Monday, June 10, 2019

Մեսրոպ Թաղիադեան (մահ՝ 10 Յունիս, 1858)

Մեսրոպ Թաղիադեան՝ գրող ու ճանապարհորդ, գունագեղ կեանք մը ունեցած է 19րդ դարու առաջին կէսին։ Արեւելահայ մշակոյթէն, յատկապէս` Հնդկաստանի եւ Պարսկաստանի հայ գաղութներուն մէջ յառաջդիմական ու պահպանողական գաղափարներու խառնուրդ մը ներարկած է։

Ծնած է 2 Յունուար, 1803ին, Երեւանի Ձորագիւղ թաղամասին մէջ։ Ուսումը ստացած է Ս. Էջմիածնի մէջ, ժամանակի մը, երբ Արեւելեան Հայաստանը տակաւին կը գտնուէր պարսկական տիրապետութեան տակ եւ կրթական մեթոտները շատ լուսաւորեալ չէին։ Սակայն, բախտը ունեցած է երկու տարի աշակերտելու լաւ ուսուցիչի մը՝ Պօղոս վրդ. Ղարադաղցիի (շ. 1790-շ. 1860)։ Շրջանի գիւղերուն մէջ ժողովրդական երգեր ու առասպելներ հաւաքած է։ Սարկաւագ ձեռնադրուած է, սակայն հոգեւորական չէ դարձած։ 

Թաղիադեանի հարցասիրութիւնն ու արկածախնդիր ոգին զինք տարած են Կալկաթա, ուր 1826-1830ին ուսանած է Bishop’s Collegeի մէջ։ Ուսման ընթացքին, անգլերէնէ ու լատիներէնէ շարք մը թարգմանութիւններ կատարած է։ 1830ին հրատարակած է իր առաջին հատորը՝ «Դիցաբանութիւն»։ Ձգելով Կալկաթան, մեկնած է նախ՝ Նոր Ջուղա, ուր դպրոց մը հիմնած է, եւ ապա՝ Էջմիածին, ուր տարի մը աշխատած է իբր տպարանի ու մատենադարանի վարիչ, ինչպէս եւ Ներսէս Ե. Աշտարակեցի կաթողիկոսի քարտուղար։ Այնուհետեւ, Նոր Ջուղայի ու Էջմիածնի միջեւ ապրած է, աւելի ուշ՝ Պոլիս երթալով, եւ ի վերջոյ, բազմաթիւ արկածներէ ետք՝ կրկին հասած է Կալկաթա, հոն հաստատուելով 1840ի շուրջ։

Bishop’s Collegeի մէջ, Թաղիադեան ստանձնած է տպարանի հայկական բաժնի վարիչի պաշտօնը։ 1840ին երկու դասագիրք հրատարակած է։ Աւելի ուշ հրատարակուած այլ դասագիրքերու կողքին, աւելի գիտական բնոյթի գործերու լոյս ընծայած է՝ «Պատմութիւն հին Հնդկաստանի յանյիշատակ տարուց անտի ի յարձակումն մահմեդականաց» (1841), «Պատմութիւն պարսից» (1846), «Զուարճախօս առակք պարսից» (1846) եւ «Վկայաբանութիւն սրբոյն Սանդխտոյ» (1847)։ 1847ին նաեւ հրատարակած է Հնդկաստան, Պարսկաստան ու Հայաստան իր ճամբորդութիւններէն ուղեգրութիւն մը։ Ան նաեւ փորձած է գեղարուեստական արձակը։ Մեսրոպ Թաղիադեանի «Վէպ Վարդգիսի» (1846) եւ «Վէպ Վարսենկան» (1847), թէեւ գրաբարով գրուած, արդի հայ արձակի առաջին լաւ օրինակներէն են։ 1847ին հրատարակած է բանաստեղծութիւններու ժողովածու մը՝ «Թութակ Թաղիադեանց», եւ «Սօս եւ Սոնտիպի» սիրային չափածոն։ Հեղինակին բոլոր գործերը գրաբարով գրուած են, որ տակաւին կը մնար իբրեւ գրական լեզու, յատկապէս՝ արեւելահայ իրականութեան մէջ։

1845ին Թաղիադեան սկսած է հրատարակել «Ազգասէր» պարբերականը, որ 1848ին վերանուանուած է «Ազգասէր Արարատեան»։ Այստեղ ան գրած է ընթացիկ հարցերու մասին (կրօնական, տնտեսական, ընկերային, մշակութային, կրթական ու գրական)՝ հրամցնելով իր անձնական տեսակէտները։ Թերթը տեւած է մինչեւ 1852։

Միջոցին, 1846ին բացած է Սուրբ Սանդուխտի անունով տղոց եւ աղջկանց դպրոց մը, ուր կիրարկած է եւրոպական յառաջադէմ կրթութեան վրայ հիմնուած մեթոտներ, որոնց գովքը ըրած է «Ճառ դաստիարակութեան աղջկանց» գործին մէջ (1847)։ Ան պնդած է, որ կրթութիւնը, աւելի քան բնածին երեւոյթները, բարոյական յատկանիշերը կը կերտէ։
1858ին, Թաղիադեան որոշած է վերադառնալ Հայաստան եւ իր կեանքը անցընել հոն։ Սակայն, ճանապարհին, հիւանդացած է Շիրազի մէջ (Պարսկաստան) ու մահացած՝ 10 Յունիս, 1858ին։

Շահեկան է յիշել, որ թեմիս երբեմնի առաջնորդ՝ լուսահոգի Մեսրոպ արք. Աշճեան, 1973-1977ին Սպահանի առաջնորդ եղած էր։ Այդ ժամանակ, ան հաւաքած է Թաղիադեանէն բազմաթիւ անտիպ գործեր, ու հրատարակած՝ «Դիւան Մեսրոպ Թաղիադեանց»ի հաստափոր հատորին մէջ, 1979ին։