Անցեալ
դարու սկիզբին, Լէօ դարձաւ հայոց պատմական ու մտաւորական անցեալի
ուսումնասիրութեան հիմնական անուններէն մէկը։ Առաքել Բաբախանեան ծնած էր 26
Ապրիլ 1860ին՝ Արցախի Քարինտակ գիւղին մէջ, այժմու Ստեփանակերտի
մօտակայքը։ 1878ին վկայուած է Շուշիի թեմական դպրոցէն։ Իր ընտանիքին համեստ
պայմանները աւելին չէին թոյլատրեր, իսկ այնուհետեւ Լէօ գրչանունով ծանօթ
այս մտաւորականը ինքնուսուցման բացառիկ ճիգով պիտի դառնար մեր գրականութեան
ու պատմութեան լաւագոյն գիտակներէն մէկը։
Շրջանաւարտ
ըլլալէ ետք, ան աշխատած է Շուշիի եւ Պաքուի մէջ իբրեւ նոտարական գրագիր,
հեռագրավար եւ «Արօր» տպարանի կառավարիչ։ Տակաւին ուսանող, 1877ին սկսած էր
աշխատակցիլ Թիֆլիսի «Մշակ» օրաթերթին։ Անոր հայեացքները ձեւաւորուած են
Րաֆֆիի եւ թերթի հիմնադիր խմբագիր Գրիգոր Արծրունիի գաղափարներու
ազդեցութեան տակ։ Տարիներու ընթացքին, Լէօ պիտի աշխատակցէր բազմաթիւ
հրատարակութիւններու՝ Կովկասէն մինչեւ Եւրոպա։ Սկզբնապէս, գրած է
հրապարագրական յօդուածներ եւ գեղարուեստական արձակ (պատմուածք ու վէպ)։
Ամենէն կարեւոր գրական գործը «Մելիքի աղջիկը» (1898) վէպը եղած է։ Ան
նոյնիսկ գրած է «Վարդանանք» պատմական թատերախաղը (1916)։
1895ին
Լէօ փոխադրուած է Թիֆլիս, դառնալով «Մշակ»ի քարտուղար եւ մնայուն
աշխատակից՝ մինչեւ 1906։ 1906-1907ին Ս. Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը
դասաւանդելէ ետք, վերադարձած է Թիֆլիս, ուր ամբողջութեամբ նուիրուած է
գրական աշխատանքի։ Արդէն ան մտած էր գիտական հետազօտութեան բնագաւառին մէջ,
արտադրելով հարիւրաւոր յօդուածներ եւ տասնեակ գիրքեր։ Գրական
քննադատութեամբ զբաղած է, իր քննական (երբեմն՝ վիճելի) մտքերը յայտնելով
բազմաթիւ ժամանակակից գրողներու մասին, որոնք մասամբ խտացած են «Ռուսահայոց
գրականութիւնը սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը» (1904) մենագրութեան մէջ։
Միւս
կողմէ, Լէօ յատկանշուած է պատմական բազմաթիւ հարցերու նորովի
մեկնաբանութիւններով իր շարք մը հատորներուն մէջ. «Հայկական տպագրութիւն»
(2 հատոր, 1901–1902), «Յովսէփ կաթողիկոս Արղութեան» (1902), «Գրիգոր
Արծրունի» (3 հատոր, 1902–1905), «Սուրբ Մեսրոպ» (1904), «Հայոց հարցը»
(1906), «Հայ գրքի տօնը» (1912), «Վանի թագաւորութիւնը» (1915), «Հայոց
հարցի վաւերագրերը» (1915), «Անի» (յետմահու՝ 1946)։ Անոր ամենէն ծաւալուն
գործը, որ մնացած է անաւարտ, եռահատոր «Հայոց պատմութիւն»ն է, որոնցմէ
միայն առաջին հատորը լոյս տեսած է ողջութեան (1917), իսկ միւս երկու
հատորները՝ յետմահու (1946-1947)։ Շուրջ 2,000 էջնոց այս գործը հայոց
պատմութիւնը ներկայացուցած է՝ նախապատմութենէն մինչեւ 18-րդ դար (բացի
12-րդ-15-րդ դարերէն)։ Լէոյի հայեացքները թարմ էին ու երբեմն՝ վէճի
առարկայ, բայց անվիճելի էր անոր հանրագիտարանային գործածութիւնը հայ եւ
օտար սկզբնաղբիւրներու, հնագիտական, վիմագրական, լեզուաբանական ու
բանասիրական նիւթերու, ուղեգրութիւններու եւ յուշագրութիւններու,
երկրորդական աղբիւրներու, եւ այլն։
1924ին,
Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան հրաւէրով, Լէօ Երեւան հաստատուած է՝
իբրեւ Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս։ Անոր դասախօսութիւնները հայոց
պատմութեան առաջին համալսարանական դասագիրքը դարձած են՝ Յակոբ Մանանդեանի
դասախօսութիւններուն հետ։ Ան ստացած է փրոֆեսորի տիտղոսը 1925ին, երբ նաեւ
ընտրուած է Գիտութեան եւ Արուեստի ինստիտուտի (1930ին՝ Գիտութիւններու
ինստիտուտ) իսկական անդամ։
Իր
նախախորհրդային գործերուն մէջ, Լէօ գերադասած էր անհատի դերը եւ հոգեկան
ու աշխարհագրական ազդակներու դերակատարութիւնը շեշտած էր։ 1920ական
թուականներուն, ան փորձած է ինքզինք տեղադրել նոր տիրող գաղափարախօսութեան
ծիրին մէջ եւ հիմնովին փոխած է իր դիրքորոշումներէն շատեր։ Ըստ երեւոյթին,
ցեղասպանութեան փաստը դեր ունեցած է այդ դիրքափոխումին մէջ։ «Անցեալից»
աշխատասիրութեան մէջ (1925) ներկայացուած հայ ազատագրական շարժման պատկերը
բոլորովին անյարիր էր սկզբնական շրջանի դրական գնահատանքներուն։ Անմիջական
անցեալի ժխտական արժեւորումը կրկնուած է «Թրքահայ յեղափոխութեան
գաղափարաբանութիւնը» (յետմահու, 1934) երկհատոր աշխատութեան մէջ։
«Խոջայական կապիտալ» (1934) հատորին մէջ, Լէօ նոր ջուղայեցի առետուրի
դրամագլուխը նկատած է մեր արդի պատմութեան մղիչ ուժը։
Վաստակաւոր
պատմաբանը իր մահկանացուն կնքած է Երեւանի մէջ, 14 Նոյեմբեր, 1932ին։
Թաղուած է Պանթէոնին մէջ։ Իր անունով Երեւանի մէջ կան փողոց մը եւ դպրոց
մը։ Լէոյի կիսանդրին զետեղուած է Երեւանի պետական համալսարանի գլխաւոր
մասնաշէնքին մէջ։