Thursday, January 10, 2019

Հ. Սերովբէ Տէրվիշեան (ծնունդ՝ 10 Յունուար 1846)

Հ. Սերովբէ վրդ. Տէրվիշեանը մոռցուած անուն մըն է այսօր։ Ան հայկական լեզուաբանութեան ռահվիրայ մը եղած է 19րդ դարուն, երբ հայերէնը հազիւ գտած էր իր ճիշդ դիրքը հնդեւրոպական լեզուներու ընտանիքին մէջ, եւ հնդեւրոպաբանները հազուադէպ էին հայ իրականութեան մէջ։

Տէրվիշեանի մասին տեղեկութիւնները քիչ են։ Ծնած է 10 Յունուար, 1846ին, Կ. Պոլիս, եւ ղրկուած է Վիեննայի Մխիթարեան վանքը, ուր իր կրթութիւնը ստացած է։ 1864ին կուսակրօն աբեղայ դարձած է, անդամակցելով միաբանութեան, իսկ երկու տարի ետք՝ վարդապետ ձեռնադրուած։

Սկզբնապէս հրատարակած է կրօնա-բարոյական հարցերու մասին գիրքեր, ինչպէս «Սուրբերու վարքը» (հայատառ թրքերէն, 1870) եւ Ս. Յուստինոսի գործերուն ու վկայութեան գրաբար թարգմանութիւնը՝ «Պատասխանատուութիւնք առաջին եւ երկրորդ եւ պատմութիւն նորին վկայութեան» (1872)։ Անոնց պէտք է աւելցնել աշխարհաբար կարճ ողբերգութիւն մը՝ «Այրի մայրն ու միամօր որդեակը» (1871)։

Սակայն, Տէրվիշեան շուտով ձգած է իր գրական աշխատանքները, դառնալով իր բուն սէրերուն՝ լեզուներուն։ Վանքին մէջ, արդէն հայերէն (գրաբար), դասական (յունարէն եւ լատիներէն) ու արդի (գերմաներէն եւ ֆրանսերէն) լեզուներու ժրաջան ուսանող մըն էր։ Այնուհետեւ, շարունակած է իր կրթութիւնը Վիեննայի համալսարանը, ուր սորված է պահլաւերէն (Իրանի հին լեզուն) եւ սանսկրիտերէն (Հնդկաստանի հին լեզուն)։ Անոնցմէ զատ՝ ծանօթ էր օսմաներէնի եւ հին պարսկերէնի։

1877ին հրատարակած է իր առաջին լեզուաբանական գործը՝ «Հին հայերէն ք-ն», գերմաներէն։ Այս գիրքը առաջինն էր լեզուաբանական հետազօտութիւններու շարքի մը, որ երբեք չամբողջացաւ։ Ան կը պարունակէր այդ տառի քննութիւն մը, այդ տառը ունեցող բոլոր բառերուն ստուգաբանութիւնը եւ «ք» տառի ունեցած վերափոխումները այդ բառերուն մէջ՝ այլ լեզուներու բաղդատութեամբ։

1880ական թուականներուն Հ. Սերովբէ Տէրվիշեան Պոլիս վերադարձած է, ուր 1883ին հրատարակած է հայկական թուանուններու մասին յօդուածաշարք մը, Եղիա Տէմիրճիպաշեանի «Երկրագունդ» հանդէսին մէջ։ 1885ին լոյս ընծայած է իր հայերէն գլխաւոր գործը՝ «Հնդեւրոպական նախալեզուն»։ Այստեղ ամփոփուած են հնդեւրոպագիտութեան գլխաւոր իրագործումները ու բացատրուած են հնդեւրոպական նախալեզուի հիմնական խնդիրները։ Հեղինակը նաեւ անդրադարձած է հնդեւրոպական հին քաղաքակրթութեան եւ նախնական հայրենիքի խնդրին, ինչպէս եւ հնդեւրոպական լեզուաբանութեան պատմութեան։ Երկու տարի ետք, ան հրատարակած է առաջին հայերէն լեզուաբանական հանդէսը՝ «Լեզու» (1887-1888), զոր ինք լեցուցած է իր յօդուածներով։ Աշխատակցած է Վիեննայի Մխիթարեաններու նորաստեղծ «Հանդէս ամսօրեայ»ին եւ կարգ մը պոլսահայ թերթերու, ուր շարունակած է հրատարակել լեզուաբանական յօդուածներ։ Մահացած է Յունուար 1, 1892ին, 46 տարեկանին։

Հռչակաւոր լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեան գնահատած է Տէրվիշեանի վաստակը, յատկապէս կարգ մը ստուգաբանութիւններ եւ այն փաստը, որ «Հնդեւրոպական նախալեզու»ի պէս ամփոփ, մատչելի ու պարզ կերպով ներկայացուած գործ մը չէ եղած է ամբողջ եւրոպական գրականութեան մէջ՝ մինչեւ 1885։ Այդ գործը, գրած է Աճառեան, լեզուաբանութեան իր առաջին աղբիւրը եղած է, որուն համար չէ վարանած «իմ առաջին ուսուցիչս» կոչել Մխիթարեան գիտնականը։