951. Bishop Khoren Paroyan once again showed his remarkable skills as administrator and builder, renovating and building new churches and schools.

The election of a successor to Karekin I, who died in 1952, had been postponed several times. After the Brotherhood Assembly elected Bishop Paroyan as new Vicar of the Catholicosate in October 1955, his expediency ensured the holding of elections in February 1956. He would become the right arm of newly elected Catholicos Zareh I.

He was elevated to the rank of archbishop in 1956 and visited the United States as Catholicosal Legate between October 1957 and June 1958. During his eight-month sojourn, he visited all Armenian centers in this country, celebrating the Divine Liturgy, preaching, lecturing, and explaining the role and mission of the Catholicosate in the Diaspora. As a result of his tireless organizational work, the Armenian Prelacy of the United States and Canada was born in 1958. After departing from the United States, he also visited the newly admitted prelacies of Greece, Tehran, Ispahan, and Iranian Azerbaijan.
His Holiness Khoren visits the Secretary-General of the United Nations, U Thant, on April 16, 1969, during his extended visit to the United States

After Catholicos Zareh I’s passing, Archbishop Khoren was elected once again Vicar and organized the elections held three months later, with the participation, for the first times, of representatives of the new prelacies of the United States, Greece, and Iran. He was elected Catholicos of the Holy See of Cilicia and consecrated on May 12, 1963. Catholicos Khoren’s twenty-year tenure was marked by a wide effort to improve and renovate the monastery of Antelias, as well as the seminary in Bikfaya. He also executed the construction of affordable housing for Armenian families in the neighborhood of Fanar and initiated the construction of the Armenian Home for the Aged. He visited the faithful in the different countries, including a four-month visit to the United States and Canada in 1969. He had also met Pope Paul VI at the Vatican in 1967, while elevating the visibility of the Catholicosate both in the relations with the other Armenian denominations and the ecumenical field.
 
Health problems affected Khoren I starting with a heart crisis in 1969 during his American trip. In 1977, after the celebration of the fortieth anniversary of his consecration as celibate priest, Archbishop Karekin Sarkissian, then Prelate of the Eastern Prelacy, was elected Catholicos Coadjutor. He would become Khoren I’s successor after his death on February 9, 1983, opening a new chapter in the history of the Catholicosate.

Friday, May 3, 2019

Գրիգոր Ղափանցեան (մահ՝ 3 Մայիս, 1957)

Անցեալ դարու առաջին կէսին, Գրիգոր Ղափանցեան հայկական լեզուաբանութեան եւ հին պատմութեան ամենէն ազդեցիկ անուններէն մէկը հանդիսացաւ։

Ղափանցեան ծնած է Աշտարակ, 17 Փետրուար, 1887ին։ Իր տարրական կրթութիւնը ստանալէ ետք ծննդավայրին մէջ, 1899ին մեկնած է Ս. Փեթերպուրկ, ուր ընդունուած է ռուսական գիմնազիա։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, տեղւոյն համալսարանի արեւելեան լեզուներու ճիւղի հայ-վրացական բանասիրութեան բաժինը մտած է, ուր իր ուսուցիչներուն շարքին էր վրացի յայտնի լեզուաբան ու հայագէտ Նիկողայոս Մառը։

1913ին համալսարանաւարտ ըլլալով, Ղափանցեան վերադարձած է Հայաստան։ Հայագիտական նիւթեր դասաւանդած է Ս. Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին մէջ, իսկ 1914ին մասնակցած է Մառի կատարած պեղումներուն Անիի մէջ։ Նոյն տարին, հրատարակած է առաջին գիրքը՝ «Լեզուաբանական դիսցիպլինաներ եւ լեզու»։ Երբ ճեմարանը փակուած է 1917ին, հաստատուած է Երեւան։ 1918ին մասնակցած է Սարդարապատի հերոսամարտին։
 
1921ին Ղափանցեան հրաւիրուած է Երեւանի համալսարան, ուր դասաւանդած է մինչեւ կեանքին վերջը եւ ղեկարած՝ ընդհանուր լեզուաբանութեան ամպիոնը (մինչեւ 1954)։ Դասաւանդած է գրաբար, հայոց լեզուի պատմա-համեմատական քերականութիւն, ուրարտերէն եւ ընդհանուր լեզուաբանութիւն, միաժամանակ մասնագէտներ պատրաստելով այդ ճիւղերուն մէջ։

1932ին ստացած է փրոֆեսորի տիտղոսը, իսկ 1942ին արժանացած՝ բանասիրական գիտութիւններու դոկտորի տիտղոսին, առանց աւարտաճառ պաշտպանելու։ Նոյն տարին, Խորհրդային Հայաստանի գիտական վաստակաւոր գործիչի տիտղոսը ստացած է։ 1943ին Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի հիմնադիր անդամ դարձած է, ընտրուելով հասարակագիտական բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար։ Հր. Աճառեանի անուան Ակադեմիայի լեզուի հիմնարկի տնօրէն եղած է 1950-1955ին։

Ժամանակին, Ղափանցեան հայ իրականութեան հազուագիւտ մասնագէտներէն էր Փոքր Ասիոյ մեռած լեզուներու՝ հիթիթերէն, ուրարտերէն եւ խուռերէնին, ու այսպէս, անոր ուսումնասիրութիւնները կարեւոր տարր մը կ՚աւելցնէին հայոց հին լեզուի ու պատմութեան հետազօտութեան։ 1930 թուականներէն սկսած է իր ամենէն բեղուն շրջանը, երբ հրատարակած է զանազան գիրքեր ռուսերէն եւ հայերէն. “Chetto-Armeniaca” (1931, ռուսերէն), «Լեզուական ընդհանուր տարրեր ուրարտական եւ խեթական լեզուների միջեւ» (1936), «Խեթական աստուածները հայերի մօտ» (1940), «Հին Հայաստանի տեղանունների պատմալեզուաբանական նշանակութիւնը», (1940), «Արա Գեղեցկի պաշտամունքը» (1945), եւ այլն։

Ղափանցեանի լեզուաբանական հմտութիւնը, համադրուելով անոր պատմական ու հնագիտական գիտելիքներուն հետ, գիտական կարեւոր յայտնագործումներու դուռ բացին։ Ան իր եզրակացութիւններէն շատերը ամփոփեց կարգ մը ծանրակշիռ մենագրութիւններու մէջ՝ «Ուրարտուի պատմութիւնը» (1940), «Հայասա՝ հայերի բնօրրանը» (1948, ռուսերէն) եւ «Հայոց լեզուի պատմութիւն (հնագոյն շրջան)» (1961)։ Ան իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ ներկայացուց երկու շերտերու գոյութիւնը հայերէնի մէջ՝ հնդեւրոպական եւ տեղական (փոքրասիական եւ կովկասեան լեզուներ)։ Ղափանցեան նաեւ զբաղած է ընդհանուր լեզուաբանութեան խնդիրներով, ու հրատարակած է «Ընդհանուր լեզուաբանութիւն» (1937, 1939) հատորը։

Ակադ. Գրիգոր Ղափանցեան մահացած է Երեւանի մէջ, 3 Մայիս 1957ին։ Աշտարակի մէջ անոր անունով դպրոց մը կոչուած է, ուր կայ նաեւ անոր գիտական վաստակին նուիրուած թանգարան մը։ Ղափանցեանի պրոնզեայ կիսանդրին զետեղուած է Երեւանի պետական համալսարանի գլխաւոր շէնքի նախասրահին մէջ, խորհրդանշելով անոր կարեւորութիւնը իբրեւ գիտնական եւ մանկավարժ՝ համալսարանական ուսման զարգացման մէջ։  

Death of Grigor Ghapantsian (May 3, 1957)

Grigor Ghapantsian was one of the most influential names in Armenian linguistics and ancient history in the first half of the twentieth century.

Born on February 17, 1887, in Ashtarak, he received his elementary education in his hometown. Afterwards, he went to St. Petersburg, where he was admitted to the Russian gymnasium (high school). After graduation, he entered the section of Armeno-Georgian philology in the Faculty of Oriental Languages of the local university. There, he was a student of the famous Georgian linguist and Armenologist Nikolai Marr.

Ghapantsian graduated in 1913 and returned to Armenia. He became a teacher of Armenian Studies at the Gevorgian Seminary in Holy Echmiadzin, and in 1914 he participated in the archaeological excavations of Ani, led by Marr. In the same year he published his first book, Linguistic Disciplines and Language (in Armenian). When the Seminary was closed in 1917, he settled in Yerevan. In 1918 he participated in the battle of Sardarabad.

In 1921 Ghapantsian was invited to teach at the University of Yerevan, where he worked until the end of his life and directed the chair of General Linguistics until 1954. He taught Classical Armenian, compared grammar of the Armenian language, Urartian, general linguistics, and prepared specialists in those different fields.

In 1932 he was given the grade of professor and in 1942 he earned the doctorate of philological sciences without defending a thesis. In the same year he was designated Emeritus Scientific Worker of Soviet Armenia. He became a founding member of the Armenian Academy of Sciences in 1943 and was elected academician secretary of the section of Social Sciences. He directed the Institute of Linguistics “Hrachia Ajarian” from 1950-1955.

At the time, Ghapantsian was one of the few experts in dead languages of Asia Minor, like Hittite, Urartian, and Hurrian, bringing an important element to the study of Armenian ancient history and language. His most productive period started in the 1930s, when he published several books in Russian and Armenian: Chetto-Armeniaca (1931, in Russian); “Common Elements of the Urartian and Hittite Languages (1936), The Hittitle Gods among the Armenians  (1940), The Historico-Linguistic Meaning of Ancient Armenian Placenames (1940), The Adoration of Ara the Beautiful (1945), et cetera.

Ghapantsian’s linguistic interests, combined with his erudition as a historian and archaeologist, brought him to the forefront of important discoveries in his field. He condensed many of his conclusions in several influential monographs, such as The History of Urartu (1940), Hayasa, Cradle of the Armenians (1948, in Russian), and History of the Armenian Language: Ancient Period (1961). In his studies, he portrayed the existence of two different layers in the Armenian language, one Indo-European and the other local (languages of Asia Minor and the Caucasus). He also dealt with issues of general linguistics, publishing the book General Linguistics (1937, 1939).
Ghapantsian passed away on May 3, 1957, in Yerevan. There is a school named after him in Ashtarak, with a museum dedicated to his scientific career. His bronze bust is placed in the entrance of the central building of Yerevan State University, symbolizing his importance as scholar and teacher in the development of academic studies.