«Բաւական
է արտասանել Ժակ Դուվալեան անունը եւ աչքերիդ առջեւ կը յառնի
1950-ականների վերջերի, 60-ականների սկզբի Երեւանը՝ գեղեցիկ, ուրախ,
բազմագոյն մի քաղաք՝ նոր, լայն փողոցներով, պուրակներով, գարնանը հոտաւէտ
ակացիաներով, ամրանը՝ փշատի նուրբ հոտով: Իսկ երգչի երգերը զարմանալիօրէն
ներդաշնակ էին այդ տարիների երեւանեան ռոմանտիկայի հետ», երաժշտագէտ
Մարգարիտ Ռուխկեան յայտնած է վերջերս։
Ժագ
Տուվալեան ծնած էր Հալէպ, 1 Յունուար 1920ին, Մեծ Եղեռնէն վերապրողներու
ընտանիքի մէջ։ 1925ին ընտանեօք փոխադրուած են Փարիզ։ Հակառակ թուաբանութեան
եւ ճշգրիտ գիտութիւններու հանդէպ իր հետաքրքրութեան, ան ստիպուած էր
միջնակարգը լքել եւ աշխատիլ՝ ընտանեկան տնտեսութեան նպաստելու համար։
Այնուհետեւ Տուվալեանի մէջ երաժշտութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւն արթնցած
է, սկսած է երգեր յօրինել ու երգել։ Երգած է սրճարաններու մէջ, 1940ական
թուականներուն բարեկամանալով Շառլ Ազնաւուրի եւ այլ երգիչներու հետ։ Բ.
Աշխարհամարտէն ետք, քանի մը երգահանդէսներ տուած է։
Տուվալեան
Խորհրդային Հայաստան ներգաղթած է 1954ին՝ մօրը հետ։ Աստղագիտութիւն
ուսանելու նպատակ ունեցած է, բայց միտքը փոխելով, շարունակած է երգել։
1956ին դարձած է Կոստանդին Օրբելեանի ղեկավարած Հայաստանի պետական
էսդրատային նուագախումբի գլխաւոր երգիչը։ Նուագախումբին հիւրախաղերը
խորհրդային բազմաթիւ քաղաքներու մէջ ջերմօրէն ընդունուած են, յատկապէս՝ նոր
երգիչին մեկնաբանութիւնները։
1959ին,
Տուվալեան հրաւիրուած է Մոսկուա՝ մաս կազմելու Եուրի Սաուլսկիի ղեկավարած
համոյթին։ Անոր հայերէն, ռուսերէն եւ ֆրանսերէն երգերը մեծ յաջողութեան
արժանացած են։ Հեղինակած է քանի մը երգերու խօսքեր, ինչպէս՝ «Երեւանի
փողոցներում»։ Անոր ձայնին որոշակի ֆրանսական երանգը, Երեւանն ու Փարիզը կը
միանային այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ ֆրանսական շարժապատկերն ու
երգերը խորհրդային աշխարհը մուտք կը գործէին։
Յստակ
չէ, թէ ի՞նչ պատահած է յետոյ։ Մ. Ռուխկեան յիշած է, որ «երբ 1964թ. աշնանը
գնացի նրանց տուն՝ պայմանաւորուելու հեռուստատեսային հաղորդման համար,
հենց երգչից լսեցի իր՝ Ֆրանսիա մեկնելու մասին լուրը: Մայրը լուռ
յանդիմանանքով նայեց ինձ, երբ ես ափսոսանք յայտնեցի Հայաստանը թողնելու
որդու որոշման մասին»: Պէտք է յիշել, որ 1956ին, Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց
նախարար Քրիստիան Փինոյի Երեւան այցելութենէն ետք, 1946-1948ին եւ աւելի
ուշ Հայաստան ներգաղթած բազմաթիւ ֆրանսահայեր դիմումներ կատարած էին՝
Ֆրանսա վերադառնալու, ընկերային ու քաղաքական սեղմումներու պատճառով։
Թերեւս Տուվալեանի Ֆրանսա վերադարձը, երբ ժողովրդական անուն մըն էր ո՛չ
միայն հայրենիքի մէջ, այլեւ համախորհրդային չափանիշերով, այս երեւոյթին հետ
կապուած էր։
Ամէն
պարագայի, Ֆրանսա հաստատուելէ ետք, երգիչը անհետացած է արուեստի աշխարհէն
եւ երբեք չէ վերադարձած բեմ։ Ան իր մահկանացուն կնքած է Վերսայլի մէջ, 26
Մարտ 2008ին։ 2015ին, Ժագ Տուվալեանի ծննդեան 95ամեակին առիթով, Մարգարիտ
Ռուխկեան հրատարակած է անոր լաւագոյն ձայնագրութիւններուն խտասալիկ մը՝
«Յիշիր ապագայի մասին»։