Showing posts with label Երեւան. Show all posts
Showing posts with label Երեւան. Show all posts

Saturday, April 13, 2019

Լենինի արձանին տապալումը (13 Ապրիլ, 1991)

Խորհրդային ժամանակներուն, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը Լենինի հրապարակ կը կոչուէր, ու Խորհրդային Միութեան հիմնադիր՝ Վլատիմիր Լենինի հսկայական արձան մը հրապարակի տիրական առանձնայատկութիւնն էր աւելի քան կէս դար։

Արդի Երեւանի իր նախագիծերուն մէջ, ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեան ապագայի արձանին տեղը որոշած էր հրապարակին ու քաղաքի ծառուղիին (ներկայ Վ. Սարգսեանի փողոց) խաչմերուկին վրայ։ 1920ական թուականներու վերջերուն, երկու մեթր բարձրութեան կոթող մը զետեղուած էր հոն՝ արձանի ապագայ տեղադրութիւնը նշող արձանագրութեամբ։
 
Լենինի արձանին բաց մրցոյթ մը տեղի ունեցած էր 1938ին։ Յաղթականներ հանդիսացած էին Խ. Միութեան ժողովրդական նկարիչ՝ Սերգէյ Մերկուրով (1881-1952) եւ երկու երիտասարդ ճարտարապետներ, որոնք Թիֆլիս կ՚ապրէին՝ Լեւոն Վարդանով (Վարդանեան) ու Նաթալիա Փարեմուզովա ամոլը։

Ըստ նախագծի, կոթողը 18 մեթր բարձրութիւն պիտի ունենար, ներառեալ՝ պատուանդանը։ Մերկուրով մերժած է արձանը ձուլածոյ պրոնզով պատրաստել, անոր բարձրութեան (7 մերթ) պատճառով, եւ առաջարկած՝ կռածոյ պղինձ գործածել։ Վարդանով-Փարեմուզովա զոյգը նախագծած է կրանիթեայ պատուանդանը՝ հայկական աւանդական զարդարուեստի հիմամբ, ներշնչուելով Գօշ գտնուած խաչքարէ մը։

Արձանին տեղադրումը տեղի ունեցած է 24 Նոյեմբեր, 1940ին, Հայաստանի խորհրդայնացման 20ամեակին առիթով։ Այս մէկը նկատուած էր իբր Լենինի լաւագոյն արձաններէն մէկը՝ ամբողջ Խորհրդային Միութեան մէջ։ Հրապարակի նախագիծը 1970ին շահած է Խորհրդային Հայաստանի պետական մրցանակը, իսկ Լ. Վարդանեան (յետմահու) եւ Ն. Փարեմուզովա նոյնպէս ստացած էին այդ մրցանակը՝ պատուանդանին համար։
Տարին երկու անգամ, Մայիս 1ին (աշխատաւորներու օր) եւ Նոյեմբեր 7ին (Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան տարեդարձ), խորհրդահայ ղեկավարութիւնը կը կանգնէր երեք ամպիոններուն վրայ, որոնք շինուած էին պատուանդանին վրայ՝ աշխատաւորներու շքերթը ողջունելու համար։ Տասը տարին անգամ մը, անոնց կը միանային միւս տասնըչորս խորհրդային հանրապետութիւններուն առաջին քարտուղարները, որոնք Երեւան կը հասնէին մասնակցելու Խորհրդային Հայաստանի 40ամեակին (1961), 50ամեակին (1970) եւ 60ամեակին (1980)։ Զանոնք նախորդած էին երկրի գերագոյն ղեկավարները՝ 1961ին Նիկիտա Խրուշչեւ եւ 1970ին Լէոնիտ Պրեժնեւ։ Նմանօրինակ վերջին շքերթը տեղի ունեցած է 1988ի Նոյեմբերին։

Անկախութեան հռչակագրէն ետք (23 Օգոստոս, 1990), ուր Հայկական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւնը կու գար փոխարինուելու Հայաստանի Հանրապետութեամբ, ընդամէնը ժամանակի հարց էր, որպէսզի Լենինի արձանը պատմութեան յանձնուէր։ Երեւանի քաղաքային խորհուրդը, 28 Մարտ, 1991ի նիստին, որոշած է արձանը կազմաքանդել՝ երկու դէմ եւ չորս ձեռնպահ քուէներով։ Գործողութիւնը տեղի ունեցած է՝ 13 Ապրիլին։

Անհրաժեշտ գործիքներով, արձանին գլուխը անջատուած է մարմինէն, մինչ բազմութիւն մը խանդավառօրէն կը հետեւէր համայնավար վարչակարգի խորհրդանիշերէն մէկուն տապալումին։ Արձանին երկու մասերը տարիներով մնացած են Հայաստանի ազգային պատկերասրահի բակին մէջ, իսկ աւելի ուշ՝ գլուխը պահուած է պատկերասրահի պահեստին մէջ։ 

Դատարկ պատուանդանը իր տեղը մնացած է մինչեւ Յուլիս 1996, երբ հանրապետութեան կառավարութիւնը Երեւանի իշխանութիւններուն թոյլատրած է անոր կազմաքանդումը։ Պատուանդանին մնացորդները կը պահուին քաղաքապետարանի պահեստին մէջ՝ Չարբախի շրջանը։

Tuesday, March 26, 2019

Ժագ Տուվալեան (մահ՝ 26 Մարտ, 2008)

«Բաւական է արտասանել Ժակ Դուվալեան անունը եւ աչքերիդ առջեւ կը յառնի 1950-ականների վերջերի, 60-ականների սկզբի Երեւանը՝ գեղեցիկ, ուրախ, բազմագոյն մի քաղաք՝ նոր, լայն փողոցներով, պուրակներով, գարնանը հոտաւէտ ակացիաներով, ամրանը՝ փշատի նուրբ հոտով: Իսկ երգչի երգերը զարմանալիօրէն ներդաշնակ էին այդ տարիների երեւանեան ռոմանտիկայի հետ», երաժշտագէտ Մարգարիտ Ռուխկեան յայտնած է վերջերս։

Ժագ Տուվալեան ծնած էր Հալէպ, 1 Յունուար 1920ին, Մեծ Եղեռնէն վերապրողներու ընտանիքի մէջ։ 1925ին ընտանեօք փոխադրուած են Փարիզ։ Հակառակ թուաբանութեան եւ ճշգրիտ գիտութիւններու հանդէպ իր հետաքրքրութեան, ան ստիպուած էր միջնակարգը լքել եւ աշխատիլ՝ ընտանեկան տնտեսութեան նպաստելու համար։ Այնուհետեւ Տուվալեանի մէջ երաժշտութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւն արթնցած է, սկսած է երգեր յօրինել ու երգել։ Երգած է սրճարաններու մէջ, 1940ական թուականներուն բարեկամանալով Շառլ Ազնաւուրի եւ այլ երգիչներու հետ։ Բ. Աշխարհամարտէն ետք, քանի մը երգահանդէսներ տուած է։
Տուվալեան Խորհրդային Հայաստան ներգաղթած է 1954ին՝ մօրը հետ։ Աստղագիտութիւն ուսանելու նպատակ ունեցած է, բայց միտքը փոխելով, շարունակած է երգել։ 1956ին դարձած է Կոստանդին Օրբելեանի ղեկավարած Հայաստանի պետական էսդրատային նուագախումբի գլխաւոր երգիչը։ Նուագախումբին հիւրախաղերը խորհրդային բազմաթիւ քաղաքներու մէջ ջերմօրէն ընդունուած են, յատկապէս՝ նոր երգիչին մեկնաբանութիւնները։

1959ին, Տուվալեան հրաւիրուած է Մոսկուա՝ մաս կազմելու Եուրի Սաուլսկիի ղեկավարած համոյթին։ Անոր հայերէն, ռուսերէն եւ ֆրանսերէն երգերը մեծ յաջողութեան արժանացած են։ Հեղինակած է քանի մը երգերու խօսքեր, ինչպէս՝ «Երեւանի փողոցներում»։ Անոր ձայնին որոշակի ֆրանսական երանգը, Երեւանն ու Փարիզը կը միանային այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ ֆրանսական շարժապատկերն ու երգերը խորհրդային աշխարհը մուտք կը գործէին։

Յստակ չէ, թէ ի՞նչ պատահած է յետոյ։ Մ. Ռուխկեան յիշած է, որ «երբ 1964թ. աշնանը գնացի նրանց տուն՝ պայմանաւորուելու հեռուստատեսային հաղորդման համար, հենց երգչից լսեցի իր՝ Ֆրանսիա մեկնելու մասին լուրը: Մայրը լուռ յանդիմանանքով նայեց ինձ, երբ ես ափսոսանք յայտնեցի Հայաստանը թողնելու որդու որոշման մասին»: Պէտք է յիշել, որ 1956ին, Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց նախարար Քրիստիան Փինոյի Երեւան այցելութենէն ետք, 1946-1948ին եւ աւելի ուշ Հայաստան ներգաղթած բազմաթիւ ֆրանսահայեր դիմումներ կատարած էին՝ Ֆրանսա վերադառնալու, ընկերային ու քաղաքական սեղմումներու պատճառով։ Թերեւս Տուվալեանի Ֆրանսա վերադարձը, երբ ժողովրդական անուն մըն էր ո՛չ միայն հայրենիքի մէջ, այլեւ համախորհրդային չափանիշերով, այս երեւոյթին հետ կապուած էր։

Ամէն պարագայի, Ֆրանսա հաստատուելէ ետք, երգիչը անհետացած է արուեստի աշխարհէն եւ երբեք չէ վերադարձած բեմ։ Ան իր մահկանացուն կնքած է Վերսայլի մէջ, 26 Մարտ 2008ին։ 2015ին, Ժագ Տուվալեանի ծննդեան 95ամեակին առիթով, Մարգարիտ Ռուխկեան հրատարակած է անոր լաւագոյն ձայնագրութիւններուն խտասալիկ մը՝ «Յիշիր ապագայի մասին»։