Վարուժան Խտըշեան սփիւռքահայ թատրոնի ամենէն նորարար բեմադրիչներէն մէկը եղած է՝ անցեալ դարու երկրորդ կէսին։
Ծնած
է Ալէյ (Լիբանան), 7 Ապրիլ, 1937ին։ Տասնվեց տարեկանին, առաջին անգամ
ելոյթ ունեցած է Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին մէջ, զոր կը
ղեկավարէր սփիւռքահայ թատրոնի ուրիշ յայտնի անուն մը՝ Ժորժ Սարգիսեան։

Անոր
բեմադրած գործերուն շարքին են՝ Լեւոն Շանթի «Հին աստուածները» եւ
«Կայսրը», Յակոբ Օշականի «Երկնքի ճամբով» եւ «Մինչեւ ո՞ւր», Յակոբ
Պարոնեանի «Ալաֆրանկա», «Արեւելեան ատամնաբոյժ» եւ «Պաղտասար աղբար»ի,
Համաստեղի «Հայաստանի լեռներու սրնգահարը»ի կողքին, համաշխարհային
թատերական գործեր, ինչպէս՝ «Վենետիկի վաճառականը» (Ուիլիըմ Շէյքսփիր), «Ո՞վ
կը վախնայ Վըրճինիա Վուլֆէն» (Էտուըրտ Օլպի), «Մարա/Սատ» (Փիթըր Վայս),
«Սալեմի վհուկները», «Կամուրջէն դիտուած», «Գինը» եւ «Բոլոր զաւակներս»
(Արթըր Միլլըր), «Երկրորդ պողոտային բանտարկեալը» եւ «Բոպիկ պարտէզին մէջ»
(Նիլ Սայմըն), «Մեծ վարպետ Սոլնէս» (Հենրիկ Իպսէն), «Մեծն Հռոմուլոսը»
(Ֆրիտրիխ Տիւրենմաթ), «Վենետիկեան երկուորեակները» (Գարլօ Կոլտոնի) եւ
«Վերակացուն» (Հարըլտ Փինթըր)։
1979-1987ին
Խտըշեան հինգ թատերական ներկայացումներ կատարած է Հայաստանի մէջ (Երեւան
եւ Լենինական), եւ ստացած՝ «Պետրոս Ադամեան» մրցանակը 1987ին, դառնալով այս
մրցանակը ստացող առաջին սփիւռքահայը՝ խորհրդային ժամանակաշրջանին։
Երկարամեայ
թատերական վաստակը բազմաթիւ պատիւներու արժանացուցած է զինք կեանքի վերջին
տարիներուն։ 2000ին ստացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»
շքանշանը՝ Արամ Ա. Վեհափառին կողմէ եւ Համազգայինի շքանշանը՝ Համազգայինի
Կեդր. Վարչութեան կողմէ։ 2008ին ստացած է Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան
ոսկեայ մետալը, իսկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Ա.ի կողմէ՝ «Ս.
Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանը։ Միջոցին, 2004ին ստացած էր Լիբանանեան
համալսարանի Արուեստի հիմնարկի շքանշանը, ուր թատերական արուեստ դասաւանդած
էր 1971-1999ին։
Վարուժան Խտըշեան իր մահկանացուն կնքած է Պէյրութի մէջ, 28 Դեկտեմբեր, 2015ին, 78 տարեկանին։