Մ.
Սմբատ Գաբրիէլեան քաջածանօթ մտաւորական մըն էր ամերիկահայ համայնքին մէջ՝
քսաներորդ դարասկիզբին, ու նաեւ ամերիկահայ մամուլի ռահվիրաներէն մէկը։
Գաբրիէլեան
ծնած է Ակն (Սեբաստիա)՝ Սիամանթոյի եւ Միսաք Մեծարենցի ապագայ ծննդավայրը,
15 Դեկտեմբեր, 1856ին։ Իր ուսումը ստացած է Ակնի ու Խարբերդի մէջ։
Այնուհետեւ, երկու տարի հայերէն դասաւանդած է Այնթապ գոլէճին մէջ, ուր
բժշկութիւն ուսանած է 1878-1881ին։ Միջոցին, հրատարակած է իր առաջին գիրքը՝
«Հայկական վերականգնում» (1879)։ Ակնի մէջ շրջան մը իբրեւ բժիշկ աշխատելէ
ետք, մեկնած է Փարիզ, ուր 1884-1885ին Սորպոնի մէջ բժշկութիւն ուսանած է։
Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, Այնթապ հաստատուած է, միաժամանակ դասաւանդելով
Այնթապ գոլէճի մէջ եւ աշխատելով՝ հիւանդանոցի մը մէջ։
Սակայն,
Գաբրիէլեանի 1879ի հատորիկը արգիլուած է թրքական իշխանութիւններուն կողմէ,
եւ հետապնդումներէ խուսափելու համար, 1886ին բժիշկը պարտադրուած է լքելու
Օսմանեան կայսրութիւնը եւ մեկնելու՝ Միացեալ Նահանգներ, ուր անցուցած է իր
կեանքին յետագայ տարիները։ 1888ին, այսուհանդերձ, Պոլսոյ մէջ հրատարակած է
«Հայ բողոքականութեան անցեալն ու ապագան» գիրքը։
Գաբրիէլեան
հաստատուած է Նիւ Եորք, ուր զբաղած է բժշկութեամբ, ինչպէս նաեւ հանրային
կեանքով։ Ամերիկահայ անդրանիկ թերթին՝ Հայկակ Էկինեանի «Արեգակ»ի
հրատարակութենէն երկու տարի ետք, ան լոյս ընծայած է «Հայք» երկշաբաթաթերթը
(1891-1896), որ դարձած է ամսագիր 1896ին։ Այս տեղեկատուական եւ
ազգային-քաղաքական թերթը հրատարակած է Հայկական Հարցի մասին նիւթեր,
ամերիկեան եւ եւրոպական մամուլին արձագանգները Օսմանեան կայսրութեան մէջ
հայերու իրավիճակին մասին, եւ ամերիկահայ համայնքի մասին լուրեր։ 1895ին,
Գաբրիէլեան ընտրուած է Հայ Հայրենասիրական Դաշնակցութեան նախագահ՝
ոչ-կուսակցական կազմակերպութիւն մը, որուն նպատակն էր օժանդակել
արեւմտահայութեան ազատագրութեան։ Ան նաեւ հրատարակած է հայերէն գիրքեր ու
գրքոյկներ, ինչպէս «Արուեստ ատենախօսութեան» (1891), «Խրիմեան Հայրիկ»
(1892), «Հայ ազգային քաղաքականութիւն» (1893), «Քրիստոնեայ Հայաստան եւ
քրիստոնեայ տէրութիւնք» (1896), եւ անգլերէն հատորներ (“Facts about
Armenia, 1895, եւ “Bleeding Armenia”, 1897, Ա. Ուիլիըմզի
գործակցութեամբ)։ 1894-1897ին պատմութեան, ընկերաբանութեան եւ քաղաքական
գիտութիւններու դասընթացքներու հետեւած է Գոլումպիա համալսարանին մէջ։
Գաբրիէլեան
շարունակած է իր գործունէութիւնը 1900ական թուականներէն ետք, աշխատակցելով
«Կոչնակ»ին եւ «Հանդէս ամսօրեայ»ին։ Հրատարակած է շարք մը հատորներ,
հաւաքելով իր դասախօսութիւններն ու ճառերը («Հայկական ճգնաժամը եւ
վերածնունդ», 1905, Բ. հրատ., 1909, «Հայ ցեղը», 1911), լեզուաբանական
հատոր մը («Ակնի գաւառաբարբառը եւ արդի հայ լեզուն», 1912) եւ բժշկական
գիրք մը («Սեռային առողջաբանութիւն», 1915)։ Ձգած է շարք մը անտիպ գործեր,
որոնցմէ մէկը՝ «Մանուկներ մեծցնելու արուեստը», յետմահու լոյս տեսած է
1920ին։
Այս բեղուն գործիչը մահացած է 3 Յունիս, 1919ին, Ուիհոքընի մէջ (Նիւ Ճըրզի), 63 տարեկանին։