Saturday, August 17, 2019

Հրաչ Բարթիկեան (մահ՝ 17 Օգոստոս, 2011)

Հետաքրքրական իրողութիւն մըն է, որ խորհրդային ժամանակներու հայոց պատմութեան եւ բանասիրութեան լաւագոյն մասնագէտներէն մէկ քանին հայրենադարձներ էին, որոնք երբեմն օգտուած են իրենց կալուածի գլխաւոր լեզուի իմացութենէն (յունարէն, արաբերէն, թրքերէն, պարսկերէն, եւ այլն)։ Անոնց մասնագիտացումը ո՛չ միայն նշանակալից նպաստ մը բերած է յատուկ կալուածի մը, այլեւ օգնած է պատրաստել գիտնականներու յաջորդ սերունդները։

Այդ մասնագէտներէն մէկը՝ Հրաչ Բարթիկեանն էր։ Ծնած է 7 Յուլիս, 1927ին, Աթէնքի մէջ։ Հայրը՝ Միքայէլ Բարթիկեան, բանասէր ու հրապարակագիր էր։ Սորված է տեղական հայկական վարժարանի մը եւ ապա՝ յունական երկրորդական վարժարանի մը մէջ, որմէ շրջանաւարտ եղած է 1945ին։ Յաջորդ տարին իր ընտանիքով Հայաստան հաստատուած է՝ ինչպէս յունահայ համայնքի շատ մը ուրիշ անդամներ, 1946-1948ի ներգաղթի ընթացքին։

Հրաչ Բարթիկեան իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Երեւանի պետական համալսարանէն, 1953ին գերազանցութեամբ՝ պատմութեան ճիւղէն շրջանաւարտ ըլլալով։ Այնուհետեւ, Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի հայցորդ (ասպիրանտ) դարձած է, սորվելով Լենինկրատի (Ս. Փեթերսպուրկ) մէջ՝ նշանաւոր հայագէտ՝ Յովսէփ Օրբելիի ղեկավարութեան տակ։ Իր թեկնածուական ատենախօսութիւնը՝ «Պաւլիկեան շարժման պատմութեան ուսումնասիրութեան աղբիւրներ» ն էր, որ ռուսեր1նով լոյս տեսած է Երեւանի մէջ երեք տարի ետք։ 1971ին պաշտպանած է դոկտորական ատենախօսութիւնը՝ «Բիւզանդական Դիգենիս Ակրիտաս էպոսը եւ նրա նշանակութիւնը հայագիտութեան համար» նիւթով:

Մինչ այդ, 1957էն մինչեւ 2010, Պատմութեան հիմնարկին մէջ աշխատած է իբրեւ կրտսեր գիտաշխատող (1957-1961), աւագ գիտաշխատող (1961-1980) եւ միջին դարերու պատմութեան բաժնի վարիչ (1980-2010)։ Իր մահկանացուն կնքած է 84 տարեկանին, 17 Օգոստոս, 2011ին։ 

Շուրջ կէս դար, Հրաչ Բարթիկեանի անունը հայ-բիւզանդական ուսումնասիրութիւններու հոմանիշ դարձած է Հայաստանի մէջ։ Շուրջ 150 գիտական յօդուածներու կողքին, ան հրատարակած է 17 հատոր, ներառեալ հայերէն թարգմանութիւնները՝ ուսումնասիրութեամբ եւ ծանօթագրութիւններով, զանազան նշանաւոր բիւզանդացի պատմիչներու (Պրոկոպիոս Կեսարացի, Կոստանդին Ծիրանածին, Յովհաննէս Սկիլիցես, Թէոփանոս Խոստովանող, եւ ուրիշներ), «Դիգենիս Ակրիտաս» բիւզանդական դիւցազներգութեան հայերէն թարգմանութիւնը, Մատթէոս Ուռհայեցիի «Ժամանակագրութեան» աշխարհաբար թարգմանութիւնը եւ փաստաթուղթերու ժողովածու մը՝ «Յունական արխիւային փաստաթղթեր հայ-յունական յարաբերութիւնների մասին Առաջին Հանրապետութեան շրջանում (1918-1920)»։

Բարթիկեան իր գիտական կեանքը սկսած է պաւլիկեան շարժման ուսումնասիրութեամբ եւ այնուհետեւ ինքզինք նուիրած է հայ-բիւզանդական յարաբերութիւններու ուսումնասիրութեան՝ Բագրատունեաց շրջանի ընթացքին ու անկէ ետք՝ էական նպաստ մը բերելով այս կալուածին։ Նաեւ եղած է վիմագրական արձանագրութիւններու եւ կնիքներու բեղուն հետազօտող մը։

Պատմաբանը նաեւ ծանօթ մասնագէտ մըն էր Կիլիկիոյ հայկական պետութեան եւ Բիւզանդիոնի յարաբերութիւններուն։ Այս պատճառով, ան հրաւիրուած էր մասնակցելու Ազգ. Առաջնորդարանի կողմէ կազմակերպուած ու լուսահոգի առաջնորդ Մեսրոպ արք. Աշճեանի նախաձեռնած 1993ի գիտաժողովին, որ նուիրուած էր Կիլիկիոյ պատմութեան։

Հ. Բարթիկեանի լայնատարած ու հմտալից գիտական վաստակը բազմաթիւ պատիւներու արժանացուցած է զինք։ Այսպէս, ան ընտրուած անդամ գիտական շարք մը մարմիններու՝ Աթէնքի ակադեմիա (1980), Հռոմի «Թիպերինա» արուեստի, գրականութեան ու գիտութիւններու ակադեմիա (1987) եւ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիա (1996)։ Ստացած է Հայաստանի Գիտ. Ակադեմիայի «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը (1980), Սելանիկի համալսարանի «Արիստոտէլ» մետալը (1981) եւ Հայաստանի նախագահի մրցանակը (2005), վերջինս՝ եռահատոր «Հայ-բիւզանդական ուսումնասիրութիւններ» աշխատութեան համար։