Խորհրդային
Ռուսաստանի եւ Կեդրոնական Պետութիւններուն միջեւ ստորագրուած
Պրեստ-Լիթովսկի դաշնագիրը կնքած է ռուսական պարտութիւնը եւ մասնակցութեան
աւարտը Ա. Աշխարհամարտին մէջ։
Հոկտեմբերեան
յեղափոխութեան յաջորդած էր խորհրդային վարչակարգի հաստատումը Ռուսաստանի
մէջ, որ սակայն յուսահատ կացութեան մէջ էր քանի մը ամիս ետք։ Յեղափոխական
կառավարութիւնը, իբրեւ առաջին քայլ արտաքին յարաբերութիւններու մէջ,
խաղաղութեան մասին հրովարտակ մը հրապարակած է 26 Հոկտեմբեր, 1917ին,
Խորհուրդներու երկրորդ համառուսաստանեան համագումարին ընթացքին։
Հրովարտակը, որ հեղինակուած էր նոյնինքն Վլատիմիր Լենինի կողմէ, բոլոր
մարտնչող կողմերուն կ՚առաջարկէր բանակցութիւններու սկսիլ՝ «արդար
ժողովրդավար աշխարհ» մը ստեղծելու համար։
Հրովարտակին
մերժումը Դաշնակիցներուն (Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ եւ
Իտալիա) կողմէ, Խորհրդային Ռուսաստանը մղած է անջատ խաղաղութիւն կնքելու
գործընթացին մէջ մտնելու։ Ռուսաստանի եւ Կեդրոնական Պետութիւններուն
(Գերմանիա, Աւստրիա-Հունգարիա, Օսմանեան կայսրութիւն եւ Պուլկարիա) միջեւ
բանակցութիւնները սկսած են Պրեստ-Լիթովսկի մէջ, 9 Դեկտեմբերին։ Խորհրդային
պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Ատոլֆ Եոֆֆէի, իբրեւ պայմաններ դրած է
գրաւուած տարածքներէ զօրքերու հանումը, պատերազմի ընթացքին ստրկացած
ազգերու ազատագրումը, ամէն տեսակի ռազմատուգանքներէ հրաժարումը, եւ այլն։
Գերմանական
պատուիրակութիւնը հակադարձած է իր սեփական ծրագրով, որ կը ներառնէր
Մերձպալթիական շրջանի կցումը Գերմանիոյ եւ Լեհաստանի նոր բաժանում մը։
Գերմանիա, միաժամանակ, կը ցանկար պահել ռուսական գրաւուած տարածքները՝
անոնց տնտեսական միջոցները շահագործելու համար։
Ռուսաստանն
ու Գերմանիան անջատ բանակցութիւններ սկսած են 27 Դեկտեմբերին։ Ամիս մը
ետք, Կեդրոնական Պետութիւնները համաձայնութիւն մը կնքած են Կեդրոնական
Ռատային հետ (Ուքրանիոյ յեղափոխական խորհրդարանը)՝ Ուքրանիայէն ուտելիք
ստանալ փոխան զինուորական օգնութեան։ Միեւնոյն գիշերը Գերմանիա վերջնագիր
մը յղած է Ռուսաստանին՝ գերմանական պայմանները գործադրելու։ Յաջորդ օրը,
Լեւ Թրոցկի, որ խորհրդային պատուիրակութեան ղեկավարութիւնը ստանձնած էր,
պատասխանած է, թէ Ռուսաստանը պիտի չստորագրէր համաձայնագիրը, բայց կը
դադրեցնէր մարտերը եւ կը պարպէր զօրքերը։ 18 Փետրուարին, Կեդրոնական
Պետութիւնները վերսկսած են յարձակողականը ամբողջ արեւելեան ռազմաճակատին
վրայ։ Ռուսական զօրքերը, չկարողանալով դիմադրել, եւ ռուսերը համաձայնագրի
իրենց հաւանութիւնը տուած են Փետրուար 19ին։ Սակայն, գերմանացիները
շարունակած են յարձակումը մինչեւ Փետրուար 22՝ ա՛լ աւելի դաժան պայմաններ
ներկայացնելով։
Ի
վերջոյ, համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէն համաձայնութիւնը
տուած է խաղաղութեան դաշնագրի մը կնքումին, եւ Պրեստ-Լիթովսկի դաշնագիրը
ստորագրուած է 3 Մարտին։ Այս խայտառակ դաշնագրով, Ռուսաստանը կը կորսնցնէր
մերձպալթեան տարածքները եւ Պելառուսիոյ մէկ մասը, Ուքրանիան ու Ֆինլանտիան
ինքնավար հանրապետութիւններ կը հռչակուէին՝ Կարմիր Բանակի նահանջին
առընթեր։ Աւելի կարեւոր էր, սակայն, Կովկասի մէջ Կարսի ու Արտահանի
հայկական շրջաններու եւ Պաթումի վրացական շրջանի զիջումը Օսմանեան
կայսրութեան։ Պէտք է վերյիշել, որ Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան պայթումէն եւ
ռուսական զօրքերու՝ կովկասեան ռազմաճակատէն մեկնումին յաջորդած էր թրքական
յարձակողականը, որուն հետեւանքով վերագրաւուած էին Արեւմտեան Հայաստանի
այն տարածքները, զորս Ռուսաստանը գրաւած էր 1916ին։ Թուրքիան արդէն Կովկասի
վրայ իր յարձակումին ձեռնարկած էր։
Շահեկան է նշել, որ Ռուսաստանը այլեւս որեւէ փաստական ներկայութիւն չունէր Կովկասի մէջ, որ անուանապէս միայն կապուած էր անոր։
Մարտերու
վերջաւորութիւնը թոյլ տուած է Գերմանիոյ, որ իր ուժերը կեդրոնացնէ
հարաւային ճակատի վրայ եւ յարձակումի ձեռնարկէ՝ 21 Մարտէն մինչեւ 17 Յունիս
1918, բայց այս յարձակումը անյաջող եղած է, քանի որ Դաշնակիցները
հակադարձած են տեւական յարձակումներով, որ ի վերջոյ յանգած են Գերմանիոյ
պարտութեան։
Կարեւոր
է նշել, որ 1918ին պոլշեւիկները Ռուսաստանի օրինաւոր եւ ճանչցուած
իշխանութիւնը չէին Ռուսաստանի մէջ, եւ հետեւաբար երկրի անունով դաշնագիր մը
կնքելու իրաւունք չունէին։ Սակայն, դաշնագրին ստորագրութիւնը պոլշեւիկ
կառավարութեան թոյլ տուած է իշխանութիւնը պահել եւ ազատիլ իր
հակառակորդներէն, յատկապէս ընկերվար-յեղափոխականները։ Ի վերջոյ, ասիկա
պատճառ պիտի դառնար քաղաքացիական պատերազմի սկզբնաւորութեան, որ չորս տարի
պիտի տեւէր։
Օգոստոս
27ին Պերլինի մէջ ստորագրուած լրացուցիչ համաձայնագիր մը հաստատած է
Ռուսաստանի կողմէ 6 միլիառ գերմանական մարգի վճարումը Գերմանիոյ իբրեւ
ռազմատուգանք։ Սակայն, Պրեստ Լիթովսկի դաշնագիրը չեղեալ համարուած է
Ռուսաստանի կողմէ Սեպտեմբեր 20ին, իսկ պատերազմի աւարտէն ետք՝ Թուրքիոյ (30
Հոկտեմբեր) եւ Գերմանիոյ կողմէ (13 Նոյեմբեր)։