Ամէն տարի, տասնեակ հազարաւոր մարդիկ, թէ՛ Հայաստան բնակող եւ թէ՛ զբօսաշրջիկներ, կ՚այցելեն Սարդարապատի ճակատամարտի յուշահամալիրը։
Եթէ
բոլորին յայտնի է, որ այս ճակատամարտը մայիսեան երեք հերոսամարտերուն
ամենէն վճռականն էր՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդի հիմնաքարը
հանդիսանալով, պէտք է յիշել, որ խորհրդային ժամանակաշրջանին ճակատամարտին
պատմութիւնը, ինչպէս եւ յուշահամալիրը, հանրապետութեան պատմութենէն
անջատուած էր։ Յուշահամալիրին շինութիւնը, այն բարձունքին վրայ, ուր
թաղուած էին ճակատամարտին հերոսները, ինքնին իրադարձութիւն մըն էր՝ իր
քաղաքական ենթախորքին պատճառով։
Յուշահամալիրը
կը գտնուի Երեւանէն 55 քիլոմեթր եւ Հոկտեմբերեան քաղաքէն 10 քիլոմեթր
անդին։ Վերջինս, որ Սարդարապատ կը կոչուէր մինչեւ 1932, հինաւուրց Արմաւիր
քաղաքն է՝ Հայաստանի պատմական մայրաքաղաքներէն մէկը, որ հիմնուած էր Ուրարտուի Արգիշտի Ա. թագաւորին կողմէ Արգիշտիխինիլի անունով։
1960ական
թուականներուն, ազգային զարթօնքի հոլովոյթը խրախուսած էր Հայաստանի
Համայնավար կուսակցութեան Կեդր. Կոմիտէի Ա. քարտուղար Եակով Զարոբեան
(1908-1980), որ 1962ին նախաձեռնած էր փաստաթուղթերն ու հիմնաւորումները
կազմելու՝ Մեծ Եղեռնի 50ամեակը նշելու եւ համապատասխան յուշարձան մը
կառուցելու մտքով։
Այս
նիւթերը հիմք դարձած են Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրի շինութեան,
որուն նախաձեռնարկ եղած է Վլադիմիր Դարբինեան (1931-2015)՝ կուսակցութեան
շրջանային կոմիտէի քարտուղար, Հոկտեմբերեանի մէջ։ Նախագիծը սկսած է
գործադրուիլ 1965ին, եւ հակառակ Զարոբեանի պաշտօնանկ ըլլալուն (1966), անոր
յաջորդը՝ Անտոն Քոչինեան, շարունակած է հովանաւորել Դարբինեանի
գործունէութիւնը։
Քանդակագործներ՝
Սամուէլ Մանասեան եւ Արշամ Շահինեան, որոնց կոթողական բնոյթի
ստեղծագործութիւններ ծանօթ էին մինչ այդ, կանչուած են մաս կազմելու այս
ծրագրին, իսկ հռչակաւոր ճարտարապետ՝ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանը, որ ծրագրի վարիչն
էր, հրաւիրած էր ուրիշ քանդակագործ մը՝ Արա Յարութիւնեանը։ Յուշահամալիրին
վայրը ընտրուած է Իսրայէլեանի կողմէ։ Ճարտարապետն ու քանդակագործները խոր
հետազօտութեան ենթարկած են նախաքրիստոնէական եւ քրիստոնէական Հայաստանի
ճարտարապետութիւնն ու արուեստը, առաջարկելով գեղարուեստական այնպիսի
լուծումներ, որոնք ներշնչող անդրադարձ մը հանդիսացած են ժողովուրդի
պատմական ճակատագրին։
Յաղթանակին եւ անոր ետին գտնուող պատմական դրուագներուն խորհուրդը ցոլացած են յուշահամալիրին տարբեր բաղադրիչներուն մէջ՝
- Դէպի մուտք առաջնորդող աստիճանները, որոնց կողմերուն կանգնած են հզօր, 8 մեթր բարձրութեամբ թեւաւոր ցուլերը,
- 35 մեթր բարձրութեամբ զանգակատունը՝ 12 զանգակներով, եւ Սարդարապատի ու արցախեան մերօրեայ պատերազմի հերոսներուն գերեզմանները,
- հերոսներու ծառուղին՝ 6 մեթր բարձրութեամբ արծիւներու հսկողութեան տակ,
- Յաղթանակի յուշապատը՝ համալիրին կեդրոնը՝ յաղթանակն ու Հայաստանի վերածնունդը խորհրդանշող քանդակներու շարքով,
- Թանգարանը։
Այս համալիրը, որ շինուած է Արմաւիրի կարմիր տուֆ քարով, ամբողջացած է լճակներով, պարտէզներով եւ վարչական շէնքերով։
Պաշտօնական
բացումը տեղի ունեցած է 25 Մայիս, 1968ին՝ ճակատամարտի յիսնամեակին, եւ
համալիրը ներկայացուած է Խորհրդային Միութեան պետական մրցանակին՝ 1969ին։
Հայաստանի
ազգագրական թանգարանը հիմնուած է Խորհրդային Հայաստանի Նախարարարներու
Խորհուրդի որոշումով՝ Փետրուար 1978ին, եւ բացուած՝ նոյն տարուան 13
Սեպտեմբերին։ Ռ. Իսրայէլեանի կողմէ նախագծուած ու շինուած, այս համալիրի
ճարտարապետական ամբողջութիւնը լրացուած է՝ հայ աւանդական ճարտարապետութեան
գլխաւոր տարրերու օգտագործումով։ Թանգարանը աւելի քան 70.000 իրերէ
բաղկացած հաւաքածոյ մը ունի։ Խորհրդային ժամանակաշրջանին, հասկնալի
պատճառներով, միայն ցուցադրած է հնագիտական ու ազգագրական նիւթեր, հին
լուսանկարներ եւ զարդարուեստ։ Հայաստանի երկրորդ անկախութենէն ետք՝ Մայիս
1918ին ու Հայաստանի առաջին անկախութեան նուիրուած մնայուն ցուցադրութիւն
մը աւելցած է։