Showing posts with label Մխիթարեան միաբանութիւն. Show all posts
Showing posts with label Մխիթարեան միաբանութիւն. Show all posts

Friday, October 25, 2019

Հ. Յակովբոս Տաշեան (ծնունդ՝ 25 Հոկտեմբեր, 1866)

Մխիթարեան միաբանութեան վիեննական ճիւղը, հիմնուած՝ 1811ին, յատկանշուած է իր գիտական վաստակով, որուն ցոլացումը կարելի է գտնել անոր հրատարակութիւններուն եւ յատկապէս «Հանդէս Ամսօրեայ» պարբերականին մէջ, որ աւելի քան 130 տարիէ ի վեր լոյս կը տեսնէ։ Վիեննայի Մխիթարեաններու այդ ոսկեդարու գլխաւոր անուններէն մէկն էր Հ. Յակովբոս Տաշեան, որ հայագիտութիւնը հարստացուց կարեւոր հրատարակութիւններով՝ 45 տարուան գիտական արտադրութեան ընթացքին։

Բուն անունով՝ Փրանկիսկոս Թաշճեան, ապագայ հայագէտը ծնած է Կարին (Էրզրում) նահանգի Արծաթի գիւղը, 5 Հոկտեմբեր, 1866ին։ Տարրական ուսումը Կարնոյ ծխական դպրոցը ստանալէ ետք, 1880ին ծնողքը զինք ղրկած է Վիեննայի Մխիթարեան ընծայարանը։ 1883ին ուխտ ըրած է իբրեւ նորընծայ՝ Յակովբոս անունը առնելով, իսկ 1885ին միաբանութեան անդամակցած է։ 1889ին ուսումը աւարտելով, քահանայական ձեռնադրութիւնը ստացած է եւ կարգուած՝ փիլիսոփայութեան եւ հայոց լեզուի ուսուցիչ վանքի կրթարանին մէջ։ Իր առաջին գործերը «Թաշճեան» ստորագրելէ ետք, 1891ին Տաշեան հայեցի մականունը որդեգրած է։

Սորվելու երկաթեայ կամքով օժտուած, Հ. Յակովբոս Տաշեան հայ լեզուի, պատմութեան, աշխարհագրութեան ու գրականութեան համապարփակ գիտութեան տիրացած է, ինչպէս նաեւ՝ տասնեակ մը հին եւ նոր լեզուներու։ Ինչպէս իր կրտսեր պաշտօնակիցը՝ Հ. Ներսէս Ակինեան գրած է, «չյաճախեց բարձրագոյն դպրոցներ, բայց մոգեց իր հմտութիւնը համալսարանական ուսուցիչներ եւ ուսուցչապետներ»։

1893-1909 ին այցելած է Վենետիկ, Պերլին, Կ. Պոլիս, Զմիւռնիա եւ Կարին՝ գիտական առաքելութեամբ։ 1909-1912ին Պոլսոյ Մխիթարեան վանատան մեծաւոր կարգուած է։ Վիեննա վերադառնալով 1912ին, միաբանութեան Վարչական Ժողովի անդամ եղած է։

Տաշեան 25 տարեկանին հրատարակած է Վիեննայի արքայական գրադարանի հայկական ձեռագիրներու ցուցակը, որուն հետեւած է Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան ցուցակը (1895), զոր կազմած է երկու տարուան մէջ, ընդգրկելով 573 ձեռագրեր՝ հանրագիտարանային բնոյթի տեղեկութիւններով իւրաքանչիւր միաւորի մասին։ Անոր ցուցակագրութեան եղանակը «Տաշեան ոճ» անունով՝ ծանօթ դարձած է հայ բանասիրութեան մէջ։

1897ին ամբողջացուցած ու հրատարակութեան պատրաստած է Հ. Յովսէփ Գաթրճեանէն անտիպ մնացած հայկական Պատարագամատոյցը՝ համեմատութեամբ յունական, ասորական եւ լատինական պատարագներու հետ։

Այնուհետեւ, տասնամեակներ առաջ գրուած ու անտիպ մնացած ուրիշ գործի մը հրատարակութիւնը յանձն առած է՝ Հ. Քերովբէ Սպէնեանի «Ուսումն դասական հայերէն լեզուի»։ Այս նպատակով, ինքզինք նետած է հայ ժողովուրդի ծագման եւ անոր յարակից բազմաթիւ պատմական ու լեզուական խնդիրներու ուսումնասիրութեան մէջ։ Այսպիսով, 700 էջնոց մեծածաւալ հատորը լոյս տեսած է 1920ին՝ երկու տասնամեակներու աշխատանքէ ետք, որուն հետեւած է յետմահու տպուած շարունակութիւն մը՝ «Հաթեր եւ ուրարտեանք» (1934)։

Հ. Տաշեան անխոնջ հետազօտող էր, հրատարակելով Ագաթանգեղոսի (1891), Սուտ-Կալիսթենէի «Վարք Աղեքսանդրի»ի (1892), հայկական հնագրութեան (1898), հայ մատենագրութեան վաղ դարերու հեղինակներու (1898 եւ 1901) եւ բազմաթիւ այլ նիւթերու մասին հատորներ։ Հայերէնի թարգմանած է ականաւոր հայագէտներու գործեր, որոնց շարքին՝ Հայնրիխ Հիւպշմանի, Հայնրիխ Պետերմանի, Փօլ Ֆեթթէրի, Ֆրիտրիխ Միւլլէրի (գերմաներէնէ), Ֆրետրիք Կոնիբէարի (անգլերէնէ), Նիկողայոս Մառի (ռուսերէնէ), եւ այլոց երկեր։ Ոեւէ հայ կամ ոչ-հայ հայագէտ, որ հայագիտական հարցերու մասին հարցումներ ունէր, պարտաւոր էր դիմել Տաշեանին։

1915 ի եղեռնին պատճառած ցնցումը զինք մղեց ժամանակակից հարցերով զբաղելու։ 1921ին Հ. Տաշեան հրատարակած է գերմանական փաստաթուղթերու հատոր մը՝ հայերէն թարգմանութեամբ («Հայ ազգի տարագրութիւնը գերմանական վաւերագիրներու համեմատ») եւ ժողովրդագրական ուսումնասիրութիւն մը՝ «Հայ բնակչութիւնը Սեւ ծովէն մինչեւ Կարին»։ Վերջինս ֆրանսերէն թարգմանութեամբ լոյս տեսած է 1922ին։

Այս բեղուն հայագէտը վախճանած է 3 Փետրուար 1933ին, 66 տարեկանին։ Մահէն տասնհինգ տարի ետք, Մխիթարեան միաբանութիւնը հրատարակած է անոր անտիպ մնացած եւս մէկ գործ՝ «Հին Հայաստանի արեւմտեան սահմանը» (1948)։

Monday, September 16, 2019

Ծերենց (ծնունդ՝ 16 Սեպտեմբեր, 1822)

Ինչպէս Րաֆֆին՝ արեւելահայերու մէջ, Ծերենց ժողովրդական վիպագիր մը եղած է արեւմտահայերու մէջ, որուն պատմավէպերը, հեռու անցեալին մէջ ընթանալով հանդերձ, շատերը ներշնչած են հայրենասիրական գաղափարներով։

Բուն անունով՝ Յովսէփ Շիշմանեան, ծնած է 16 Սեպտեմբեր, 1822ին, Պոլիս, կաթողիկէ ընտանիքի մը ծոցին մէջ։ Տասը տարեկանին, ծնողները զինք ղրկած են Ս. Ղազար, բայց Մխիթարեան վանքին մէջ հինգ տարուան ուսումէ ետք, մերժած է կուսակրօն քահանայ դառնալ, ու 1837ին վերադարձած՝ իր ծննդավայրը։ Հայերէնի, հայոց պատմութեան ու գրականութեան ուսուցչութեամբ զբաղած է քանի մը տարի, եւ 1843ին Թիֆլիս ճամբորդած, սկսելով երկար շրջագայութիւն մը Արեւելեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ՝ հայրենի հողին ու ժողովուրդին ծանօթանալու նպատակով։ Աւելի ուշ, իր տպաւորութիւնները պիտի հրատարակէր պոլսահայ մամուլին մէջ, որդեգրելով Ծերենզ գրչանունը։

1848ին, ապագայ վիպասանը որոշած է բժշկական ուսման հետեւիլ, մեկնելով Փարիզ։ Հոն, միաժամանակ ուսանած է Սորպոնի մէջ եւ դասաւանդած՝ Մխիթարեաններու Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանին մէջ։ 1848ի ֆրանսական յեղափոխութիւնը, որուն ալիքները սփռուած են Եւրոպայի տարածքին, եւ իտալական ազատագրական շարժումը մեծապէս ներգործած են գրագէտի աշխարհահայեացքին վրայ։ Ան բարեկամական կապեր հաստատած է Փարիզ ուսանող այլ պոլսահայ մտաւորականներու հետ, ինչպէս Գրիգոր Օտեան, Նահապետ Ռուսինեան եւ Ստեփան Ոսկան, որոնք կարեւոր դեր պիտի ունենային Զարթօնքի շարժումին մէջ։

Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, 1853ին Ծերենց վերադարձած է Պոլիս ու իր ասպարէզով զբաղած, միաժամանակ գործօն մասնակցութիւն բերելով հայ հանրային կեանքին։ Յօդուածներ գրած է կրթական հարցերու շուրջ, Ազգային Սահմանադրութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն մասնակցած է, եւ պայքարած է հայ կաթողիկէ համայնքի դաւանական վիճաբանութիւններուն դէմ։

Զէյթունի ապստամբութեան (1862) նախօրեակին, Ծերենց մեկնած է Կիլիկիա՝ կրթական կալուածին մէջ աշխատելու համար, նպատակ ունենալով՝ բանալ երկրագործական դպրոց մը։ Սակայն, քաղաքական հետապնդումները զինք ստիպած են Պոլիս վերադառնալ։

Գրիգոր Օտեանի միջամտութեամբ, Ծերենց Պոլսոյ հիւանդանոցներէն մէկուն կողմէ գործի ընդունուած է 1872ին։ Երկու տարի ետք, անոր կինը մահացած է, զինք առանձին ձգելով 14ամեայ աղջկան՝ Թագուհիին հետ, իսկ 1875ինն քանի մը ֆրանսացի կաթողիկէ մայրապետներու բանսարկութիւնները ստիպած են հիւանդանոցի տնօրէնը՝ Ծերենցը գործէ հեռացնելու։ 1876ին, օսմանեան կառավարութիւնը զինք ղրկած է Կիպրոս, որ այն ատեն աքսորավայր մըն էր, իբրեւ բժիշկ աշխատելու։

1878ին, Ծերենց հաստատուած է Թիֆլիս իր աղջկան հետ, որ հոն ամուսնացած էր։ Իր կեանքի վերջին տասնամեակին, ան շատ ժողովրդական վիպասան մը պիտի դառնար՝ պատմավէպի ծագման ու զարգացման կարեւոր նպաստ բերելով։ 1877ին, լոյս տեսած էր անոր առաջին ու ամենէն յաջող վէպը՝ «Թորոս Լեւոնի», ուր կը նկարագրէ Կիլիկիոյ Թորոս Բ. իշխանապետի (1145-1169) կեանքն ու քաջագործութիւնները։ Թիֆլիսի մէջ, Ծերենց դասաւանդած է Ներսիսեան վարժարանին մէջ, իսկ 1877-1878ին ճամբորդած է Վան, Ալաշկերտ ու Բասէն՝ ռուս-թրքական պատերազմէն տուժած բնակչութեան բժշկական օժանդակութիւն մատուցելու համար։

Ծերենց ետեւ-ետեւի հրատարակած է իր յաջորդ վէպերը՝ «Երկունք Թ. դարու» (1879) եւ «Թէոդորոս Ռշտունի» (1881)։ Առաջինը՝ Յովնան Խութեցիի արաբական տիրապետութեան դէմ ապստամբութիւնը կը նկարագրէ (852-853), իսկ երկրորդը՝ 7րդ դարու բիւզանդա-պարսկական պատերազմներու շրջանին Հայաստանի վիճակը։ Վիպասանին ժողովրդականութիւնը երկարաձգուած է մինչեւ մեր օրերը։

1884ին, գրագէտը կորսնցուցած է իր մէկ հատիկ աղջիկը։ Այս ահաւոր հարուածը պատճառ դարձած է անոր առողջութեան կտրուկ վատթարացումին, որուն հետեւանքով ան կաթուածահար մահացած է Թիֆլիսի մէջ, 17 Փետրուար 1888ին, 66 տարեկանին։ Անոր ժողովրդականութիւնը, սակայն, հասած է մինչեւ մեզի։

Wednesday, May 22, 2019

Գուրգէն Ալէմշահ (ծնունդ՝ 22 Մայիս, 1907)

Վաղամեռիկ երգահան Գուրգէն Ալէմշահ անցեալ դարու առաջին կէսին Սփիւռքի արդէն ծանօթ անուն մըն էր, ու անոր երգերը մինչեւ այսօր երաժշտական յայտագիրներու մէջ կարելի է գտնել։

Ալէմշահ ծնած է Պարտիզակ հայաբնակ գիւղին մէջ (Արեւմտեան Թուրքիա), 22 Մայիս 1907ին։ Տարրական ուսումը ստացած է Պոլսոյ Բերայի Մխիթարեան վարժարանին մէջ, աւարտելով 1918ին։ Այնուհետեւ, միաբանութեան Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանը մտած է ուշրջանաւարտ եղած՝ 1923ին։ Դպրոցին մէջ արդէն ցոյց տուած է իր խոստմնալից ապագան՝ իբրեւ դաշնակահար, եւ այնուհետեւ իր ուսումը շարունակած է Միլանի երաժշտանոցին մէջ։ Անոր ուսուցիչները տեսած են իր մէջի բացառիկ տաղանդը, եզակի ներշնչումը, եւ արեւելեան երաժշտութիւնն ու ժողովրդական տարրերը եւրոպական թեքնիքի հետ միախառնելու կարողութիւնը։

1930ին աւարտելով երաժշտանոցը, Ալէմշահ հաստատուած է Փարիզ, ուր դասաւանդած է Մխիթարեաններու Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանը, ինչպէս եւ իտալական երկրորդականներու մէջ։ Երգահանի իր բեղուն գործունէութեան կողքին, կազմակերպած է «Կիլիկիա» երգչախումբը, որ քաջածանօթ դարձած է ֆրանսահայ համայնքին մէջ։ Հազիւ 26 տարեկան, 1933ին ընտրուած է Ֆրանսայի Երաժշտական Հեղինակներու, Երգահաններու եւ Հրատարակիչներու Ընկերակցութեան անդամ։ 1930ական թուականներուն, Ժան Վալտոն կեղծանունով եւրոպական ներշնչումով բազմաթիւ գործեր յօրինած է։

Յատկապէս տպաւորիչ եղած է 1934ին «Կիլիկիա» երգչախումբի համերգը՝ Ալէմշահի ղեկավարութեամբ, Փարիզի «Կաւօ» սրահին մէջ, աւելի քան 1.000 հայ եւ ֆրանսացի ունկնդիրներով, ուր Կոմիտաս վարդապետի գործերուն կողքին, առաջին անգամ ներկայացուած է երիտասարդ երգահանին «Արեւելեան գիշերներ» (1931) գործը եւ երգի ու նուագախումբի համար «Աւարայրի պատերազմը» (1934) կոթողական երկը։ 1936ին, Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի հարիւրամեակին առիթով, Ալէմշահ իր երգչախումբը Վենետիկ տարած է, ուր համերգներ տուած է թէ՛ դպրոցի սրահին մէջ եւ թէ՛ Ս. Մարկոս հրապարակին վրայ, ներկայացնելով կոմիտասեան երգերն ու իր սեփական երգերը՝ ժողովրդական նիւթերով։ 1937ին իր «Հայկական հարսանիք» գործը, ուր միախառնուած են ժողովրդական երգերն ուԱլէմշահի երաժշտութիւնը, քսան ազգերու մասնակցութեամբ Ժողովուրդներու Երաժշտութեան միջազգային մրցահանդէսին երկրորդ մրցանակը շահած է։

1938-1939ին «Ալագեազ» երգչախումբը ղեկավարելէ ետք, 1939ին նշանակուած է «Սիփան Կոմիտաս» երգչախումբի խմբավար, ու այս պաշտօնը պիտի վարէր մինչեւ մահը։ Ալէմշահ ներկայացուցած է Արմէն Տիգրանեանի «Անոյշ» օփերան, ինչպէս եւ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը՝ կարգ մը ֆրանսական եկեղեցիներու մէջ։

Ալէմշահի երգերուն մէկ մասը հրատարակուած է Փարիզ՝ 1947ին։ Նոյն տարուան աշնան, այցելած է Միացեալ Նահանգները կարգ մը ելոյթներ ունենալու համար։ Հոկտեմբերին հայկական նուագախմբային եւ երգչախմբային երաժշտութեան նուիրուած համերգ մը ղեկավարած է Նիւ Եորքի «Թաուն հոլ»ին մէջ։ Տիթրոյիթի մէջ, ելոյթ ունենալէ մէկ օր առաջ, սակայն, 14 Դեկտեմբեր, 1947ին, հազիւ քառասնամեայ երգահանը անհանգիստ զգացած ու մինչեւ օգնութիւն հասած՝ մահացած է սրտի կաթուածէ։ Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է Նիւ Եորքի մէջ՝ Հայ կաթողիկէ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ, եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ երգչախումբի մասնակցութեամբ։ Հանգուցեալ երաժիշտին մարմինը թաղուած է Փարիզի մէջ։

Sunday, February 17, 2019

Հ. Կղեմես վրդ. Սիպիլեան (ծնունդ՝ 17 Փետրուար, 1824)

19րդ դարը մեր անցեալի վերյայտնութեան ժամանակն էր, իսկ Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի ու Վիեննայի երկու ճիւղերը՝ գլխաւորած են այդ շարժումը։ Վիեննական միաբաններէն՝ Հ. Կղեմես վրդ. Սիպիլեան հայ դրամագիտութեան ռահվիրան պիտի դառնար։

Աւազանի անունով՝ Մկրտիչ, ծնած է Կ. Պոլիս, 17 Փետրուար 1824ին։ 1838ին մտած է Վիեննայի Մխիթարեան վանքը, միաբանութեան անդամակցելով չորս տարի ետք։ 1845ին ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ, Կղեմես անունը առնելով։ Նորօծ վարդապետը սկսած էր դրամագիտութիւն սորվիլ աբբահայր Արիստակէս Ազարեանի դասերուն շնորհիւ. վերջինս միաբանութեան դրամներու հաւաքածոն հիմնած էր 1825ին։

Սիպիլեան սկսած է գրել իր գլխաւոր գործը՝ «Դասաւորութիւն Ռուբէնեան դրամոց», 1846ին, բայց հասկնալով որ տակաւին հետազօտական մեծ աշխատանք պէտք է կատարուէր, աշխատանքը յետաձգած է։ 1847-1849ին Փոքր Հայք ճամբորդելէ ետք, 1851ին երկու գիրք հրատարակած է Վիեննայի մէջ, նուիրուած՝ Մեքսիքոյի նուաճումին սպանացիներու կողմէ եւ Տրդատ թագաւորի վերջին օրերուն ու մահուան հանգամանքներուն։ Իզմիր գտնուելով 1853-1855ին, փորձած է Կիլիկիա ճամբորդել, բայց այս փորձը ձախողած է, երբ իր մեծաւորները զինք Պոլիս ղրկած են ու ապա՝ Հոկտեմբեր 1856ին Պարսկաստան, ուր տասներու տարի Սպահանի հայ կաթողիկէ համայնքին ժողովրդապետը եղած է։ Միջոցին, սկսած էր դրամագիտութեան եւ հնախօսութեան նիւթերով յօդուածներ հրատարակել հայ եւ եւրոպական պարբերականներու մէջ։

 Պարսկաստան ապրած տարիներուն, Սիպիլեան այցելած է Թեհրան (1857), Վան (1861), Թիֆլիս եւ Էջմիածին (1864)։ Այսպէս, ան ծանօթացած է Հայաստանի անցեալին, որ իր անմիջական հետաքրքրութեան առարկան էր, եւ անոր ներկային։ 1868ին Պոլիս վերադառնալով, կրկին Փոքր Ասիա ճամբորդած է մինչեւ 1870։ Իւրաքանչիւր ճամբորդութիւն առիթ մըն էր դրամներ եւ այլ հնատիպ նիւթեր հաւաքելու, զորս նուիրած է միաբանութեան թանգարանին եւ այլ հաստատութիւններու։ Վիեննա կարճատեւ վերադարձէ մը ետք, ան կրկին մեկնած է Պոլիս, ուր սկսած է գործակցիլ քաղաքի բոլոր հայ մշակութային հաստատութիւններուն հետ։ Ան դասախօսութիւններ տուած է դպրոցներու մէջ եւ հրատարակած է աշխարհագրութեան դասագիրք մը (1877)։

Լեւոն Ա. թագաւորի ոսկեդրամ
1875ին Սիպիլեան Վիեննայի Դրամագիտական Ընկերութեան թղթակից անդամ նշանակուած է՝ յունական եւ հայկական դրամներու իր մասնագիտութեան բերումով։ Ան դասաւորած է Պոլսոյ Օսմանեան թանգարանի հին շրջանի նիւթերը, իսկ 1876ին սուլթան Ապտիւլ-Ազիզ գնահատելով անոր արժանիքները, թանգարանի երկրորդ տեսուչ նշանակած է։ 1876ի վերջերուն, անխոնջ վանականը յաջողած է Կիլիկիա այցելելու իր երազը իրականացնել, իսկ Ապրիլ 1877ին, թանգարանին կողմէ առաքուած է Միջագետք՝ նիւթեր ձեռք բերելու համար։ Այս ճամբորդութիւնը ճակատագրական պիտի ըլլար։ Հ. Կղեմես Սիպիլեան, ֆիզիքապէս տկարացած՝ մնայուն ճամբորդութիւններու պատճառով, ծանրօրէն հիւանդացաւ թանջքով (dysentery)։ Գրեթէ կիսամահ հասնելով Տիգրանակերտ, ութը օր ետք իր մահկանացուն կնքած է՝ 23 Մայիս, 1878ին, ու հոն թաղուած։

Իր մահէն քիչ առաջ, Սիպիլեան ամբողջացուցած էր «Դասաւորութիւն Ռուբէնեան դրամոց» աշխատութիւնը, ուր առաջին անգամ ըլլալով մշակած, դասաւորած ու ժամանակագրական քննութեան ենթարկած էր Կիլիկիոյ հայկական պետութեան աւելի քան 2.000 դրամներ։ Ձեռագիրը մնացած է ընտանիքին մօտ, մինչեւ որ Մխիթարեան միաբանութիւնը գնած ու հրատարակած է 1892ին, Վիեննայի մէջ, Հ. Գրիգորիս Գալեմքեարեանի խմբագրութեամբ եւ լրացումներով։ Յառաջաբանին մէջ, հրատարակիչը նշած է, թէ միաբանութիւնը արդէն ունէր 15.000 դրամներու հաւաքածոյ մը, ներառելով՝ Արշակունեաց թագաւորութեան 220 եւ կիլիկեան ժամանակաշրջանէ 2.232 դրամներ, շնորհիւ Սիպիլեանի մնայուն ջանքերուն։ Իր գրախօսականին մէջ, Ս. Էջմիածնի «Արարատ» պաշտօնաթերթը գրած է. «Ահա մի գիրք, որ արժանի է զարդարելու իւրաքանչիւր հայի սեղան, եթէ թանկ են նրա համար իւր նախնեաց յիշատակարանները, եթէ նա ցանկանում է այդ յիշատակարանների անփոփոխ պատկերը իւր առաջ ունենալ»։

1980ին Քալիֆորնիոյ Հայ Դրամագիտական Ընկերութիւնը հրատարակած է յատուկ հատոր մը՝ Հ. Կղեմես վրդ. Սիպիլեանի մահուան հարիւրամեակին առիթով։

Thursday, January 10, 2019

Հ. Սերովբէ Տէրվիշեան (ծնունդ՝ 10 Յունուար 1846)

Հ. Սերովբէ վրդ. Տէրվիշեանը մոռցուած անուն մըն է այսօր։ Ան հայկական լեզուաբանութեան ռահվիրայ մը եղած է 19րդ դարուն, երբ հայերէնը հազիւ գտած էր իր ճիշդ դիրքը հնդեւրոպական լեզուներու ընտանիքին մէջ, եւ հնդեւրոպաբանները հազուադէպ էին հայ իրականութեան մէջ։

Տէրվիշեանի մասին տեղեկութիւնները քիչ են։ Ծնած է 10 Յունուար, 1846ին, Կ. Պոլիս, եւ ղրկուած է Վիեննայի Մխիթարեան վանքը, ուր իր կրթութիւնը ստացած է։ 1864ին կուսակրօն աբեղայ դարձած է, անդամակցելով միաբանութեան, իսկ երկու տարի ետք՝ վարդապետ ձեռնադրուած։

Սկզբնապէս հրատարակած է կրօնա-բարոյական հարցերու մասին գիրքեր, ինչպէս «Սուրբերու վարքը» (հայատառ թրքերէն, 1870) եւ Ս. Յուստինոսի գործերուն ու վկայութեան գրաբար թարգմանութիւնը՝ «Պատասխանատուութիւնք առաջին եւ երկրորդ եւ պատմութիւն նորին վկայութեան» (1872)։ Անոնց պէտք է աւելցնել աշխարհաբար կարճ ողբերգութիւն մը՝ «Այրի մայրն ու միամօր որդեակը» (1871)։

Սակայն, Տէրվիշեան շուտով ձգած է իր գրական աշխատանքները, դառնալով իր բուն սէրերուն՝ լեզուներուն։ Վանքին մէջ, արդէն հայերէն (գրաբար), դասական (յունարէն եւ լատիներէն) ու արդի (գերմաներէն եւ ֆրանսերէն) լեզուներու ժրաջան ուսանող մըն էր։ Այնուհետեւ, շարունակած է իր կրթութիւնը Վիեննայի համալսարանը, ուր սորված է պահլաւերէն (Իրանի հին լեզուն) եւ սանսկրիտերէն (Հնդկաստանի հին լեզուն)։ Անոնցմէ զատ՝ ծանօթ էր օսմաներէնի եւ հին պարսկերէնի։

1877ին հրատարակած է իր առաջին լեզուաբանական գործը՝ «Հին հայերէն ք-ն», գերմաներէն։ Այս գիրքը առաջինն էր լեզուաբանական հետազօտութիւններու շարքի մը, որ երբեք չամբողջացաւ։ Ան կը պարունակէր այդ տառի քննութիւն մը, այդ տառը ունեցող բոլոր բառերուն ստուգաբանութիւնը եւ «ք» տառի ունեցած վերափոխումները այդ բառերուն մէջ՝ այլ լեզուներու բաղդատութեամբ։

1880ական թուականներուն Հ. Սերովբէ Տէրվիշեան Պոլիս վերադարձած է, ուր 1883ին հրատարակած է հայկական թուանուններու մասին յօդուածաշարք մը, Եղիա Տէմիրճիպաշեանի «Երկրագունդ» հանդէսին մէջ։ 1885ին լոյս ընծայած է իր հայերէն գլխաւոր գործը՝ «Հնդեւրոպական նախալեզուն»։ Այստեղ ամփոփուած են հնդեւրոպագիտութեան գլխաւոր իրագործումները ու բացատրուած են հնդեւրոպական նախալեզուի հիմնական խնդիրները։ Հեղինակը նաեւ անդրադարձած է հնդեւրոպական հին քաղաքակրթութեան եւ նախնական հայրենիքի խնդրին, ինչպէս եւ հնդեւրոպական լեզուաբանութեան պատմութեան։ Երկու տարի ետք, ան հրատարակած է առաջին հայերէն լեզուաբանական հանդէսը՝ «Լեզու» (1887-1888), զոր ինք լեցուցած է իր յօդուածներով։ Աշխատակցած է Վիեննայի Մխիթարեաններու նորաստեղծ «Հանդէս ամսօրեայ»ին եւ կարգ մը պոլսահայ թերթերու, ուր շարունակած է հրատարակել լեզուաբանական յօդուածներ։ Մահացած է Յունուար 1, 1892ին, 46 տարեկանին։

Հռչակաւոր լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեան գնահատած է Տէրվիշեանի վաստակը, յատկապէս կարգ մը ստուգաբանութիւններ եւ այն փաստը, որ «Հնդեւրոպական նախալեզու»ի պէս ամփոփ, մատչելի ու պարզ կերպով ներկայացուած գործ մը չէ եղած է ամբողջ եւրոպական գրականութեան մէջ՝ մինչեւ 1885։ Այդ գործը, գրած է Աճառեան, լեզուաբանութեան իր առաջին աղբիւրը եղած է, որուն համար չէ վարանած «իմ առաջին ուսուցիչս» կոչել Մխիթարեան գիտնականը։

Sunday, November 11, 2018

Հ. Մկրտիչ Աւգերեան (ծնունդ՝ 11 Նոյեմբեր, 1762)

1701ին հիմնելով Մխիթարեան միաբանութիւնը, Մխիթար Սեբաստացի կը պատկերացնէր վանական եղբայրութիւն մը որուն գլխաւոր նպատակը պիտի ըլլար կրթական եւ ուսումնական աշխատանքը։ Իր աշակերտներն ու վանականներու յաջորդական սերունդներ այս ծրագիրը պիտի իրագործէին Վենետիկի ու Վիեննայի զոյգ կեդրոններուն մէջ։

 Հ. Մկրտիչ վրդ. Աւգերեան Մխիթարի աշակերտներուն յաջորդող սերունդին նշանաւոր անուններէն մէկը պիտի ըլլար։ Ծնած էր Անգարա (Թուրքիա), 11 Նոյեմբեր 1762ին, հայ կաթողիկէ ընտանիքի մը մէջ։ Տասներկու տարեկանին, հայրը զինք տարած է Վենետիկ, ուր Ս. Ղազար մտնելով իր ուսումը ստացած է։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, 1786ին վարդապետ ձեռնադրուած է։ Տասը տարի դասաւանդած է վանական դպրոցին մէջ եւ այնուհետեւ ղրկուած Կ. Պոլիս՝ իբրեւ քարոզիչ հայ կաթողիկէ համայնքին համար։ Ութ տարուան պաշտօնավարութենէ ետք, 1804ին վերադարձած է վանք, ուր երեսուն տարի խորհրդականի պաշտօնը պիտի վարէր, եւ ապա՝ ընդհանուր աթոռակալի պաշտօնը։

Իր վարչական ու եկեղեցական պարտականութիւններուն կողքին, Աւգերեան եղած է բեղուն գիտնական, լեզուաբան ու թարգմանիչ։ 1810-1814ին ան տասներկու հատորով հրատարակած է կոթողական «Լիակատար վարք եւ վկայաբանութիւն Սրբոց, որք կան ի հին տօնացուցի եկեղեցւոյ Հայաստանեայց» գործը, ուր ցուցակագրած է Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ յիշուած բոլոր սուրբերը, անոնց կենսագրութիւնները շարադրելով։ Ան նաեւ գրած է նոյն ժամանակաշրջանին շարք մը կրօնա-բարոյական գործեր, որոնցմէ երկուքը՝ «Բարի խորհուրդներ» (1809) եւ «Դեղ կենաց, որ է հոգեւոր բժշկարան» (1810), աշխարհաբարով շարադրած է։

Աւգերեան ընդհանուր գիտութեան կարեւոր ծառայութիւն մը մատուցած է, հրատարակելով երկու գործեր, որոնց բնագրերը կորսուած են ու միայն պահպանուած են հնագոյն գրաբար թարգմանութեամբ։ Առաջինը Եւսեբիոս Կեսարացիի «Քրոնիկոն»ն է (1818), զոր հրատարակած է բնագրով եւ իր լատիներէն թարգմանութեամբ։ Երկրորդը՝ Փիլոն Ալեքնսանդրացիի «Մնացորդ բանից»ն է (1826)։ Մինչ Եւսեբիոսի գործը կարեւոր աղբիւր մըն է հին աշխարհի պատմութեան համար, Փիլոնի աշխատութիւնները մեծ դեր խաղացած են քրիստոնէութեան փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական հիմքերուն զարգացման մէջ։ Ոչ պակաս կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Յովհաննէս կաթողիկոս Օձնեցիի «Ճառ ընդդէմ երեւութականաց» գործին հրատարակութիւնը (1807), որ այս հերձուածին ընդդիմախօսութիւն մըն էր։ Երեւութականները, որոնց գլխաւոր ներկայացուցիչը եղած էր Զ. դարու հեղինակ Յուլիանոս Հալիկառնացին, կը պնդէին, որ Քրիստոսի մարմինը միշտ անապական եղած էր։ 

Աւգերեան նաեւ թարգմանած է բազմաթիւ գործեր լատիներէնէ գրաբար, որոնց շարքին՝ Սենեկայի, Կիկերոնի եւ Գրիգոր Մեծի երկեր։ Այս թարգմանութիւններուն շարքին էր նաեւ 14րդ դարու Հեթում պատմիչի «Պատմութիւն թաթարաց»ի թարգմանութիւնը (1842)։

Սակայն, այս վաստակաւոր Մխիթարեանի գիտական գործունէութեան ամենէն կարեւոր իրագործումը կը կազմէ  «Նոր Հայկազեան լեզուի բառարան»ը, իր եղբայրակիցներուն՝ Հ. Գաբրիէլ Աւետիքեանի եւ Հ. Խաչատուր Սիւրմէլեանի հետ։ Աւգերեան գրած է գրաբարի այս հիմնական բառարանի երեսուն տառեր (Զ. տառէն մինչեւ վերջ) եւ հսկած է անոր հրատարակութեան 1836-1837ին, իր հեղինակակիցներուն մահէն ետք։ Հասկնալով, որ այդ կոթողական գործը միայն հասանելի պիտի ըլլար սահմանափակ շրջանակի մը, Աւգերեան պատրաստած է «Առձեռն բառարան Հայկազեան լեզուի»ն (1846), որ անոր խտացած տարբերակն է՝ աշխարհաբար բացատրութիւններով։

Անխոնջ այս հեղինակը իր մահկանացուն կնքած է Ս. Ղազարի մէջ 92 տարեկանին, 3 Մարտ 1854ին։