Ֆրանսահայ
ծանօթ նկարիչ Ժանսէմ, բուն անունով՝ Յովհաննէս Սէմէրճեան, ծնած է 9 Մարտ,
1920ին, Պրուսայի շրջանի Սէօլէօզ գիւղը, որ եղած էր հռչակաւոր գրագէտ Յակոբ
Օշականի ծննդավայրը։
1922ին
փախուստ տալով քեմալական շարժումէն, Սէմէրճեան ընտանիքը հաստատուած է
Սելանիկ (Յունաստան), ուր Յովհաննէս անցուցած է իր մանկութիւնը։ Հօրը մահէն
ետք, 1931ին Ֆրանսա փոխադրուած է մօր հետ, հաստատուելով փարիզեան
Իսի-լը-Մուլինօ արուարձանը։
Արկածի
մը հետեւանքով՝ ոտքի ոսկորները կոտրելով, երեք տարի անցուցած է
հիւանդանոցի մէջ։ 1934-1936ին երեկոյեան դասընթացքներու հետեւած Մոնփառնասի
եւ Մարէի մէջ՝ ֆրանսական մայրաքաղաքը։ Նկարիչ եւ ուսուցիչ Արիէլ
(Յարութիւն) Աճէմեան իրեն սորվեցուցած է գծագրել, բայց ապագայ նկարիչը
սպանացի համբաւաւոր նկարիչ Փապլօ Փիքասոյի գործերով իր յայտնութիւնը պիտի
կատարէր։
Զարդարուեստի
դպրոց մտնելով (1936-1938), գեղարուեստի դպրոցին եւ «Սապաթիէ»
արուեստանոցին մէջ միամեայ դասընթացքի մը հետեւած է 1937ին։ Ժանսէմ (Ժան
Սէմէրճեան) կեղծանունը որդեգրած է 1940ին՝ գործերու իր առաջին
ցուցադրութեան առթիւ։ Նաեւ ծանօթ եղած է Ժան Ժանսէմ անունով։ Նկարներու
մռայլ գոյները աւելի լուսաւորուած են Յունաստան իր կատարած
ճամբորդութենէն ետք 1950ին, ներշնչուելով յունական գիւղական շրջաններու
ստուերոտ կերպարներէն։ Քննադատները զինք սահմանած են իբրեւ՝ թշուառ մարդոց
նկարիչը։ Անոր երանգապնակին դեղնականաչ գոյները յաճախ զուգորդուած են
կարմիր, զուտ կանաչ եւ նարնջագոյնին։
1950ական
թուականներուն Ժանսէմ բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած է Ֆրանսայի եւ
Մեքսիքոյի մէջ։ 1953ին, հազիւ 33 տարեկան, արդէն ստացած է Ֆրանսայի
արուեստի ու գրականութեան շքանշանը։ Յաջորդ կէս դարուն, բազմաթիւ
ցուցահանդէսներ տուած է Փարիզի, Նիւ Եորքի, Շիքակոյի, Լոնտոնի, Թոքիոյի,
Հռոմի, Պրիւքսէլի, Լօզանի, Պէյրութի եւ այլ քաղաքներու մէջ, իսկ անոր
գործերէն շատեր տեղ գտած են եւրոպական եւ ամերիկեան թանգարաններու եւ
մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ։ Ճափոնի մէջ երկու թանգարաններ նուիրուած են անոր
գործին, որոնք բացուած են 1993ին եւ 1997ին։ Հայաստան այցելած է 1973ին եւ
ապա՝ 2001ին, երբ իր 34 գործերու նկարաշարքը՝ «Եղեռն», նուիրած է Հայոց
Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտին։ Ստացած է «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը
եւ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայէն պատուոյ տոքթորական՝ 2002ին։ 2003ին
ֆրանսական Պատուոյ Լեգէոնի ասպետի աստիճանին արժանցած է։
Ժանսէմ մահացած է 27 Օգոստոս 2013ին, Սէն-Էնիան-սիւր-Շէրի մէջ (կեդրոնական Ֆրանսա)։