Sunday, December 23, 2018

Եուսուֆ Քարշ (ծնունդ՝ 23 Դեկտեմբեր, 1908)

Հայոց ցեղասպանութեան վերապրող, քանատահայ լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշը համարուած է 20րդ դարու դիմանկարներու ամենամեծ վարպետներէն մէկը։ 

Ծնած է 23 Դեկտեմբեր, 1908ին, Մարտինի մէջ, առեւտրականի մը ընտանիքին մէջ։ Ինչպէս յայտնի է, Մարտինի հայ բնակչութիւնը մեծ մասամբ արաբախօս էր, իսկ անունները՝ արաբացած։ Քարշի մահախօսականին մէջ, «Տի Իքոնոմիստ» անգլիական շաբաթաթերթը պիտի գրէր, թէ լուսանկարիչը «ինքզինը հայ կը համարէր»)։

Մեծ Եղեռնէն ետք, Քարշ եւ իր ընտանիքի վերապրող անդամները յաջողած են փախուստ տալ Հալէպ (1922), ապաստան գտնելով գաղթակայանի մը մէջ։ Ապագայ լուսանկարիչը Քանատա ժամանած է 1925ին։ «Առայժմ բաւարար էր ես ինծի ապահով նկատելու՝ Հայաստանի ջարդերը, չարչարանքն ու ցաւը իմ ետեւս ձգելով», գրած է իր վերջին տարիներուն։ Ան հաստատուած էր Շէրպրուք (Քեպէք), իր մօրեղբօր՝ Ճորճ Նագաշեանի քով, որ լուսանկարչութիւն սորվեցուցած է իրեն։ Քարշ իր գիտելիքները խորացուցած է 1928-1931ին, երբ ժամանակի ամերիկահայ ամենէն նշանաւոր լուսանկարիչին՝ Ճոն Հ. Կարոյի քով աշկերտութիւն ըրած է։    
Վերադառնալով Քանատա, Քարշ 1932ին իր առաջին աշխատանոցը բացած է մայրաքաղաք Օթթաուայի մէջ, ուր մնացած է յաջորդ քառասուն տարիներուն։ 1939ին ամուսնացած է ֆրանսածին դերասանուհի՝ Սոլանժ Կաթիէի հետ, որ քաղցկեղէ մահացած է 1961ին։ Տարի մը ետք, ամուսնացած է բժշկական նիւթերու գրող՝ Էսթրելլիթա Մարիա Նաքպարի հետ։

Հռչակաւոր մարդոց լուսանկարչութիւնն էր Քարշի մասնագիտութիւնը ։ Երբ ասոր մասին հարց տրուած է, պատասխանած է. «Կ՚աշխատիմ աշխարհի մարդոց ամենէն նշանակալից բաժնին հետ։ Կը հաւատամ, որ փոքրամասնութիւնը աշխարհը կը դարձնէ, ո՛չ թէ մեծամասնութիւնը»։ Ան իր սկզբնական յաջողութիւնը ունեցած է Քանատայի վարչապետ՝ Մաքենզի Քինկի ուշադրութիւնը գրաւելէ ետք։ Վերջինս իրեն օգնած է այցելու իշխանաւորներու հետ լուսանկարչական նիստեր յաջողեցնելու։

Այդպիսի դասաւորումի մը հետեւանք էր Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ՝ Ուինսթըն Չըրչիլի 1941ի համբաւաւոր լուսանկարը։ Անգլիացի քաղաքագէտը Քանատայի Խորհրդարանի անդամներուն Բ. Աշխարհամարտի մասին ճառ մը տուած էր, որմէ ետք Քարշ առած էր նկարը։ Լուսանկարին մէջ, Չըրչիլ յատկանշուած է իր կեցուածքով ու դիմագիծով, որ համեմատուած է Անգլիոյ տոկունութեան հետ՝ Գերմանիոյ դէմ իր պայքարի ընթացքին։ Լուսանկարը բնորոշուած է «Տի Էքոնոմիստ»ի կողմէ իբրեւ «լուսանկարչութեան պատմութեան ամենէն շատ վերարտադրուած դիմանկարը»։  

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, Քարշ քաղաքական ու զինուորական ղեկավարներ լուսանկարած է, իսկ այնուհետեւ անցած է գրագէտներու, դերասաններու, արուեստագէտներու, երաժիշտներու, գիտնականներու եւ համբաւաւոր անձերու։ Այդ դիմանկարներուն շարքին եղած են՝ Ճորճ Պերնար Շօ (1943), Տուայթ Այզընհաուըր (1946), Ճորճիա Օ՚Քիֆ (1956), Էռնեստ Հեմինկուէյ (1957) եւ Նիքիթա Խրուշչեւ (1963)։

Քարշը այցելու դասախօս էր Օհայոյի համալսարանին եւ Պոստոնի Էմերսըն գոլէճին մէջ։ Բազմաթիւ պատւոյ տիտղոսներու արժանացած է՝ տարբեր համալսարաններէ։ 1965ին Քանատայի Խորհուրդի մետալը ստացած է, իսկ այնուհետեւ՝ Քանատայի Կարգի (Order of Canada) երկու տիտղոսներ՝ 1967ին եւ 1990ին։ Անոր լուսանկարներէն շուրջ քսան հատոր հրատարակուած է։ Քանատայի Ազգային Արխիւներու տունը անոր ամբողջական հաւաքածոն գնած է, որ ներկայիս 355.000 միաւորներ կը պարունակէ։

1992ին Եուսուֆ Քարշ փակած է Շաթօ Լօրիէի իր երկրորդ աշխատանոցը եւ 1997ին Պոստոն փոխադրուած՝ իր կնոջ հետ։ Ան իր մահկանացուն կնքած է 13 Յուլիս, 2002ին, ու թաղուած՝ Օթթաուա։ 9 Յունիս, 2017ին, իր վերջին աշխատանոցին առջեւ զետեղուած է Քարշի կիսանդրին, գործ՝ քանատահայ քանդակագործ՝ բժ․ Մկրտիչ Տարագճեանի։ Արձանը Հայաստանէն նուէր մըն էր Քանատայի՝ հայ-քանատական դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25ամեակին եւ Քանատայի 150ամեակին զոյգ առիթներով։

Օթթաուա քաղաքը երկամեայ կերպով՝ Եուսուֆ եւ Մալաք Քարշ լուսանկարիչ եղբայրներուն նուիրուած՝ «Քարշ» մրցանակով արհեստավարժ արուեստագէտ լուսանկարիչներ կը պարգեւատրէ՝ ուշագրաւ գեղարուեստական աշխատանքի համար։