Saturday, November 17, 2018

Գարեգին եպս. Սրուանձտեանց (17 Նոյեմբեր, 1840 – 17 Նոյեմբեր, 1892)

Խրիմեան Հայրիկի շունչին տակ հասունցած, Գարեգին եպս. Սրուանձտեանց 19-րդ դարու Հայց. Եկեղեցւոյ նշանաւոր դէմքերէն էր, որուն գործունէութիւնը ուղղուած էր արեւմտահայ պատմական գաւառներու բնակչութեան բարւոքումին, ներառեալ՝ քաղաքական գործունէութիւնը։ Միաժամանակ, իր մտաւորական հետաքրքրութիւնները զինք մղած են դառնալու հայ բանագիտութեան եւ ազգագրութեան ռահվիրան։

Ապագայ եկեղեցականը ծնած է Վան, 17 Նոյեմբեր, 1840ին։ Նախնական ուսումը իր ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք, այնուհետեւ աւարտած է Վարագայ Ս. Խաչ վանքի ժառանգաւորաց վարժարանը։ Նոյն վարժարանին ուսուցիչ էր, երբ 1857ին Խրիմեան Հայրիկ վանահայր նշանակուած է։ Յաջորդ տարին, Վարագայ վանքին մէջ, Հայրիկ վերսկսած է նախապէս Պոլիս լոյս տեսած իր «Արծուի Վասպուրական»ի հրատարակութեան, որուն փոխ-խմբագիր կը նշանակէ երիտասարդ Սրուանձտեանցը, 1860ին։

Խրիմեանի հետ 1860-1861ին հայկական գաւառները շրջագայելով, Սրուանձտեանց նկարագրած է թուրքերու եւ քիւրտերու շահագործումին ենթարկուած հայ գիւղացիներու ցաւալի վիճակը, օսմանեան իշխանութիւններէն գաղտնի հսկողութեան ենթարկուելով։ Ան նաեւ հաւաքած է ժողովրդական բառ ու բանի նմոյշներ եւ նախաձեռնած՝ դպրոցներու բացումին։ 1862ին Վարագայ վանքը ձգելով, Սրուանձտեանց նշանակուած է Մշոյ Ս. Կարապետ վանքին կից դպրոցին տնօրէն եւ ուսուցիչ, եւ 1863-1865ին խմբագրած է Խրիմեան Հայրիկի հիմնած միւս՝ «Արծուի Տարօնոյ» երկշաբաթաթերթը։ 1866ին հրատարակած է «Նոր ընթերցարան» դասագիրքը Պոլսոյ մէջ։

1867ին Սրուանձտեանց վարդապետ ձեռնադրուած է Կարինի մէջ, եւ քարոզիչի հանգամանքով Վան առաքուած։ Շուտով Կարինի դպրոցներու ընդհանուր տնօրէն նշանակուած է, իսկ երկու տարի ետք՝ Ս. Կարապետ վանքի վանահօր փոխանորդ։

Ժողովուրդի կրթութեան ու մշակոյթի ջատագով ըլլալով, Սրուանձտեանց միաժամանակ խոյս չէ տուած աւելի յանձնառու գործունէութենէ։ 1872ին մասնակցած է «Միութիւն եւ փրկութիւն» գաղտնի խմբակի հիմնադրութեան։ 1879ին Վանի թեմի առաջնորդական փոխանորդ նշանակուած է։ 1879-1880ին Պոլսոյ հայոց պատրիարք Ներսէս Վարժապետեանի կողմէ ղրկուած է շրջագայելու հայկական գաւառները եւ մանրակրկիտ զեկոյցներ պատրաստելու՝ հայութեան վիճակին մասին։ Միաժամանակ, ան բանահիւսական բազմաթիւ նիւթեր հաւաքած է ու նկարագրած՝ ծէսեր, սովորութիւններ ու հաւատալիքներ։  

Մինչ այդ, բանագէտը արդէն քանի մը գիրքերով ամփոփած էր իր հաւաքած նիւթերը։ 1874ին լոյս տեսած «Գրոց ու բրոց» հատորին մէջ, Սրուանձտեանց կ՚աւետէր «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպին գիւտը, հրատարակելով իր կողմէ գրի առնուած տարբերակը, որ լաւագոյններէն նկատուած է մինչեւ այսօր ծանօթ աւելի քան 150 տպագիր ու անտիպ փոփոխակներուն մէջ։ Նոյն տարին, տարբեր տպագիր աղբիւրներ ամփոփող «Հնոց ու նորոց» հատորը լոյս ընծայած է։ Ան շարունակած է իր բեղուն հրատարակչական գործունէութիւնը յաջորդ տասնամեակին։ «Մանանայ» (1876) հատորը ներառած է բանահիւսական նիւթեր եւ Վանի թաղամասերու ու պատմական յուշարձաններու նկարագրութիւնը։ Տարբեր բնոյթ ունեցած է «Թորոս Աղբար»ը (1879), որ հայկական գաւառներու տնտեսական վիճակին ու պանդխտութեան անդրադարձած է։ Վերջապէս, «Համով-հոտով» (1884) ընդգրկած է պատմական վայրերու, յուշարձաններու եւ կլիմայի նկարագրութիւն մը, ինչպէս եւ ժողովրդական հէքեաթներ ու տարբեր մատենագիրներու դիմանկարներ։

Սրուանձտեանցի հանրային գործունէութիւնը վերստին օսմանեան կառավարութեան ուշադրութիւնը պիտի գրաւէր։ 1881ին ան կը մասնակցէր ուրիշ գաղտնի խմբակի մը՝ «Սեւ խաչ»ի ստեղծումին, եւ կառավարական հրամանով ստիպուած էր Վանը ձգել։ Այնուհետեւ, ան նախ Բաղէշի եւ ապա Խարբերդի թեմական փոխանորդ նշանակուած է։ 1886ին մեկնելով Ս. Էջմիածին, եպիսկոպոս ձեռնադրուած է, նշանակուելով նախ Տրապիզոնի եւ ապա Տարօնի առաջնորդ, ուր նաեւ Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի վանահայր եղած է։

Սակայն, Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ի դժգոհութեան հետեւանքով, պատրիարք Յարութիւն Վեհապետեանը պաշտօնանկ ըրած է Սրուանձտեանցը եւ զինք բերել տուած՝ Պոլիս։ Օսմանեան մայրաքաղաքին մէջ, ոստիկանական խիստ հսկողութեան տակ, եկեղեցականը շարունակած է իր գործունէութիւնը իբրեւ Բերայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ քարոզիչ, նորաստեղծ Կեդրոնական վարժարանի ուսուցիչ եւ Ազգային Ժողովի ատենապետ։ Ազգագրութեան ու հնագիտութեան բնագաւառներուն իր բերած նպաստը պատճառ դարձած է, որ Ս. Փեթերպուրկի հնագիտութեան կայսերական ակադեմիայի պատուոյ անդամ ընտրուի։

Երկար հիւանդութենէ մը ետք, Գարեգին եպս. Սրուանձտեանց վախճանած է իր 52րդ տարեդարձին օրը, 17 Նոյեմբեր, 1892ին։ Անոր ձգած ժառանգութիւնը 20րդ դարուն հայ ազգագրութեան ու բանագիտութեան զարգացման հիմնաքարը հանդիսացած է։