Թոքախտը
արդի հայ գրականութեան մեծ թշնամիներէն մէկը եղած է, քանի մը փայլուն
բանաստեղծներու կեանքը հնձելով` իրենց ծաղիկ տարիքին։ Անոնցմէ մէկը եղած է
Միսաք Մեծարենցը։
Միսաք
Մեծատուրեան ծնած է 19 Յունուար, 1886ին, Ակն գաւառի Բինկեան գիւղը
(Խարբերդ)։ Արածանի (արեւմտեան Եփրատ) գետի ձախ ափին գտնուող գիւղը վայրի
բնութեամբ ու գեղատեսիլ վայրերով շրջապատուած էր, ինչ որ խորապէս տպաւորած է
ապագայ բանաստեղծը եւ դարձած՝ հոյակապ քնարական բանաստեղծութիւններու
աղբիւր։
Վեց
տարեկանին, Միսաք սկսած է ուսման` տեղական «Մեսրոպեան» վարժարանին մէջ,
բայց իր ներամփոփ նկարագիրը չէ օգնած իրեն։ Բարեկեցիկ դիրք ունեցող
Մեծատուրեանները 1895ին փոխադրուած են Սեբաստիա, եւ Միսաք շարունակած է իր
ուսումը նախ՝ տեղական «Արամեան» վարժարանէն ներս, իսկ տարի մը ետք՝
Մարզուանի «Անաթոլիա» քոլէճին մէջ, իբրեւ գիշերօթիկ աշակերտ։ Ընկերային
աւելի խոր շփում հաստատելով, նաեւ մասնակցած է աշակերտական թատերական
ներկայացումներու եւ խորունկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած՝ գեղարուեստական
գրականութեան հանդէպ։ Իր առաջին գրական նախափորձերը կատարած է այս ժամանակ։
Ըստ կարգ մը յուշագիրներու, բանաստեղծութիւն գրած է իր ննջասենեակի
պատերուն եւ իր եղբօր առեւտրական թերթերուն ետեւի էջերուն վրայ։
Մեծարենցի
կեանքին մէջ, 1901 թուականը ճակատագրական եղած է։ Խումբ մը թուրք տղաք
զինք շփոթած են հակառակորդի մը հետ եւ ծեծած ու դանակահարած են, ու որպէս
հետեւանք, բանաստեղծը թոքախտաւոր դարձած է։ Քանի մը ամիս բուժուած է Սուրբ
Յակոբ վանքին մէջ։ 1901-1902ին Մեծարենց իբրեւ հսկիչ աշխատած է իր եղբօր ու
եղբօրորդիին առեւտրական տան մէջ։
1902ին
Մեծարենց մեկնած է Պոլիս, ուր իր հայրը տարիներէ ի վեր կ՚աշխատէր։ Իր
ամբողջ մանկութիւնը անցուցած էր՝ առանց հայրը տեսնելու։ Ան իր ուսումը
շարունակած է Ազգային Կեդրոնական վարժարանին մէջ, սերտելով՝ հայոց
պատմութիւն, հայ եւ համաշխարհային գրականութիւն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն։
Սակայն, հիւանդութիւնը զինք ստիպած է ուսումը անաւարտ ձգել 1905ին։
1903ին
բանաստեղծը սկսած էր քերթուածներ հրատարակել պոլսահայ մամուլին մէջ տարբեր
գրչանուններով, մինչեւ որ 1905ին որդեգրած է Միսաք Մեծարենց անունը։
1907ին հրատարակած է երկու բանաստեղծական հաւաքածոներ՝ «Ծիածան» եւ «Նոր
տաղեր»։
Մեծարենցի
գրական ժառանգութիւնը բաղկացած է աւելի քան 130 քնարերգական
բանաստեղծութիւններէ, որոնք բացառիկ զգայնութիւն եւ լեզուական հարուստ
մշակոյթ ցոյց կու տան, տասնեակ մը արձակ բանաստեղծութիւններէ եւ
պատմուածքներէ, ու քանի մը գրական փորձագրութիւններէ, որոնց մէջ բացատրած է
իր ստեղծագործական սկզբունքները եւ ինքզինք պաշտպանած է թշնամական
քննադատութիւններէ։ Հրատարակած է նաեւ շարք մը թարգմանութիւններ (Ճէֆրի
Չօսըր, Ռատիարտ Քիփլինկ եւ Օսկար Ուայլտ)։
Հակառակ
իր բարեկամներուն եւ ընտանիքին ցուցաբերած խնամքին ու ջանքերուն, Մեծարենց
իր մահկանացուն կնքած է Պոլսոյ մէջ, 22 Յունիս, 1908ին։ Անոր
բանաստեղծական ժառանգութիւնը, սակայն, խորունկ ազդեցութիւն ձգած է հայ
գրագէտներու սերունդներուն վրայ։