Thursday, August 1, 2019

Ալեքսանդր Բէկզադեան (մահ՝ Օգոստոս 1, 1938)

Համայնավարութեան պատրանքին լծուած իր շատ մը հայրենակիցներուն նման, Ալեքսանդր Բէկզադեան հաւատացած էր, որ անկէ կ՚անցնէր հայութեան փրկութեան ուղին, եւ հայ ազգային ազատագրական պայքարը չէր նկատեր որպէս այդպիսին։ Համաշխարհային յեղափոխութեան հովերը կը մղէին համայնավարները, որ կոչ ուղղէին կայսերապաշտութեան դէմ պայքարելու՝ միանալով օտարազգի գաղափարակիցներու։

Բէկզադեան ծնած է Շուշիի (Արցախ) մէջ, 1879ին, դատական պաշտօնեայի մը ընտանիքին մէջ։ Ընտանեկան բարօրութիւնը իրեն թոյլ տուած է փայլուն կրթութիւն ստանալ։ 1897ին շրջանաւարտ եղած է Շուշիի ռէալական ուսումնարանէն՝ ժամանակի Անդրկովկասի լաւագոյն կրթական հաստատութիւններէն մէկը, ու մտած՝ Քիեւի փոլիթեքնիք հիմնարկի գիւղատնտեսութեան դպրոցը։ 1901ին անդամակցած է Քիեւի համալսարանի սոցիալ-դեմոկորատ կազմակերպութեան, իսկ երկու տարի տք՝ ռուսական Սոցիալ-Դեմոկրատ կուսակցութեան բոլշեւիկեան հատուածին։

Քաղաքական գործունէութեան պատճառով, հեռացուած է համալսարանէն ու քաղաքէն։ Պաքու երթալով, ուր իր ընտանիքը տեղափոխուած էր, շարունակած է իր գործունէութիւնը։ Բէկզադեանները քաղաքական բարձր յանձնառութեամբ ընտանիք էին. քոյրերը՝ Մարիամ եւ Էլենա, աւելի ետք ռուսական յեղափոխութեան գաղափարները պիտի որդեգրէին, երկու եղբայրները՝ Տիգրան եւ Յովսէփ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան անդամ պիտի դառնային, իսկ Ռուբէն՝ Սոցիալ-Յեղափոխական կուսակցութեան անդամ։ 

Ալ. Բէկզադեան 1905ին ձերբակալուած ու բանտարկուած է, սակայն, յաջորդ տարի փախուստ տուած է բանտէն ու հաստատուած՝ Զուիցերիա, ուր 1906-1914ին աշխոյժ քաղաքական կեանք վարած է՝ Վլադիմիր Լենինի եւ կովկասեան բոլշեւիկներու միջեւ կապ հանդիսանալով։ Ցիւրիխի համալսարանի իրաւաբանական բաժինը մտնելով, իր դոկտորական աւարտաճառը պաշտպանած է 1912ին։

1915ին, Բէկզադեան արտօնութիւն ստացած է  Ռուսաստան վերադառնալ, սակայն կառավարական ծուղակի մը մէջ իյնալով, ձերբակալուած ի Պաքու հաստատուելէ ետք ու բանտարկուած մինչեւ Փետրուար 1917ի ռուսական յեղափոխութիւնը։ Ազատ արձակուելով, երադավերադարձած է  Պաքու, նահանգային պարենաւորման յանձնախումբի նախագահը դառնալով։ 1918ին անցած է հիւսիսային Կովկաս, եւ յաջորդ տարի բոլշեւիկեան կուսակցութեան կովկասեան կոմիտէի անդամ եղած։ Գործօն մասնակցութիւնը բերած է «բուրժուական» Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ եւ Մայիս 1920ի համայնավար ձախող ապստամբութեան պարագլուխներէն մէկը եղած։

Դեկտեմբեր 1920ին, Բէկզադեան Խորհրդային Հայաստանի առաջին կառավարութիւն հանդիսացած՝ Ռեւկոմի անդամ էր, ստանձնելով Արտաքին Գործոց եւ Պարենաւորման կոմիսարի պաշտօնները։ Դեկտեմբեր, 1920ին եւ Յունուար, 1921ին քեմալական կառավարութենէն պահանջած է, որ դադրեցնէ հայ բնակչութեան դէմ հալածանքներն ու ջարդը եւ բանակցութիւններու սկսի՝ Կարսն ու Ալեքսանդրապոլը Հայաստանին վերադարձնելու։ Սակայն, Բէկզադեանի գլխաւորած Հայաստանի պատուիրակութիւնը դուրս մնացած է Մոսկուայի բանակցութիւններէն՝ թրքական պահանջով, պատրուակելով Փետրուարեան ապստամբութիւնը։ Ապստամբութեան աւարտէն ետք, Ապրիլին Բէկզադեան վերահաստատուած է իր պաշտօնին մէջ։ Սակայն, որեւէ նպաստաւոր արդիւնք ձեռք բերած չէ Կարսի դաշնագրին ժամանակ, որ նուիրագործած է Կարսի, Արտահանի, Արարատ լերան եւ Անիի կորուստը Հոկտեմբեր, 1921ին։

1922ին մեկնելով Հայաստանէն, Բէկզադեան երկրորդական պաշտօն մր ստանձնած է Պերլինի խորհրդային առեւտրական ներկայացուցչութեան մէջ։ 1926-1930 Անդրկովկասեան Դաշնակցութեան ժողովրդական կոմիսարներու խորհուրդի փոխ-նախագահ եւ Առեւտուրի կոմիսար եղած է։ Այնուհետեւ, վերադարձած է արտաքին յարաբերութիւններու ոլորտին, 1930-1937ին խորհրդային դեսպան ըլլալով՝ Նորվեկիոյ (մինչեւ 1934) եւ Հունգարիոյ մէջ։ Դիւանագիտական ասպարէզը ձգած է 1937ին ու վերադարձած՝ Մոսկուա։

Բազմաթիւ հին բոլշեւիկներու պէս, Ալեքսանդր Բէկզադեան եւս ստալինեան հալածանքներու զոհ դարձած է՝ Ստալինի հակառակորդ Տրոցկիի կողմնակից  ըլլալու եւ հակակառավարական գործունէութեամբ զբաղած ըլլալու շինծու մեղադրանքներու հետեւանքով։ Ամիսներ տեւած դատավարութենէ ետք, Օգոստոս 1, 1938ին, սպաննուած է ՆԿՎԴի (ԿԳԲը նախորդող կազմակերպութիւնը) Կոմունարկա գնդակահարման վայրին մէջ, Մոսկուայի մօտակայքը, որ գործած է 1937-1941 թուականներուն եւ դարձած՝ աւելի քան 10.000 գնդակահարուած մարդոց գերեզմանը։ Ստալինի միլիոնաւոր զոհերուն նման, յետմահու արդարացուած է։