Երգահան Էդուարդ Միրզոյեան յայտնի անուն մըն էր Խորհրդային Հայաստանի մէջ եւ աւելի քան երեք տասնամեակ՝ Երգահաններու Միութեան նախագահ։ Ծնած է Գորի (Վրաստան), 12 Մայիս 1921ին։ Խորթ հայրն էր՝ երգահան Միքայէլ Միրզայեան (1888-1958)։
Ապագայ երգահանը աւելի ուշ տեղափոխուած է Հայաստան եւ 1941ին աւարտած է պետական երաժշտանոցի (այժմ՝ Կոմիտասի անուան) ստեղծագործական բաժինը։ Այդ ժամանակ արդէն իր առաջին գործերը ստեղծած էր, որոնց շարքին՝ Աւետիք Իսահակեանի «Ասում են, թէ…» եւ «Երազ» բանաստեղծութիւններու վրայ հիմնուած ու լայն ժողովրդականութիւն վայելած երգեր։ Մարտ-Նոյեմբեր 1942ին ծառայած է խորհրդային բանակին մէջ, կազմակերպելով երգի ու պարի բանակային համոյթներ։ 1946-1948ին իր ուսումը շարունակած է Մոսկուայի Հայ Մշակոյթի Տան երաժշտական արուեստանոցին մէջ։ Վերադառնալով Երեւան, 1948էն սկսեալ դասաւանդած է պետական երաժշտանոցին մէջ, ուր փրոֆեսորի տիտղոսը ստացած է 1965ին։
1950-1952ին Միրզոյեան Երգահաններու Միութեան պատասխանատու քարտուղար եղած է, իսկ 1956-1991ին՝ նախագահ։ Այնուհետեւ՝ պատուոյ նախագահ նշանակուած է 1994ին։ Միւս կողմէ, 1977-2009ին, նախագահած է Հայաստանի խաղաղութեան հիմնադրամը (պատուոյ նախագահ՝ 2009ին)։ 1963ին շրջապտոյտ մը կատարած է Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա։ Նոյն տարին Հայաստանի ժողովրդական արտիստի տիտղոսը ստացած է։ Իր կեանքի ընթացքին, բազմաթիւ մրցանակներ ու պատուոյ տիտղոսներու արժանացած է։
Միրզոյեան երգեր գրած է Իսահակեանի ու Եղիշէ Չարենցի բանաստեղծութիւններու խօսքերով։ Անոր գործերէն մէկ քանին յատկանշուած են իրենց ուժականութեամբ, ինչպէս «Սիմֆոնիկ պարեր», «Տօնական նախերգանք» եւ «Ինտրոդուկցիա եւ յաւերժական շարժում» (ջութակի եւ նուագախումբի համար)։ Անոր լարային քառեակը հայկական սենեկային երաժշտութեան շահեկան գործերէն մէկն է։ Քանթաթաները («Հայաստան», «Տօնական» եւ ուրիշներ) հայրենասիրական շունչով լեցուն են։ Կարգ մը արժէքաւոր համանուագային գործեր արտադրած է, ինչպէս՝ թաւջութակի եւ դաշնակի սոնաթը եւ լարային նուագախումբի եւ հարուածային գործիքներու համանուագը։ Ան նաեւ գրած «Ալպոմ իմ թոռնիկի համար», «Պոէմ դաշնամուրի համար», «Պոէմ-էպիտաֆիա» (դաշնակի համար), եւ այլն։
Յայտնի երգահանը հեղինակած է շարք մը հայկական շարժանկարներու («Փլուզում»՝ 1959, «Քաոս»՝ 1974, «Յեղկոմի նախագահը»՝ 1977, «Աքսորական թիւ 11»՝ 1979, եւ «Խաչմերուկի դեղատունը»՝ 1988) եւ «Այսօր արեւոտ օր է» վաւերագրական ֆիլմի երաժշտութիւնը (1975)։ Անոր աշակերտներէն մէկ քանին նշանաւոր երգահաններ եղած են. Ջիւան Տէր-Թադեւոսեան, Կոնստանդին Օրբելեան, Աւետ Տէրտէրեան, Վաչէ Շարաֆեան, Խաչատուր Աւետիսեան, Ռոբերտ Ամիրխանեան եւ ուրիշներ։
Միրզոյեան իր մահկանացուն կնքած է Երեւանի մէջ, 5 Հոկտեմբեր 2012ին, 91 տարեկանին։ Թաղուած է Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ։ Յաջորդ տարին, Դիլիջանի երգահաններու տունը անոր անունով կոչուած է։