Thursday, June 13, 2019

Հայկ Շէքէրճեան (ծնունդ՝ 13 Յունիս, 1886)

Պրիկատիր (brigadier) զօրավար Հայկ Շէքէրճեան հայկական ծագումով առաջին շրջանաւարտը եղած է՝ Ուէսթ Փոյնթի հռչակաւոր ռազմական ուսումնարանին, եւ ամերիկեան բանակին մէջ ծառայած՝ ամենաբարձր աստիճանով ամերիկահայերէն մէկը։

Ծնած է 13 Յունիս, 1886ին, Ատափազար (Թուրքիա)։ Հինգ տարեկանին Միացեալ Նահանգներ փոխադրուած է իր ծնողներուն հետ։ 1907-1911ին ուսանած է Ուէսթ Փոյնթի մէջ, շրջանաւարտ ըլլալով գիտութեան վկայականով։

Ամերիկեան բանակը մտած է հետեւակազօրի Բ. տեղակալի աստիճանով, եւ Ապրիլ 1916-Փետրուար, 1917ին մասնակցած է Մեքսիքոյի ռազմարշաւին ընդդէմ մեքսիքական յեղափոխական զօրավար Փանչօ Վիլլայի։ Ա. Աշխարհամարտին, ծառայած է իբրեւ զինուորական օգնական կցորդ՝ Յունաստանի մէջ, եւ այնուհետեւ՝ Միջին Արեւելքի դաշնակից բանակներուն մէջ։ 1919ին այցելած է Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստան՝ մաս կազմելով ամերիկեան զինուորական առաքելութեան եւ ականատես ըլլալով հայերու սրտաճմլիկ վիճակին։ 1923ին փոխանցուած է բանակի քիմիական պատերազմի սպասարկութեան, ուր ծառայած է մինչեւ հանգստեան կոչուիլը՝ 1946ին։

Նախագահ Ֆրէնքլին Ռուզվելթի հրամանով՝ Շէքէրճեան ստացած է պրիկատիր զօրավարի աստիճանը 1942ին, դառնալով նման տիտղոսի արժանացող առաջին ամերիկահայը։ 1942-1943ին քիմիական պատերազմի փոխանորդներու մարզումի կեդրոնի հրամանատար նշանակուած է, 1943-1945ին՝ Սիպըրթ ճամբարի (Ալապամա) հրամանատար, եւ 1945-1946ին՝ միջին-արեւելեան ռազմաբեմի բանակի եւ ծովուժի հաշուեյարդարի յանձնախումբի վարիչի տեղակալ։

Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, Շէքէրճեան բազմիցս ամերիկահայութեան դիմումներ ըրած է՝ պատերազմական ճիգերուն անոր աջակցութիւնը ապահովելու համար։ Իր ծառայութեան համար, ստացած է Արժանեաց շքանշանը։

Հանգստեան կոչուելէ ետք, Շէքէրճեան ներգրաւուած է Ճորճ Մարտիկեանի գլխաւորած Անտուն Հայերու Օժանդակութեան Ամերիկեան Ազգային Յանձնախումբի (ԱՆՉԱ) աշխատանքներուն մէջ։ ԱՆՉԱն հազարաւոր հայերու օժանդակած է, որոնք խորհրդային բանակի նախկին ռազմագերիներ էին եւ Եւրոպայի տարածքին, յատկապէս՝ Գերմանիոյ մէջ մնացած։ 1948ին Շէքէրճեան մեկնած է Գերմանիա, ուր ԱՆՉԱյի տեղւոյն ներկայացուցիչը դարձած է՝ Շթութկարթի հայկական ճամբարին մօտ։ Ան գործօն մասնակցութիւն ունեցած է շուրջ 3,500 հայերու տեղափոխութեան մէջ, որոնց մեծ մասը Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է, իսկ մնացեալը՝ Հարաւային Ամերիկա եւ Միջին Արեւելք։

Հայկ Շէքէրճեան մահացած է Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, 22 Յունուար, 1966ին, 79 տարեկանին։ Թաղուած է քաղաքի ազգային գերեզմանատան մէջ իր կնոջ՝ Հելըն Պէյն Շէքէրճեանի (1892-1982) կողքին։