Գալշոյեանի բուն անունն էր՝ Մուշեղ Մանուկեան։ Ծնած է 13 Դեկտեմբեր, 1933ին Մեհրիբան, այժմ՝ Կաթնաղբիւր գիւղին մէջ, Թալինի շրջանը (Արագածոտնի մարզ)։ Անոր ծնողները սասունցի վերապրողներ էին։ Հայրը կորսնցուցած էր իր առաջին կինն ու չորս զաւակները Մեծ Եղեռնի օրերուն։
Ապագայ գրագէտը, որ պապենական Գալշոյեան անունը պիտի որդեգրէր, իր խառնուածքին ու գրականութեան մէջ ցոլացուցած է Սասունի ժառանգութիւնը՝ այն աստիճան, որ սասունցի վերապրողներու մասին իր պատմուածքները կը թուին հոն ծնած ու ապրած մէկու մը գործը, որ բաժնած էր ջարդի ու տեղահանութեան մղձաւանջը։
Մ. Գալշոյեան շրջանաւարտ եղած է Երեւանի գիւղատնտեսութեան հիմնարկէն՝ 1957ին եւ քանի մը տարի աշխատած՝ իր կալուածին մէջ, մինչեւ որ որոշած է անցնիլ լրագրութեան։ 1960ական թուականներուն նախ աշխատած է «Աւանգարդ» եռօրեային եւ, այնուհետեւ՝ նորահաստատ «Գարուն» ամսագրին մէջ, որ անմիջապէս պիտի դառնար հայ գրականութեան ամենաթարմ ձայներու օրկանը։
Լրագրութեան ու գրականութեան միջեւ հեռաւորութիւնը այդքան մեծ չէր։ 1969ին, Գալշոյեան հրատարակած է պատմուածքներու իր առաջին հաւաքածոն՝ «Կռունկ»։ Սակայն, իր գրական հասունութիւնը հաստատած է «Ձորի Միրօ» վիպակի հրատարակութեամբ՝ 1971ին, «Գարուն»ի մէջ։ Այստեղ, ան ներկայացուցած է տակաւին ներկայ ու թարմ հարցումներ անցեալի, ինչպէս եւ աշխարհի հետ հաշտուելու անկարելիութեան մասին՝ գործուած անարդարութեան դէմ յանդիման։ Գրողին հերոսները կը թուէին ըլլալ «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպի հերոսներուն եւ անցեալ դարասկիզբի ֆետայիներուն շառաւիղները, քանի կը կրէին անոնց խառնուածքի առանձնայատկութիւնները։ 1971ին Գալշոյեան աւարտած է Մոսկուայի Մաքսիմ Կորքիի անուան գրականութեան բարձրագոյն հիմնարկը։ Երկու տարի ետք, հրատարակած է պատմուածքներու երկրորդ հատոր մը՝ «Ծաղկած քարեր», որուն յաջորդած է «Բովտուն» վէպը (1974)։
15 Հոկտեմբեր, 1980ին, իր քառասունեօթներորդ տարեդարձէն երկու ամիս առաջ, Մուշեղ Գալշոյեան սպաննուած է իր ծննդավայրին՝ Կաթնաղբիւրի մէջ, իր սեփական հրացանի արկածային կրակոցէն, երբ կը հանգստանար՝ որսորդութեան ընթացքին։ 1981ին, իր վերջին պատմուածքներու հատորը՝ «Մարութայ սարի ամպերը», յետմահու լոյս տեսած է, ու հեղինակը արժանացած՝ Հայաստանի պետական մրցանակին։ «Ձորի Միրօ» վիպակի հիմամբ, միեւնոյն տարին հրապարակ իջած էր համանուն շարժանկարը, ուր Սօս Սարգսեան կը խաղար գլխաւոր հերոսին՝ Ձորի Միրոյին դերը։ Երկու տարի ետք, վիպակը լոյս տեսած է առանձին հատորով։