Wednesday, May 22, 2019

Գուրգէն Ալէմշահ (ծնունդ՝ 22 Մայիս, 1907)

Վաղամեռիկ երգահան Գուրգէն Ալէմշահ անցեալ դարու առաջին կէսին Սփիւռքի արդէն ծանօթ անուն մըն էր, ու անոր երգերը մինչեւ այսօր երաժշտական յայտագիրներու մէջ կարելի է գտնել։

Ալէմշահ ծնած է Պարտիզակ հայաբնակ գիւղին մէջ (Արեւմտեան Թուրքիա), 22 Մայիս 1907ին։ Տարրական ուսումը ստացած է Պոլսոյ Բերայի Մխիթարեան վարժարանին մէջ, աւարտելով 1918ին։ Այնուհետեւ, միաբանութեան Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանը մտած է ուշրջանաւարտ եղած՝ 1923ին։ Դպրոցին մէջ արդէն ցոյց տուած է իր խոստմնալից ապագան՝ իբրեւ դաշնակահար, եւ այնուհետեւ իր ուսումը շարունակած է Միլանի երաժշտանոցին մէջ։ Անոր ուսուցիչները տեսած են իր մէջի բացառիկ տաղանդը, եզակի ներշնչումը, եւ արեւելեան երաժշտութիւնն ու ժողովրդական տարրերը եւրոպական թեքնիքի հետ միախառնելու կարողութիւնը։

1930ին աւարտելով երաժշտանոցը, Ալէմշահ հաստատուած է Փարիզ, ուր դասաւանդած է Մխիթարեաններու Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանը, ինչպէս եւ իտալական երկրորդականներու մէջ։ Երգահանի իր բեղուն գործունէութեան կողքին, կազմակերպած է «Կիլիկիա» երգչախումբը, որ քաջածանօթ դարձած է ֆրանսահայ համայնքին մէջ։ Հազիւ 26 տարեկան, 1933ին ընտրուած է Ֆրանսայի Երաժշտական Հեղինակներու, Երգահաններու եւ Հրատարակիչներու Ընկերակցութեան անդամ։ 1930ական թուականներուն, Ժան Վալտոն կեղծանունով եւրոպական ներշնչումով բազմաթիւ գործեր յօրինած է։

Յատկապէս տպաւորիչ եղած է 1934ին «Կիլիկիա» երգչախումբի համերգը՝ Ալէմշահի ղեկավարութեամբ, Փարիզի «Կաւօ» սրահին մէջ, աւելի քան 1.000 հայ եւ ֆրանսացի ունկնդիրներով, ուր Կոմիտաս վարդապետի գործերուն կողքին, առաջին անգամ ներկայացուած է երիտասարդ երգահանին «Արեւելեան գիշերներ» (1931) գործը եւ երգի ու նուագախումբի համար «Աւարայրի պատերազմը» (1934) կոթողական երկը։ 1936ին, Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի հարիւրամեակին առիթով, Ալէմշահ իր երգչախումբը Վենետիկ տարած է, ուր համերգներ տուած է թէ՛ դպրոցի սրահին մէջ եւ թէ՛ Ս. Մարկոս հրապարակին վրայ, ներկայացնելով կոմիտասեան երգերն ու իր սեփական երգերը՝ ժողովրդական նիւթերով։ 1937ին իր «Հայկական հարսանիք» գործը, ուր միախառնուած են ժողովրդական երգերն ուԱլէմշահի երաժշտութիւնը, քսան ազգերու մասնակցութեամբ Ժողովուրդներու Երաժշտութեան միջազգային մրցահանդէսին երկրորդ մրցանակը շահած է։

1938-1939ին «Ալագեազ» երգչախումբը ղեկավարելէ ետք, 1939ին նշանակուած է «Սիփան Կոմիտաս» երգչախումբի խմբավար, ու այս պաշտօնը պիտի վարէր մինչեւ մահը։ Ալէմշահ ներկայացուցած է Արմէն Տիգրանեանի «Անոյշ» օփերան, ինչպէս եւ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը՝ կարգ մը ֆրանսական եկեղեցիներու մէջ։

Ալէմշահի երգերուն մէկ մասը հրատարակուած է Փարիզ՝ 1947ին։ Նոյն տարուան աշնան, այցելած է Միացեալ Նահանգները կարգ մը ելոյթներ ունենալու համար։ Հոկտեմբերին հայկական նուագախմբային եւ երգչախմբային երաժշտութեան նուիրուած համերգ մը ղեկավարած է Նիւ Եորքի «Թաուն հոլ»ին մէջ։ Տիթրոյիթի մէջ, ելոյթ ունենալէ մէկ օր առաջ, սակայն, 14 Դեկտեմբեր, 1947ին, հազիւ քառասնամեայ երգահանը անհանգիստ զգացած ու մինչեւ օգնութիւն հասած՝ մահացած է սրտի կաթուածէ։ Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է Նիւ Եորքի մէջ՝ Հայ կաթողիկէ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ, եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ երգչախումբի մասնակցութեամբ։ Հանգուցեալ երաժիշտին մարմինը թաղուած է Փարիզի մէջ։