Showing posts with label Սփիւռք. Show all posts
Showing posts with label Սփիւռք. Show all posts

Saturday, January 26, 2019

Շաւարշ Միսաքեան (մահ՝ 26 Յունուար, 1957)

Շաւարշ Միսաքեանի անունը կարեւոր տեղ կը գրաւէ հայ մամուլի եւ Սփիւռքի գոյութեան սկզբնական շրջանի պատմութեան մէջ։

Ծնած է Օգոստոս 1884ին՝ Ս. Աստուածածնի տօնի օրը, Զիմառա գիւղին մէջ, Սեբաստիոյ մօտերը։ 1890ին իր ընտանիքով փոխադրուած է Պոլիս, ուր ուսանած է Կեդրոնական վարժարանին մէջ, եւ լրագրական ասպարէզին մէջ նետուած է 16 տարեկանին, աշխատելով «Սուրհանդակ» օրաթերթին մէջ (1899-1908)։

1900ական թուականներուն, հրատարակած ու տարածած է յեղափոխական գրականութիւն, աշխատակցելով «Դրօշակ»ին եւ «Ռազմիկ»ին։ 1907ին մտած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերը։ Օսմանեան Սահմանադրութեան վերականգնումէն ետք, 1908-1909ին հրատարակած է «Ազդակ» շաբաթաթերթը Զապէլ Եսայեանի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Վահրամ Թաթուլի հետ։ Հիմնած է «Արծիւ» գրատունը, որ նաեւ հրատարակչական դեր ունեցած է։

1911-1912ին Շ. Միսաքեան խմբագրած է «Յառաջ» դաշնակցական օրաթերթը Կարինի մէջ, իսկ այնուհետեւ վերադարձած է Պոլիս, ուր «Ազատամարտ» օրաթերթի խմբագրութեան անդամ եղած է։ Խոյս տալով Ապրիլ 24ի ձերբակալութիւններէն, մօտ տարի մը ապրած է թաքստոցներու մէջ, ազատութեան մէջ գտնուող խումբ մը շարքայիններ գլխաւորելով, որպէս կուսակցական մարմին։ Արժէքաւոր տեղեկութիւններ եւ յօդուածներ հայթայթած է Սոֆիայի «Հայաստան» թերթին՝ ընթացող ճնշումներուն, աքսորներուն եւ ջարդերուն մասին։ Օսմանեան իշխանութիւնները, չկարենալով զինք գտնել, հայրը աքսորած են Գոնիա, բայց ան յաջողած է փախչիլ։ Շ. Միսաքեան պուլկարացի լրտեսի մը դաւաճանութեամբ ձերբակալուած է 26 Մարտ 1916ին, երբ կը փորձէր Պուլկարիա անցնիլ։ Բանտարկուած ու տանջանքներու ենթարկուած է։ Փորձած է փախչիլ՝ բանտի երրորդ յարկէն վար նետուելով, բայց ոտքը կոտրած ու բռնուած է։ Մահուան դատապարտուելով, մահավճիռը փոխարինուած է հինգ տարուան բանտարկութեամբ։ Ազատ արձակուած է Մուտրոսի զինադադարէն ետք (30 Հոկտեմբեր 1918)։

1918-1922ին Միսաքեան «Ճակատամարտ» օրաթերթի խմբագրապետը եղած է։ 1919ին ճամբորդած է Հայաստան, ուր Հ. Յ. Դաշնակցութեան 9րդ Ընդհանուր Ժողովին մասնակցած է։ Քեմալական արշաւանքի հետեւանքով, Նոյեմբեր 1922ին լքած է Պոլիսը, ապաստան գտնելով Սոֆիա, ուր ամուսնացած է Տիրուհի Ազարեանի հետ, զոր ճանչցած էր «Ճակատամարտ»ի մէջ։ Նոյեմբեր 1924ին ղրկուած է Փարիզ, ուր մասնակցած է կուսակցութեան 10րդ Ընդհանուր Ժողովին (1924-1925) եւ ընտրուած՝ Բիւրոյի անդամ, մինչեւ 1933։

Օգոստոս 1925ին Շաւարշ Միսաքեան հրապարակ կը հանէր «Յառաջ» երկօրեան իբրեւ անձնական հրատարակութիւն, որ 1927ին օրաթերթ պիտի դառնար։ Օրաթերթը ֆրանսահայութեան ձայնը պիտի դառնար շուտով, ապահովելով մինչեւ 5.000ի տպաքանակ մը, եւ «Շ.» ստորագրութեամբ խմբագրականները յատկապէս կը փնտռուէին ընթերցողներուն կողմէ։ «Յառաջ» նաեւ դարձած է հաւաքավայրը երիտասարդ գրողներու սերունդին, որ յետագային յայտնի պիտի դառնար «Փարիզի տղաք» անունով։ Ան լոյս տեսած է առանց ընդհատումի մինչեւ Փարիզի գրաւումը նացիներու կողմէ, երբ Միսաքեան որոշած է թերթը փակել (Յունիս 1940)՝ գերմանական գրաքննութեան չենթարկուելու համար։

«Յառաջ» վերսկսած է իր հրատարակութիւնը Ապրիլ 1945ին, Փարիզի ազատագրումէն ետք։ Ութ ամիս ետք, Դեկտեմբեր 1945ին լոյս տեսած խմբագրականով, Շաւարշ Միսաքեան գրեթէ անծանօթ genocide բառին հայերէնը հրապարակ կը հանէր՝ «ցեղասպանութիւն», որուն առաջին ու յաճախակի գործածողներէն պիտի ըլլար մամուլին մէջ։ Նոյն տարին, «Յառաջ»ի խմբագիրը հիմնած է Հ. Յ. Դ. «Նոր Սերունդ» երիտասարդական կազմակերպութիւնը եւ անոր պաշտօնաթերթը՝ «Հայաստան», որ լոյս կը տեսնէ մինչեւ հիմա։

Շաւարշ Միսաքեան խմբագրած է իր թերթը մինչեւ վերջին օրը։ Իր մահկանացուն կնքած է 26 Յունուար, 1957ին եւ թաղուած՝ Փէր Լաշէզ գերեզմանատան մէջ։ Իր դուստրը՝ Արփիկ Միսաքեան, զինք յաջորդած է թերթի հրատարակութեան մէջ, ու զայն լոյս ընծայած՝ 52 տարի, մինչեւ Մայիս 2009, հետեւելով հօր աւանդութիւններուն։

Շ. Միսաքեան 1934ին «Յառաջ»ի մէջ թերթօնով հրատարակած էր «Տերեւներ դեղնած յուշատետրէ մը» յուշագրութիւնը՝ 1915-1918ի օրերուն մասին, որ առանձին հատորով լոյս տեսած է 1957ին, իսկ մամուլի մէջ սփռուածյօդուածներու ժողովածու մը՝ «Օրեր եւ ժամեր» խորագրով, հրատարակուած է 1958ին։ Արփիկ Միսաքեանի թարգմանութեամբ, յուշագրութիւնը ֆրանսերէնով լոյս տեսած է 2015ին։ Փարիզի 9րդ թաղամասին մէջ, հրապարակ մը Շաւարշ Միսաքեանի անունով կոչուած է 2007ին։

Sunday, December 16, 2018

Նիկողոս Սարաֆեան (մահ՝ 16 Դեկտեմբեր 1972)

Նիկողոս Սարաֆեան Սփիւռքի առաջին բանաստեղծը կը համարուի այն իմաստով, որ իր ստեղծագործութիւնը ցոլացուցած է, առաջին գիրքէն իսկ, սփիւռքեան զգայնութիւնը յատկանշող գեղագիտական վերանորոգումը եւ ինքնութեան ու անցեալի հետ խզումի հարցերը։ Ան գլխաւոր ներկայացուցիչներէն մէկը եղած է «Փարիզի դպրոց» անունով ծանօթ ֆրանսահայ գրողներու սերունդին։

Սարաֆեան ծնած է 14 Ապրիլ 1902ին, Պոլիսէն դէպի Վառնա (Պուլկարիա) ճամբորդող նաւու մը վրայ։ Ծնողքը Ակնի Լիճք գիւղէն գաղթած էին՝ 1896ի ջարդերէն ետք։ Վառնայի մէջ, Նիկողոս (ընտանիքի կրտսեր զաւակը) նախ յաճախած է «Ճիէրճեան» եւ ազգային վարժարանները, իսկ այնուհետեւ Սէն-Միշէլ ֆրանսական երկրորդական վարժարանը։ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, ան իր աւագ եղբօր հետ մեկնած է քաղաքէն, նախ դէպի Ռումանիա եւ ապա՝ Պուքրէշէն Կալաց, ուր աստանդական կեանք մը վարած է, անկէ ետք անցած է ռուսական քաղաքներ՝ Օտեսա, Ռոստով եւ Նովորոսիսկ, մինչեւ՝ ռուսական յեղափոխութեան սկիզբը։ Ոտքով Ռումանիան կտրելէ ետք, վերադարձած է Վառնա։ Սակայն, պատերազմի աւարտէն ետք, անցած է Կ. Պոլիս 1919ին, ուր յաճախած է Կեդրոնական վարժարան, զոր աւարտած է (այլ աղբիւրներ կ՚ըսեն՝ թերաւարտ ձգած) 1922ին, ուսուցիչ ունենալով՝ Յակոբ Օշականի ու Վահան Թէքէեանի պէս ականաւոր գրագէտներ։

Իր ապագայ գրչեղբայրներէն շատերուն պէս, Սարաֆեան խոյս տուած է Պոլիսէն քեմալական զօրքերու մուտքէն առաջ՝ Նոյեմբեր 1922ին։ Քանի մը ամիս Պուլկարիա եւ Ռումանիա անցընելէ ետք, 1923ին հաստատուած է Փարիզ, ուր պիտի ապրէր իր ամբողջ կեանքը։ Զանազան գործեր փորձելէ ետք, գրաշար դարձած է։ Իր գիրքերէն մէկ քանին ինք անձամբ տողաշարած է։

Առաջին գիրքը՝ «Անջրպետի մը գրաւումը» (1928), արդէն յայտնաբերած է Սարաֆեանի ինքնատպութիւնը եւ իր խզումը արեւմտահայ բանաստեղծութեան աւանդական գեղագիտութենէն։ «Մենք»ի խումբին միացած է 1931-1933ին, միաժամանակ աշխատակցելով Սփիւռքի գլխաւոր գրական թերթերուն։ Իր խոհական ոճը, սակայն, հեռու պիտի մնար Շահան Շահնուրի յուզական պայթիւններէն եւ Վազգէն Շուշանեանի կրքոտ արտայայտութիւններէն։ Բանաստեղծական երկրորդ գիրքէն ետք («14», հրատարակուած՝ 1933ին), ան հրատարակած է «Իշխանուհին» վիպակը (1934) եւ այնուհետեւ, 1930-1940ական թուականներուն շարք մը վէպեր գրած ու լոյս ընծայած է գրական մամուլին մէջ, որոնք սակայն գիրքով հրատարակուած չեն։

Սարաֆեանի բանաստեղծութիւնը, սահմանափակ տպաքանակներով լոյս տեսած` հանրութեան գնահատումին պիտի չարժանանար, որովհետեւ իր ժամանակէն առաջ էր, ինչպէս «Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն» (1939) հատորը ցոյց տուած է։ Հայկական հաստատութենական (institutional) մշակոյթը տասնամեակներ շարունակ անտեսած էր անոր գործը, յատկապէս որովհետեւ այդ բանաստեղծական ոճը դժուարամատչելի էր Սփիւռքի աւանդապահ շրջանակներուն եւ անյարիր՝ Խորհրդային Հայաստանի պաշտօնական չափանիշներուն։ Ան կը համադրէր եւրոպական գրական շարժումներ ցոլացնող տարրեր եւ բանաստեղծական արուեստի մտածողական պաշտօնը, ինչ որ առաջնորդած է Սարաֆեանի դասումին իբրեւ «ուղեղային» բանաստեղծ, այդպիսով՝ զինք ձգելով Սփիւռքի գրականութեան լուսանցքին վրայ։

Կեանքի վերջին քառորդ դարուն, Սարաֆեան հրատարակած է երկու բանաստեղծական հատորներ եւս՝ «Միջնաբերդ» (1946) եւ «Միջերկրական» (1971)։ Անոր վերյայտնութիւնը սկսած է 1960ական թուականներուն, երբ սփիւռքեան զգայնութեամբ ծնած ու սնած սերունդ մը չափահասութեան կը հասնէր։ Բանաստեղծը մահացած է Փարիզի մէջ, 16 Դեկտեմբեր 1972ին։

Զատիկին նուիրուած յայտնի փորձագրութեան մը մէջ, Սարաֆեան գրած է.

«­Կը սպա­սենք բա­նի մը։
«­Կը հաս­նինք քիչ-քիչ ի­մա­ցա­կա­նու­թե­նէն վեր ճշմար­տու­թեան մը: ­Կա­րե­լի չէ արդարեւ ա­ւե­լի մեծ ուժ մը գտնել քան գու­թը ա­նոր` որ կա­րեկ­ցու­թեամբ նա­յե­ցաւ իր խա­չին շուրջ դար­ձող զրա­հա­կիր ու յաղ­թի­րան ձիա­ւոր­նե­րուն, ի­րենք զի­րենք իմաստուն ու քաջ կար­ծող քա­հա­նա­յա­պետ­նե­րուն, եւ դա­տա­ւոր­նե­րուն, որ քար մը կը կրէին միայն սրտի տեղ: ­Քար մը, որ սա­կայն շու­տով կը փշրի:

«­Կա­րե­լի չէ ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր բան մը գտնել մար­դուն մէջ, քան ազ­նո­ւա­կան այդ եսասիրու­թիւ­նը, որ կը մեր­ժէ գռե­հիկ անձ­նա­մո­լու­թիւնն ու ա­նար­դա­րու­թիւ­նը, նախանձն ու մա­խան­քը, բռնա­կա­լու­թիւնն ու դա­տո­ղու­թիւ­նը, մե­ծամ­տու­թիւնն ու վայրա­գու­թիւ­նը:

«­Հա­յը ու­նի այս բո­լո­րը զգա­լու կա­րող սիր­տը` թէեւ այդ սիր­տը խոնջ է դա­րե­րով քարերուն զար­նո­ւե­լով, թախ­ծոտ է եւ թա­փա­ռա­կան: ­Կը սպա­սէ այս բո­լո­րին: ­Գի­տենք, թէ չենք կրնար այ­լեւս բա­րու­թեամբ պա­տաս­խա­նել չա­րու­թեանց: ­Բայց այս բո­լո­րը մեր ե­րի­կա­մունք­նե­րը այ­րող կա­րօտ­ներն են:
«­Գի­տենք, թէ կ­’անց­նին բո­լոր գե­ղե­ցիկ խօս­քե­րը: ­Բայց կը սի­րենք բո­լոր գեղեցկութիւննե­րը»:

Սարաֆեանի բանաստեղծական ու արձակ, մամուլի մէջ ցրուած գրութիւններու քանի մը հատորներ հրատարակուած են 1980ական թուականներէն։ Անոր ամենէն ազդեցիկ արձակ կտորներէն մէկը՝ «Վենսէնի անտառը», որ առաջին անգամ լոյս տեսած էր Հալէպի «Նայիրի» ամսագրին մէջ 1947ին, յետմահու հատորով լոյս տեսած է 1988ին։ Այնուհետեւ թարգմանուած է ֆրանսերէնի (1993) եւ ապա՝ անգլերէնի (2014), վերջինս՝ Քրիսթոֆըր Ադամեանի թարգմանութեամբ։ 

Saturday, December 1, 2018

Զարեհ Որբունի (մահ՝ Դեկտեմբեր 1, 1980)

Սփիւռքահայ գրականութեան լաւագոյն դէմքերը համախմբուած էին Ֆրանսայի մէջ 1920-1930ական թուականներուն։ Շահան Շահնուրի, Նիկողոս Սարաֆեանի եւ Վազգէն Շուշանեանի կողքին, Զարեհ Որբունիի անունը, թէեւ աւելի նուազ ծանօթ ընթերցողին, պիտի արժանանար որոշ ուշադրութեան մինչեւ 1970ական թուականները։

Բուն անունով Զարեհ Էօքսիւզեան, Որբունի ծնած է Օրտու (Թուրքիա), Սեւ ծովու ափը, 24 Մայիս 1902ին։ Նախնական ուսումը ստացած է տեղւոյն «Մովսէսեան» դպրոցին մէջ։ Հայրը զոհ դարձած է Մեծ Եղեռնին, բայց մայրը յաջողած է իր չորս զաւակներով փախուստ տալ եւ ապաստան գտնել Սեւաստոպոլ (Խրիմ)։ Ա. Աշխարհամարտի աւարտին, ընտանիքը փոխադրուած է Կ. Պոլիս, ուր Զարեհ յաճախած է «Պէրպէրեան» վարժարանը 1919-1922ին։ Ան իր առաջին գործերը հրատարակած է «Ժողովուրդի Ձայնը» օրաթերթին մէջ, Զարեհ Որբունի ստորագրութեամբ (թրքերէն էօքսիւզ բառին հայացումը)։

Հազարաւոր հայերու շարքին, որոնք քեմալական շարժումէն փախուստ կու տային, Որբունի ու իր ընտանիքը Ֆրանսա ապաստան գտած են Օգոստոս 1922ին։ Երկու տարի Մարսէյլ մնալէ ետք, 1924ին ապագայ գրագէտը անցած է Փարիզ։ Նոյն տարին, «Նոր Հաւատք» անունով գրական կարճատեւ պարբերական մը հրատարակած է ուրիշ խոստմնալից երիտասարդի մը՝ Պետրոս Զարոյեանի հետ (1903-1986)։ Որբունի որոշ շրջան մը ֆրանսական համայնավար կուսակցութեան անդամակցած է, 1930ական թուականներուն լքելով զայն։

Ֆրանսահայ մամուլին աշխատակցութեան կողքին, Որբունի յղացած է «Հալածուածները» վիպաշարքը, որուն առաջին հատորը՝ «Փորձը», լոյս տեսած է 1929ին։ Հոն ներկայացուած է Մարսէյլ հաստատուած հայ գաղթական ընտանիքի մը դժուար կեանքը՝ բոլորովին օտար միջավայրի մը ներգործութեան տակ։

Որբունի մտած է «Մենք» խումբին մէջ, որ 1931-1932ին հրատարակած է համանուն հանդէսը՝ գրական հասկացութիւններու յեղաշրջում մը յառաջացնելու նպատակով։ Արդէն 1930ին ան փոխադրուած է Սթրազպուրկ, ուր պիտի մնար մինչեւ 1937։ Վերադառնալով Փարիզ, 1938-1939ին հրատարակած է «Լուսաբաց» անունով ուրիշ գրական թերթ մը Զարոյեանի հետ։ «Վարձու սենեակ» պատմուածքներու հատորը տպուած է 1939ին, բայց միայն հրապարակ ելած է պատերազմէն ետք։ Արդարեւ, Որբունի զինուորագրուած է ֆրանսական բանակին մէջ, բայց գերի ինկած է գերմանացիներուն ձեռքը եւ Մակտեպուրկ մնացած՝ մինչեւ 1945։

Փարիզ վերադարձին, 1946ին Որբունի հրաւիրուած է Հայաստանի՝ խորհրդահայ գրողներու Բ. Համագումարին, իբրեւ սփիւռքահայ հիւրերէն մէկը։ Իր տպաւորութիւնները հրատարակած է «Դէպի երկիր» հատորով (1947)։ Գրականութեան վերադարձած է պատմուածքներու երկրորդ հատորով մը՝ «Անձրեւոտ օրեր» (1958), որուն հետեւած է ուրիշ հաւաքածոյ մը՝ «Գոհարիկ եւ ուրիշ պատմուածքներ», 1966ին։

Այս պատմուածքները յատկանշուած են կերպարներու հոգեվիճակի հետազօտութեամբ, դառնալով տեսակ մը նախափորձ՝ 1960ական թուականներուն վիպական մեծ գործերու վերադարձին համար։ Արդարեւ, աւելի քան երեք տասնամեակ ետք, Որբունի կը վերադառնար վիպագրութեան, առաջին հերթին՝ «Եւ եղեւ մարդ» վէպով (1964), որ «Հալածուածներ»էն անկախ գործ մըն էր, ուր սակայն արդէն կը գծուէին ապագայ գործերը։ 1967-1974ին ֆրանսահայ գրագէտը լոյս պիտի ընծայէր իր եօթը հատորնոց շարքէն երեք հատոր՝ «Թեկնածուն» (1967), «Ասֆալթը» (1972) եւ «Սովորական օր մը» (1974), որոնք իր արտադրութեան ամենէն կարեւոր մասը կը ներկայացնէր, սփիւռքեան ինքնութեան աննախադէպ հարցադրումներով։ «Եւ եղեւ մարդ» վերնագրով ժողովածու մը, որ կը ներառէր համանուն վէպը, ինչպէս եւ «Փորձը» ու պատմուածքներու շարք մը, լոյս տեսած է Երեւանի մէջ, 1967ին։

Որբունի իր մահկանացուն կնքած է Դեկտեմբեր 1, 1980ին, Պանեօ փարիզեան արուարձանին մէջ։ «Հալածուածներ»ու շարքէն երկու հատոր՝ «Մահազդ» եւ «Զի քո է կարողութիւն», լոյս տեսած է «Կամ» վերլուծական հանդէսին մէջ (1980 եւ 1982), մինչ վերջին՝ եօթներորդ հատորը անտիպ կը մնայ։ Որբունիի գործը վերջին տասնամեակներուն սկսած է գրաքննադատական հետաքրքրութեան արժանանալ, իսկ 2016ին Սիրաքիւզի համալսարանի հրատարակչատունը լոյս ընծայած է առաջին թարգմանութիւնը՝ «Թեկնածուն» վէպը անգլերէնով, Ճէնիֆր Մանուկեանի եւ Իշխան Ճինպաշեանի կողմէ։