Խորհրդային եւ յետ-խորհրդային ժամանակներուն, Ռոբերտ Սահակեանց հայկական բազմանկարներու (animation film) աստղերէն մէկը եղած է։
Ծնած է Պաքու (Ատրպէյճան), 30 Օգոստոս, 1950ին, եւ 1964ին Երեւան փոխադրուած՝ ընտանիքին հետ։ Միջնակարգը աւարտելէ ետք, մտած է Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական ինստիտուտը (այժմ՝ համալսարան)։ 1970ին սկսած է աշխատիլ «Հայֆիլմ» աշխատանոցին մէջ՝ իբր նկարիչ ու բազմանկարիչ։ Երկու տարի ետք, բեմադրած է իր առաջին ժապաւէնը՝ «Լիլիթ»ը։ Այդ ժամանակ, ինստիտուտէն հեռացուած է՝ դասերուն բաւարար չափով չյաճախելուն համար։ Հինգերորդ բազմանկարը՝ «Աղուէսագիրք»ը, որուն բեմագիրը գրած է՝ Վարդան Այգեկցիի ու Մխիթար Գօշի առակներուն հիմամբ, որ առաջին խորհրդային ռոք-օփերան եղած է։ Իր բեմադրած ժապաւէններուն մեծ մասին բեմագիրներն ալ ինք գրած է։ 1987ին ստացած է Խորհրդային Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտի տիտղոսը, իսկ 2008ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտի կոչումը։
1972-2009 ժամանակաշրջանին, Սահակեանց բեմադրած է 54 շարժանկար եւ գրած՝ 48 բեմագիր։ Ան նաեւ «Հայֆիլմ»ին արտադրած ուրիշ ժապաւէններու համահեղինակը եղած է։ 1980ական թուականներուն իր ամենէն ժողովրդական բազմանկարներէն մէկ քանին բեմադրած է, ինչպէս՝ «Մորու գոյնի երեք կապոյտ–կապոյտ լճակ…» (1981), «Ով էնպիսի սուտ ասի» (1982), «Խօսող ձուկը» (1983), «Կապոյտ ծովում, սպիտակ փրփուրի մէջ…» (1984), «Բարեկենդանը» (1985)։ Անոր շարժանկարները մրցանակի արժանացած են Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Գերմանիոյ, Ճափոնի, ինչպէս եւ Ուքրանիոյ, Ռուսաստանի եւ Էստոնիոյ մէջ։
Սահակեանց իր որոշ բազմանկարներու նիւթերը քաղած է Յովհաննէս Թումանեանի հէքեաթներէն, ինչպէս՝ «Կիկոսի մահը», «Քաջ Նազար», «Մորու գոյնի երեք կապոյտ-կապոյտ լճակ», «Ով էնպիսի սուտ ասի», «Խօսող ձուկը» եւ «Բարեկենդանը»։ Բեմադրիչ-բեմագիրը ո՛չ միայն վերակենդանացուցած է, այլեւ թարմացուցած է դասական պատմութիւնները, անոնց տալով արդիական հնչեղութիւն մը՝ մանուկներու համար։ Ստեղծած է յիշատակելի կերպարներ, որոնք ներկայացուած են գոյնզգոյն «հրավառութեամբ» եւ իր սեփական մեկնաբանութեամբ։
Ռոբերտ Սահակեանց մահացած է 24 Սեպտեմբեր, 2009ին, Երեւանի մէջ, երկար հիւանդութենէ ու բարդ սրտի վիրահատութենէ ետք։ Անոր անունը կրող ընկերութիւն մը, որդիի՝ Դաւիթ Սահակեանցի գլխաւորութեամբ, կը շարունակէ բեմադրիչին ժառանգութիւնը վառ պահել բազմանկարներու կալուածին մէջ։