Wednesday, October 24, 2018

Սօս Սարգսեան (ծնունդ՝ 24 Հոկտեմբեր, 1929)

Հայրենի դերասան Սօս Սարգսեան հայ թատրոնի ու շարժապատկերի ամենէն նշանաւոր անուններէն մէկը հանդիսացաւ Ի. դարու երկրորդ կէսին։

Ծնած է Ստեփանաւան (Լոռի), 24 Հոկտեմբեր 1929ին։ Առաջին անգամ բեմ բարձրացած է 1947ին, Տէյվիտ Գոփըրֆիլտի դերը խալալով Չարլզ Տիքընսի համանուն վէպի հիմամբ թատերախաղի մը մէջ։ Յաջորդ տարին, ան փոխադրուած է Երեւան, ուր մտած է Պատանի հանդիսատեսի թատրոնը։ Մինչ այդ, ուսումը շարունակած է Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկին մէջ, աւարտելով 1954ին։ Շրջանաւարտ ըլլալու տարին, մտած է Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ակադեմական թատրոնը, ուր աշխատած է յաջորդ 37 տարիներուն։

Սօս Սարգսեան՝ «Պէպօ» շարժանկարին մէջ
Սօս Սարգսեան այն դերասաններէն էր, որոնք արտաքին շեշտադրումներու եւ յուզումնախառն կեցուածքներու պէտք չունէր՝ իր ներքին աշխարհը ցոլացնելու համար։ Իր թատերական երկարամեայ փորձառութիւնը ընդգրկած է հայ եւ օտար հեղինակներու բազմաթիւ թատերախաղեր։

Սարգսեան նաեւ մեծ պաստառին վրայ երեւցած է աւելի քան քառասուն անգամ, մատուցելով անմոռանալի կերպարներ հայկական դասական շարժանկարներու մէջ, ինչպէս «Նուագախմբի տղաները» (1961), «Եռանկիւնի» (1967, ՀԽՍՀ մրցանակ 1975ին), «Մենք ենք, մեր սարերը» (1969), «Խաթաբալա» (1971), «Նահապետ» (1977), «Ձորի Միրօ» (1981), «Գիքոր» (1982) եւ ուրիշներ։ Ան նաեւ խաղացած է զանազան ռուսական ժապաւէններու մէջ, որոնցմէ ամենէն նշանաւորն էր Անտրէյ Տարկովսկիի համբաւաւոր «Սոլարիս» ֆիլմը (1972)։ Ան եղած է խօսնակը «Մատենադարան» փաստանկարին (1988, ՀԽՍՀ մրցանակ նոյն տարին)։

1992ին Սօս Սարգսեան հաստատած է «Համազգային» թատրոնը, զոր ղեկավարած է մինչեւ իր կեանքին վերջը։ Ան շարունակած է բեմադրիչի ու դերասան ասպարէզը, թէ՛ թատրոնի եւ թէ՛ շարժապատկերի մէջ։ Միաժամանակ, 1997-2005ին Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի հիմնարկի տնօրէնն էր, եւ այնուհետեւ՝ տնօրէններու խորհուրդի անդամ, մինչեւ իր մահը։ Ան շարք մը վէպեր, յուշագրութիւններ եւ փորձագրութիւններու ժողովածուներ հրատարակած է 1991էն մինչեւ 2013։

Աւելի քան վաթսուն տարուան իր ասպարէզով, Սօս Սարգսեան արժանացած է ամենաբարձր պարգեւներու։ Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ նշանակուած է 1972ին, եւ Խորհրդային Միութեան՝ 1986ին։ Անկախութենէն ետք, ստացած է Հայաստանի հանրապետութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» մետալը (1996), Հայց. Եկեղեցւոյ «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» մետալը (2000) եւ Արցախի հանրապետութեան «Մխիթար Գօշ» մետալը (2001)։ 2000ին Երեւանի պատուոյ քաղաքացի հռչակուած է եւ փրոֆեսորի տիտղոսը ստացած է 2003ին։

Դերասանը նաեւ ազգային հարցերով տառապող հանրային գործիչ էր։ 1989-1991ին Խորհրդային Միութեան Գերագոյն Սովետի պատգամաւոր ընտրուելէ ետք, Հոկտեմբեր 1991ին Հ. Յ. Դաշնակցութեան կողմէ իբրեւ թեկնածու առաջադրուած է Հայաստանի նախագահական առաջին ընտրութիւններուն։ 2009ին Ազգային Ժողովի պատգամաւոր ընտրուած է նոյն կուսակցութեան ցանկով։ Նաեւ Հանրապետութեան Հանրային Խորհուրդի անդամ նշանակուած է։

Սօս Սարգսեան իր մահկանացուն կնքած է 26 Սեպտեմբեր, 2013ին, Երեւանի մէջ։ Մարմինը ամփոփուած է Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ։