1701ին
հիմնելով Մխիթարեան միաբանութիւնը, Մխիթար Սեբաստացի կը պատկերացնէր
վանական եղբայրութիւն մը որուն գլխաւոր նպատակը պիտի ըլլար կրթական եւ
ուսումնական աշխատանքը։ Իր աշակերտներն ու վանականներու յաջորդական
սերունդներ այս ծրագիրը պիտի իրագործէին Վենետիկի ու Վիեննայի զոյգ
կեդրոններուն մէջ։
Հ.
Մկրտիչ վրդ. Աւգերեան Մխիթարի աշակերտներուն յաջորդող սերունդին նշանաւոր
անուններէն մէկը պիտի ըլլար։ Ծնած էր Անգարա (Թուրքիա), 11 Նոյեմբեր
1762ին, հայ կաթողիկէ ընտանիքի մը մէջ։ Տասներկու տարեկանին, հայրը զինք
տարած է Վենետիկ, ուր Ս. Ղազար մտնելով իր ուսումը ստացած է։ Շրջանաւարտ
ըլլալէ ետք, 1786ին վարդապետ ձեռնադրուած է։ Տասը տարի դասաւանդած է
վանական դպրոցին մէջ եւ այնուհետեւ ղրկուած Կ. Պոլիս՝ իբրեւ քարոզիչ հայ
կաթողիկէ համայնքին համար։ Ութ տարուան պաշտօնավարութենէ ետք, 1804ին
վերադարձած է վանք, ուր երեսուն տարի խորհրդականի պաշտօնը պիտի վարէր, եւ
ապա՝ ընդհանուր աթոռակալի պաշտօնը։
Իր
վարչական ու եկեղեցական պարտականութիւններուն կողքին, Աւգերեան եղած է
բեղուն գիտնական, լեզուաբան ու թարգմանիչ։ 1810-1814ին ան տասներկու
հատորով հրատարակած է կոթողական «Լիակատար վարք եւ վկայաբանութիւն Սրբոց,
որք կան ի հին տօնացուցի եկեղեցւոյ Հայաստանեայց» գործը, ուր ցուցակագրած է
Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ յիշուած բոլոր սուրբերը, անոնց
կենսագրութիւնները շարադրելով։ Ան նաեւ գրած է նոյն ժամանակաշրջանին շարք
մը կրօնա-բարոյական գործեր, որոնցմէ երկուքը՝ «Բարի խորհուրդներ» (1809) եւ
«Դեղ կենաց, որ է հոգեւոր բժշկարան» (1810), աշխարհաբարով շարադրած է։
Աւգերեան
ընդհանուր գիտութեան կարեւոր ծառայութիւն մը մատուցած է, հրատարակելով
երկու գործեր, որոնց բնագրերը կորսուած են ու միայն պահպանուած են հնագոյն
գրաբար թարգմանութեամբ։ Առաջինը Եւսեբիոս Կեսարացիի «Քրոնիկոն»ն է (1818),
զոր հրատարակած է բնագրով եւ իր լատիներէն թարգմանութեամբ։ Երկրորդը՝ Փիլոն
Ալեքնսանդրացիի «Մնացորդ բանից»ն է (1826)։ Մինչ Եւսեբիոսի գործը կարեւոր
աղբիւր մըն է հին աշխարհի պատմութեան համար, Փիլոնի աշխատութիւնները մեծ
դեր խաղացած են քրիստոնէութեան փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական հիմքերուն
զարգացման մէջ։ Ոչ պակաս կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Յովհաննէս կաթողիկոս
Օձնեցիի «Ճառ ընդդէմ երեւութականաց» գործին հրատարակութիւնը (1807), որ այս
հերձուածին ընդդիմախօսութիւն մըն էր։ Երեւութականները, որոնց գլխաւոր
ներկայացուցիչը եղած էր Զ. դարու հեղինակ Յուլիանոս Հալիկառնացին, կը
պնդէին, որ Քրիստոսի մարմինը միշտ անապական եղած էր։
Աւգերեան
նաեւ թարգմանած է բազմաթիւ գործեր լատիներէնէ գրաբար, որոնց շարքին՝
Սենեկայի, Կիկերոնի եւ Գրիգոր Մեծի երկեր։ Այս թարգմանութիւններուն շարքին էր նաեւ 14րդ դարու
Հեթում պատմիչի «Պատմութիւն թաթարաց»ի թարգմանութիւնը (1842)։
Սակայն,
այս վաստակաւոր Մխիթարեանի գիտական գործունէութեան ամենէն կարեւոր
իրագործումը կը կազմէ «Նոր Հայկազեան լեզուի բառարան»ը, իր եղբայրակիցներուն՝ Հ. Գաբրիէլ Աւետիքեանի եւ Հ.
Խաչատուր Սիւրմէլեանի հետ։ Աւգերեան գրած է գրաբարի այս հիմնական բառարանի
երեսուն տառեր (Զ. տառէն մինչեւ վերջ) եւ հսկած է անոր հրատարակութեան
1836-1837ին, իր հեղինակակիցներուն մահէն ետք։ Հասկնալով, որ այդ կոթողական
գործը միայն հասանելի պիտի ըլլար սահմանափակ շրջանակի մը, Աւգերեան
պատրաստած է «Առձեռն բառարան Հայկազեան լեզուի»ն (1846), որ անոր խտացած
տարբերակն է՝ աշխարհաբար բացատրութիւններով։
Անխոնջ այս հեղինակը իր մահկանացուն կնքած է Ս. Ղազարի մէջ 92 տարեկանին, 3 Մարտ 1854ին։