Տանթէ
Ալիկիերիի «Աստուածային կատակերգութիւնը» համաշխարհային գրականութեան
գոհարներէն է, եւ որպէս այդպիսին` զարմանալի չէ, որ հայ արդի գրագէտներու
եւ թարգմանիչներու մնայուն ուշադրութեան արժանացած ըլլայ։ Անոր առաջին
ամբողջական թարգմանութիւնը կը պարտինք լեզուի տաղանդաւոր վարպետի մը՝
Արբուն Տայեանին։
Արբուն
Տայեան ծնած է 6 Յունուար, 1912ին, Պարտիզակի մէջ։ Նախնական ուսումը
ստացած է Մաքրգիւղի տարրական դպրոցին մէջ (Կ. Պոլիս), եւ ապա՝ Գատըգիւղի
Մխիթարեան որբանոցին նէջ, որուն տնօրէնը հօրեղբայրն էր՝ Մխիթարեան միաբան
ու բանասէր՝ Հայր Եսայի Տայեցին։
Տայեան
ընտանիքը 1922ին փոխադրուած է Իտալիա, ուր ուրիշ ազգական մը՝ Հ. Ղեւոնդ
Տայեան (1884-1968), յայտնի շարականագէտ, Ս. Ղազարի վանքը կ՚ապրէր։ Արբուն
1923-1927ին ուսումը շարունակած է Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին
մէջ, իսկ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, Միլան փոխադրուած։
Կեանքի
նոր շրջան մը պիտի սկսէր 1929ին, երբ 17ամեայ պատանին ներգաղթած է
Խորհրդային Հայաստան։ 1931ին Երեւանի միամեայ մանկավարժական դասընթացին
հետեւելէ ետք, 1932-1933ին ուսանած է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ։
Այնուհետեւ, տասնըչորս տարի աշխատած է իբրեւ սրբագրիչ «Սովետական
Հայաստան», «Գրական թերթ», «Բանուորական Երեւան» թերթերուն եւ «Սովետական
գրականութիւն» ամսագրին մէջ, մինչեւ 1948։

Թարգմանիչը
խմբագրական աշխատանքի վերադարձած է իբրեւ Գիտութիւններու Ակադեմիայի
հրատարակչական-խմբագրական մարմնի անդամ 1967-1970ին։ Այնուհետեւ գիտական
աշխարհ մտած է, նախ՝ Ակադեմիայի Արուեստի հիմնարկին մէջ (1973-1977) եւ ապա
իբրեւ Մանուկ Աբեղեանի անուան Գրականութեան հիմնարկի գիտաշխատող։ 1974ին
թարգմանած է քանդակագործ Պենվենութօ Չելլինիի յուշերը, իսկ 1975ին
«Աստուածային կատակերգութեան» թարգմանութեան վերանայուած հրատարակութիւնը
կատարած է։ 1982ին Տայեան հրատարակած է «Դանտէի “Աստուածային
կատակերգութեան” բանաստեղծական արուեստը եւ թարգմանական պրոբլեմները»
ուսումնասիրութիւնը։ Տանթէի գլուխ-գործոցին երրորդ բարեփոխուած
հրատարակութիւնը լոյս տեսած է 1983ի սկիզբներուն։ Երեք ամիս ետք, 6
Ապրիլին, բեղուն թարգմանիչը իր մահկանացուն կնքած է Երեւանի մէջ։