Friday, May 3, 2019

Գրիգոր Ղափանցեան (մահ՝ 3 Մայիս, 1957)

Անցեալ դարու առաջին կէսին, Գրիգոր Ղափանցեան հայկական լեզուաբանութեան եւ հին պատմութեան ամենէն ազդեցիկ անուններէն մէկը հանդիսացաւ։

Ղափանցեան ծնած է Աշտարակ, 17 Փետրուար, 1887ին։ Իր տարրական կրթութիւնը ստանալէ ետք ծննդավայրին մէջ, 1899ին մեկնած է Ս. Փեթերպուրկ, ուր ընդունուած է ռուսական գիմնազիա։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, տեղւոյն համալսարանի արեւելեան լեզուներու ճիւղի հայ-վրացական բանասիրութեան բաժինը մտած է, ուր իր ուսուցիչներուն շարքին էր վրացի յայտնի լեզուաբան ու հայագէտ Նիկողայոս Մառը։

1913ին համալսարանաւարտ ըլլալով, Ղափանցեան վերադարձած է Հայաստան։ Հայագիտական նիւթեր դասաւանդած է Ս. Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին մէջ, իսկ 1914ին մասնակցած է Մառի կատարած պեղումներուն Անիի մէջ։ Նոյն տարին, հրատարակած է առաջին գիրքը՝ «Լեզուաբանական դիսցիպլինաներ եւ լեզու»։ Երբ ճեմարանը փակուած է 1917ին, հաստատուած է Երեւան։ 1918ին մասնակցած է Սարդարապատի հերոսամարտին։
 
1921ին Ղափանցեան հրաւիրուած է Երեւանի համալսարան, ուր դասաւանդած է մինչեւ կեանքին վերջը եւ ղեկարած՝ ընդհանուր լեզուաբանութեան ամպիոնը (մինչեւ 1954)։ Դասաւանդած է գրաբար, հայոց լեզուի պատմա-համեմատական քերականութիւն, ուրարտերէն եւ ընդհանուր լեզուաբանութիւն, միաժամանակ մասնագէտներ պատրաստելով այդ ճիւղերուն մէջ։

1932ին ստացած է փրոֆեսորի տիտղոսը, իսկ 1942ին արժանացած՝ բանասիրական գիտութիւններու դոկտորի տիտղոսին, առանց աւարտաճառ պաշտպանելու։ Նոյն տարին, Խորհրդային Հայաստանի գիտական վաստակաւոր գործիչի տիտղոսը ստացած է։ 1943ին Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի հիմնադիր անդամ դարձած է, ընտրուելով հասարակագիտական բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար։ Հր. Աճառեանի անուան Ակադեմիայի լեզուի հիմնարկի տնօրէն եղած է 1950-1955ին։

Ժամանակին, Ղափանցեան հայ իրականութեան հազուագիւտ մասնագէտներէն էր Փոքր Ասիոյ մեռած լեզուներու՝ հիթիթերէն, ուրարտերէն եւ խուռերէնին, ու այսպէս, անոր ուսումնասիրութիւնները կարեւոր տարր մը կ՚աւելցնէին հայոց հին լեզուի ու պատմութեան հետազօտութեան։ 1930 թուականներէն սկսած է իր ամենէն բեղուն շրջանը, երբ հրատարակած է զանազան գիրքեր ռուսերէն եւ հայերէն. “Chetto-Armeniaca” (1931, ռուսերէն), «Լեզուական ընդհանուր տարրեր ուրարտական եւ խեթական լեզուների միջեւ» (1936), «Խեթական աստուածները հայերի մօտ» (1940), «Հին Հայաստանի տեղանունների պատմալեզուաբանական նշանակութիւնը», (1940), «Արա Գեղեցկի պաշտամունքը» (1945), եւ այլն։

Ղափանցեանի լեզուաբանական հմտութիւնը, համադրուելով անոր պատմական ու հնագիտական գիտելիքներուն հետ, գիտական կարեւոր յայտնագործումներու դուռ բացին։ Ան իր եզրակացութիւններէն շատերը ամփոփեց կարգ մը ծանրակշիռ մենագրութիւններու մէջ՝ «Ուրարտուի պատմութիւնը» (1940), «Հայասա՝ հայերի բնօրրանը» (1948, ռուսերէն) եւ «Հայոց լեզուի պատմութիւն (հնագոյն շրջան)» (1961)։ Ան իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ ներկայացուց երկու շերտերու գոյութիւնը հայերէնի մէջ՝ հնդեւրոպական եւ տեղական (փոքրասիական եւ կովկասեան լեզուներ)։ Ղափանցեան նաեւ զբաղած է ընդհանուր լեզուաբանութեան խնդիրներով, ու հրատարակած է «Ընդհանուր լեզուաբանութիւն» (1937, 1939) հատորը։

Ակադ. Գրիգոր Ղափանցեան մահացած է Երեւանի մէջ, 3 Մայիս 1957ին։ Աշտարակի մէջ անոր անունով դպրոց մը կոչուած է, ուր կայ նաեւ անոր գիտական վաստակին նուիրուած թանգարան մը։ Ղափանցեանի պրոնզեայ կիսանդրին զետեղուած է Երեւանի պետական համալսարանի գլխաւոր շէնքի նախասրահին մէջ, խորհրդանշելով անոր կարեւորութիւնը իբրեւ գիտնական եւ մանկավարժ՝ համալսարանական ուսման զարգացման մէջ։