Saturday, July 20, 2019

Արմէն Արմէնեան (մահ՝ 20 Յուլիս, 1965)

ԺԹ. դարու վերջաւորութեան եւ Ի. դարու սկզբնաւորութեան, հայ թատրոնի պատմութիւնը կերտեց անուններու համաստեղութիւն մը, որուն աստղերէն մէկն էր Արմէն Արմէնեանը։

Բուն անունով՝ Արմէն Իփէկեան, ան Սփիւռքի յայտնի թատերական եւ հանրային գործիչ՝ Գասպար Իփէկեանի (1883-1952) աւագ եղբայրն էր։ Ծնած է Կ. Պոլիս, 10 Սեպտեմբեր 1871ին։ Ուսումը ստացած ծննդավայրի տարբեր դպրոցներու մէջ՝ Բերայի տարրական դպրոցը, Բրայի գերմանական դպրոցը, Գատըքէօյի Մխիթարեան միաբանութեան գիշերօթիկ դպրոցը, Օրթագիւղի դպրոցը եւ, վերջապէս, նորաբաց Կեդրոնական վարժարանը։

Նորաւարտ, Պետրոս Ադամեանի տաղանդը զինք հիացուցած է 1889-1890ին։ Պայքարած է ընտանիքին դէմ, որ դէմ էր անոր թատերական ու դերասանական հետաքրքրութիւններուն, եւ ի վերջոյ, անոնց հաւանութիւնը ստացած՝ ընտանեկան անունը չգործածելու պայմանով։ Այսպէս ծնած է Արմէն Արմէնեան անունը, եւ նորաբողբոջ դերասանը իր առաջին դերը ստանձնած է Ալեքսանդր Տիւմա որդիի «Կամելիազարդ տիկինը»ի մէջ։

Հայրը զինք ղրկած է Համպուրկ (Գերմանիա), 1894ին, որպէսզի ընտանիքի առեւտրական գործերով զբաղի։ Միջոցին, ան նաեւ դիտած է իտալացի հռչակաւոր դերասանուհի Էլէոնորա Տիւզէի, իսկ աւելի ուշ՝ ֆրանսացի ուրիշ համբաւաւոր դերասանուհիի մը՝ Սառա Պեռնարի խաղը։ Փարիզ փոխադրելով, մտած է Սառա Պեռնարի թատրոնը, ուր անխօս դերեր կատարած է եւ ապա՝ թեքնիք բեմադրիչի օգնականը եղած է, հետեւելով Պեռնարի, Մունէ-Սիւլիի եւ Փօլ Մունէի արուեստին, այլ դերասաններու շարքին։ 1895-1897ին, Փօլ Մունէի արուեստանոցին մէջ հետեւած է առոգանութեան, դասական ողբերգութեան եւ դասական կատակերգութեան դասերու։ Աւելի ուշ, իբրեւ դերասան աշխատած է «Պուֆ տիւ Նոր» թատրոնին եւ «Քոմետի Ֆրանսէզ»ի մէջ։

1902 ին հրաւիրուած է Թիֆլիս, ուր բեմադրած է ֆրանսական թատերախաղեր, միաժամանակ դերեր վերցնելով։ Այնուհետեւ, Պաքու անցած է՝ ղեկավարելու տեղական հայկական թատերախումբը։ 1904ին տեղափոխուսած է Նոր Նախիջեւան ու թատերախումբ մը կազմած, շրջապտոյտներ կատարելով Հիւդիդային Կովկասի եւ Ռուսաստանի հայ համայնքներուն մէջ։

1908 ին, Արմէնեան դարձած էր լաւ ծանօթ բեմադրիչ ու դերասան մը, եւ միացած է Յովհաննէս Աբելեանի՝ «Աբելեան-Արմէնեան» թատերախումբը կազմելով, որ մեծ յաջողութիւն վայելեց իր հինգ տարուան գոյութեան ընթացքին՝ Օսմանեան կայսրութեան, Կովկասի եւ Ռուսաստանի մէջ բազմաթիւ ելոյթներով։ Արմէնեան, որ Լեւոն Շանթի «Հին աստուածներ»ու առաջին բեմադրիչը եղած էր, նաեւ նշանաւոր դերասան մըն էր Եակոյի ու Շայլոքի (Շէյքսփիրի «Օթելլօ» եւ «Վենետիկի վաճառականը»), Ֆրանցի (Ֆրիտրիխ Շիլլըրի «Աւազակները»), Հարփակոնի (Մոլիէռի «Երեւակայական հիւանդը») եւ այլ դերերով։

Արմէնեան շարունակած է իր թատերական գործունէութիւն, նախ՝ Կովկասի մէջ, 1914-1917ին, եւ ապա՝ Իրանի մէջ, 1917-1921ին։ Վերադարձած է Խորհրդային Միութիւն 1921ին, աշխատելով Հիւսիսային Կովկասի, Պաքուի, Թիֆլիսի, Ալեքսանդրապոլի (այժմ՝ Գիւմրի) եւ այլ վայրերու մէջ։ Թատրոններ ղեկավարած է Ալեքսանդրապոլի եւ Սուխումիի մէջ։ 1935էն աշխատած է Լենինականի (Գիւմրիի անունը՝ 1924-1991ին) պետական թատրոնին մէջ, նոյն տարին արժանանալով Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտի տիտղոսին։ Աւելի քան 100 թատերախաղեր բեմադրած է իր կեանքին ընթացքին, խաղալով շուրջ 150 դերեր։ 1954ին հրատարակած է իր յուշերը՝ «Վաթսուն տարի հայ բեմին վրայ»։

Արմէն Արմէնեան մահացած է Լենինականի մէջ, 20 Յուլիս 1965ին, 93 տարեկան հասակին։