Հայ
բժշկութեան նախահայր` Մխիթար Հերացիի արժանաւոր յաջորդը եղած է Ամիրտովլաթ
Ամասիացին, ուշ միջնադարուն։ Այս երկու յայտնի հեղինակներուն գործը
յատկանշուած է միջին հայերէնով (ռամկօրէն)
գրուած ըլլալը։ Այսպիսով, անոնք որդեգրած էին օրուան խօսակցական լեզուն,
փոխանակ դիմելու գրաբարի գործածութեան, որ անմատչելի էր պարզ ժողովուրդին։
Ամիրտովլաթ
ծնած է Ամասիա (Սեւ ծովու շրջան) 1420ի շուրջ։ Դպրոց յաճախած է Ամասիոյ եւ
Սեբաստիոյ մէջ, իսկ այնուհետեւ տարիներով թափառած է իբրեւ ճամբորդ-բժիշկ
Միջին Արեւելքի եւ Իրանի մէջ, բոյսերու նմոյշներ հաւաքելով։ Կը կարծուի, որ
իր բժշկական գիտելիքները ձեռք բերած է Միջագետքի մէջ։ Ծանօթ էր հայերէնի,
յունարէնի, լատիներէնի, պարսկերէնի, թրքերէնի եւ շրջանի բժշկական
գրականութեան լեզուին՝ արաբերէնի։ 1450ական թուականներու վերջերուն
տեղափոխուած է Կոստանդնուպոլիս, ուր շարունակած է ուսումնասիրել
բժշկութիւն, բնական գիտութիւններ եւ փիլիսոփայութիւն։ 1459ին գրած է իր
առաջին գործը՝ «Ուսմունք բժշկութեան», որ նուիրուած է մարդակազմութեան,
առողջապահութեան, ախտաբանութեան եւ դեղաբանութեան։ Նոյն տարին գրած է իր
առաջին «Ախրապատին» վերնագրով գործը, որ դեղաբանութեան նուիրուած ընդարձակ
երկ մըն է (աքրապատին կը նշանակէ «դեղաբանութիւն» արաբերէնով)։
Կ.
Պոլիսը 1453ին գրաւուած էր օսմանեան թուրքերուն կողմէ, որոնք վերջ տուած
էին Բիւզանդական կայսրութեան։ 1460ական թուականներուն Ամիրտովլաթ
ընտրուեցաւ սուլթան Մեհմէտ Բ.ի (1451-1481) բժշկապետ եւ բժշկապետ-ակնաբոյժի
պատուոյ տիտղոսը ստացաւ։ Այնուհետեւ, անծանօթ պատճառներով, տասնամեակ մը
պանդխտութեան մէջ անցուց՝ թափառելով Պալքաններու մէջ։ Այդ տարիներուն,
1466-1469ին գրած է բժշկական իր մեծագոյն գործը՝ «Օգուտ բժշկութեան»,
Պուլկարիոյ Ֆիլիփոպոլիս (այժմ՝ Փլովտիւ) քաղաքին մէջ։
1470ական
թուականներուն, Ամիրտովլաթ վերադարձած է Պոլիս եւ վերստին ձեռք բերած է իր
պաշտօնը արքունիքին մէջ, մինչեւ Մեհմէտ Բ.ի մահը՝ 1481ին։ Այս շրջանին, ան
արտադրած է ժողովրդական բժշկութեան գործ մը (1474), ուր նաեւ
աստղաբաշխութեան եւ կախարդական բժշկութեան նիւթեր ընդգրկուած են, եւ իր
երկրորդ «Ախրապատին»ը (1481)։
1478-1492
ժամանակաշրջանին, Ամիրտովլաթ արտադրած է «Անգիտաց անպէտ» մեծ գործը, ուր
աւելի քան 3.000 բոյսեր եւ բուսանուններ ընդգրկուած են՝ իրենց բժշկական
գործածութեամբ։
Մեհմետ
Բ.ի որդին՝ Ահմետ, Ամասիոյ տիրակալ դառնալով, հրաւիրած է Ամիրտովլաթը իր
ծննդավայրը վերադառնալու։ 1490ական թուականներուն հայ բժշկապետը ճամբորդած է
Պրուսա՝ հանքային ջուրերով բժշկուելու համար, եւ մահացած է Ամասիոյ (կամ
ըստ այլ կարգ մը աղբիւրներու՝ Պրուսա) մէջ, 8 Դեկտեմբեր, 1496ին։