Showing posts with label Կովկաս. Show all posts
Showing posts with label Կովկաս. Show all posts

Friday, April 26, 2019

Lէօ (ծնունդ՝ 26 Ապրիլ, 1860)

Անցեալ դարու սկիզբին, Լէօ դարձաւ հայոց պատմական ու մտաւորական անցեալի ուսումնասիրութեան հիմնական անուններէն մէկը։ Առաքել Բաբախանեան ծնած էր 26 Ապրիլ 1860ին՝ Արցախի Քարինտակ գիւղին մէջ, այժմու Ստեփանակերտի մօտակայքը։ 1878ին վկայուած է Շուշիի թեմական դպրոցէն։ Իր ընտանիքին համեստ պայմանները աւելին չէին թոյլատրեր, իսկ այնուհետեւ Լէօ գրչանունով ծանօթ այս մտաւորականը ինքնուսուցման բացառիկ ճիգով պիտի դառնար մեր գրականութեան ու պատմութեան լաւագոյն գիտակներէն մէկը։

Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, ան աշխատած է Շուշիի եւ Պաքուի մէջ իբրեւ նոտարական գրագիր, հեռագրավար եւ «Արօր» տպարանի կառավարիչ։ Տակաւին ուսանող, 1877ին սկսած էր աշխատակցիլ Թիֆլիսի «Մշակ» օրաթերթին։ Անոր հայեացքները ձեւաւորուած են Րաֆֆիի եւ թերթի հիմնադիր խմբագիր Գրիգոր Արծրունիի գաղափարներու ազդեցութեան տակ։ Տարիներու ընթացքին, Լէօ պիտի աշխատակցէր բազմաթիւ հրատարակութիւններու՝ Կովկասէն մինչեւ Եւրոպա։ Սկզբնապէս, գրած է հրապարագրական յօդուածներ եւ գեղարուեստական արձակ (պատմուածք ու վէպ)։ Ամենէն կարեւոր գրական գործը «Մելիքի աղջիկը» (1898) վէպը եղած է։ Ան նոյնիսկ գրած է «Վարդանանք» պատմական թատերախաղը (1916)։

1895ին Լէօ փոխադրուած է Թիֆլիս, դառնալով «Մշակ»ի քարտուղար եւ մնայուն աշխատակից՝ մինչեւ 1906։ 1906-1907ին Ս. Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը դասաւանդելէ ետք, վերադարձած է Թիֆլիս, ուր ամբողջութեամբ նուիրուած է գրական աշխատանքի։ Արդէն ան մտած էր գիտական հետազօտութեան բնագաւառին մէջ, արտադրելով հարիւրաւոր յօդուածներ եւ տասնեակ գիրքեր։ Գրական քննադատութեամբ զբաղած է, իր քննական (երբեմն՝ վիճելի) մտքերը յայտնելով բազմաթիւ ժամանակակից գրողներու մասին, որոնք մասամբ խտացած են «Ռուսահայոց գրականութիւնը սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը» (1904) մենագրութեան մէջ։

Միւս կողմէ, Լէօ յատկանշուած է պատմական բազմաթիւ հարցերու նորովի մեկնաբանութիւններով իր շարք մը հատորներուն մէջ. «Հայկական տպագրութիւն» (2 հատոր, 1901–1902), «Յովսէփ կաթողիկոս Արղութեան» (1902), «Գրիգոր Արծրունի» (3 հատոր, 1902–1905), «Սուրբ Մեսրոպ» (1904), «Հայոց հարցը» (1906), «Հայ գրքի տօնը» (1912), «Վանի թագաւորութիւնը» (1915), «Հայոց հարցի վաւերագրերը» (1915), «Անի» (յետմահու՝ 1946)։ Անոր ամենէն ծաւալուն գործը, որ մնացած է անաւարտ, եռահատոր «Հայոց պատմութիւն»ն է, որոնցմէ միայն առաջին հատորը լոյս տեսած է ողջութեան (1917), իսկ միւս երկու հատորները՝ յետմահու (1946-1947)։ Շուրջ 2,000 էջնոց այս գործը հայոց պատմութիւնը ներկայացուցած է՝ նախապատմութենէն մինչեւ 18-րդ դար (բացի 12-րդ-15-րդ դարերէն)։ Լէոյի հայեացքները թարմ էին ու երբեմն՝ վէճի առարկայ, բայց անվիճելի էր անոր հանրագիտարանային գործածութիւնը հայ եւ օտար սկզբնաղբիւրներու, հնագիտական, վիմագրական, լեզուաբանական ու բանասիրական նիւթերու, ուղեգրութիւններու եւ յուշագրութիւններու, երկրորդական աղբիւրներու, եւ այլն։

1924ին, Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան հրաւէրով, Լէօ Երեւան հաստատուած է՝ իբրեւ Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս։ Անոր դասախօսութիւնները հայոց պատմութեան առաջին համալսարանական դասագիրքը դարձած են՝ Յակոբ Մանանդեանի դասախօսութիւններուն հետ։ Ան ստացած է փրոֆեսորի տիտղոսը 1925ին, երբ նաեւ ընտրուած է Գիտութեան եւ Արուեստի ինստիտուտի (1930ին՝ Գիտութիւններու ինստիտուտ) իսկական անդամ։

Իր նախախորհրդային գործերուն մէջ, Լէօ գերադասած էր անհատի դերը եւ հոգեկան ու աշխարհագրական ազդակներու դերակատարութիւնը շեշտած էր։ 1920ական թուականներուն, ան փորձած է ինքզինք տեղադրել նոր տիրող գաղափարախօսութեան ծիրին մէջ եւ հիմնովին փոխած է իր դիրքորոշումներէն շատեր։ Ըստ երեւոյթին, ցեղասպանութեան փաստը դեր ունեցած է այդ դիրքափոխումին մէջ։ «Անցեալից» աշխատասիրութեան մէջ (1925) ներկայացուած հայ ազատագրական շարժման պատկերը բոլորովին անյարիր էր սկզբնական շրջանի դրական գնահատանքներուն։ Անմիջական անցեալի ժխտական արժեւորումը կրկնուած է «Թրքահայ յեղափոխութեան գաղափարաբանութիւնը» (յետմահու, 1934) երկհատոր աշխատութեան մէջ։ «Խոջայական կապիտալ» (1934) հատորին մէջ, Լէօ նոր ջուղայեցի առետուրի դրամագլուխը նկատած է մեր արդի պատմութեան մղիչ ուժը։

Վաստակաւոր պատմաբանը իր մահկանացուն կնքած է Երեւանի մէջ, 14 Նոյեմբեր, 1932ին։ Թաղուած է Պանթէոնին մէջ։ Իր անունով Երեւանի մէջ կան փողոց մը եւ դպրոց մը։ Լէոյի կիսանդրին զետեղուած է Երեւանի պետական համալսարանի գլխաւոր մասնաշէնքին մէջ։

Sunday, March 3, 2019

Պրեստ-Լիթովսկի դաշնագիրը  (3 Մարտ 1918)

Խորհրդային Ռուսաստանի եւ Կեդրոնական Պետութիւններուն միջեւ ստորագրուած Պրեստ-Լիթովսկի դաշնագիրը կնքած է ռուսական պարտութիւնը եւ մասնակցութեան աւարտը Ա. Աշխարհամարտին մէջ։

Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան յաջորդած էր խորհրդային վարչակարգի հաստատումը Ռուսաստանի մէջ, որ սակայն յուսահատ կացութեան մէջ էր քանի մը ամիս ետք։ Յեղափոխական կառավարութիւնը, իբրեւ առաջին քայլ արտաքին յարաբերութիւններու մէջ, խաղաղութեան մասին հրովարտակ մը հրապարակած է 26 Հոկտեմբեր, 1917ին, Խորհուրդներու երկրորդ համառուսաստանեան համագումարին ընթացքին։ Հրովարտակը, որ հեղինակուած էր նոյնինքն Վլատիմիր Լենինի կողմէ, բոլոր մարտնչող կողմերուն կ՚առաջարկէր բանակցութիւններու սկսիլ՝ «արդար ժողովրդավար աշխարհ» մը ստեղծելու համար։

Հրովարտակին մերժումը Դաշնակիցներուն (Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ եւ Իտալիա) կողմէ, Խորհրդային Ռուսաստանը մղած է անջատ խաղաղութիւն կնքելու գործընթացին մէջ մտնելու։ Ռուսաստանի եւ Կեդրոնական Պետութիւններուն (Գերմանիա, Աւստրիա-Հունգարիա, Օսմանեան կայսրութիւն եւ Պուլկարիա) միջեւ բանակցութիւնները սկսած են Պրեստ-Լիթովսկի մէջ, 9 Դեկտեմբերին։ Խորհրդային պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Ատոլֆ Եոֆֆէի, իբրեւ պայմաններ դրած է գրաւուած տարածքներէ զօրքերու հանումը, պատերազմի ընթացքին ստրկացած ազգերու ազատագրումը, ամէն տեսակի ռազմատուգանքներէ հրաժարումը, եւ այլն։

Գերմանական պատուիրակութիւնը հակադարձած է իր սեփական ծրագրով, որ կը ներառնէր Մերձպալթիական շրջանի կցումը Գերմանիոյ եւ Լեհաստանի նոր բաժանում մը։ Գերմանիա, միաժամանակ, կը ցանկար պահել ռուսական գրաւուած տարածքները՝ անոնց տնտեսական միջոցները շահագործելու համար։

Ռուսաստանն ու Գերմանիան անջատ բանակցութիւններ սկսած են 27 Դեկտեմբերին։ Ամիս մը ետք, Կեդրոնական Պետութիւնները համաձայնութիւն մը կնքած են Կեդրոնական Ռատային հետ (Ուքրանիոյ յեղափոխական խորհրդարանը)՝ Ուքրանիայէն ուտելիք ստանալ փոխան զինուորական օգնութեան։ Միեւնոյն գիշերը Գերմանիա վերջնագիր մը յղած է Ռուսաստանին՝ գերմանական պայմանները գործադրելու։ Յաջորդ օրը, Լեւ Թրոցկի, որ խորհրդային պատուիրակութեան ղեկավարութիւնը ստանձնած էր, պատասխանած է, թէ Ռուսաստանը պիտի չստորագրէր համաձայնագիրը, բայց կը դադրեցնէր մարտերը եւ կը պարպէր զօրքերը։ 18 Փետրուարին, Կեդրոնական Պետութիւնները վերսկսած են յարձակողականը ամբողջ արեւելեան ռազմաճակատին վրայ։ Ռուսական զօրքերը, չկարողանալով դիմադրել, եւ ռուսերը համաձայնագրի իրենց հաւանութիւնը տուած են Փետրուար 19ին։ Սակայն, գերմանացիները շարունակած են յարձակումը մինչեւ Փետրուար 22՝ ա՛լ աւելի դաժան պայմաններ ներկայացնելով։

Ի վերջոյ, համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէն համաձայնութիւնը տուած է խաղաղութեան դաշնագրի մը կնքումին, եւ Պրեստ-Լիթովսկի դաշնագիրը ստորագրուած է 3 Մարտին։ Այս խայտառակ դաշնագրով, Ռուսաստանը կը կորսնցնէր մերձպալթեան տարածքները եւ Պելառուսիոյ մէկ մասը, Ուքրանիան ու Ֆինլանտիան ինքնավար հանրապետութիւններ կը հռչակուէին՝ Կարմիր Բանակի նահանջին առընթեր։ Աւելի կարեւոր էր, սակայն, Կովկասի մէջ Կարսի ու Արտահանի հայկական շրջաններու եւ Պաթումի վրացական շրջանի զիջումը Օսմանեան կայսրութեան։ Պէտք է վերյիշել, որ Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան պայթումէն եւ ռուսական զօրքերու՝ կովկասեան ռազմաճակատէն մեկնումին յաջորդած էր թրքական յարձակողականը, որուն հետեւանքով վերագրաւուած էին Արեւմտեան Հայաստանի այն տարածքները, զորս Ռուսաստանը գրաւած էր 1916ին։ Թուրքիան արդէն Կովկասի վրայ իր յարձակումին ձեռնարկած էր։

Շահեկան է նշել, որ Ռուսաստանը այլեւս որեւէ փաստական ներկայութիւն չունէր Կովկասի մէջ, որ անուանապէս միայն կապուած էր անոր։

Մարտերու վերջաւորութիւնը թոյլ տուած է Գերմանիոյ, որ իր ուժերը կեդրոնացնէ հարաւային ճակատի վրայ եւ յարձակումի ձեռնարկէ՝ 21 Մարտէն մինչեւ 17 Յունիս 1918, բայց այս յարձակումը անյաջող եղած է, քանի որ Դաշնակիցները հակադարձած են տեւական յարձակումներով, որ ի վերջոյ յանգած են Գերմանիոյ պարտութեան։

Կարեւոր է նշել, որ 1918ին պոլշեւիկները Ռուսաստանի օրինաւոր եւ ճանչցուած իշխանութիւնը չէին Ռուսաստանի մէջ, եւ հետեւաբար երկրի անունով դաշնագիր մը կնքելու իրաւունք չունէին։ Սակայն, դաշնագրին ստորագրութիւնը պոլշեւիկ կառավարութեան թոյլ տուած է իշխանութիւնը պահել եւ ազատիլ իր հակառակորդներէն, յատկապէս ընկերվար-յեղափոխականները։ Ի վերջոյ, ասիկա պատճառ պիտի դառնար քաղաքացիական պատերազմի սկզբնաւորութեան, որ չորս տարի պիտի տեւէր։

Օգոստոս 27ին Պերլինի մէջ ստորագրուած լրացուցիչ համաձայնագիր մը հաստատած է Ռուսաստանի կողմէ 6 միլիառ գերմանական մարգի վճարումը Գերմանիոյ իբրեւ ռազմատուգանք։ Սակայն, Պրեստ Լիթովսկի դաշնագիրը չեղեալ համարուած է Ռուսաստանի կողմէ Սեպտեմբեր 20ին, իսկ պատերազմի աւարտէն ետք՝ Թուրքիոյ (30 Հոկտեմբեր) եւ Գերմանիոյ կողմէ (13 Նոյեմբեր)։