Showing posts with label Ֆրանսա. Show all posts
Showing posts with label Ֆրանսա. Show all posts

Friday, July 12, 2019

Ֆրետերիք Մաքլէր (մահ՝ 12 Յուլիս, 1938)

Հայագիտութիւնը ծաղկած է Արեւմուտքի մէջ աւելի առաջ, քան բուն հայերուն մէջ։ Գլխաւոր կեդրոններէն մէկը եղած է Ֆրանսան, ուր 1811ին հաստատուած Արեւելեան լեզուներու դպրոցը առաջատար դեր մը խաղացած է իր հայագիտական ամպիոնով։ Անցեալ դարու առաջին երեսնամեակին, Ֆրետերիք Մաքլէր ֆրանսական հայագիտութեան ամենէն բեղուն ու կարկառուն դէմքերէն մէկը եղած է։

Մաքլէր ծնած է 16 Մայիս 1869ին Մոնտորէ (Հօ-Սաոնի գաւառ)։ Իր արեւելագիտական ուսումը ստացած է Արեւելեան լեզուներու դպրոցին մէջ, աշակերտելով անոր հայագիտական ամպիոնի վարիչ Օկիւստ Քառիէրին (1881-1902), որուն քով սորված է հայերէն, ասորերէն եւ եբրայերէն։ 1895ին լոյս ընծայած է հայագիտական բնոյթի իր առաջին ուսումնասիրութիւնը՝ «Դանիէլի պարականոն յայտնութիւնները»։

Այս անխոնջ գիտնականը պիտի արտադրէր գրեթէ հարիւր յօդուածներ ֆրանսերէնով՝ հայոց պատմութեան, աշխարհագրութեան, բանահիւսութեան, երաժշտութեան ու ճարտարապետութեան մասին, եւ շարան մը գիրքեր՝ «Հայկական մանրանկարներ» (1913), «Երաժշտութիւնը Հայաստանի մէջ» (1917), «Արեւելեան խճանկար» (1917), «Հայկական աշխարհի զարդարուեստ» (1924), «Հայաստան եւ Խրիմ» (1930), ի շարս այլոց։ Հայկական նիւթերու նկատմամբ անոր հետաքրքրութիւնը պարզապէս անցեալին հետ կապուած չէր։ Ան գրած է գիրքեր, ինչպէս «Կիլիկիոյ շուրջ» (1916) եւ «Հայ ազգը, անոր անցեալը, անոր դժբախտութիւնները» (1924), ուր արտայայտած է իր խոր համակրանքը հայոց նկատմամբ, եւ չէ վարանած բազմիցս յայտնելէ իր համերաշխութիւնը անոնց հետ, դատապարտելով օսմանեան իշխանութիւններուն ոճրագործ քաղաքականութիւնը։

1911ին, Մաքլէր յաջորդած է մեծ լեզուաբան Անթուան Մէյէին իբրեւ հայագիտական ամպիոնի վարիչ։ Ան հիմնադիրներէն մէկը եղած է Հայագիտական Ուսմանց Ընկերութեան՝ 1919ին, խումբ մը գիտնականներու հետ (Վիքթոր Պեռար, Շառլ Տիլ, Անտրէ-Ֆերտինան Հերոլտ, Հ. Լաքրուա, Մէյէ, Կապրիէլ Միյէ եւ Կիւսթաւ Շլումպերկէր)։ Յաջորդ տարի հիմնած է հայագիտութեան ամենէն կարեւոր հանդէսներէն մէկը՝ “Revue des études arméniennes”ը, զոր խմբագրած է Մէյէի հետ մինչեւ 1933։ Մօտ երեք տասնամեակներու դադարէ մը ետք, հանդէսը վերակենդանացած է 1964ին եւ կը շարունակէ իր անխափան հրատարակութիւնը մինչեւ օրս։

Հայկական նիւթերու անխոնջ հետազօտող մըն էր Մաքլէր, որ բազմաթիւ ուսումնասիրական ճամբորդութիւններ կատարած է Եւրոպա (Հոլանտա, Սպանիա, Իտալիա, Աւստրիա, Լեհաստան, Դանիա, Ռումանիա, Պուլկարիա) եւ Միջին Արեւելք (Կ. Պոլիս, Սուրիա), եւ յաճախ հրատարակած անոնց արդիւնքը գիրքերու եւ յօդուածներու մէջ։ Օրինակ, այցելած է Հայաստան 1909ին եւ այդ քառամսեայ այցելութեան արդիւնքները հրատարակած է «Զեկոյց Ռուսահայաստանի եւ Թրքահայաստանի մէջ գիտական առաքելութեան մը մասին» (1911)։ Կազմած է իր այցելած գրադարաններուն մէջ գտնուող հայկական ձեռագիրներու ցուցակներ, ներառեալ Ֆրանսայի Ազգային Գրադարանի մէջ պահպանուած ձեռագիրներուն ցուցակը (1908)։ 1905ին թարգմանած է Սեբէոսի պատմութեան կցուած անանուն հեղինակին գործը, իսկ 1917ին՝ Ասողիկի «Տիեզերական պատմութիւն»ը։ Թարգմանած ու կազմած է ժողովածուներ արդի հայ գրականութեան (1905), ժողովրդական հէքեաթներու (1915 եւ 1928), դիցաբանական պատումներու (1929) եւ արդի լեզուի։

Մաքլէր հանգստեան կոչուած է 1937ին, իբրեւ յաջորդ ունենալով համբաւաւոր հնդեւրոպագէտ Ժորժ Տիւմէզիլ։ Մահացած է 12 Յուլիս, 1938ին, Մոնպէլիարի մէջ (Տուպ գաւառ)։


Wednesday, May 22, 2019

Գուրգէն Ալէմշահ (ծնունդ՝ 22 Մայիս, 1907)

Վաղամեռիկ երգահան Գուրգէն Ալէմշահ անցեալ դարու առաջին կէսին Սփիւռքի արդէն ծանօթ անուն մըն էր, ու անոր երգերը մինչեւ այսօր երաժշտական յայտագիրներու մէջ կարելի է գտնել։

Ալէմշահ ծնած է Պարտիզակ հայաբնակ գիւղին մէջ (Արեւմտեան Թուրքիա), 22 Մայիս 1907ին։ Տարրական ուսումը ստացած է Պոլսոյ Բերայի Մխիթարեան վարժարանին մէջ, աւարտելով 1918ին։ Այնուհետեւ, միաբանութեան Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանը մտած է ուշրջանաւարտ եղած՝ 1923ին։ Դպրոցին մէջ արդէն ցոյց տուած է իր խոստմնալից ապագան՝ իբրեւ դաշնակահար, եւ այնուհետեւ իր ուսումը շարունակած է Միլանի երաժշտանոցին մէջ։ Անոր ուսուցիչները տեսած են իր մէջի բացառիկ տաղանդը, եզակի ներշնչումը, եւ արեւելեան երաժշտութիւնն ու ժողովրդական տարրերը եւրոպական թեքնիքի հետ միախառնելու կարողութիւնը։

1930ին աւարտելով երաժշտանոցը, Ալէմշահ հաստատուած է Փարիզ, ուր դասաւանդած է Մխիթարեաններու Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանը, ինչպէս եւ իտալական երկրորդականներու մէջ։ Երգահանի իր բեղուն գործունէութեան կողքին, կազմակերպած է «Կիլիկիա» երգչախումբը, որ քաջածանօթ դարձած է ֆրանսահայ համայնքին մէջ։ Հազիւ 26 տարեկան, 1933ին ընտրուած է Ֆրանսայի Երաժշտական Հեղինակներու, Երգահաններու եւ Հրատարակիչներու Ընկերակցութեան անդամ։ 1930ական թուականներուն, Ժան Վալտոն կեղծանունով եւրոպական ներշնչումով բազմաթիւ գործեր յօրինած է։

Յատկապէս տպաւորիչ եղած է 1934ին «Կիլիկիա» երգչախումբի համերգը՝ Ալէմշահի ղեկավարութեամբ, Փարիզի «Կաւօ» սրահին մէջ, աւելի քան 1.000 հայ եւ ֆրանսացի ունկնդիրներով, ուր Կոմիտաս վարդապետի գործերուն կողքին, առաջին անգամ ներկայացուած է երիտասարդ երգահանին «Արեւելեան գիշերներ» (1931) գործը եւ երգի ու նուագախումբի համար «Աւարայրի պատերազմը» (1934) կոթողական երկը։ 1936ին, Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի հարիւրամեակին առիթով, Ալէմշահ իր երգչախումբը Վենետիկ տարած է, ուր համերգներ տուած է թէ՛ դպրոցի սրահին մէջ եւ թէ՛ Ս. Մարկոս հրապարակին վրայ, ներկայացնելով կոմիտասեան երգերն ու իր սեփական երգերը՝ ժողովրդական նիւթերով։ 1937ին իր «Հայկական հարսանիք» գործը, ուր միախառնուած են ժողովրդական երգերն ուԱլէմշահի երաժշտութիւնը, քսան ազգերու մասնակցութեամբ Ժողովուրդներու Երաժշտութեան միջազգային մրցահանդէսին երկրորդ մրցանակը շահած է։

1938-1939ին «Ալագեազ» երգչախումբը ղեկավարելէ ետք, 1939ին նշանակուած է «Սիփան Կոմիտաս» երգչախումբի խմբավար, ու այս պաշտօնը պիտի վարէր մինչեւ մահը։ Ալէմշահ ներկայացուցած է Արմէն Տիգրանեանի «Անոյշ» օփերան, ինչպէս եւ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը՝ կարգ մը ֆրանսական եկեղեցիներու մէջ։

Ալէմշահի երգերուն մէկ մասը հրատարակուած է Փարիզ՝ 1947ին։ Նոյն տարուան աշնան, այցելած է Միացեալ Նահանգները կարգ մը ելոյթներ ունենալու համար։ Հոկտեմբերին հայկական նուագախմբային եւ երգչախմբային երաժշտութեան նուիրուած համերգ մը ղեկավարած է Նիւ Եորքի «Թաուն հոլ»ին մէջ։ Տիթրոյիթի մէջ, ելոյթ ունենալէ մէկ օր առաջ, սակայն, 14 Դեկտեմբեր, 1947ին, հազիւ քառասնամեայ երգահանը անհանգիստ զգացած ու մինչեւ օգնութիւն հասած՝ մահացած է սրտի կաթուածէ։ Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է Նիւ Եորքի մէջ՝ Հայ կաթողիկէ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ, եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ երգչախումբի մասնակցութեամբ։ Հանգուցեալ երաժիշտին մարմինը թաղուած է Փարիզի մէջ։