Friday, February 22, 2019

Գրիգոր Գուրզադեան (մահ՝ 22 Փետրուար, 2014)

Վիկտոր Համբարձումեանի անունը հոմանիշ դարձաւ աստղագիտութեան Հայաստանի մէջ։ Սակայն, անոր աշակերտներէն մէկը նշանաւոր պիտի դառնար տիեզերական աստղագիտութեան մէջ։

Գրիգոր Գուրզադեան ծնած է 15 Հոկտեմբեր, 1922ին, Պաղտատի մէջ, Մեծ Եղեռնէն վերապրողներու ընտանիքի մը մէջ։ Փոքր երեխայ մըն էր, երբ ընտանիքով ներգաղթած է Հայաստան։ Եղբայրը՝ Սարգիս (1929-2015), որ ծնած էր Երեւան, Կասկադի թաղամասի գեղեցկացման նախագծի համահեղինակը պիտի ըլլար 1970ական թուականներուն։

Գուրզադեան մտած է Երեւանի Պոլիտեխնիկ ինստիտուտը (այժմ՝ Երեւանի պետական ճարտարագիտական համալսարան) եւ շրջանաւարտ եղած է 1944ին՝ ջրային թեքնիքի եւ շինարարութեան ճիւղերէն։ Այնուհետեւ, սակայն, փոխած է ասպարէզը եւ հետեւած՝ աստղագիտութեան։ 1946ին Վ. Համբարձումեանի կողմէ ստեղծուած Բիւրականի աստղադիտարանի հիմնադիրներէն մէկն է, եւ համբաւաւոր աստղագէտի ղեկավարութեան տակ, 1948ին պաշտպանած է իր թեկնածուական ատենախօսութիւնը Մոսկուայի պետական համալսարանին մէջ։ 1948-1978ին դասախօսած է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ, եւ 1950-1966ին Բիւրականի աստղադիտարանի աստղերու եւ միգամածութիւններու (nebulae) բնագիտութեան բաժնի վարիչը եղած։

Իր դոկտորական ատենախօսութիւնը 1955ին պաշտպանելով Լենինկրատի (այժմ՝ Ս. Փեթերպուրկ) պետական համալսարանին մէջ, նոյն տարին ամուսնացած է Մարիաննա Քալանթարի հետ, որ ռուսերէնի դասախօս էր եւ դուստրը՝ հայկական հնագիտութեան հիմնադիրներէն Աշխարհբէկ Քալանթարի՝ ստալինեան մաքրագործումներու զոհերէն։ Անոնց զաւակները՝ Վահագն եւ Գագիկ, նոյնպէս ծանօթ բնագէտներ են։

Գ. Գուրզադեան խորհրդային գիտութեան քաջածանօթ անուններէն մէկը դարձած է, հեղինակելով տասը ծաւալուն հատոր եւ աւելի քան 200 գիտական յօդուած՝ ռուսերէնով եւ անգլերէնով։ Ան ուսումնասիրած է միգամածութիւնները եւ մագնիսական դաշտերու դերը կանխատեսած է 1960ական թուականներէն, աստղային պայթումներու տեսութիւն մը բանաձեւելով։ Ան նաեւ գլխաւորած է արեւու եւ աստղերու ճառագայթումներու ուսումնասիրութիւնը՝ 1960ական թուականներէն տիեզերական աստղադիտակներ արձակելով դէպի անջրպետ։ Յատկապէս նշանաւոր դարձան Գուրզադեանի նախագծած «Օրիոն-1» եւ «Օրիոն-2» աստղադիտակները, որոնք 1971-1973ին աշխատանքի դրուած են։

Հայ գիտնականը 1965ին Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի թղթակից անդամ ընտրուած է, իսկ 1967-1973ին Բիւրականի տիեզերական հետազօտութիւններու մասնաճիւղի վարիչն էր։ 1973-1978ին Գառնիի աստղագիտութեան աշխատանոցի տնօրէնը եղած է, ուր աւելի քան 40 խորհրդային աստղանաւորդներ իրենց նախաթռիչքային պատրաստութիւնը կատարած են։ 1978ին Բիւրականի արտամթնոլորտային աստղագիտութեան աշխատանոցի վարիչը եղած է՝ մինչեւ 1992, 1979ին՝ Պոլիտեխնիկ ինստիտուտի տիեզերական սարքաշինութեան ամպիոնի վարիչը, իսկ 1992-2004ին Գառնիի աստղագիտութեան ինստիտուտի տնօրէնը։

Իր գիտական բազում իրագործումներուն շարքին, Գուրզադեան 1980ական թուականներէն փնտռուած փորձագիր մը եղած է՝ փիլիսոփայական, գրական ու ժամանակակից նիւթերու մասին արժէքաւոր ուսումնասիրութիւններով, որոնք հաւաքուած են աւելի քան տասնեակ մը հատորներու մէջ։

Ան Հայաստանի գիտութեան վաստակաւոր գործիչ էր (1975), եւ ընտրուած էր Գիտութիւններու Ակադեմիայի ակադեմիկոս՝ 1986ին։ Մահացած է 92 տարեկանին, 22 Փետրուար 2014ին։