Գառնիկ (Տէր) Ստեփանեան՝ արեւմտահայ մշակոյթի լաւագոյն մասնագէտներէն մէկը Խորհրդային Հայաստանի մէջ, ծնած է 14 Փետրուար 1909ին Դերջան գաւառի (Երզնկա) Մամախաթուն գիւղին մէջ։ Մայիս 1915ին Դերջանի հայերը մեծաւ մասամբ սպաննուած են Մեծ Եղեռնի ընթացքին, շատերը՝ իսլամացած, եւ մնացորդացը աքսորուած՝ Տէր-Զոր։ Մանուկ Գառնիկը յաջողած է վերապրիլ եւ, պատերազմէն ետք, հասնիլ Սեբաստիա, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը։ 1923ին տեղափոխուած է Յունաստան բազմաթիւ հայ որբերու հետ, ապաստան գտնելով Էտիփսոսի, Խալքիսի եւ Օրոփոսի որբանոցներուն մէջ։ Երկու տարի ետք, անցած է Եգիպտոս, ուր աշխատած է իբրեւ գրաշար «Արեւ» օրաթերթին եւ «Ոսկետառ» տպարանին մէջ։
1930ին Ստեփանեանի կեանքը շրջադարձ մը ապրած է՝ Խորհրդային Հայաստան ներգաղթով, ուր իր կորսուած ծնողները գտած է։ Շարունակած է աշխատիլ իբրեւ գրաշար, այս անգամ՝ Պետհրատի առաջին տպարանին մէջ։ 1938ին շրջանաւարտ եղած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական ճիւղէն։ Միջոցին, հայոց լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է «Ալեքսանդր Թամանեան» թեքնիք ուսումնարանին մէջ (1937-1939) եւ գրաբար՝ բանասիրական ճիւղին մէջ (1939-1940)։ Եղած է Հրաչեայ Աճառեանի աշակերտը, որուն մասին գրած է շահեկան յուշագրութիւն մը (1976)։
Հրատարակչական մարզին մէջ, աշխատած է «Սովետական Հայաստան» օրաթերթին, «Սովետական Հայաստան» ամսագրին եւ Գիտութիւններու Ակադեմիայի «Տեղեկագիր հասարակական գիտութիւնների» ամսագրին մէջ։ 1943ին անդամակցած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան եւ երկու տարի ետք, հրատարակած է Մեծ Եղեռնի նուիրուած առաջին վէպը խորհրդահայ գրականութեան մէջ՝ «Մղձաւանջային օրեր», ինքնակենսագրական բնոյթով, որ վերահրատարակուած է երեք անգամ 1989էն սկսեալ։
Գառնիկ Ստեփանեան աշխատած է Ակադեմիայի գրականութեան հիմնարկին մէջ, Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանի տնօրէնը եղած է (1954-1963), եւ ապա՝ Ակադեմիայի արուեստի հիմնարկի գիտաշխատող 1963էն մինչեւ իր մահը։ Ան մասնագիտացած է արեւմտահայ գրականութեան եւ թատրոնի բնագաւառին մէջ։ Մենագրութիւններ գրած է արեւմտահայ թատրոնի զանազան նշանաւոր դերասաններու մասին (Պետրոս Ադամեան, Արուսեակ Փափազեան, Մկրտիչ Ջանան եւ Սիրանոյշ), հրատարակած է Ադամեանի նամակներու հատոր մը եւ հեղինակած է յուշագրութիւն մը ուրիշ մեծ դերասանի մը մասին՝ Վահրամ Փափազեան։ Անոր ամենէն կարեւոր նպաստը այս բնագաւառին եղած է եռահատոր «Ուրուագիծ արեւմտահայ թատրոնի պատմութեան» աշխատութիւնը (1962, 1969, 1975)։ Ան նաեւ գրած է սփիւռքահայ թատրոնին մասին։ «Ակնարկներ սփիւռքահայ թատրոնի պատմութեան» շարքէն երկու հատոր լոյս տեսած են՝ ֆրանսահայ (1982) եւ ամերիկահայ (2008, յետմահու) թատրոնի մասին։
Ստեփանեան ո՛չ միայն հրատարակած է աշխատութիւններ Արփիար Արփիարեանի (1955) եւ Յակոբ Պարոնեանի (1956, 1964) մասին, այլեւ թրքերէնէ հայերէն թարգմանած է Յովսէփ Վարդանեանի «Ագապի» վէպը (1953), որ առաջին թրքական վէպն է (սկզբնապէս լոյս տեսած 1851ին՝ հայատառ թրքերէնով), ինչպէս եւ Պարոնեանէն կարգ մը հայատառ թրքերէն գործեր։
Բանասէրին ուրիշ մէկ կարեւոր նպաստը հայագիտութեան եղած է երեք հատորնոց «Կենսագրական բառարան»ը (1973, 1981, 1990), որ դժբախտաբար անաւարտ մնացած է։
1967 ին Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր աշխատողի տիտղոսը ստացած է, իսկ չորս տարի ետք՝ դոկտորական աւարտաճառը պաշտպանած է։ 1980ին ստացած է Հայաստանի պետական մրցանակը՝ «Հայ նոր գրականութեան պատմութիւն» հինգ հատորնոց հաւաքական աշխատութեան համար։
Ստեփանեան իր մահկանացուն կնքած է 1 Յուլիս 1989ին, Երեւանի մէջ։ Անոր յետմահու աշխատանքներուն շարքին կը պատկանի 600 էջնոց մենագրութիւն մը իր ծննդավայրին պատմութեան մասին՝ «Երզնկա» (2005)։
Showing posts with label Հրաչեայ Աճառեան. Show all posts
Showing posts with label Հրաչեայ Աճառեան. Show all posts
Monday, July 1, 2019
Thursday, January 10, 2019
Հ. Սերովբէ Տէրվիշեան (ծնունդ՝ 10 Յունուար 1846)
Հ.
Սերովբէ վրդ. Տէրվիշեանը մոռցուած անուն մըն է այսօր։ Ան հայկական
լեզուաբանութեան ռահվիրայ մը եղած է 19րդ դարուն, երբ հայերէնը հազիւ գտած
էր իր ճիշդ դիրքը հնդեւրոպական լեզուներու ընտանիքին մէջ, եւ
հնդեւրոպաբանները հազուադէպ էին հայ իրականութեան մէջ։
Տէրվիշեանի
մասին տեղեկութիւնները քիչ են։ Ծնած է 10 Յունուար, 1846ին, Կ. Պոլիս, եւ
ղրկուած է Վիեննայի Մխիթարեան վանքը, ուր իր կրթութիւնը ստացած է։ 1864ին
կուսակրօն աբեղայ դարձած է, անդամակցելով միաբանութեան, իսկ երկու տարի
ետք՝ վարդապետ ձեռնադրուած։
Սկզբնապէս
հրատարակած է կրօնա-բարոյական հարցերու մասին գիրքեր, ինչպէս «Սուրբերու
վարքը» (հայատառ թրքերէն, 1870) եւ Ս. Յուստինոսի գործերուն ու վկայութեան
գրաբար թարգմանութիւնը՝ «Պատասխանատուութիւնք առաջին եւ երկրորդ եւ
պատմութիւն նորին վկայութեան» (1872)։ Անոնց պէտք է աւելցնել աշխարհաբար
կարճ ողբերգութիւն մը՝ «Այրի մայրն ու միամօր որդեակը» (1871)։
Սակայն,
Տէրվիշեան շուտով ձգած է իր գրական աշխատանքները, դառնալով իր բուն
սէրերուն՝ լեզուներուն։ Վանքին մէջ, արդէն հայերէն (գրաբար), դասական
(յունարէն եւ լատիներէն) ու արդի (գերմաներէն եւ ֆրանսերէն) լեզուներու
ժրաջան ուսանող մըն էր։ Այնուհետեւ, շարունակած է իր կրթութիւնը Վիեննայի
համալսարանը, ուր սորված է պահլաւերէն (Իրանի հին լեզուն) եւ սանսկրիտերէն
(Հնդկաստանի հին լեզուն)։ Անոնցմէ զատ՝ ծանօթ էր օսմաներէնի եւ հին
պարսկերէնի։
1877ին
հրատարակած է իր առաջին լեզուաբանական գործը՝ «Հին հայերէն ք-ն»,
գերմաներէն։ Այս գիրքը առաջինն էր լեզուաբանական հետազօտութիւններու շարքի
մը, որ երբեք չամբողջացաւ։ Ան կը պարունակէր այդ տառի քննութիւն մը, այդ
տառը ունեցող բոլոր բառերուն ստուգաբանութիւնը եւ «ք» տառի ունեցած
վերափոխումները այդ բառերուն մէջ՝ այլ լեզուներու բաղդատութեամբ։
1880ական
թուականներուն Հ. Սերովբէ Տէրվիշեան Պոլիս վերադարձած է, ուր 1883ին
հրատարակած է հայկական թուանուններու մասին յօդուածաշարք մը, Եղիա
Տէմիրճիպաշեանի «Երկրագունդ» հանդէսին մէջ։ 1885ին լոյս ընծայած է իր
հայերէն գլխաւոր գործը՝ «Հնդեւրոպական նախալեզուն»։ Այստեղ ամփոփուած են
հնդեւրոպագիտութեան գլխաւոր իրագործումները ու բացատրուած են հնդեւրոպական
նախալեզուի հիմնական խնդիրները։ Հեղինակը նաեւ անդրադարձած է հնդեւրոպական
հին քաղաքակրթութեան եւ նախնական հայրենիքի խնդրին, ինչպէս եւ հնդեւրոպական
լեզուաբանութեան պատմութեան։ Երկու տարի ետք, ան հրատարակած է առաջին
հայերէն լեզուաբանական հանդէսը՝ «Լեզու» (1887-1888), զոր ինք լեցուցած է
իր յօդուածներով։ Աշխատակցած է Վիեննայի Մխիթարեաններու նորաստեղծ «Հանդէս
ամսօրեայ»ին եւ կարգ մը պոլսահայ թերթերու, ուր շարունակած է հրատարակել
լեզուաբանական յօդուածներ։ Մահացած է Յունուար 1, 1892ին, 46 տարեկանին։
Հռչակաւոր
լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեան գնահատած է Տէրվիշեանի վաստակը, յատկապէս կարգ
մը ստուգաբանութիւններ եւ այն փաստը, որ «Հնդեւրոպական նախալեզու»ի պէս
ամփոփ, մատչելի ու պարզ կերպով ներկայացուած գործ մը չէ եղած է ամբողջ
եւրոպական գրականութեան մէջ՝ մինչեւ 1885։ Այդ գործը, գրած է Աճառեան,
լեզուաբանութեան իր առաջին աղբիւրը եղած է, որուն համար չէ վարանած «իմ
առաջին ուսուցիչս» կոչել Մխիթարեան գիտնականը։
Subscribe to:
Posts (Atom)
