1965էն
առաջ, Մեծ Եղեռնին նուիրուած միայն երեք յուշարձան կար. Անթիլիասի
նահատակաց մատուռը (1938), Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի մենաքարը
(1939) եւ Պուէնոս Այրէսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի շրջափակի
յուշարձանը (1961)։ 1965էն սկսեալ, Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ
յուշարձաններու շինութեան իսկական պայթիւն մը տեղի պիտի ունենար։
Յիսնամեակի
ոգեկոչումը Լիբանանի մէջ յատուկ հնչեղութիւն ունեցաւ։ Թէեւ կառավարութիւնը
տեղի տալով թրքական ճնշումներու՝ չէր արտօնած քայլարշաւի մը կատարումը,
85-90.000 հայերու համախմբումը Պուրճ Համուտի մարզաւանին մէջ փաստ դարձած
է, որ այնուհետեւ սգատօնի աւանդական ձեւը պատմութիւն պիտի դառնար՝ իր տեղը
զիջելով պահանջատիրութեան։
Որպէս
յիսնամեակի աւարտ, Ապրիլ 1966ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Խորէն Ա.
կը յայտարարէր, թէ Պիքֆայայի դպրեվանքին մէջ յիսնամեակին նուիրուած
յուշարձան մը պիտի կառուցուէր։ Ս. Աստուածածնի մատրան մօտ գտնուող ժայռի մը
վրայ կառուցուելիք յուշարձանը յայտնի քանդակագործ Զաւէն Խտըշեանի
(1932-2018) գործը պիտի ըլլար։
Հիմնարկէքի
արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 23 Ապրիլ, 1967ին, ձեռամբ երեք հայ հոգեւոր
պետերուն՝ Խորէն Ա. Կաթողիկոս, Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան Պատրիարք եւ
Վեր. Յովհաննէս Ահարոնեան։ Դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպս. Սարգիսեան
(ապագայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ապագայ Գարեգին Բ. եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա.
Կաթողիկոս) յուշարձանի յանձնախումբին անունով ուղերձ մը կարդաց, ուր ի
մասնաւորի յայտնեց.
«Ձեր
մարմնոյ աչքերը միայն խարիսխը կը տեսնեն, ամրակուռ ժայռ-պատուանդանը: Բայց
կ՚ուզեմ, որ ձեր հոգւոյ աչքերը նոյնքան իրաւութեամբ եւ առաւել եւս
հրճուանքով տեսնեն աւելի քան տասներկու մեթր բարձրութեամբ դէպի երկինք
կոթողացող պրոնզեայ այն թռիչք-արձանը, որ մարդկային մարմնի մը
վերականգնումի պատկերին մէջէն կը խորհրդանշէ ամբողջ ժողովուրդի մը յաղթ
վերականգնումը աւազներու եւ աւերակներու, ցնցոտիներու եւ վէրքերու,
տանջանքներու եւ խոշտանգումներու մահասարսուռ աշխարհէն դէպի առողջ
վերակենդանութեան, տենդոտ ստեղծագործութեան, անյագ շինարարութեան աշխարհը
»։
Պրոնզէ
յուշարձանը՝ երկինք ուղղուած ձեռքերով ոտքի կեցող կնոջ մը վերացական
պատկերը, շինուեցաւ ժողովրդային հանգականութեան շնորհիւ։ Արձանը կանգնած է
հինգ մեթր բարձրութեամբ ժայռին վրայ։ Բացումը նախատեսուած էր 24 Ապրիլ,
1969ին, բայց լիբանանեան հերթական քաղաքական տագնապը կանխած է Մեծ Եղեռնի
հրապարակային ոգեկոչումը այդ տարի։
Բացումը
յետաձգուած է 24 Ապրիլ 1970ին, երբ պիտի դառնար ցեղասպանութեան 55ամեակի
գլխաւոր ձեռնարկներէն մէկը։ Հսկայ բազմութիւնը, որ ըստ կարգ մը
գնահատումներու՝ աւելի քան 20.000 հոգի կը հաշուէր, Անթիլիասի
մայրավանքի Ս. Պատարագէն ետք փութացած էր Պիքֆայա։ Երթեւեկութեան հոսքը
այնքան ծանրացած էր, որ բարձունքի ճանապարհին վրայ շատեր իրենց
ինքնաշարժները ձգած ու ոտքով հասած էին վանք։ Ժողովուրդը լեցուցած էր
յուշարձանը շրջապատող տարածքը։ Հոգեհանգստեան սրտայոյզ արարողութենէ մը
ետք, առաջին բանախօսը եղած է Պօղոս Տուզճեան՝ յուշարձանի յանձնախումբի
անունով, որուն հետեւած են Վեր. Ահարոնեան, Մեսրոպ եպս. Թէրզեան (Պաթանեան
պատրիարքի անունով) եւ Խորէն Ա. Կաթողիկոս։ Բացումը հովանաւորած է Լիբանանի
նախագահ Շառլ Հելուի անունով՝ Զբօսաշրջութեան նախարար Խաչիկ Պապիկեան, որ
նաեւ գլխաւոր բանախօսը եղած է։
Լիբանանի
քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, յուշարձանը ենթարկուած է ռմբահարումի՝
փաղանգաւորներու կողմէ, իսկ անոր ստորին մասը ծանրօրէն տուժած է։ Սակայն,
յուշարձանը դիմացած է անարգ ոճիրին ու յետագային՝ վերանորոգուած։
Ցեղասպանութեան
100ամեակի առիթով, յուշարձանը կրկին վերանորոգուած է, իսկ նահատակաց
նուիրուած խորան մը շինուած՝ մօտակայքը։ Դէպի յուշարձան տանող ժայռերն ու
պատերը զարդարուած են հայոց պատմութեան, Հայ Եկեղեցւոյ ու Մեծ Եղեռնի
նուիրուած խորհրդանշաններով, եւ Հայոց Ցեղասպանութեան քարտէս մը աւելցուած
է՝ յուշարձանին մօտերը։