Անհեթեթին թատրոնը 1950-1960ական թուականներու թատրոնի յառաջադէմ ուղղութիւններէն մէկն էր, որ Բ. Աշխարհամարտի պատճառած մեծ ցնցումէն ծնունդ առած է։ Անոր հիմնադիրներէն մէկը Ֆրանսա հաստատուած հայազգի գրագէտ մըն էր՝ Արթիւր (Յարութիւն) Ադամով։
Ապագայ գրագէտը ծնած է 23 Օգոստոս, 1908ին Կիսլովոդսկի մէջ (իր հանքային ջուրերով նշանաւոր քաղաք մը հիւսիսային Կովկասի մէջ)։ Հայրը՝ Սուրէն Ադամով (Ադամեան), ղարաբաղցի էր ու նաւթահորերու տէր։ Իր ինքնակենսագրական վէպերէն մէկուն մէջ, Ա. Ադամով պիտի գրէր. «Մոռցայ ըսել, թէ ընտանիքս հայկական ծագում ունի։ Ժամանակին, նոյնիսկ խօսած եմ այդ լեզուն…»։ 1914ին Ադամով ընտանիքը Ռուսաստանը ձգած ու Գերմանիա հաստատուած էր, ուր Արթիւր յաճախած է ֆրանսական դպրոց մը։ Սակայն, ռուսահպատակ ըլլալուն պատճառով, ընտանիքը պարտաւորուած էր ձգել Գերմանիան ու փոխադրուիլ Զուիցերիա, ուր ապրած են մինչեւ 1922։ Միջոցին, սակայն, Հոկտեմբերեան Յեղափոխութիւնը ճակատագրական եղած է Ադամովներուն համար, որոնք կորսնցուցած են իրենց գրեթէ ամբողջ հարստութիւնը։ Սուրէն Ադամով, որ ծանօթ խաղամոլ էր, այդ հարստութեան վերջին մնացորդները թղթախաղի մէջ պիտի կորսնցնէր, անձնասպան ըլլալով 1933ին։
1922ին, Ադամով ընտանիքը փոխադրուած էր Ֆրանսա, երկու տարի ետք Փարիզ հաստատուելով։ Արթիւր Ադամով իր կեանքը պիտի անցընէր ֆրանսական մայրաքաղաքին մէջ։ Տարագիր կեանքի դառնութիւններն ու զրկանքները վճռական պիտի դառնային անոր աշխարհահայեացքի կազմաւորման մէջ։ 1920ականներու վերջաւորութեան, ան պիտի միանար գերիրապաշտ շարժումին, բարեկամութիւն հաստատելով հռչակաւոր բանաստեղծ Փօլ Էլիւարի հետ։ Նաեւ խմբագրած է գերիրապաշտ Discontinuité հանդէսը։ Գերիրապաշտ ոճով գրուած անոր առաջին բանաստեղծութիւնները իր յոռետեսութեան արտայայտութիւնն են։ 1930ական թուականներուն, Ադամով գործօն կերպով մասնակցած է Ֆրանսա կազմուած ֆաշական խումբերուն դէմ պայքարին։ 1938ին, ջղային խանգարում մը ունեցած է, որուն ցոլացումը արձանագրած է ինքնակենսագրական «Խոստովանութիւնը» գործին մէջ, որ գրուած է 1938-1943ին եւ հրատարակուած՝ 1946ին։ Այս գործը անոր օտարումի զգացողութիւնը պարզած է, նախապատրաստելով անհեթեթի թատրոնի ամենէն զօրաւոր գործերէն մէկ քանին։ Գերմանական գրաւումէն ետք, շուրջ տարի մը անցուցած է Արժելի կեդրոնացման ճամբարին մէջ (հարաւային Ֆրանսա)։
Յետպատերազմեան շրջանին, շուէտացի թատերագիր Օկիւստ Ստրինտպէրկի եւ Ֆրանց Քաֆքայի ազդեցութեան տակ, Ադամով ձեռնարկած է թատերագրութեան։ Անոր առաջին թատերախաղը եղած է՝ «Ծաղրանմանութիւնը» (1947)։ Անոր ամենածանօթ գործերէն մէկուն՝ «Փրոֆեսոր Թարան»ի (1953) գլխաւոր կերպարը կը մեղադրուի զանազան յանցանքներով։ Երբ զանոնք կը մերժէ, այդ մերժումները կը դառնան նոր չարագործութիւններու ապացոյց։ Ադամովի ամենածանօթ թատերախաղը եղած է «Փինկ-փոնկ» (1957)։ Ուշ գործերը («Փաոլօ Փաոլի», 1957,«Գարուն-71», 1961, «Աղբի քաղաքականութիւնը», 1963) ծայրայեղ քաղաքական յայտարարութիւններ բերած են՝ թատերական փորձարարութեան մշտական հետաքրքրութեան կողքին։ 1960ական թուականներուն նախ՝ համայնավար, ապա՝ ծայրայեղ ձախակողմեան գաղափարներու յարած է։ Գերմանացի հեղինակներու եւ ռուս դասականներու կարգ մը գործեր ֆրանսերէնի թարգմանած է։
Կեանքի վերջին տարիներուն, Ադամով սկսած է խմել եւ թմրեցուցիչ գործածել, մինչ Անհեթեթի գլխաւոր եռեակին միւս անդամները՝ Սամուէլ Պէքէթ եւ Էօժէն Իոնեսկօ, համաշխարհային ճանաչումի պիտի արժանանային։ Պէքէթ Նոպէլեան մրցանակ ստացած է 1969ին, իսկ Իոնեսկօ Ֆրանսական Ակադեմիա մտած է 1970ին։ Սակայն, մոռցուած, մենակեաց եւ աղքատութեան մէջ մնացած Արթիւր Ադամովը մահացած է Փարիզ, 16 Մարտ, 1970ին։ Մահուան պատճառը կրնայ եղած ըլլալ արկածով անձնասպանութիւն մը՝ թմրեցուցիչ դեղերու աւելորդ քանակ մը առնելու հետեւանքով։