Ֆրանսահայ
երգահան Ժորժ Կառվարենց երգերու եւ ֆիլմերու երաժշտութեան բեղուն արտադրող
մը եղած է, ինչպէս նաեւ Շառլ Ազնաւուրի երաժշտական գործակիցը։
Աւազանի
անունով Տիրան, ծնած է 1 Ապրիլ 1932ին՝ Աթէնքի մէջ, հայ գաղթականներու
ընտանիքի մը մէջ։ Հայրը՝ յայտնի բանաստեղծ եւ ուսուցիչ Գէորգ Կառվարենցը
(1892-1946), Մեծ Եղեռնի վերապրող էր եւ համբաւաւոր «Կամաւորական քայլերգ»ի
(«Յառաջ, նահատակ...») խօսքերուն հեղինակը։
Ապագայ
երաժիշտը իր տարրական կրթութիւնը ստացած է Աթէնքի մէջ։ Սակայն, 1941ին
Յունաստանի գրաւումէն ետք Գերմանիոյ, Իտալիոյ եւ Պուլկարիոյ կողմէ,
տնտեսական սոսկալի կացութիւնը պարտադրած է Կառվարենց ընտանիքին
արտագաղթելու յաջորդ տարի եւ Վիեննայի ճամբով Իտալիա հաստատուելու՝ նախ
Վենետիկ եւ ապա Միլան (1943)։ Սակայն, Գէորգ Կառվարենցի յանկարծական մահէն
ետք, անոր այրին ու իր երկու զաւակները փոխադրուած են Փարիզ։
Ժորժ
Կառվարենց իր ուսումը շարունակած է Մխիթարեաններու Սեւրի
«Սամուէլ-Մուրատեան» վարժարանին մէջ եւ այնուհետեւ իր երաժշտական
կրթութիւնը ստացած է Փարիզի երաժշտանոցին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է
1952ին։
Չորս
տարի ետք, ան հանդիպած է Շառլ Ազնաւուրին, որուն հետ սկսած է գործակցիլ՝
գրելով անոր գրա երգերուն երաժշտութիւնը։ Անոնք միասնաբար աւելի քան 100
երգ գրած են երեք տասնամեակներու ընթացքին։ Կառվարենց աւելի քան 700 երգ
գրած է իր երաժշտական կեանքին ընթացքին, որոնցմէ շատեր մեծ համբաւի տիրացած
են, մեկնաբանուելով Ազնաւուրի եւ ուրիշ հռչակաւոր երգիչներու կողմէ (Ճոնի
Հոլիտէյ, Սիլվի Վարդան, Տալիտա, Ժիլպեռ Պէքօ, Միրէյ Մաթիէօ, եւ այլն)։
Կառվարենցի «Հնաոճ հաճոյքներ» ձայնապնակը (1964) լոյս տեսած է 350
տարբերակներով, ծախելով 23 միլիոն օրինակ։ Ան շահած է «Շանսոնիէ» յատուկ
մրցանակը 1964ին։
Յաջորդ տարի, երգահանը ամուսնացած է Ազնաւուրի քրոջ՝ երգչուհի Այտա Ազնաւուրեանի հետ։
Կառվարենց
թէ՛ ֆրանսական եւ թէ՛ միջազգային արտադրութիւն եղող աւելի քան
շարժանկարներու երաժշտութիւնը յօրինած է՝ 1960-1991 թուականներուն։ Ան նաեւ
գրած է երաժշտախառն կատակերգութիւն մը՝ «Երկու հրեշտակներ եկած են», եւ
«Տուշքա» օփերէթը։
Երգահանը
երկու անգամ Հայաստան այցելած է, 1977ին եւ 1988ին։ Ազնաւուրի հետ անոր
երկարամեայ համագործակցութիւնը նաեւ իրենց հայկական արմատներուն
անդրադարձած է։ Այսպէս, 1975ին անոնք միասնաբար յօրինած են «Անոնք ինկան»
(“Ils sont tombés”) երգը՝ Մեծ Եղեռնի 60ամեակին, իսկ 1988ին՝ «Քեզի համար,
Հայաստան» (“Pour toi, Arménie”) երգը, 7 Դեկտեմբեր 1988ի աղէտալի
երկրաշարժէն ետք։ Վերջինիս համար, Ազնաւուր համախմբած է ֆրանսացի
երգիչներու համաստեղութիւն մը՝ յատուկ տեսերիզի պատրաստութեան համար։ Երգի
ամբողջական հասոյթը տրամադրուած է վերապրողներու օժանդակութեան։
1991ին
Կառվարենց սրտի կաթուած մը ունեցած է, բայց վատառողջ պայմանները, որոնք
զինք մէկ հիւանդանոցէն միւսը տարած են, չեն կանգնեցուցած իր երաժշտական
աշխատանքը։ Մահացած է 19 Մարտ 1993ին, Օպանիըի հիւանդանոցը, Մարսէյլի
մօտերը։