Երբ կը խօսինք 20րդ դարու հայ գրականութեան մասին, Վախթանգ Անանեանի անունը առաջինը չէ, որ ի մտի կու գայ։ Բայց ան եղած է ու տակաւին կը մնայ ժողովրդական գրագէտ մը, յատկապէս Հայաստանի մէջ, իբրեւ արկածային գրականութեան սեռի հիմնադիր։ Անոր վէպերը բնութեան հանդէպ սէր ներշնչած են, յատկապէս մանուկներու եւ պատանիներու մէջ։
Անանեան ծնած է 8 Օգոստոս, 1905ին Պօղոսքիլիսա (այնուհետեւ՝ Շամախեան) գիւղին մէջ, որ ներկայիս Դիլիջան քաղաքին մաս կը կազմէ։ Մանկութիւնը անցուցած է գիւղին մէջ, ուր իր տարրական կրթութիւնը ստացած է։ Տասը տարեկանին մտած է Դիլիջանի ծխական դպրոցը, բայց չէ կարողացած վճարել դպրոցական թոշակը եւ, երկու տարի ետք, ստիպուած է ուսումը ընդհատել։ Տարիներ ետք, յիշած է. «Աւարտուեց իմ ուսման ժամանակաշրջանը։ Դրանից յետոյ իսկական դպրոց այլեւս չեմ տեսել։ Իմ դպրոցը եղել է մայր բնութիւնը, որի գրկում ես մեծացել եմ»։
Անանեան ինքնաշխատութեամբ լրացուցած է դպրոցական կրթութեան պակասը։ 1926ին փոխադրուած է Երեւան եւ յաջորդ տարին հրատարակած է առաջին պատմուածքը, իսկ 1930ին՝ առաջին վիպակը։ 1930-1935ին աշխատած է «Մաճկալ» եւ «Սոցիալիստական գիւղատնտեսութիւն» պարբերականներու խմբագրութիւններուն մէջ, եւ խմբագրած՝ «Կոլխոզնիկ» թերթը։ 1934ին անդամակցած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան։ 1941-1945ին կռուած է Բ. Աշխարհամարտին։
Բնութեան ու յատկապէս որսորդութեան մասին պատմուածքները արդէն գրաւած էին ընթերցողներու ուշադրութիւնը։ 1934ին լոյս տեսած պատմուածքներու հատորը՝ «Որս», շարունակուած է վեց հատորնոց «Որսորդական պատմուածքներ» շարքով (1947-1966)։ Սակայն, Անանեանի համբաւը բարձրացած է «Սեւանի ափին» արկածային վիպակով (1951), որ թարգմանուած է աւելի քան տասը լեզուներու։ Մանկա-պատանեկան գրականութեան սեռին մէջ յաջորդ յաջողութիւնը «Յովազաձորի գերիները» վիպակն էր (1956)։ Երկու վիպակները «Լաւագոյն գիրք» մրցանակը շահած են լաւագոյն մանկական գիրքի համամիութենական մրցանակաբաշխութեան մէջ, ու անոնց հիմամբ նկարահանուած են «Լեռնային լճի գաղտնիքը» (1954) եւ «Յովազաձորի գերիները» (1957) շարժանկարները։ Անանեան նաեւ գրած է «Հայաստանի կենդանական աշխարհը» քառահատոր շարքը (1961-1966), նիւթի խոր իմացութիւնն ու գրական ձիրքերը միացնելով, ուր հսկայական հում նիւթ է հրամցուած բնասէրներուն եւ նոյնիսկ գիտնականներուն։
Կեանքի վերջին տարիներուն, գրագէտը ստացած է բազմաթիւ պատիւներ։ 1968ին ճանչցուած է իբրեւ Խորհրդային Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, իսկ երկու տարի ետք Հայաստանի պետական մրցանակը շահած է՝ մանկա-պատանեկան գործերու ամբողջութեան համար։ 1974ին Հայաստանի կոմերիտմիութեան տարեկան մրցանակին արժանացած է, եւ նաեւ քանի մը շքանշաններու։
Վախթանգ Անանեան իր մահկանացուն կնքած է 4 Մարտ, 1980ին։ Երեւանի միջնակարգ դպրոց մը անոր անունը կը կրէ, իսկ 2006ին դրոշմաթուղթ մը մեծարած է զինք՝ ծննդեան հարիւրամեակին առիթով։