Նիկողոս
Սարաֆեան Սփիւռքի առաջին բանաստեղծը կը համարուի այն իմաստով, որ իր
ստեղծագործութիւնը ցոլացուցած է, առաջին գիրքէն իսկ, սփիւռքեան
զգայնութիւնը յատկանշող գեղագիտական վերանորոգումը եւ ինքնութեան ու
անցեալի հետ խզումի հարցերը։ Ան գլխաւոր ներկայացուցիչներէն մէկը եղած է
«Փարիզի դպրոց» անունով ծանօթ ֆրանսահայ գրողներու սերունդին։
Սարաֆեան
ծնած է 14 Ապրիլ 1902ին, Պոլիսէն դէպի Վառնա (Պուլկարիա) ճամբորդող նաւու
մը վրայ։ Ծնողքը Ակնի Լիճք գիւղէն գաղթած էին՝ 1896ի ջարդերէն ետք։ Վառնայի
մէջ, Նիկողոս (ընտանիքի կրտսեր զաւակը) նախ յաճախած է «Ճիէրճեան» եւ
ազգային վարժարանները, իսկ այնուհետեւ Սէն-Միշէլ ֆրանսական երկրորդական
վարժարանը։ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, ան իր աւագ եղբօր հետ մեկնած է
քաղաքէն, նախ դէպի Ռումանիա եւ ապա՝ Պուքրէշէն Կալաց, ուր աստանդական կեանք
մը վարած է, անկէ ետք անցած է ռուսական քաղաքներ՝ Օտեսա, Ռոստով եւ
Նովորոսիսկ, մինչեւ՝ ռուսական յեղափոխութեան սկիզբը։ Ոտքով Ռումանիան
կտրելէ ետք, վերադարձած է Վառնա։ Սակայն, պատերազմի աւարտէն ետք, անցած է
Կ. Պոլիս 1919ին, ուր յաճախած է Կեդրոնական վարժարան, զոր աւարտած է (այլ
աղբիւրներ կ՚ըսեն՝ թերաւարտ ձգած) 1922ին, ուսուցիչ ունենալով՝ Յակոբ
Օշականի ու Վահան Թէքէեանի պէս ականաւոր գրագէտներ։
Իր
ապագայ գրչեղբայրներէն շատերուն պէս, Սարաֆեան խոյս տուած է Պոլիսէն
քեմալական զօրքերու մուտքէն առաջ՝ Նոյեմբեր 1922ին։ Քանի մը ամիս Պուլկարիա
եւ Ռումանիա անցընելէ ետք, 1923ին հաստատուած է Փարիզ, ուր պիտի ապրէր իր
ամբողջ կեանքը։ Զանազան գործեր փորձելէ ետք, գրաշար դարձած է։ Իր գիրքերէն
մէկ քանին ինք անձամբ տողաշարած է։
Առաջին
գիրքը՝ «Անջրպետի մը գրաւումը» (1928), արդէն յայտնաբերած է Սարաֆեանի
ինքնատպութիւնը եւ իր խզումը արեւմտահայ բանաստեղծութեան աւանդական
գեղագիտութենէն։ «Մենք»ի խումբին միացած է 1931-1933ին, միաժամանակ
աշխատակցելով Սփիւռքի գլխաւոր գրական թերթերուն։ Իր խոհական ոճը, սակայն,
հեռու պիտի մնար Շահան Շահնուրի յուզական պայթիւններէն եւ Վազգէն
Շուշանեանի կրքոտ արտայայտութիւններէն։ Բանաստեղծական երկրորդ գիրքէն ետք
(«14», հրատարակուած՝ 1933ին), ան հրատարակած է «Իշխանուհին» վիպակը (1934)
եւ այնուհետեւ, 1930-1940ական թուականներուն շարք մը վէպեր գրած ու լոյս
ընծայած է գրական մամուլին մէջ, որոնք սակայն գիրքով հրատարակուած չեն։
Սարաֆեանի
բանաստեղծութիւնը, սահմանափակ տպաքանակներով լոյս տեսած` հանրութեան
գնահատումին պիտի չարժանանար, որովհետեւ իր ժամանակէն առաջ էր, ինչպէս
«Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն» (1939) հատորը ցոյց տուած է։ Հայկական
հաստատութենական (institutional) մշակոյթը տասնամեակներ շարունակ անտեսած
էր անոր գործը, յատկապէս որովհետեւ այդ բանաստեղծական ոճը դժուարամատչելի
էր Սփիւռքի աւանդապահ շրջանակներուն եւ անյարիր՝ Խորհրդային Հայաստանի
պաշտօնական չափանիշներուն։ Ան կը համադրէր եւրոպական գրական շարժումներ
ցոլացնող տարրեր եւ բանաստեղծական արուեստի մտածողական պաշտօնը, ինչ որ
առաջնորդած է Սարաֆեանի դասումին իբրեւ «ուղեղային» բանաստեղծ, այդպիսով՝
զինք ձգելով Սփիւռքի գրականութեան լուսանցքին վրայ։
Կեանքի
վերջին քառորդ դարուն, Սարաֆեան հրատարակած է երկու բանաստեղծական
հատորներ եւս՝ «Միջնաբերդ» (1946) եւ «Միջերկրական» (1971)։ Անոր
վերյայտնութիւնը սկսած է 1960ական թուականներուն, երբ սփիւռքեան
զգայնութեամբ ծնած ու սնած սերունդ մը չափահասութեան կը հասնէր։ Բանաստեղծը
մահացած է Փարիզի մէջ, 16 Դեկտեմբեր 1972ին։
Զատիկին նուիրուած յայտնի փորձագրութեան մը մէջ, Սարաֆեան գրած է.
«Կը սպասենք բանի մը։
«Կը հասնինք քիչ-քիչ իմացականութենէն վեր ճշմարտութեան մը:
Կարելի չէ արդարեւ աւելի մեծ ուժ մը գտնել քան գութը անոր` որ
կարեկցութեամբ նայեցաւ իր խաչին շուրջ դարձող զրահակիր ու
յաղթիրան ձիաւորներուն, իրենք զիրենք իմաստուն ու քաջ կարծող
քահանայապետներուն, եւ դատաւորներուն, որ քար մը կը կրէին միայն
սրտի տեղ: Քար մը, որ սակայն շուտով կը փշրի:
«Կարելի չէ աւելի զօրաւոր բան մը գտնել մարդուն մէջ, քան
ազնուական այդ եսասիրութիւնը, որ կը մերժէ գռեհիկ
անձնամոլութիւնն ու անարդարութիւնը, նախանձն ու մախանքը,
բռնակալութիւնն ու դատողութիւնը, մեծամտութիւնն ու
վայրագութիւնը:
«Հայը ունի այս բոլորը զգալու կարող սիրտը` թէեւ այդ սիրտը խոնջ է
դարերով քարերուն զարնուելով, թախծոտ է եւ թափառական: Կը սպասէ
այս բոլորին: Գիտենք, թէ չենք կրնար այլեւս բարութեամբ
պատասխանել չարութեանց: Բայց այս բոլորը մեր երիկամունքները
այրող կարօտներն են:
«Գիտենք, թէ կ’անցնին բոլոր գեղեցիկ խօսքերը: Բայց կը սիրենք բոլոր գեղեցկութիւնները»:
Սարաֆեանի
բանաստեղծական ու արձակ, մամուլի մէջ ցրուած գրութիւններու քանի մը
հատորներ հրատարակուած են 1980ական թուականներէն։ Անոր ամենէն ազդեցիկ
արձակ կտորներէն մէկը՝ «Վենսէնի անտառը», որ առաջին անգամ լոյս տեսած էր Հալէպի «Նայիրի» ամսագրին մէջ 1947ին, յետմահու հատորով լոյս տեսած է
1988ին։ Այնուհետեւ թարգմանուած է ֆրանսերէնի (1993) եւ ապա՝ անգլերէնի
(2014), վերջինս՝ Քրիսթոֆըր Ադամեանի թարգմանութեամբ։