19րդ
դարը մեր անցեալի վերյայտնութեան ժամանակն էր, իսկ Մխիթարեան միաբանութեան
Վենետիկի ու Վիեննայի երկու ճիւղերը՝ գլխաւորած են այդ շարժումը։
Վիեննական միաբաններէն՝ Հ. Կղեմես վրդ. Սիպիլեան հայ դրամագիտութեան
ռահվիրան պիտի դառնար։
Աւազանի
անունով՝ Մկրտիչ, ծնած է Կ. Պոլիս, 17 Փետրուար 1824ին։ 1838ին մտած է
Վիեննայի Մխիթարեան վանքը, միաբանութեան անդամակցելով չորս տարի ետք։
1845ին ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ, Կղեմես անունը առնելով։ Նորօծ
վարդապետը սկսած էր դրամագիտութիւն սորվիլ աբբահայր Արիստակէս Ազարեանի
դասերուն շնորհիւ. վերջինս միաբանութեան դրամներու հաւաքածոն հիմնած էր
1825ին։
Սիպիլեան
սկսած է գրել իր գլխաւոր գործը՝ «Դասաւորութիւն Ռուբէնեան դրամոց»,
1846ին, բայց հասկնալով որ տակաւին հետազօտական մեծ աշխատանք պէտք է
կատարուէր, աշխատանքը յետաձգած է։ 1847-1849ին Փոքր Հայք ճամբորդելէ ետք,
1851ին երկու գիրք հրատարակած է Վիեննայի մէջ, նուիրուած՝ Մեքսիքոյի
նուաճումին սպանացիներու կողմէ եւ Տրդատ թագաւորի վերջին օրերուն ու
մահուան հանգամանքներուն։ Իզմիր գտնուելով 1853-1855ին, փորձած է Կիլիկիա
ճամբորդել, բայց այս փորձը ձախողած է, երբ իր մեծաւորները զինք Պոլիս ղրկած
են ու ապա՝ Հոկտեմբեր 1856ին Պարսկաստան, ուր տասներու տարի Սպահանի հայ
կաթողիկէ համայնքին ժողովրդապետը եղած է։ Միջոցին, սկսած էր դրամագիտութեան
եւ հնախօսութեան նիւթերով յօդուածներ հրատարակել հայ եւ եւրոպական
պարբերականներու մէջ։
Պարսկաստան
ապրած տարիներուն, Սիպիլեան այցելած է Թեհրան (1857), Վան (1861), Թիֆլիս
եւ Էջմիածին (1864)։ Այսպէս, ան ծանօթացած է Հայաստանի անցեալին, որ իր
անմիջական հետաքրքրութեան առարկան էր, եւ անոր ներկային։ 1868ին Պոլիս
վերադառնալով, կրկին Փոքր Ասիա ճամբորդած է մինչեւ 1870։ Իւրաքանչիւր
ճամբորդութիւն առիթ մըն էր դրամներ եւ այլ հնատիպ նիւթեր հաւաքելու, զորս
նուիրած է միաբանութեան թանգարանին եւ այլ հաստատութիւններու։ Վիեննա
կարճատեւ վերադարձէ մը ետք, ան կրկին մեկնած է Պոլիս, ուր սկսած է
գործակցիլ քաղաքի բոլոր հայ մշակութային հաստատութիւններուն հետ։ Ան
դասախօսութիւններ տուած է դպրոցներու մէջ եւ հրատարակած է աշխարհագրութեան
դասագիրք մը (1877)։
Լեւոն Ա. թագաւորի ոսկեդրամ |
1875ին
Սիպիլեան Վիեննայի Դրամագիտական Ընկերութեան թղթակից անդամ նշանակուած է՝
յունական եւ հայկական դրամներու իր մասնագիտութեան բերումով։ Ան դասաւորած է
Պոլսոյ Օսմանեան թանգարանի հին շրջանի նիւթերը, իսկ 1876ին սուլթան
Ապտիւլ-Ազիզ գնահատելով անոր արժանիքները, թանգարանի երկրորդ տեսուչ
նշանակած է։ 1876ի վերջերուն, անխոնջ վանականը յաջողած է Կիլիկիա այցելելու
իր երազը իրականացնել, իսկ Ապրիլ 1877ին, թանգարանին կողմէ առաքուած է
Միջագետք՝ նիւթեր ձեռք բերելու համար։ Այս ճամբորդութիւնը ճակատագրական
պիտի ըլլար։ Հ. Կղեմես Սիպիլեան, ֆիզիքապէս տկարացած՝ մնայուն
ճամբորդութիւններու պատճառով, ծանրօրէն հիւանդացաւ թանջքով (dysentery)։
Գրեթէ կիսամահ հասնելով Տիգրանակերտ, ութը օր ետք իր մահկանացուն կնքած է՝
23 Մայիս, 1878ին, ու հոն թաղուած։
Իր
մահէն քիչ առաջ, Սիպիլեան ամբողջացուցած էր «Դասաւորութիւն Ռուբէնեան
դրամոց» աշխատութիւնը, ուր առաջին անգամ ըլլալով մշակած, դասաւորած ու
ժամանակագրական քննութեան ենթարկած էր Կիլիկիոյ հայկական պետութեան աւելի
քան 2.000 դրամներ։ Ձեռագիրը մնացած է ընտանիքին մօտ, մինչեւ որ Մխիթարեան
միաբանութիւնը գնած ու հրատարակած է 1892ին, Վիեննայի մէջ, Հ. Գրիգորիս
Գալեմքեարեանի խմբագրութեամբ եւ լրացումներով։ Յառաջաբանին մէջ,
հրատարակիչը նշած է, թէ միաբանութիւնը արդէն ունէր 15.000 դրամներու
հաւաքածոյ մը, ներառելով՝ Արշակունեաց թագաւորութեան 220 եւ կիլիկեան
ժամանակաշրջանէ 2.232 դրամներ, շնորհիւ Սիպիլեանի մնայուն ջանքերուն։ Իր
գրախօսականին մէջ, Ս. Էջմիածնի «Արարատ» պաշտօնաթերթը գրած է. «Ահա մի
գիրք, որ արժանի է զարդարելու իւրաքանչիւր հայի սեղան, եթէ թանկ են նրա
համար իւր նախնեաց յիշատակարանները, եթէ նա ցանկանում է այդ
յիշատակարանների անփոփոխ պատկերը իւր առաջ ունենալ»։
1980ին
Քալիֆորնիոյ Հայ Դրամագիտական Ընկերութիւնը հրատարակած է յատուկ հատոր մը՝
Հ. Կղեմես վրդ. Սիպիլեանի մահուան հարիւրամեակին առիթով։