Friday, November 2, 2018

Կոմս Միխայիլ Լորիս-Մելիքով (ծնունդ՝ 2 Նոյեմբեր, 1824)

Միխայիլ Լորիս-Մելիքով (Միքայէլ Լորիս-Մելիքեան) 19րդ դարուն Ռուսական կայսրութեան ծառայած զինուորականներուն շարքին յատուկ տեղ մը կը գրաւէ իր քաղաքական գործունէութեամբ։

Լորիս-Մելիքեան ընտանիքը կու գար Լոռիէն, ուր միջնադարուն գաւառի մելիքները եղած էին։ Այնուհետեւ վրացական ազնուականութեան շարքերը համալրած էին, իսկ 1832ին գրանցուած էին իբրեւ ռուսական ազնուականութեան անդամներ։

Լորիս-Մելիքով ծնած է 2 Նոյեմբեր, 1824ին Թիֆլիսի մէջ։ Իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է «Լազարեան» ճեմարանին ու ապա զինուորական վարժարանի մէջ։ 1843ին ան մաս կազմած է հուսարներու գունդի մը եւ չորս տարի ետք՝ Կովկաս ղրկուած։ Շուրջ երեսուն տարի անցնելով շրջանին մէջ, ան թէ՛ իբրեւ հեծելազօրի սպա եւ թէ՛ իբրեւ կարող վարչարար փայլուն գործունէութիւն ունեցած է։ 1863-1875ին Թերեքի շրջանի (հիւսիս-արեւելեան Կովկաս) կառավարիչ եղած է։

1875ին հեծելազօրի զօրավարի աստիճանին բարձրացած հայազգի զինուորականը 1877ին զօրաբաժին մը վարած է ռուս-թրքական պատերազմին։ Ան գրաւած է Արտահանի բերդը եւ ապա՝ ջախջախիչ յաղթանակ մը տարած թուրք զօրավար Ահմէտ Մուխթար փաշայի դէմ Ալաճայի մէջ։ Այնուհետեւ, Կարսի բերդը գրաւած է եւ Էրզրումի պաշարման ենթարկած է։ Իր ծառայութեան համար, ցար Ալեքսանդր Բ. իրեն շնորհած է կոմսի տիտղոսը եւ, Ալաճայի յաղթանակին համար, Ս. Գէորգի երկրորդ կարգի շքանշանը։

1878ին Լորիս-Մելիքով Ստորին Վոլկայի շրջանի ժամանակաւոր ընդհանուր կառավարիչ նշանակուած է՝ ժանտախտի համաճարակի մը դէմ պայքարելու համար։ Այնուհետեւ, Կեդրոնական Ռուսաստանի նահանգները փոխադրուած է՝ անիշխանականներու ահաբեկչական գործունէութիւնը չէզոքացնելու նպատակով։

1880ին նշանակուած է Գերագոյն վարչական յանձնաժողովին պետ։ Այս յանձնաժողովը ստեղծուած էր ցարի դէմ ահաբեկման ձախողած փորձէն ետք։ Լորիս-Մելիքով կը գերադասէր իրաւական միջոցներու կիրարկումը, հաւատալով, որ չարիքին արմատին հարուածելը լաւագոյն քաղաքականութիւնն էր։ Հետեւաբար, ան Ալեքսանդր Բ.ին յանձնարարած է վարչական ու տնտեսական բարենորոգումներու յայտագրի մը կիրարկումը, որ պիտի օգնէր ընկերային դժգոհութեան պատճառներու դարմանումին։ Ցարը, որ սկսած էր կասկածիլ ոստիկանական ճնշումներու արդիւնաւէտութենէն, յանձնաժողովը լուծարած է Օգոստոս 1880ին եւ նոյն տարուան Նոյեմբերին կոմս Լորիս Մելիքովը Ներքին Գործոց նախարար նշանակած՝ արտակարգ լիազօրութիւններով։

Սակայն, բարենորոգումներու գաղափարը թուղթի վրայ մնացած է։ 13 Մարտ 1881ին, նոյն օրը, երբ ցարը հրովարտակ մը կը ստորագրէր՝ կառավարութեան տարբեր ճիւղերու մէջ բարենորոգումներ ծրագրելու զանազան յանձնաժողովներ ստեղծելով, ան մահափորձի մը զոհը դարձած է։Իր որդին ու յաջորդը՝ Ալեքսանդր Գ., բարենորոգումներու դէմ դիրքորոշուած է՝ իր հօր բարենորոգումները չեղեալ նկատելով։ Հետեւաբար, Լորիս-Մելիքով նախընտրած է իր հրաժարականը ներկայացնել (Մայիս 1881) եւ գործօն կեանքէ քաշուիլ։ Իր կեանքին վերջին տարիներուն, ան գրած է պատմական ու քաղաքական բնոյթի կարգ մը գործեր, ապրելով Գերմանիոյ ու ապա Նիսի մէջ (Ֆրանսա) մինչեւ իր մահը՝ 24 Դեկտեմբեր, 1888ին։ Հայազգի զինուորականին ու քաղաքական գործիչին մարմինը փոխադրուած է Թիֆլիս ու թաղուած՝ հայոց վանքի շրջափակին մէջ։