Monday, September 16, 2019

Ծերենց (ծնունդ՝ 16 Սեպտեմբեր, 1822)

Ինչպէս Րաֆֆին՝ արեւելահայերու մէջ, Ծերենց ժողովրդական վիպագիր մը եղած է արեւմտահայերու մէջ, որուն պատմավէպերը, հեռու անցեալին մէջ ընթանալով հանդերձ, շատերը ներշնչած են հայրենասիրական գաղափարներով։

Բուն անունով՝ Յովսէփ Շիշմանեան, ծնած է 16 Սեպտեմբեր, 1822ին, Պոլիս, կաթողիկէ ընտանիքի մը ծոցին մէջ։ Տասը տարեկանին, ծնողները զինք ղրկած են Ս. Ղազար, բայց Մխիթարեան վանքին մէջ հինգ տարուան ուսումէ ետք, մերժած է կուսակրօն քահանայ դառնալ, ու 1837ին վերադարձած՝ իր ծննդավայրը։ Հայերէնի, հայոց պատմութեան ու գրականութեան ուսուցչութեամբ զբաղած է քանի մը տարի, եւ 1843ին Թիֆլիս ճամբորդած, սկսելով երկար շրջագայութիւն մը Արեւելեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ՝ հայրենի հողին ու ժողովուրդին ծանօթանալու նպատակով։ Աւելի ուշ, իր տպաւորութիւնները պիտի հրատարակէր պոլսահայ մամուլին մէջ, որդեգրելով Ծերենզ գրչանունը։

1848ին, ապագայ վիպասանը որոշած է բժշկական ուսման հետեւիլ, մեկնելով Փարիզ։ Հոն, միաժամանակ ուսանած է Սորպոնի մէջ եւ դասաւանդած՝ Մխիթարեաններու Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանին մէջ։ 1848ի ֆրանսական յեղափոխութիւնը, որուն ալիքները սփռուած են Եւրոպայի տարածքին, եւ իտալական ազատագրական շարժումը մեծապէս ներգործած են գրագէտի աշխարհահայեացքին վրայ։ Ան բարեկամական կապեր հաստատած է Փարիզ ուսանող այլ պոլսահայ մտաւորականներու հետ, ինչպէս Գրիգոր Օտեան, Նահապետ Ռուսինեան եւ Ստեփան Ոսկան, որոնք կարեւոր դեր պիտի ունենային Զարթօնքի շարժումին մէջ։

Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, 1853ին Ծերենց վերադարձած է Պոլիս ու իր ասպարէզով զբաղած, միաժամանակ գործօն մասնակցութիւն բերելով հայ հանրային կեանքին։ Յօդուածներ գրած է կրթական հարցերու շուրջ, Ազգային Սահմանադրութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն մասնակցած է, եւ պայքարած է հայ կաթողիկէ համայնքի դաւանական վիճաբանութիւններուն դէմ։

Զէյթունի ապստամբութեան (1862) նախօրեակին, Ծերենց մեկնած է Կիլիկիա՝ կրթական կալուածին մէջ աշխատելու համար, նպատակ ունենալով՝ բանալ երկրագործական դպրոց մը։ Սակայն, քաղաքական հետապնդումները զինք ստիպած են Պոլիս վերադառնալ։

Գրիգոր Օտեանի միջամտութեամբ, Ծերենց Պոլսոյ հիւանդանոցներէն մէկուն կողմէ գործի ընդունուած է 1872ին։ Երկու տարի ետք, անոր կինը մահացած է, զինք առանձին ձգելով 14ամեայ աղջկան՝ Թագուհիին հետ, իսկ 1875ինն քանի մը ֆրանսացի կաթողիկէ մայրապետներու բանսարկութիւնները ստիպած են հիւանդանոցի տնօրէնը՝ Ծերենցը գործէ հեռացնելու։ 1876ին, օսմանեան կառավարութիւնը զինք ղրկած է Կիպրոս, որ այն ատեն աքսորավայր մըն էր, իբրեւ բժիշկ աշխատելու։

1878ին, Ծերենց հաստատուած է Թիֆլիս իր աղջկան հետ, որ հոն ամուսնացած էր։ Իր կեանքի վերջին տասնամեակին, ան շատ ժողովրդական վիպասան մը պիտի դառնար՝ պատմավէպի ծագման ու զարգացման կարեւոր նպաստ բերելով։ 1877ին, լոյս տեսած էր անոր առաջին ու ամենէն յաջող վէպը՝ «Թորոս Լեւոնի», ուր կը նկարագրէ Կիլիկիոյ Թորոս Բ. իշխանապետի (1145-1169) կեանքն ու քաջագործութիւնները։ Թիֆլիսի մէջ, Ծերենց դասաւանդած է Ներսիսեան վարժարանին մէջ, իսկ 1877-1878ին ճամբորդած է Վան, Ալաշկերտ ու Բասէն՝ ռուս-թրքական պատերազմէն տուժած բնակչութեան բժշկական օժանդակութիւն մատուցելու համար։

Ծերենց ետեւ-ետեւի հրատարակած է իր յաջորդ վէպերը՝ «Երկունք Թ. դարու» (1879) եւ «Թէոդորոս Ռշտունի» (1881)։ Առաջինը՝ Յովնան Խութեցիի արաբական տիրապետութեան դէմ ապստամբութիւնը կը նկարագրէ (852-853), իսկ երկրորդը՝ 7րդ դարու բիւզանդա-պարսկական պատերազմներու շրջանին Հայաստանի վիճակը։ Վիպասանին ժողովրդականութիւնը երկարաձգուած է մինչեւ մեր օրերը։

1884ին, գրագէտը կորսնցուցած է իր մէկ հատիկ աղջիկը։ Այս ահաւոր հարուածը պատճառ դարձած է անոր առողջութեան կտրուկ վատթարացումին, որուն հետեւանքով ան կաթուածահար մահացած է Թիֆլիսի մէջ, 17 Փետրուար 1888ին, 66 տարեկանին։ Անոր ժողովրդականութիւնը, սակայն, հասած է մինչեւ մեզի։