Monday, December 9, 2019

ԱՐՏԵՄ ՄԻԿՈՅԵԱՆ (մահ՝ 9 Դեկտեմբեր, 1970)

Անոնք կոչուած էին դառնալու երկու հռչակաւոր եղբայրներ։ Օդանաւերու նշանաւոր նախագծող Արտեմ Միկոյեան կրտսեր եղբայրն էր՝ պետական գործիչ Անաստաս Միկոյեանի, որ խորհրդային վարչակարգի կարեւոր դէմքերէն մէկը եղած է շուրջ կէս դար։


Արտեմ (Անուշաւան) Միկոյեան ծնած է Սանահին (Լոռի), 5 Օգոստոս, 1905ին։ Տարրական կրթութիւնը ստանալէ ետք գիւղական դպրոցին եւ ապա՝ Թիֆլիսի մէջ, Ռոստովի մէջ գործի անցած է իբրեւ մեքենագործ, եւ 1924-1928ին աշխատած է Մոսկուայի «Տինամօ» գործարանին մէջ՝ զինուորական ծառայութիւնը ընելէ առաջ։ 1931ին մտած է օդուժի «Ժուկովսկի» ակադեմիան, ուր նախագծած է իր առաջին օդանաւը։ 1937ին շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, աշխատած է Նիկոլայ Պոլիկարպովի հետ, իսկ յետոյ օդանաւային նախագծումի նոր գրասենեակի մը տնօրէն նշանակուած՝ Դեկտեմբեր 1939ին։ Միխայէլ Գուրեվիչի հետ, Միկոյեան կազմած է «Միխայիլ-Գուրեւիչ» նախագծման գրասենեակը՝ ռազմական օդանաւերու շարք մը ստեղծելով։ Առաջին «ՄիԳ» օդանաւերը այդքան յաջող չէին։ Սակայն, 1941ին Միկոյեան շահած է առաջինը իր վեց «Ստալին» մրցանակներէն (յաջորդները պիտի ստանար 1947ին, 1948ին, 1949ին, 1952ին եւ 1953ին։

Յետպատերազմեն առաջին նախագիծերը հիմնուած էին գերմանական գրաւուած ռազմական օդանաւերու եւ Մեծն Բրիտանիոյ ու Միացեալ Նահանգներու հայթայթած տեղեկութիւններու վրայ։ Արտադրուած առաջին բնորդը 1946ի «ՄիԳ-9»ն էր։ I-270 նախատիպը, որ հիմնուած էր գերմանական գաղափարներու ու բրիտանական շարժիչի մը վրայ, դարձաւ «MiG-15»ը։ Հակառակ խառն ծագումին, վերջինը գերազանց օդանաւ մը դարձած է եւ հիմքը՝ ապագայ ռազմական օդանաւերու։ 1953ին, «ՄիԳ-17»ը ձայնի արագութիւնը նուաճած, իսկ այնուհետեւ «ՄիԳ-19»ը առաջին զանգուածային արտադրութեամբ խորհրդային գերձայնային ռազմական օդանաւը եղած է ։

1952էն սկսեալ, Միկոյեան նաեւ նախագծած է հրթիռային համակարգեր իր օդանաւերուն, յատկապէս հռչակաւոր «ՄիԳ-21»ին համար։ Ան շարունակած է բարձր արդիւնաւէտութիւն ունեցող օդանաւեր արտադրել 1950-1960ական թուականներուն, ներառեալ ամենէն արագ ու ամենաբարձր թռչող «ՄիԳ-25»ը»։ Անոր օդանաւերը 55 մրցանիշ կոտրած են։ Ի մասնաւորի՝ «ՄիԳ-15»ը եւ «ՄիԳ-29»ը արագութեան եւ բարձրութեան մրցանիշեր պահած են երկար ժամանակ։ «ՄիԳ-15» յատկապէս նշանաւոր դեր խաղացած է Գորէայի պատերազմին (1950-1953)։

Միկոյեան երկու անգամ ստացած է «Սոցիալիստական աշխատանքի հերոս»ի պատուոյ կոչումը եւ խորհրդային Գերագոյն Խորհուրդի վեց անգամ անդամակցած։ Նաեւ ստացած է ուրիշ պատիւներ, ինչպէս՝ Լենինի շքանշանը (վեց անգամ), Կարմիր դրօշի շքանշանը, Հայրենական պատերազմի շքանշանը, Կարմիր Աստղի շքանշանը (երկու անգամ) եւ Լենինի անուան մրցանակը (1962)։

Կաթուածահար ըլլալէ ետք 1969ին, Արտեմ Միկոյեան մահացած է 9 Դեկտեմբեր, 1970ին ու թաղուած՝ Նովոտեվիչի գերեզմանատունը (Մոսկուա)։ Նախագծման գրասենեակի անունը փոխուած է անոր մահէն ետք, կոչուելով պարզապէս «Միկոյեան», որ շարունակած է արտադրել «ՄիԳ» օդանաւերը։

Միկոյեանի անունը Սան Տիէկոյի (ԱՄՆ) օդի եւ անջրպետի թանգարանի միջազգային հռչակաւոր մարդոց սրահը ընդունուած է 1996ին։ Հայաստանի մէջ շարք մը վայրերու մէջ կը յիշատակուի ան. Երեւանի երկրորդական վարժարան մը եւ կոթող մը՝ «Էրեբունի» օդակայանին մէջ, Կիւմրիի զինուորական միաւորում մը, Սանահինի Միկոյեան եղբայրներուն նուիրուած թանգարանին մէջ կոթող մը եւ նոյն քաղաքին մէջ առանձին յուշարձան մը։