Մարիա Եաքոպսըն՝ Լիբանանի մէջ եւ Քարէն Եփփէ՝ Սուրիոյ մէջ։ Երկու դանիացիներ՝ զանազան պաշտօնակիցներու մէջ, որոնք մայրերու դեր կատարեցին ցեղասպանութեան վերապրող որբերուն, անձնուիրաբար իրենց կեանքը նուիրաբերելով անոնց։ Անոնք նաեւ կենդանի վկայութիւն դարձան՝ 1915ի իրադարձութիւններուն մասին։
Եաքոպսըն ծնած էր կեդրոնական Դանիոյ Սիմ քաղաքին մէջ, 6 Նոյեմբեր 1882ին։ Մանկութեան տարիներուն, ապրած է Հորսենս քաղաքը՝ երկրի արեւելեան ծովեզերքին վրայ, իր ծնողներուն հետ։ Համիտեան ջարդերուն մասին իմացած է դանիական մամուլէն։ 1898ին անգլիացի ֆեմինիստ գործիչ Ճեսի Փէն-Լուիս ժամանած է Դանիա, օժանդակելով Կանանց Առաքելութեան Աշխատողներ (KMA՝ դանիերէն սկզբնատառերով) կազմակերպութեան հիմնադրութենէն երկու տարի ետք։
Նոր կազմակերպութիւնը հովանաւորած է Մշոյ, Վանի, Մարաշի եւ Խարբերդի գերմանական որբանոցներուն մէջ ապրող հայ որբերուն։ Հիւանդապահուհիի դասընթացքներ աւարտելէ ետք, 1906ին Մարիա Եաքոպսըն KMAի անդամ դարձած է։ Յաջորդ տարի մեկնած է Խարբերդ՝ իբրեւ միսիոնար։ Հիւանդանոց տնօրէնուհի նշանակուած է եւ կարճ ժամանակով հայերէն սորված։ Սկսած է գրել իր մեծարժէք օրագրութիւնը Սեպտեմբեր 1907ին եւ շարունակած է յաջորդ տասներկու տարիներուն ընթացքին։
Մեծ Եղեռնի տարիներուն, Եաքոպսըն իր օրագրութեան մէջ ցնցիչ վկայութիւններ բերած է՝ տեղահանութեան բացայայտ նպատակին, տարագիրներու անմարդկային պայմաններուն եւ թրքական ջարդարարական քաղաքականութեան մասին։ Այս տարիներուն, ան երեք որբեր որդեգրած է։
Ա. Աշխարհամարտէն ետք, Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի աշխատողներու աջակցութեամբ, Մարիա Եաքոպսըն հաւաքած է աւելի քան 3.600 թափառական որբեր, որոնց մեծամասնութիւնը վարակիչ հիւանդութիւններէ կը տառապէր եւ կմախքի վերածուած էր։ 1919ին Օսմանեան Կայսրութիւնը ձգած է՝ որբերէն հիւծախտէ վարակուելու պատճառով։ Դանիա վերադառնալէ ետք, հրաւիրուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր ջարդերու մասին հրապարակային դասախօսութիւններ տուած եւ որբերու համար դրամ հաւաքած է։ Փորձած է Խարբերդ վերադառնալ 1920-1921ին, բայց անոր մուտքը Օսմանեան Կայսրութիւն արգիլուած է։ Այնուհետեւ, մեկնած է Լիբանան, ուր շարունակած է իր գործունէութիւնը։
Մեծ թիւով որբեր տեղափոխած է Պէյրութ, Յունուար 1922ին, ուրիշ դանիացի միսիոնարուհիի մը՝ Քարէն Մարի Փեթերսընի հետ։ Վեց ամիս ետք, Կիլիկիայէն 208 որբերով հաստատուած է Զուք Միխայիլ՝ Ժպէյլի եւ Պէյրութի միջեւ, որ դարձած է KMAի առաջին որբանոցը։ Աւեի ուշ, Սայտա անցնելէ ետք, 1928ին Ժպէյլի մէջ KMAն Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցէն գնած է տեղւոյն հայկական որբանոցի շէնքը։ Հոն հաստատուած է դանիական «Թռչնոց բոյն» որբանոցը։ Իր կարգավիճակով, «Թռչնոց բոյնը» աւելի դպրոց էր, քան որբանոց, քանի որ հոն կը գործադրուէր լիբանանեան հանրային դպրոցներու ծրագիրը՝ տարբեր արհեստներու զուգընթաց ուսուցումով։
Որբերը Մարիա Եաքոպսընը կը կոչէին՝ «Մամա Եաքոպսըն»։ Ան յաճախ Աստուածաշունչը հայերէնով կը կարդար անոնց։ Ամուսնացած է հայ ատամնաբոյժի մը հետ։
Դանիացի միսիոնարուհիին մարդասիրական գործունէութիւնը արժանացած է իր հայրենիքի գնահատանքին։ Ստացած է Դանիոյ ոսկէ մետալը 1945ին, հանդիսանալով երկրի առաջին կինը, որ այդ բարձրագոյն պարգեւին արժանացած է։ 1954ին լիբանանեան կառավարութիւնը պարգեւած է պատուոյ ոսկէ մետալը՝ հայ համայնքին իր ծառայութեան ու նուիրումին համար։
Մարիա Եաքոպսըն մահացած է 6 Ապրիլ, 1960ին։ Ըստ անոր կտակին, թաղուած է «Թռչնոց բոյն»ի շրջափակին մէջ։ Անոր օրագրութիւնը, զոր ան գաղտնաբար հանած էր Թուրքիայէն, հայերէնի թարգմանուած ու երկլեզու՝ դանիերէն ու հայերէն հրատարակութեամբ լոյս տեսած է՝ 1979ին։ Անգլերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսած է 2001ին։ Եաքոպսընի կիսանդրին զետեղուած է Գալիֆորնիոյ մէջ, իսկ Իջեւան քաղաքի (Հայաստան) մանկապարտէզ մը անոր անունը կը կրէ։